Արհեստական բանականութիւնը եւ արեւմտահայերէնը

ՎԱՐԴԱՆ ՀԱԼԻՍ ԵԸԼՏԸՐԸՄ

Այս յօ­դո­­ւա­ծը օրըս­­տօ­­­րէ զար­­գա­­­ցող ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան եւ արեւմտա­­հայե­­րէնի ու­­սուցման նիւ­­թե­­­րու հա­­մար նա­­խաբանի մը բնոյ­­թը ու­­նի։ Թեխ­­նո­­­լոկիական զար­­գա­­­ցումնե­­րու հե­­տեւանքն է ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնը եւ անոր «chatGPT» տար­­բե­­­րակի եւ արեւմտա­­հայե­­րէնի ու­­սուցման ան­­հա­­­տական կամ հա­­սարա­­կական պայ­­մաննե­­րը հե­­տազօ­­տող նա­­խաբան մը պար­­զա­­­պէս։

Զգլխե­­ցու­­ցիչ զար­­գա­­­ցումներ

Ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնը հետզհե­­տէ աւե­­լի յա­­ճախ կը յայտնուի մեր առօ­­րեային մէջ։ Ներ­­կա­­­յիս այս դրու­­թեան տար­­բեր գոր­­ծադրու­­թիւննե­­րը իրա­­րու հետ մրցման մէջ են։ Սա­­կայն մենք այստեղ լու­­սարձա­­կի տակ կ՚առ­­նենք «chatGPT»ն լե­­զուի ու­­սուցման ծի­­րէն ներս իր առանձնա­­յատ­­կութիւննե­­րուն բե­­րու­­մով։

«chatGPT»ի նոր տար­­բե­­­րակը «chatGPT 4,0», 2022 Նո­­յեմ­­բե­­­րէն մին­­չեւ 2023-ի Յու­­նո­­­ւարը 100 մի­­լիոն օգ­­տա­­­գոր­­ծո­­­ղի հաս­­նե­­­լով ամե­­նաշուտ տա­­րածո­­ւած հա­­մացան­­ցի ծրա­­գիրը եղաւ։ Մօ­­տաւո­­րապէս 30 մի­­լիոն հա­­տոր գիր­­քի տա­­րողու­­թեան հա­­մազօր 45 TB-ի նման հսկայ տո­­ւեալ­­նե­­­րու ցան­­ցով մը մշա­­կուե­­ցաւ եւ ար­­տադրե­­լու կա­­րող ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան մի­­ջոց­­նե­­­րով ալ ու­­սուցման ամե­­նազար­­գա­­­ցած եղա­­նակ­­նե­­­րը հա­­մադ­­րեց։ Մարդկու­­թեան գի­­տական կու­­տա­­­կու­­մով սնու­­ցո­­­ւած այս դրու­­թեան շա­­հագոր­­ծումը հետզհե­­տէ կ՚աճի։

Ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնը կը գե­­րազան­­ցէ եր­­կիրնե­­րու սահ­­մաննե­­րը եւ հե­­ղինա­­կային իրա­­ւունքնե­­րը։ Այս ալ պատ­­ճառ կ՚ըլ­­լայ որ ան հա­­կադ­­րո­­­ւի կա­­պիտա­­լիս­­տա­­­կան ար­­տադրու­­թեան կա­­նոն­­նե­­­րուն։ Ինչպէս որ հա­­մավա­­րակի շրջա­­նին, դե­­ղորայ­­քի վե­­րաբե­­րեալ հե­­ղինա­­կային իրա­­ւունքնե­­րը չէին վե­­րացո­­ւած եւ աշ­­խարհի տա­­րած­­քին բա­­զում մարդկանց կեան­­քը վնա­­սուած էր, ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնն ալ զա­­նազան մար­­զե­­­րէ ներս աշ­­խա­­­տավարձքնե­­րու նո­­ւազ­­ման կամ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին ժա­­մերուն եր­­կա­­­րաց­­ման պատ­­ճառ կը դառ­­նայ։ Այս մա­­սին օրի­­նակ կրնանք հա­­մարել Սքար­­լեթ Յո­­հան­­սո­­­նը, «chatGPT»ին իր ձայ­­նը ըն­­դօ­­­րինա­­կելուն առար­­կեց եւ այդ գոր­­ծադրու­­թիւնը ար­­գի­­­լուե­­ցաւ

