Վստահ եմ թէ այս սիւնակի ընթերցողները արդէն հետեւած են նաեւ Օրթագիւղի Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդէ ներս ծագած տարակարծութիւններուն։
Մենք այդ բոլորին վերահասու եղանք թերթիս սիւնակագիր Յովհաննէս Քըլըչտաղըի յօդուածով։
Իսկապէս ալ մտահոգիչ տեղեկութիւններ կային այդ յօդուածի բովանդակութեան մէջ։ Յօդուածը հրատարակելէ ետք իսկոյն լծուեցանք խնդրին էութիւնը կողմերէն լսելու։ Մեզի հասած այդ պատասխաններով ալ խմբագրեցինք նախորդ շաբաթուայ «Ակօս»ի խորագիրը։ Մեր այդ լրատւութենէն ետք է, որ Թաղական խորհուրդը բացատրութիւն մը հրապարակեց թաղականութեան համացանցի հաշիւներէն։
Նոյն օր թէ՛ «Մարմարա» եւ թէ «Ժամանակ» արձագանգեցին այս պատասխանին՝ որու շնորհիւ իրենց ընթերցողներն ալ լսած են թէ խնդիր մը կայ Օրթագիւղի թաղականութեան հետ առնչուած։
Խնդիր մը կար, բայց ի՞նչ էր այդ խնդիրին էութիւնը, այդ մասին պատկերացում մը ձեւաւորել կարելի չեղաւ։ Մենք «Ակօս»ի գրողներս սրտցաւօրէն տեսանք որ վարչութիւնները փոխուին անգամ վարչայիններու հասկացողութիւնները երբեք չեն փոխուած։ Ներկայ թաղականութիւնն ալ փոխանակ եղածներուն յստակացում բերելու, կը դիմէ անիմաստ ինքնապաշտպանութեան։ Նախ կ՚ըսէ թէ խնդրոյ առարկայ միջադէպը պատահած է ամիսներ առաջ։ Այս ըսելով հասկցնել կը ջանայ թէ լրատւութիւնը ժամանակավրէպ է։
Սակայն երբեք չանդրադառնար խնդրի լրջութեան։ Պատահածը կը նկարագրէ վարչութեան երկու անդամներու տարակարծութենէն ծագած բանավէճ մը ըլլալով։ Բացարձակապէս չի խօսիր «Ես գորշ գայլերու շրջանակէն եմ» ըսելով, իր գործընկերոջ սպառնացող թաղականին։ Այս խօսքը լսելով բանավէճը պարզ տարակարծութիւն մը համարելը միամտութենէ շատ աւելի վեր, կատարեալ տգիտութիւն մըն է։ Թաղական խորհուրդի ատենապետը փոխանակ այս բոլորը ծածկել փորձելու պէտք էր հրաժարումի հրաւիրէր գորշ գայլերու բարեկամութիւնով իր գործընկերներուն սպառնացող թաղականը։
Ընդ հակառակը ան սոց ցանցի վրայ կատարած հրապարակումով այս լրատուութիւնը պարզողները կը մեղադրէր նախորդ վարչութեան փողը հնչեցնելով։
Ո՛չ Յովհաննէս Քըլըչտաղը, ոչ ալ «Ակօս»ի անձնակազմէն որեւէ մէկս երբեք կարիք չենք ունեցած նախկին թաղականութեան սատարելու։ Թերթիս ընթերցողները դարձեալ քաջ գիտեն թէ նախորդ վարչակազմին դէմ ալ ամենասուր քննադատութիւնները հնչած են «Ակօս»ի սիւնակներէն։
Ի՞նչ ըսենք որ այս համայնքի բոլոր հաստատութիւններէ ներս գիտակցութեան ահռելի նահանջ մը կայ։ Իբրեւ թէ վարչային կոչուած մարդիկ փոխանակ աւելի թափանցիկ վարուելու, ընդհակառակը կը քօղարկեն իրենց կազմէն եկող այս գայթակղեցուցիչ ելոյթները։ Արժէքներու համակարգն է, որ խախտած է անգամ մը եւ մամուլն ալ իր կարգին երեք կապիկները կը խաղայ եւ կ՚անտեսէ կատարուած լրատուութիւնը ու կը սպասէ թաղականութեան պատասխանը, որպէսզի իր սիւնակները բանայ այս խնդրին դիմաց։
Իսկապէս ցաւալի եւ մտահոգիչ է։ Ուրեմն թաղականութեան մէջ զեղծարարութեան պնդումներ պիտի ներկայացուին, ատոր փոխարէն ոմանք «գորշ գայլեր» բառը գործածելով պիտի սպառնայ եւ «Ակօս«ն ալ այս բոլորը ժողովուրդին իմացնելով խառնակիչ պիտի դառնայ։
Վա՜յ ձեզ եւ վա՜յ մեզ քաղաք, որ ինկեր ենք մանուկ թագաւորներու ձեռքին։
pakrates@yahoo.com