Տաղասաց Դաւիթ Սալաձորցին եւ քանի մը յուզիչ տողիկ
Դուք տեսե՞ր էք Կարնոյ դաշտերու մէջ միայնակ թափառող մարդ, ձեռքերն կապած, ականջը խուլ, աչքերը կոյր, միտքը տկար… Դաւիթն է ան, Սալաձորցի «որբուկ» Դաւիթը, այրի, որդեկորոյս տաղասացը։ Երէկ գիշեր, յարգելի ընթերցող, ձայնասփիւռի հաղորդում մը պատճառ եղաւ, որ դարձեալ մտաբերեմ անոր վշտալի կեանքը եւ դարձեալ ընթերցեմ անոր տաղերը։ Տխրեցայ անշուշտ։ Բայց, նկատեցի նաեւ, թէ այդ պարզ եւ ռամիկ տողերու մէջ ներկայ էր կենսասիրութիւնը, յոյսը եւ հաւատքը։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, կէսգիշերային այս անդորր ժամուն, երբ կը նիրհեն բոլորը, կ’առաջարկեմ մտքի թռիչք մը կատարել դէպի Կարին, 1664 կամ 1665 թուականը, գտնել այն զովաշունչ, եւ գեղատեսիլ ամառնավայրը, որ կը կոչուի Սալաձոր, ապա եթէ մեզ նկատէ տաղասացը՝ ծանօթանալ անոր հետ եւ իր բերանէն լսել քանի մը տաղ թանկագին։
Սալերու ձորը
Կը փափաքիմ նախ Սալաձոր կոչուած հազարամեայ գիւղը ձեզի նկարագրել, որպէսզի չկարծէք, թէ ան պատմութեան մէջ անհետացած կամ երեւակայական բնակավայր մըն է։ Սալաձորը Կարին նահանգի հիւսիս արեւելքը, Եփրատ գետի աջակողմեան վտակի մը ափին նստած, զով օդ, սառնորակ ջուրեր եւ լեռնային վայելուչ տեսարան ունեցող գիւղ մըն է։ 1522 եւ 1902 թուականին կատարուած պետական արձանագրութիւններու մէջ անունը յիշուած է որպէս «Սալաձոր», իսկ 1928-ին կատարուած արձանագրութեան մէջ՝ «Սալսորի»։ Ունեցեր է 175 հողագործ, անասնապահ եւ արհեստաւոր հայ բնակիչ, Սուրբ Սարգիս անունով եկեղեցի, 10-րդ դարէ մնացած խաչքարերով հարուստ գերեզմանոց, նիչպէս նաեւ եկեղեցւոյ կից՝ 15 աշակերտ պարունակող դպրոց։ Այժմ անունը «Սարը-Եայլա» է, Կարնոյ մէջ, քաղաքին հիւսիս-արեւմտեան կողմը, արուարձանի մը ենթակայ աննշան բնակավայր։
Ձերքէս առիր աղջնակս
Սալաձորցիի բանաստեղծութիւններու ստորագրութիւնը «Որբուկ» է։ Այդ կոչումով է որ կամ կը սկսին կամ կ’աւարտին իր տաղերը։ Յայտնի է պատճառը։ Փոքր տարիքին որբացեր է Դաւիթը։ Ստացեր է քահանայական կոչում։ Մարիամ Աստուածածնի պատկերը անոր տուեր է հոգեկան անդորրութիւն, եւ ծածկեր է մօր բացակայութիւնը։ Անուսնացեր է։ Կնոջ անունը՝ անյայտ։ Ունեցեր են աղջիկ զաւակ՝ Նռնա։ Ընտանեկան ջերմութիւնը սակայն երկար չէ տեւած։ Դաւիթը նախ այրիացեր է։ Ապա մահացեր է 15 տարեկան Նռնան։ Այդ դառն օրերուն տաղասացի գրիչը հասեր է թանաքաման, դողդոջալով անկասկած, եւ գրի առեր է «Ողբ ի մահն դստերին իւրոյ» բանաստեղծութիւնը։ Երկխօսութիւն մըն է ան, հաշուեյարդար մը Տիրոջ հետ։ Դաւիթ Սալաձորցին, բարեպաշտ քրիստոնեայ, փոխանակ զայրանալու արարիչին, կը հասնի այն եզրակացութեան, թէ՝ չար է ինքը, քորոզ, անտարբեր ուրիշներուն, հետեւաբար Տէրը բարկացաւ եւ Նռնան իր ձեռքէն առաւ։ Ահա ողբի համեստ խօսքերը (համառօտութիւններով). «Չար, հպարտ էի / չափ չկար իմ հպարտութեան, / Ո՛չ հաց իմ աղքատի տուի… / Ես խիստ բարձրամիտ էի, / Այնոր բարկացար Տէ՛ր ինձ / Ու ձեռնէս առիր զիմ Նռնան»։ Ապա սգաւոր հայրը, ծանր վիճակի մէջ մատնուած՝ անշունչ դստեր