ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Բարունակ

Գարուն չէ։ Ոչ ալ մրգաս­տա­նի մը մէջ եմ ու կը դի­տեմ հիւ­թեղ բա­րերը։ Բայց, ահա բա­ցուե­ցաւ դպրո­ցի դու­ռը։ Թար­մութիւն մը կայ հա­մալի­րի մէջ։ Նրբանցքնե­րը լե­ցուած են աշա­կերտնե­րու ճռո­ւողիւ­նով։ Իսկ ես, յար­գե­լի ըն­թերցող, վե­րամու­տի ամե­նամեայ ու­րախ տրա­մադ­րութեամբ որո­շեցի գրել «բա­րու­նակ» բա­ռի դա­րաւոր բայց միշտ դա­լար պատ­մութիւ­նը, ու հասկնալ, թէ ան հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ի՚նչ բա­րիք­ներ պար­գե­ւեր է։ Ահա «բա­րու­նակ» բա­ռի պտղա­բեր պատ­մութիւ­նը, սկսած՝ իր ար­մա­տով։

Պտղա­բեր ճիւ­ղի ար­մա­տը

Մեր բա­ռարա­նագէտ եւ լե­զուա­գէտ այ­րե­րը, ինչպէս Թի­րեաքեանը եւ Աճա­ռեանը, հա­յոց սա­ղար­թա­խիտ լե­զուի ճիւ­ղե­րը հե­տեւե­լով հա­սեր են անոր ար­մա­տին. «բար» բառն է ան, որ կը նշա­նակէ «պտուղ»։ Եթէ «բա­րել» բա­յը կը նշա­նակէ պտուղ տալ, «բա­րատու»՝ պտղա­տու եւ «բա­րաթափ»՝ պտղա­թափ՝ անոնք յար­մար եւ հա­ւանա­կան գտեր են այս ստու­գա­բանու­թիւնը, այ­սինքն՝ բա­րու­նակ = պտուղ ու­նե­ցող, պտուղ տո­ւող։ Կը յի­շէ՞ք, յար­գե­լի ըն­թերցող, Եղի­շէ Չա­րեն­ցի այն սի­րուած բա­նաս­տեղծու­թիւնը, ուր բա­նաս­տեղծը կը սի­րէր Հա­յաս­տա­նի արե­ւահամ պտուղնե­րը. «Ես իմ Հա­յաս­տա­նի արե­ւահամ բարն եմ սի­րում»։ Իսկ հայ ազ­գը, ի՚նչ փափ­կանկատ ազ­նո­ւու­թիւն, իր պտղա­տու եւ գոր­ծունեայ զա­ւակ­ներն ալ կո­չեր է «բա­րու­նակ»։ 15-րդ դա­րէն ի վեր անձնա­նուն է ան, նախ միջ­նա­դարեան ըն­տիր յի­շատա­կարան­նե­րու մէջ յի­շուած, ապա այ­սօր ար­ժա­նապէս ընդհան­րա­ցած։ Աւե­լին, «բա­րու­նակ»բա­ռը, որ ու­նի դա­լար ճկու­նութիւն, այժմ կը նշա­նակէ «շա­ռաւիղ», «սե­րունդ» եւ «յետ­նորդ»։

Առա­ջին ծի­լերը

«Բա­րու­նակ» բա­ռի առա­ջին ծլար­ձա­կումնե­րը տե­ղի ու­նե­ցան 5-րդ եւ 6-րդ դա­րերուն։ Հայ­կա­կան հին մա­տենագ­րութեան մէջ հայ ըն­թերցո­ղը կար­դաց այդ բա­ռի նո­րաբոյս ար­տա­յայ­տութիւննե­րը։ Ահա քա­նի մը խօսք Սուրբ Գիր­քէն եւ հայ գրիչ­նե­րէն. Մի՚ ծաղ­կեսցեն բա­րու­նակք նո­րա», «Բա­րու­նակ ող­կուզա­բեր», «Բա­նաւոր բա­րու­նակ»։ Իսկ առեղ­ծո­ւածա­յին է հե­տեւեալը. «Բա­րու­նակք քո ձգե­ցան ընդ ծով»։ 14րդ դա­րուն հնա­րեցինք «բա­րու­նա­կաձեւ» ածա­կանը եւ գրի առինք աւե­լի պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւններ։ Գան­ձա­կեցին ըսաւ «Ծառ կե­նաց… բա­րու­նա­կաձեւ»։ Իսկ Ոս­կե­փորիկ մա­տեանը մե­զի տո­ւաւ խա­չելու­թեան պատ­կե­րը. «Բա­րու­նա­կաձեւ բա­զուկք քո բե­ւեռե­ցան ʼի խա­չափայ­տի»։