Ներ­­կայ պայ­­մաննե­­րուն մէջ տիեզեր­­քի բնակ­­չութիւ­­նը գո­­հաց­­նե­­­լու հա­­մապա­­տաս­­խան ար­­տադրու­­թիւն մը կայ, սա­­կայն աշ­­խարհի ամե­­նահա­­րուստնե­­րէն բաղ­­կա­­­ցող մէկ տո­­կոսի ու­­նե­­­ցուած­­քը կը կրկնա­­պատ­­կէ 99 տո­­կոսին հարստու­­թիւնը։ Այսպէս երբ աշ­­խարհի ջախ­­ջա­­­խիչ մե­­ծամաս­­նութիւ­­նը զրկանքնե­­րու եւ թշո­­ւառու­­թեան մատ­­նո­­­ւած է ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնը կրնայ ծա­­ռայել նաեւ այդ մէկ տո­­կոսի ալ աւե­­լի հարստա­­նալուն։

«OpenAl» շահ չակնկա­­լող հե­­տազօ­­տական հաս­­տա­­­տու­­թիւն մը ըլ­­լա­­­լով հիմ­­նո­­­ւած է, բայց հե­­տագա­­յին իր աշ­­խա­­­տու­­թիւննե­­րու յա­­րատե­­ւու­­թիւնը ապա­­հովե­­լու հա­­մար որ­­դեգրած է «capped-profit»,այ­­սինքն սահ­­մա­­­նուած շա­­հի դրու­­թեան։ Այս դրու­­թիւնը ներդրող­­նե­­­րուն կ՚ար­­տօ­­­նէ ներդրուած գու­­մա­­­րի հա­­րիւ­­րա­­­պատիկ շահ, բայց ոչ աւե­­լին։ «Microsoft»2019-ին, «OpenAl»ին 1 մի­­լիառ ԱՄՆ տո­­լարի ներդրում կա­­տարեց։

Նման մեծ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու ներդրումնե­­րով զօ­­րացող «OpenAl» թէ՛ ֆի­­նան­­սա­­­կան յա­­րատե­­ւու­­թիւն ապա­­հովեց, եւ թէ իր զար­­գա­­­ցու­­ցած թեխ­­նո­­­լոկիանե­­րով աջակ­­ցե­­­ցաւ «Microsoft»ին։ Այ­­սօր «OpenAl»ին շու­­կա­­­յի ար­­ժէ­­­քը մօ­­տաւո­­րապէս հա­­սած է 29 մի­­լիառ ԱՄՆ տո­­լարի։ Էլըն Մաս­­քի «chatGPT»ի մա­­սին ըսած­­նե­­­րը «Tesla» եւ «Microsoft»ի մի­­ջեւ մրցակ­­ցութեան ապա­­ցոյ­­ցը ըլ­­լա­­­լով տես­­նել կա­­րելի է։ Այս բո­­լորը պար­­տինք դի­­տել մարդկու­­թեան նո­­ւաճումնե­­րու եւ ըն­­կե­­­րու­­թիւննե­­րու շա­­հի ագա­­հու­­թեան հա­­կասու­­թիւններ որ­­պէս։

