ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Յարութիւն Քիւրքճեանի յիշատակին

Ծնած ու մեծցած ըլլալով Պէյրութ, գոյութենական պայքար մը կը մղէի (թերեւս ալ տակաւին կը մղեմ, ո՞վ գիտէ) ինքնութիւնս պատած բազմաթիւ շերտերու հետ՝ առաւելաբար Պուրճ Համուտի կեանքիս հետ։ Քիւրքճեան 1968-ին արդէն մանրամասնօրէն անդրադարձած է սփիւռքահայու այս տագնապին մասին՝ «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» իր կոթողական յօդուածին մէջ։

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

Քառասուն օրեր առաջ, 8 օգոստոսին, անժամանակ մահով մեզմէ բաժնուեցաւ մտաւորական, կրթական մշակ, դասագիրքերու հեղինակ, խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեան՝ իր ետին ձգելով հայագիտական, պատմագիտական, գրական-վերլուծական, գաղափարաբանական եւ գրախօսական հարուստ աղբիւրներ, ինչպէս նաեւ անպատասխան մնացած իրեն ուղղուելիք բազմաթիւ հարցեր ու հարցադրումներ։ Ի դէպ, Պէյրութի ազգային վարժարանի մը աշակերտը ըլլալով, միջանակարգի եւ երկրորդականի տարիներուս վայելած եմ Յ. Քիւրքճեանի եւ իր կողակիցին՝ Մարօ Գալայճեան Քիւրքճեանի հեղինակած «Հայրենի աղբիւր»-ը (վեցէն իններորդ դասարաններուս) եւ իր «Հայ կեանք ու գրականութիւն»-ը (յաջորդող երեք դասարաններուս ընթացքին), սակայն Քիւրքճեանին մօտէն ծանօթացայ համալսարանական տարիներուս իր յօդուածներուն ընդմէջէն, մինչեւ որ օր մը, Պէյրութ իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, համարձակեցայ իրեն ե-նամակ մը գրելով փափաք յայտնել հանդիպելու։ Չմերժեց, եւ այդպէս ալ ծնունդ առաւ բարեկամութիւն մը, որ առաւելաբար գոյատեւեց նամակագրութիւններու ճամբով։ 

Քիւրքճեանի մասին այս դարուս բնականաբար կարելի է գտնել համացանցի ընծայած դրութիւններէն՝ որքան որ թուային որոնման գործիքները հնարաւորութիւն կու տան։ Հակիրճ կերպով ըսեմ, որ Քիւրքճեան ծնած է 1943-ին, Պէյրութ։ Դպրոցական ուսումը ստացած է Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանին մէջ, նոյն այն Ճեմարանը, որ հիմնած են Նիկոլ Աղբալեանն ու Լեւոն Շանթը։ Աւարտելէ ետք Պէյրութի ֆրանսական համալսարանը, ան մեկնած է Ֆրանսա, ուր Սորպոնի համալսարանէն վկայուած է փիլիսոփայութեան մագիստրոսականով։ Դասաւանդած է հայերէն, հայ գրականութիւն, ֆրանսերէն եւ փիլիսոփայութիւն նիւթերը Փալանճեան Ճեմարանին, Հայկազեան քոլէճին (ներկայիս՝ համալսարան) եւ Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին մէջ։ Աշխատակցած է գրական մամուլներու, գործակցած է houshamadyan.org-ին եւ հեղինակած է բառարաններ ու հայերէնի ուսուցման երկլեզու մեթոտներու աշխատութիւններ։ Խմբագրած է Պէյրութ հրատարակուած «Ծաղկաքաղ սփիւռքահայ գրականութեան» եւ Պոլսոյ «Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած՝ «Լեռ Կամսար, մարդը գործին մէջէն» գործերը։ Մամուլի մէջ լոյս տեսած իր գործերու ժողովածուները մէյ մը 1978-ին Փարիզ տպուած «Փորձ տարագրութեան մասին - Essai sur l'exil»-ին մէջ կը գտնենք եւ մէյ մըն ալ՝ 2022-ին լոյս տեսած «Սփիւռք եւ ինքնացում. Սփիւռքահայ կացութիւն եւ գրականութիւն —վերլուծումներ —»-ու մէջ՝ հրատարակուած Բագին մատենաշարէն։ Պարզ է, որ մտաւորական մը իսկապէս ճանչնալու համար հարկ է խորանալ անոր ներկայացուցած մտքերուն մէջ, այս իմաստով կ՚ուզեմ քանի մը նախադասութիւն ըսել այն մտքերուն մասին, որոնք գրաւած են մատղաշ սփիւռքահայու հոգիս։

Ծնած ու մեծցած ըլլալով Պէյրութ, գոյութենական պայքար մը կը մղէի (թերեւս ալ տակաւին կը մղեմ, ո՞վ գիտէ) ինքնութիւնս պատած բազմաթիւ շերտերու հետ՝ առաւելաբար Պուրճ Համուտի կեանքիս հետ։ Քիւրքճեան 1968-ին արդէն մանրամասնօրէն անդրադարձած է սփիւռքահայու այս տագնապին մասին՝ «Երկրորդ հաւասարում բազմաթիւ անյայտներով» իր կոթողական յօդուածին մէջ։ Մէջբերեմ՝ «Ի՞նչ են, դարձեալ հայը, հայութիւնը՝ Սփիւռքի տարածքին։ Միանգամընդմիշտ սահմանուած էութի՞ւն մը, վերացական գաղափա՞ր մը, թէ՞ գոյութենական կացութիւն, ամէ՛ն վայրկեան ճշդելի արժէք։ Ի՞նչ պիտի ընենք աս հայութիւնը. պիտի պահենք-պահպանե՞նք, թէ՞ պիտի ապրինք զայն»։

