ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ամենօրեայ վազվզուքի մէջ քառօրեայ դադար

Ծրագ­րո­ւած չէր, անակնկալ զար­գա­ցում մը եղաւ մեր քա­ռօրեայ ար­ցա­կուրդը նա­խորդ շա­բաթա­վեր­ջին։ Զմիւռնիաբ­նակ մեր բա­րեկա­մը զան­գա­հարեց ու իմա­ցուց, որ չորս հիւ­րա­նոցա­յին սե­նեակ­ներ ու­նե­ցող ծո­վափեայ վայր մը եր­թա­լու մտա­դիր են երեք զոյ­գե­րով եւ չոր­րորդին հա­մար առա­ջարկ ներ­կա­յացուց մե­զի։

Տա­կաւին չէինք թօ­թափած եր­կու օր առաջ վե­րադար­ձած Ամի­տեան այ­ցե­լու­թեան յոգ­նութիւ­նը։ Սա­կայն առա­ջար­կը հրա­պու­րիչ էր եւ դժո­ւար մեր­ժե­լի։

Այսպէս չո­րեք­շաբթի գի­շեր թեր­թիս հա­յերէն էջե­րը տպագ­րութեան պատ­րաստե­լէ ետք օդա­յին ճամ­բով մեկ­նե­ցանք դէ­պի Պոտ­րում։

Կան­խե­լու հա­մար յի­շեց­նեմ թէ մեր ար­ձա­կուրդի վայ­րը բա­ցար­ձա­կապէս կապ չու­նէր հան­րա­ծանօթ, աղա­ւաղուած, այ­լանդա­կուած, ին­չո՞ւ չէ նոյ­նիսկ խայ­տա­ռակո­ւած Պոտ­րում քա­ղաքի հետ։

Մենք այդ քա­ղաքէն 30 քմ. հե­ռաւորու­թեամբ ծո­ցի մը մէջ ան­ցուցինք այդ չորս օրե­րը։ Փի­լիսո­փայու­թիւնով, գրա­կանու­թիւնով, քա­ղաքա­կանու­թիւնով լե­ցուն մտեր­միկ զրոյցնե­րու մէջ վա­յելե­ցինք Մի­ջերկրա­կանի խա­ղաղ ջու­րե­րու մէջ լո­ղալու բու­ժիչ անդորրը։

Եգէական Հա­մալ­սա­րանի Փի­լիսո­փայու­թեան բաժ­նի եր­կու դա­սախօս­ներ, իրենց ամու­սիննե­րով եւ Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Հիմ­նարկի հիմ­նա­դիր ան­դամ մը ու մենք։ Այսպէս էր մեր խումբի դի­մագի­ծը, որ կը ձե­ւաւո­րէր նաեւ մեր զրոյցնե­րու առանցքը։

Որ­քան ալ իբ­րեւ քա­ղաք հե­ռու մնա­ցինք Պոտ­րումէն, Պոտ­րումի ձօ­նուած գրա­կանու­թիւնը պա­շարած էր մեզ։ Կը յի­շենք «Հա­լիքար­նա­սի ձկնոր­սը» գրչա­նու­նով ծա­նօթ Ճե­ւաթ Շա­քիրը, ար­ձա­կագիր Ազ­րա Էր­հա­թը, գե­ղան­կա­րիչ Պետ­րի Ռահ­մին եւ անոնց գրի­չով նկա­րագ­րո­ւած «Կա­պոյտ ճա­նապար­հորդու­թիւն»ը։

Ահա այդ ճամ­բորդու­թեան հանգրուան ծո­ցերէն մէ­կուն մէջ էինք տո­ւեալ չորս սե­նեակ­նե­րու բնա­կիչ­ներս։ Ամե­նու­րէք ձի­թենի­ներով շրջա­պատո­ւած ծո­ցի մը մէջ ան­ձայն խա­ղաղու­թիւն։ Հե­ռու քա­ղաքի ժխո­րէն, հե­ռու սնա­մէջ քա­ղաքա­կան քաշքշուկնե­րէն, հե­ռու ան­մեղ մա­նու­կի մը հետզհե­տէ մա­կազի­նի վե­րածո­ւած ոճի­րէն, նոյ­նիսկ հե­ռու ըն­թա­ցող ժա­մանա­կէն բնու­թեան գիր­կը ան­ցած չորս օրեր։

Ան­դին Պոտ­րում քա­ղաքը վա­ղուց կորսնցու­ցած էր Ճե­ւաթ Շա­քիրի նկա­րագ­րած պարզ ու հա­մեստ դի­մագի­ծը։

Այ­լեւս գո­յու­թիւն չու­նին ծո­վու խո­րութեան մէջ սպունգ որ­սա­ցող­նե­րը։ Նոյ­նիսկ ոչ եւս է մեր սի­րելի բա­րեկամ Պաս­քըն Օրա­նի Քա­րավա­նա Մեհ­մէ­տը։ Ան որ կեն­դա­նի լրա­տուա­միջոցն էր ամ­բողջ քա­ղաքի մը ծա­ծուկ ան­ցուդարձնե­րուն։

Ար­ձա­կուրդը միշտ հա­ճելի է, կար­ճա­տեւ։ Ամ­բողջ տա­րուայ մէջ միայն այդ չորս օրերն էին, որ պի­տի վա­յելէինք ան­հոգ ու մեծ քա­ղաքի ժխո­րէն ձեր­բա­զատուած կեր­պով։ Այժմ դար­ձեալ կը պատ­րաստուինք ճամբրուկներ ի ձե­ռին ճամ­բորդե­լու դէ­պի Հա­յաս­տան։

Այս ան­գամ ինքնա­թիռը մեզ կը հասցնէ հա­յոց մայ­րա­քաղա­քը՝ Երե­ւան։ Հոն կը մաս­նակցինք Սփիւռքի գոր­ծա­կատա­րի սե­նեակին կազ­մա­կեր­պած մի­ջոցա­ռումնե­րուն։

Այս պա­հուն կը յի­շեմ նա­խորդ տա­րինե­րուն կազ­մա­կեր­պո­ւած Հա­յաս­տան-սփիւռք հա­մագու­մարնե­րը, որոնք զա­նազան գա­ղութնե­րէ ժա­մանած սփիւռքա­հայե­րու մաս­նակցու­թեամբ աւե­լի շատ զբօսաշրջական բնոյթ ու­նե­ցան, քան իրա­գոր­ծե­լի առա­ջարկնե­րու հար­թակ։

Յու­սամ այս ան­գամ աւե­լի շի­նիչ մէկ­տե­ղում մը կ՚իրա­կանա­նայ, մա­նաւանդ այն ժա­մանա­կահա­տուա­ծին, ուր կա­րիքը ու­նինք միաս­նա­կան միտ­քեր ձե­ւաւո­րելու։

Յստակ է թէ խիստ կա­րիքը ու­նինք այդ միաս­նա­կան կամ­քին, յա­նուն հա­յոց պե­տակա­նու­թեան ան­սա­սանու­թեան։

pakrates@yahoo.com