Այս պա­­հուն դժո­­ւար է ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թեան հա­­սարա­­կու­­թեան վրայ գոր­­ծե­­­լիք ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րը կան­­խա­­­տեսել։ Նիւ­­թը գի­­տական կար­­ծի­­­քի փո­­խանա­­կումնե­­րէն աւե­­լի, ֆան­­դաստիկ վէ­­պերու եւ ֆիլ­­մե­­­րու առանցքը կը կազ­­մէ։ Ար­­դէն զա­­նազան­­ներ կը խօ­­սին երե­­ւակա­­յական գի­­տու­­թեան գիր­­քե­­­րու հե­­ղինակ Այ­­զէք Ասի­­մովի առա­­ջադ­­րած երեք ռո­­պոթ­­նե­­­րու կա­­նոնին «chatGPT»ի վրայ ու­­նե­­­ցած ազ­­դե­­­ցու­­թիւննե­­րու մա­­սին։ Եր­­կու լե­­զու­­նե­­­րու մի­­ջեւ նոյն պա­­հուն թարգմա­­նու­­թեան կա­­րողու­­թիւնով հա­­մաշ­­խարհա­­յին գետ­­նի վրայ հա­­ղոր­­դակցու­­թիւնը դիւ­­րացնող դրու­­թիւնը ար­­դէն որոշ մա­­կար­­դա­­­կի մը հա­­սած է։ Ի՞նչ կայ որ ար­­հեստա­­կան բա­­նակա­­նու­­թիւնը պե­­տակա­­նու­­թեան հո­­վանի ու­­նե­­­ցող լե­­զու­­նե­­­րու հա­­մար մաս­­նա­­­գիտա­­ցած ըլ­­լա­­­լով հան­­դերձ արեւմտա­­հայե­­րէնի, զա­­զայե­­րէնի եւ լա­­զերէ­­նի նման պե­­տակա­­նազուրկ լե­­զու­­նե­­­րու հա­­մար ան­­բա­­­ւարար կը մնայ։

Հա­­մացան­­ցի աղ­­բիւրնե­­րէն օգ­­տո­­­ւելով տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը գրու­­թեան մը վրա­­յէն թարգմա­­նաբար հա­­ղոր­­դե­­­լը ար­­դէն սո­­վորա­­կան դար­­ձած երե­­ւոյթ մըն է։ «chatGPT» այս տե­­ղեկու­­թիւննե­­րը վե­­րադա­­սաւո­­րելով կամ ամ­­փո­­­փելով հե­­ղինա­­կային իրա­­ւունքնե­­րու խնդի­­րի մըն ալ ծագ­­ման պատ­­ճառ եղաւ։ Վեր­­ջա­­­պէս լե­­զու սոր­­վի­­­լը միայն գրա­­ւոր պատ­­ճէննե­­րը ըն­­թերցե­­լով սահ­­մա­­­նուած չէ։ Տես­­նե­­­լու, լսե­­լու եւ խօելու յատ­­կութիւննե­­րուն տի­­րապե­­տելու կա­­րիք կայ։ «chatGPT» խօ­­սելու մի­­ջոցաւ լե­­զու սոր­­վե­­­լու օժան­­դա­­­կող դրու­­թիւն մըն է։ Զգա­­ցումնե­­րու շեշ­­տադրու­­մով կը խո­­րաց­­նէ լե­­զուի ու­­սուցու­­մը։ Այս դրու­­թեան աւե­­լի լաւ գի­­տակ­­ցե­­­լու հա­­մար փոր­­ձենք լսել Նոամ Չոմսքիի լե­­զուի տե­­սու­­թիւնը։