Հին աւիշ­նե­րը

«Բա­րու­նակ» բա­ռի աւի­շը կը շա­րու­նա­կէ հայ­կա­կան հնա­գոյն գրա­կանու­թեան մէջ հո­սիլ եւ մեզ զար­մացնել։ Իր Մա­տեանի մէջ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին կա­տարեց խոս­տո­վանու­թիւն մը՝ ինքզինք կո­չելով «Բա­րու­նակ ապա­կանա­բեր», այ­սինքն՝ «Դառ­նա­ճիւղ տունկ մըն եմ՝ անա­ռակ վար­քի գար­շութիւ­նը ծաղ­կեցնող. ապա­կանա­բեր եւ մա­հառիթ ող­կոյզներ ար­տադրող բա­րու­նակն եմ»։ Բա­րոյա­կան եւ խրա­տական բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու հե­ղինակ, Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի եւ Ներ­սէս Շնոր­հա­լիի ազ­դե­ցու­թեամբ ստեղ­ծա­գոր­ծած Թա­թոս վար­դա­պետ Թո­խաթ­ցին, որ կրօ­նական գրա­կանու­թեան մէջ խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն գոր­ծա­ծած առա­ջին գրող­նե­րէն մէկն է, գրի առաւ հո­գիի եւ մար­մի­նի եր­կխօ­սու­թիւն մը ու մե­զի տո­ւաւ գե­ղեցիկ եւ պի­տանի խրատ. «Հո­գին մարմնոյն ասաց. Եղիր բա­րու­նակ, / Զբա­րին պտղա­բերես, որ լի­նայ բա­ժակ»։ Իսկ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հայ­րա­պետի հա­մար նախ Մայր Աս­տո­ւածա­ծինն էր բա­րու­նակ. «Նոր բու­րաստան ծաղ­կե­րանգ, / Ող­կուզա­բեր բա­րու­նակ», ապա խա­չափայ­տը՝ «Բա­րու­նակ բե­րող ու­րա­խարար պտղոյն», Եդե­սիա քա­ղաքը՝ «Այ­գի մեծ տաշ­տա­ւոր կամ բա­րու­նակ ող­կուզա­ւոր», իսկ «Ամոլք Հա­ւատոյ» շա­րակա­նի մէջ՝ Յա­կոբ Մծբնա­ցի հայ­րա­պետը, «Հո­վիւ քա­ջըն­թաց / Պար­ծանք եկե­ղեց­ւոյ / Հո­ղանիւթ բա­րու­նակ»։ Մծբնա­ցին էր, որ Խա­չատուր Աբո­վեանէն 1500 տա­րի առաջ փոր­ձեր էր Արա­րատ լե­ռը մագլցիլ։ Ըստ Շնոր­հա­լիի, Յա­կոբ Մծբնա­ցին Աս­տուծոյ հո­ղեղէն շա­ռաւիղն է, ան Տի­րոջ մօտ մեր բա­րեխօսն է»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, պատ­շաճ է, որ դուք նաեւ խոր յու­զումով լսէք Ստե­փանոս Թո­խաթ­ցի տա­ղասա­ցի խօս­քե­րը, «Ո՛վ, այս անուն, ծառ բա­րու­նակ, / Հա­մեղ ող­կոյզ քաղցրա­ճաշակ, / Անու­շա­համ ախորժ բա­ժակ, / Ակ մար­գա­րիտ եւ ոս­կե­հատ…»։ Որ­դե­կորոյս հօր խօս­քերն են ասոնք, քան­զի տա­ղը նո­ւիրուած է վա­ղամե­ռիկ զա­ւակին։