հետ կը խօսի. «Արտասունքս ծով էր, Նռանայ, տատանիմ զինչ (նման) նաւն ի ծովոյն, / Բազկունքս անզօր դարձեր, Նռանայ եւ մատունքս ամէն կու դողան, / Քաղուել է գոյն երեսիս, սիրտս ճմլեալ, աչերս կու լան»։ Ապա հայրը կ’երթայ աղջկան տունը։ Դատարկ եւ անշունչ է ան։ Կը նայի թոնիրին՝ մարած է, կը նկատէ աւելը՝ պատի տակ աւաղ կ’ըսէ, կը նայի թարաքներուն՝ փոշի են կապած, կը մտնէ գոմ՝ կովերը կ’ողբան, որ իրենց կթանը չկայ, կ’ելլէ պարտէզ. աղբիւրը կայ՝ չունի կարկաչ։ Ապա, հայրը նախանձով կը դիտէ բնութեան այլ շնչաւորները. «Ամէն կենդանիքս որ կան, տեսանեմ ձագով շուրջ կու գան»։
Անկողնիս մէջ քուն չունիմ
Դաւիթ Սալաձորցին կեանքի դառնութիւնները տաղերով պատմեց բոլորին։ Ան համամարդկային ոգիով գրեց խրատական տաղ մը ու մեզի բացատրեց, թէ մարդու երկրային օրերը համրուած են. «Քեզի համրով օր էր տուած, / Կարմիր ու սեւ գիր էր գրած, / Աշխարհս քեզ մուլք չէր տուած, / Փուչ աստնուորիս (մարդ արարածը, երկրաւորը) ի՞նչ կու դատիս»։ Իսկ օր մը տաղասացը նկատեց թափառական ղարիպը, անոր անքուն եւ թշուառ աչքերը։ Սալաձորցին յոյս ունէր, թէ եթէ վիշտը ծանօթ ըլլայ բոլորին, մի գուցէ թեթեւնայ ան եւ պանդուխտը մխիթարութիւն գտնէ։ Կը մէջբերեմ այդ տաղի համառօտուած խօսքերը որպէսզի հասկնանք, թէ ի՚նչ է օտարութեան համը. «Բերանս դառն, ջուրս լեղի, հացս է հարամ։ / Ղարիպին սիրտն է ի սուգ, դարդն է խորուն, / Թէպէտ պառկի մէջ անկողնուն՝ կը մնայ արթուն, / Աչքն ի լալուն չի դադարիլ, որ լինի քուն»։
Դուն քեահրապար եւ
անգին քար
Մանուկ Յիսուսի ծնունդը նկարագրող բանաստեղծութեան մէջ Սալաձորեցին Կոյս Մարիամ Աստուածածինը գովաբանեց թանկագին քարերու նմանութեամբ։ Այդ բանաստեծութեան մէջ աշխարհի փայլով գեղեցկացած կին է ան։ Ի՞նչ քարեր չեն յիշուած անոր մէջ։ Նախ կը յայտնուի եաղութը, ապա ջօհարն ու մարջանը, քեահրուպարն ու լէհեւգրանը, տպազիոնն ու յեամանը, շափիւղան եւ կասիան, զմրութն ու սուտակը եւ վերջապէս՝ սպիտակ մարգարիտը։ Բանաստեղծութեան աւարտը համեմատութիւնն է բանաստեղծի եւ Աստուծածնի. «Որբիկ Դաւիթն եմ անարժան, / Գործովս չար եւ անպիտան, / Դու գովելու ես զանազան. / Կոյս Մարիամ Աստուածածին»։
Գովասանք ծաղկանց
Ահա Դաւիթ Սալաձորցին։ Հեռուն, դաշտերու մէջ կը դեգերի։ Միայնակ է եւ յամրաքայլ։ Կը հոտոտայ ծաղիկ մը, ապա մէկ այլը եւ մէկ այլը… Քանի՞ հատ ծաղիկ։ Ես ըսեմ քսան։ Դուք ըսէք քառասուն։ Ինքը սակայն գտած է հարիւր հատ՝ Կարնոյ սարերու եւ ձորերու ընտիր, զուարթուն ծաղիկներ։ Եւ այդ ծաղիկներն են, որոնք ներշնչում տուեր են «Գովասանք ծաղկանց» յայտնի բանաստեղծութեան։ Եթէ խոր ակնածանքով մօտենաք անոր եւ ընթերցէք անոր հարիւր յիսուն տողերը կը համոզուիք, թէ հայկական քերթուածներու ամենէն բուրումնաւէտն է ան։ Ի՞նչ միտքեր ունի այդ գովասանքը։ Պատմեմ եւ մէջբերեմ…։
150 բուրումնաւէտ տողեր