Ազգային վարժարանի կրթութեանս աւարտէն անմիջապէս ետք Հայկազեան համալսարանին մէջ Հայագիտական ճիւղի ուսմանս առաջին տարուան ընթացքին Մարկ Նշանեանի դասապահերուն էր իմ առաջին ,«խզումս» այն ամէն (սփիւռքա)հայու յատկութիւններէս որոնք մէջս մշակուած էին դպրոցական գրասեղաններուս ետին։ Չեմ խօսիր միայն երիտասարդ ուսանողի մը կեթոյէն դէպի «աշխարհ բացուած» ինքնութեանս վերաբերեալ հարցադրումներուս մասին, այլ առաւելաբար Նշանեանին՝ «Մենք»-ի սերունդի եւ «Փարիզի տղոց» մեզի նշանակած ընթերցանութիւններուն ճամբով հոգիիս մէջ ծագած նոր վիճակներուս մասին։ Եւ ահաւասիկ, Նշանեանի բնութագրած 20-րդ դարու 3 մեծ սերունդներէն (Մեհեան, Մենք, Ահեկան) մէկուն գրողներէն մին՝ Քիւրքճեանը, վերոնշեալ իր գրութեամբ ընթերցողը կը տանի 1968-ի Փարիզի փողոցները, քիչ մը ետեւ՝ «Փարիզի տղոց» մօտ, եւ քիչ մը առջեւ՝ ընթերցողին միջավայրին։ Խօսելով ձուլումի եւ պահպանումի միթոսին մասին (միթոսը իր բառն է), Քիւրքճեան կ՚անդրադառնայ նաեւ այժմէութենէն բխող գրականութեան բացակայութեան, որ ներկան կը դարձնէ ապրելի, առ այդ հոս բարձրացնելով սփիւռքը իբրեւ մշակոյթ արտադրող գոյակցութեան իր միտքը։

Ահեկանի մէջ լոյս տեսած այս յօդուածը դարձեալ կը գտնենք իր վերջին հրատարակութեան մէջ. աւելին՝ «Հորիզոն» թերթը Քիւրքճեանի մահագրութեան մէջ կը նշէ, որ անոր մահէն ամիս մը առաջ Լիզպոնի մէջ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան կազմակերպած գիտաժողովը որդեգրած է «Հաւասարում նորոգ/սերունդներու զրոյց մը» խորագիրը։ Իր վերջին հատորին հրատարակութեան առիթով Բագինի տուած հարցազրոյցին ընթացքին Քիւրքճեան իր սերունդը կը բնորոշէ իբրեւ կեթոն մերժող սերունդ, որ, առանց յաւակնութիւններու, «հայապահպանում»-ի դէմ ահազանգ կը հնչեցնէ՝ զայն նկատելով աղիտալի՝ գոյութենական եւ գրական-մշակութային մարզերու մէջ հաւասարապէս։ «Սխալ էր, գոնէ չափազանցութիւն է ըսել, որ հայութիւնը միայն անցեալի Արժէքներով, միայն աւանդութեամբ կը սահմանուի»։

Առաջին անգամ արեւմտահայաստան այցելելիք թիփիքըլ Պուրճ Համուտցիի տագնապներովս Քիւրքճեանին գրած ե-նամակներէս մէկուն ան կը պատասխանէ՝ «ԲՆԱԿԱՆ ԿԸ ԳՏՆԵՄ, որ կարգ մը Ճշմարտութիւններու«ստուգումը» տագնապով ընկալուի...: Խօսքս ամբողջ կեանքի մը համար կարեւոր ճշմարտութիւններու մասին է, անոնցմէ՝ որոնք տեղ չունին տիրող մտայնութիւններու-գաղափարախօսութիւններու մէջ, որ մարդս ինքը՝ անհատաբար գտած է, մասամբ միայն ուղղակի շօշափած ու աւելի՝ մտքի թափով ընդնշմարած, հաւատքի արժանացուցած» եւ քիչ մը աւելի անդին՝ «Վտանգը կը սկսի հոն՝ երբ կաղապար ու կաղապարուածներ, մեծամասնական ըլլալէ անդին՝ կը դառնան ամբողջատիրական, ու կը ձգտին լրիւ արգիլելու անհատներու ինքնանորոգումը»:

Քիւրքճեան պատանեկան տարիներուս դասագիրքերուս հեղինակը ըլլալէ ետք, աւելի ուշ դարձաւ ձեւով մը մենտոր մը ինծի։ Քիւրքճեան բնաւ չզլացաւ իր իմաստութիւնը շողարձակելու դեռատի միտքիս վրայ։ Կորուստը մեծ է, սակայն մխիթարութիւն կայ իր գործերուն բովէն ելած հարստութիւնը ձեռք ձգած ըլլալնուս մէջ։ 

Յիշատակդ անթառամ մնայ, սիրելի՛ Յարութիւն Քիւրքճեան։