Չոմսքի եւ լե­­զուի ու­սուցու­մը

Չոմսքի հա­մոզո­ւած է թէ լե­զուի ու­սուցու­մը մարդկա­յին ու­ղե­ղին ի ծնէ ու­նե­ցած յատ­կութեան յե­ղաշրջումնե­րու մի­ջոցաւ զար­գա­ցու­մի ար­դիւնքն է։ Այս տե­սու­թեան հա­մաձայն մար­դիկ նոր լե­զու կը սոր­վին նախ այդ լե­զուով խօ­սակ­ցութիւն լսե­լով։ Երա­խաներ լե­զու սոր­վե­լու գոր­ծընթա­ցին մէջ տիեզե­րական կա­նոն­նե­րու տէր են։ Այդ կա­նոն­նե­րը լե­զուն շատ աւե­լի արագ սոր­վելնուն առիթ կ՚ընձե­ռէ։ Լե­լու մը սոր­վե­լու բնա­կան եղա­նակը առնչուած է լսել ու խօ­սելու։ Չոմսքիի տե­սու­թեան հա­մաձայն նշան­նե­րու լե­զուն, կամ գրա­ւոր լե­զուն ալ նման կա­նոն­նե­րով կը սոր­վո­ւի։ Սա­կայն խօ­սակ­ցա­կան լե­զուն նոյն պա­հուն ստա­ցած անդրա­դարձնե­րով շատ աւե­լի կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նի։ Ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թեան հա­ղոր­դակցու­թիւնը փո­խադարձ զրու­ցե­լու մա­կար­դա­կին բարձրաց­նե­լը մարդ էակի լե­զու սոր­վե­լու բնա­կան ու­նա­կու­թեան ամե­նամօտ գոր­ծօնն է։

Հսկայ գրա­ւոր պատ­մութեան եւ մայ­րե­նի լե­զուով դա­սաւան­դութեան կա­րեւոր պա­շար մը ու­նե­ցող արեւմտա­հայե­րէնը այժմ դէմ առ դէմ կը գտնո­ւի ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնով լե­զուի ու­սուցման հան­դէպ։ Արեւմտա­հայե­րէն խօ­սող բնակ­չութիւ­նը ցրո­ւած է ամ­բողջ աշ­խարհի տա­րած­քին։ Այս ալ լե­զուն կը դա­տապար­տէ մե­կու­սացման եւ առօ­րեայ կեան­քին մէջ աւե­լի նո­ւազ գոր­ծա­ծելու։ Թուրքիոյ մէջ շա­տեր կա­րիքը կը զգան արեւմտա­հայե­րէնի հետ իրենց կա­պը ամ­րացնե­լու։ Երի­տասարդնե­րուն դպրո­ցէ դուրս ալ արեւմտա­հայե­րէնը աւե­լի աշ­խոյժ գոր­ծա­ծելուն հա­մար ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը կա­րեւոր ազ­դակ մը կրնայ ըլ­լալ։ Սա­կայն ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը ոչ մարդկանց ուղղա­կի զրոյցնե­րուն, ոչ ալ հա­յերէ­նի ու­սուցի­չի մը կրնայ փո­խարի­նել։ Ան միայն իր կա­տարե­լագոր­ծո­ւած յատ­կութիւննե­րով կա­րեւոր օժան­դակ մըն է։ Անոր մի­ջոցաւ սոր­վո­ւածը առօ­րեայ գոր­ծա­ծու­թեան փո­խադ­րե­լը կա­րեւոր առիթ մըն է։ Այ­սինքն ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը ու­սուցման աւան­դա­կան մի­ջոց­նե­րուն չի փո­խարի­ներ, ընդ հա­կառա­կը սոր­վո­ւած­նե­րուն գոր­ծադրու­թեան կ՚օժան­դա­կէ եւ լսզո­ւի ու­սուցու­մը յա­րատեւ կը դարձնէ։