Գի­նիի եւ սի­րոյ բա­րու­նակնե­րը

Եղան օրեր, հայ­րե­նի այ­գի­ներու մէջ որ­թե­րը եղան պտղա­բեր, յոր­դե­ցաւ գի­նին ու հա­յը եր­գեց սի­րոյ թարմ եր­գեր։ Աս­տուածա­տուր տա­ղասա­ցը գո­վասանք մը հիւ­սեց, թէ՚ իր «բա­րու­նակ»եարին եւ թէ՝ խա­ղողին. «Քո կո­ճերն ելէր շի­տակ, / Եր­կայնա­ցէր զերդ բա­րու­նակ, / Ա՚յ լից ու տուր, ա՚յ լից ու տուր / Զա­նուշ գի­նին անա­պական»։ Վար­դան Կա­ֆացին այ­րե­ցաւ վար­դի կար­մի­րէն ու գրեց. «Դու բա­րու­նակ պայ­ծառ եւ ծի­րանա­գոյն, / Բու­րաստա­նաց մէջն փայ­լես աստղա­գոյն… / Մի՛ թա­փիր, վարդ, մի՛ թա­փիր, / Խիստ այ­րե­ցայ ես քո հո­տոյն»։ Ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու մէջ ալ «բա­րու­նակ»էր սի­րելին. «Քո մէջքն է քան զուռ բա­րակ, / Ու ծա­մերտ իջեր բա­րու­նակ»։ Ալաշ­կերտի յա­տուկ եր­գի մէջ գե­ղեց­կուհին հա­գեր էր «ճու­պա» (կա­նացի հա­գուստ) եւ նման էր ող­կոյզի. «Իմ կարճ ու բո­լոր ճու­պա / Բա­րու­նակ թե­ւերտ ի վե­րայ, / Ծծերտ է լուսնի խա­ղող, / Կուզ կա­պեր կրծո­ցիտ վե­րայ»։ Իսկ 20-րդ դա­րուն Ռու­բէն Սե­ւակը մա­շեցաւ։ Սէրն էր պատ­ճա­ռը. «Քե՚զ եր­գե­լէն արիւ­նե­ցան, խեն­թե­ցան / Եօթը վէր­քերն իմ բա­րու­նակ սրին­գիս»։ Իսկ օր մը երբ մա­հաշունչ քա­մին փչեց եւ տա­պալեց յա­ւեր­ժութեան ծա­ռը, բա­րու­նակներ յոյս տո­ւին Մատ­թէոս Զա­րիֆեանին. «Ծա­ռը։ Բայց իր կո­ղէն՝ / Ար­ծո­ւաթ­ռիչ նի­զակ­նե­րու խրոխ­տանքով՝ / Բա­րու­նակներ ժայթքեր էին դէ­պի եր­կինք»։

Բա­րու­նա­կազարդ հե­ղինակ­ներ

Հայ հե­ղինա­կը իր գիր­քը անո­ւանե­լու գոր­ծին մէջ եղեր է «ան­բա­րու­նակ»։ Հայ­կա­կան մա­տենագ­րութեան պատ­մութեան մէջ չկայ գիրք մը, որ իր անու­նին մէջ ու­նե­նայ «բա­րու­նակ»բա­ռը։ Սա­կայն, յար­գե­լի ըն­թերցող, ես գտայ մէկ այլ պտղա­լի դաշտ՝ հե­ղինակ­ներ, որոնց անունն է եղած բա­րու­նակ։ Ահա հա­զուա­գիւտ այդ խումբի քա­ռեակը. «Ճա­նապար­հորդու­թիւն ի Բա­բելոն ընդ Հա­յաս­տան յա­մի տեառն 1847», Բա­րու­նակ Ֆե­րուհխան, Ար­մաշ, 1876, «Դի­ցաբա­նու­թիւն կամ ու­սումն դի­ցակ­րօն հա­ւատա­լեաց», Բա­րու­նակ Բար­սե­ղեան, Կ. Պո­լիս, 1898, «Պատ­կե­րազարդ նոր քե­րական եւ ըն­թերցա­րան օս­մա­ներէն լե­զուի», Գառ­նիկ Բա­րու­նա­կեան, Կ.Պո­լիս, 1909։

Բա­րու­նակ մե­ղեդին

Այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ հրա­ժեշտ կու տայ օրը, կը փա­փաքիմ ազ­նիւ եւ գե­ղեցիկ մե­ղեդիով մը աւար­տել յօ­դուածս։ Գրի­գոր Սիւ­նիի մշա­կած եւ ձայ­նագրած այս եր­գը թող բո­լորիս ներշնչէ յոյս եւ մեր օրե­րը, ձեր օրե­րը ըլ­լան՝ բա­րու­նակ.

Դու բա­րակ ես, բա­րու­նակ ես,

Արե­գական նմա­նակ ես,

Մէջ իմ սրտին անա­նակ ես։

Հո­գիս էրո­ւաւ, բոց կո­րակ ես։

Արի եար ճան, բա­րով արի,

Զնգզնգա­լէն սա­րովն արի։