«Գովասանք ծաղկանց» բանաստեղծութեան նախերգանքը բանաստեղծի ինքնանկարագրութիւնն է։ Խոր ծերութեան հասած մարդու ստեղագործութիւնն է ան։ Փա՞ստն այս համոզումիս. Բանաստեղծին խօսքերը. «Միտքս տկար», «Անդամալոյծ եմ ու համր», «Ոտներս բեկեալ», «Ձեռներս կապած», «Ականջս խուլ», «Աչերս է կուր»… Ինքզինք կը համեմատէ բեկեալ նաւու մը, որ «տարակուսեալ եւ մոլորեալ» է, ապա կը հայցէ նաւապետ Տիրոջ ուղղութիւնը. «Նաւս բեկեալ ալեկոծէ / Տարակուսեալ եմ, մոլորեալ, ո՛վ նաւապետ, իմ ճարս դուն»։ Նախերգանքին կը հետեւի ծաղիկներու «տողանցքը»…։
Դաւիթ Սալաձորցին նախ կը գովերգէ Մարտ ամիսը։ Ըստ բանաստեղծի՝ տասներկու ամիսներու «խարիսխն» է ան։ Մարտ ամսոյն մէջ Տէրը հրաման կու տայ, որ ծաղիկները արթննան. «Յորժամ (երբ) Մարտի ամիսն գայ, Տէրն հրաման կու տայ հողուն, / Հողն ի քնուն հետ կու զարթի, ճամբայ կու տայ բոյս եւ տնկուն»։ Ապա, տաղասացը կը նկարագրէ իրաքանչիւր ծաղիկը, ինչպէս՝ եզնածակիկը. «Եզնածաղիկն է խիստ դեղին, գոյնն է գունով, քան ծիրանուն»։ Սալաձորցին այդ նկարագրութիւններու մէջ առատօրէն կ’օգտագործէ բաղաձայնութեան արուեստը։ Մենք առատօրէն կը լսենք «ծաղիկ» բառը շեշտող ձայներ։ Ահա ցինկ եւ ծափծափ ծաղիկներու երկտողը. «Ցինկն դեղին ծաղկէ, ցնծայ, փայլէ, ծփայ մէջ ջրերուն / Ծափծափն ծափ տայ, ծիծաղի լծափն ծլուն թելերուն»։
15 ամեայ ծաղիկը
«Գովասանք» բանաստեղծութեան մէջ կայ գարնանային զմայլելի տեսարան։ Ծաղիկները գոյն գոյն հագած, պճնուած, սուրմա քսած, ելեր են դաշտեր պարելու։ Ամէն մէկ ծաղիկ անմեղ աղջիկ մըն է։ Հովիտներու սիւքի հետ անոնց ծփանքը զուարթուն պար մըն է կարծես։ Արեւու ջերմ շողերու տակ անոնց փայլը երգ ու ծիծաղ է կարծես։ Ականջ տուէք ծաղիկներուն։ Չորս հատը, զերդ չորս աղջիկ, կը խանդավառեն միւսները. «Ծաղկո՚ւնք, զարթի՛ք ի խոր քնոյն, քանի՞ պառկիք ներքեւ հողոյն, / Զարթի՚ք, աշխարհս ծաղկեցուցէք…»։ Ծափծիլ ծաղիկը կը սիրէ զարդարուիլ. պճնասէր է ան. «Ծափծիլն սպիտակ է հագել, դեղին քաշել վերայ գլխոյն»։
Հարցուցի Սալաձորեցիին, թէ ի՚նչ են մեզի հեռու եւ անծանօթ այդ բիւրաւոր ծաղիկներու անունները. հաճեցաւ տասնեակ մը շարադրել. ցնծաղիկ, հոռոմծաղիկ, մամխոպոպ, բարձեւնիկ, բրաբիոն, բարփն, ծիլծափ, լեզուակ, գոհարվարդ, սուտուարդ, գինարբին, համասփիւռ, սինձ, զամբիւղ, աւգեր, երիցուկ… Իսկ, շարունակեց ան, թէ «եօթնաղբերանց արիւն» ծաղիկը իւրայատուկ պատմութիւն ունի. եօթը նահատակ եղբայրներու արիւնին թափած հողէն իսկոյն յայտնուեր է արնանման ծաղիկ եւ ստացեր է այդ եղբայրներու յիշատակը անթառամ պահող անունը։
Դեգերող տաղասացը
Ի՞նչ կ՚ոլորտիս այդ ծաղիկներու մէջ։ Ի՞նչ կ՚որոնես այս սարերու վրայ։ Չպատասխանեց որդեկորոյս հայրը։ Քալեց։ Հեռացաւ։ Գոյն-գոյն, «ազգի-ազգի» ծաղիկներու մէջ անհետացաւ։
Միտքս վերադարձաւ գրասեղանիս։ Գրիչս անշարժեցաւ։ Դիտեցի Սալաձորցիի համեստ ժողոուածուն եւ «Ծաղկանց» բանաստեղծութեան 16 վանկանի տողերը։ Ապա շշնջացի բառ մը. Նռնա։ Հայրը, կասկած չունէի, այդ ծաիկներու մէջ կը փնտրէր Նռնային։ Չէ՞ որ աշնան թառամած, ձմրան մահացած ամէն ծաղիկ Մարտ ամսոյն մէջ՝ Տիրոջ երկնային հրամանով կը դառնար դալար։ Մի՞թէ կը վերադառնայ նաեւ Նռնան… Մի՞թէ ամենազօր, ամէն ինչի բժիշկ, սքանչելագործ Հայրը պիտի բարեհաճէր, որ Նռնան ալ ստանար կենդանութիւն։