Արեւմտա­հայե­րէնը ծրագ­րո­ւած է

Արեւմտա­հայե­րէնը բաղ­դատմամբ արե­ւելա­հայե­րէնի ու­նի իր յա­տուկ դժո­ւարու­թիւննե­րը։ Արե­ւելա­հայե­րէնը պե­տու­թեան պաշ­տօ­նական լե­զուն որ­պէս շատ աւե­լի դիւ­րին կը սո­վորո­ւի։ Նոյ­նիսկ հա­մացան­ցի վրայ արեւմտա­հայե­րէնով կա­տարուած որո­նումնե­րը դիւ­րաւ յղում կ՚ու­նե­նան դէ­պի արե­ւելա­հայե­րէն։ Նոյն լե­զուի եր­կու բար­բառնե­րու հա­սարա­կայ­նա­ցու­մը բնա­կան տես­նել կա­րելի է։ Բայց ան­դին կայ արեւմտա­հայե­րէնի գրա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ակե­րը, հա­սարա­կական կա­ռոյցնե­րը եւ ան­ցեալը։ Հա­մաշ­խարհայ­նա­ցու­մի զու­գա­հեռ արեւմտա­հայե­րէնի յա­րատե­ւու­թեան ուղղո­ւած ջան­քե­րը կը կա­րեւո­րեմ։ Մա­նաւանդ Թուրքիոյ մէջ տի­րող «մէկ լե­զու» հաս­կա­ցողու­թեան դէմ մէ­կէ աւե­լի լե­զու­նե­րուն հա­մատեղ գո­յու­թիւնը կա­րեւոր կը հա­մարեմ։ Ար­դա­րեւ ԺԹ դա­րէն սկսեալ Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան հպա­տակ հա­յերը հա­յերէ­նի զու­գա­հեռ՝ ֆրան­սե­րէն, գեր­մա­ներէն կամ օս­մա­ներէն լե­զու­նե­րը նաեւ գրա­բարը իրենց դպրոց­նե­րուն մէջ կը սոր­վէին։

Հա­յերէ­նը ծրագ­րո­ւած զար­գումի եւ դաս­տիարա­կու­թեան միշտ բաց երած է։ 405 թո­ւին Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի ձե­ռամբ իր ու­րոյն այ­բուբե­նը զար­գացնող հա­յերը գրա­ճանա­չու­թեան ար­շաւ ալ սկսցու­ցին եւ արեւմտա­հայե­րէնը ալ աւե­լի տա­րածո­ւեցաւ։ 1830-40-ական­նե­րուն հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րը եւ տպա­րան­նե­րը տա­րածո­ւիլ սկսած են եւ այդ շար­ժումը 1850-ական­նե­րէն սկսեալ ալ աւե­լի թափ ստա­ցած է։ Մա­նաւանդ Գրի­գոր Օտեան, Մկրտիչ Փոր­թա­քալեան եւ Ռաֆ­ֆիի նման կեր­պարներ հայ գրա­կանու­թեան եւ մա­մու­լի զար­գացման մէջ մեծ նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցած են։ Հայ դպրոց­նե­րու ար­դի գի­տու­թիւննե­րու կող­քին դա­սական հայ գրա­կանու­թիւնը ու­սուցա­նելը մշա­կու­թա­յին գի­տակ­ցութիւ­նը զար­գա­ցու­ցած է։ Պատ­րիար­քա­րանը եւ դպրա­նոց­ներն ալ այդ զար­գա­ցու­մին մէջ իրենց բա­ժինը ու­նե­ցած են։

Արեւմտա­հայե­րէնի թո­ւայ­նա­ցած աղ­բիւրնե­րու հետ փոր­ձը

Ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը բա­ցի ձե­զի հետ զրու­ցե­լէ, այդ զրոյ­ցի ըն­թացքին ձեր հա­ւանա­կան սխալ­նե­րը ուղղե­լով լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւնը աւե­լի բարձր մա­կար­դա­կի մը կրնայ բե­րել։ Արեւմտա­հայե­րէնը ու­նի եր­կու կա­րեւոր աղ­բիւրներ։ Հա­մացան­ցի վրայ տե­ղադ­րո­ւած գիր­քեր, բա­ռարան­ներ, պլոկ­ներ կամ փորթքեստներ։ Այստեղ կա­րեւոր խնդի­րը հա­մացան­ցին բեռ­ցո­ւած գիր­քե­րուն կամ բա­ռարան­նե­րուն օփ­թիկ կեր­պով տա­ռերը ճանչնա­լու յար­մա­րու­թիւնն է։

Երկրորդ ըլ­լա­լով ար­հեստա­կան բա­նակա­նու­թիւնը առո­գանու­թիւնը զար­գացնե­լու հա­մար վի­տէօ կամ ձայ­նագրու­թիւննե­րու մի­ջոցաւ յա­տուկ ազ­դե­ցու­թիւն կը գո­յաց­նէ։ Են­թա­կան հա­մացան­ցի այդ տո­ւեալ­նե­րով թէ՛ լե­զուա­գիտու­թիւն, թէ՛ քե­րակա­նու­թիւն, առո­գանու­թիւն եւ բա­ռամ­թերքի առու­մով ինքզինք կը զար­գացնէ։

Մար­դուս լե­զու սոր­վե­լու դրդու­մը կը ծա­գի ըն­կե­րային յա­րաբե­րու­թիւննե­րէն եւ ազ­դե­ցու­թիւննե­րէն։ Արեւմտա­հայե­րէն լե­զուի ու­սուցու­մը եւ զար­գա­ցու­մը կա­րելի չէ միայն թեխ­նո­լոկիական գետ­նի մը վրայ ու­սումնա­սիրել։ Ան շատ աւե­լի խոր ու ըն­դարձակ է։ Այս ծի­րէն ներս լուրջ կա­րեւոր է ուսման հա­մակար­գի ժո­ղովրդա­կանա­ցու­մը։ Օրի­նակի հա­մար՝ բա­ցի հայ­կա­կան վար­ժա­րան­նե­րէ, ամ­բողջ Թուրքիոյ տա­րած­քին հա­յերէ­նը իբ­րեւ ընտրո­ւած լե­զու պէտք է դա­սաւան­դո­ւի նա­խահա­մալ­սա­րանա­կան վար­ժա­րան­նե­րու մէջ։ Նաեւ անհրա­ժեշտ է արեւմտա­հայե­րէն գրա­կան մրցա­նակ­նե­րու տու­չութիւ­նը։ Արեւմտա­հայե­րէնէն թրքե­րէնի թարգմա­նուած գիր­քե­րու կող­քին թրքե­րէն, քրտե­րէն, յու­նա­րէնի նման լե­զու­նե­րէն ալ արեւմտա­հայե­րէնի թարգմա­նուի­լը խրա­խու­սո­ւելու է։ Օրի­նակի հա­մար՝ Մեհ­մետ Ու­զունի գիր­քե­րուն քրտե­րէնէն արեւմտա­հայե­րէնի թարգմա­նելու նման ծրա­գիր­նե­րը շատ կա­րեւոր են։ Այս տե­սակ աշ­խա­տու­թիւննե­րը գլխա­ւորու­թեամբ Մշա­կոյ­թի Նա­խարա­րու­թեան, զա­նազան հաս­տա­տու­թիւննե­րու նիւ­թա­կան աջակ­ցութիւ­նով եւ հա­յերու կող­մէ հիմ­նո­ւած հրա­տարակ­չա­տու­նե­րու ձեռ­քով պէտք է կեան­քի կո­չել։ Պե­տու­թիւնը արեւմտա­հայե­րէն, քրտե­րէն, լա­զերէն կամ ասո­րերէն լե­զու­նե­րու վրայ աւե­լի նո­ւազ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նե­նալու է, քան այդ լե­զուակ­նե­րը խօ­սող հա­սարա­կու­թիւնը։

Կը կար­ծեմ թէ արեւմտա­հայե­րէնը պատ­մութեան բա­զում փոր­ձե­րէ անցնե­լէ ետք ան­գամ մը եւս ար­ժա­նի է նոր ծրա­գիրով մը վե­րընդձիւլման։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