ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Կասկած

Կասկած չկար. Օր մը պի­տի գրէի «կաս­կած» բա­ռի ստոյգ պատ­մութիւ­նը,- հաս­տատ եւ աներ­կբայ։ Երբ մա­մու­լի մէջ հան­դի­պեցայ սար­սա­փեց­նող քա­նի մը լու­րի՝ որո­շեցի թէ եկած է ժա­մանա­կը։ Այդ լու­րե՞րը. Քիչ վերջ պի­տի պատ­մեմ, կաս­կած մի՛ ու­նե­նաք։

Սա է ար­մա­տը՝ բայց քիչ մը կաս­կա­ծելի

Ծի­ծաղե­լի է, չէ՞. Կաս­կած բա­ռի ստու­գա­բանու­թիւնը՝ կաս­կա­ծելի է։ Լե­զուա­բան այ­րե­րու, նե­րառեալ Հրա­չեայ Աճա­ռեանի կար­ծի­քով, անոր ար­մատն է «կար­ծել» բա­յը։ «Կած» մաս­նի­կի կրկնու­թեանբ ան նախ դար­ձեր է «կած­կած», ապա՝ «կաս­կած»։ Իր նախ­նա­կան «կած­կած» ձե­ւը պահ­պա­նուած է Ար­ցա­խի բար­բա­ռի մէջ։

Միջ­նա­դարեան կաս­կածներ

5-րդ դա­րուն «կաս­կած» բա­ռը ար­դէն ծաղ­կած եւ մշա­կուած էր։ Մեր թարգմա­նիչ սուրբե­րը Աս­տո­ւածա­շունչ Մա­տեանի թարգմա­նու­թեան մէջ չորս ան­գամ գոր­ծա­ծեր են «կաս­կած» բա­ռը, «կաս­կա­ծանք»՝ 6 ան­գամ, «կաս­կա­ծել»՝ 5 ան­գամ եւ «կաս­կա­ծոտ»՝ 1 ան­գամ։ Մին­չեւ այ­սօր հայ ըն­թերցո­ղը Սուրբ Գիր­քի մէջ եր­կու խիստ պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւն կը կար­դայ։ Առա­ջինը սար­սա­փելի հի­ւան­դութիւն մըն է. «կաս­կած չա­րեաց»։ Նկա­տեցի՞ք, թէ «կաս­կա­ծը» եւ «չա­րը» նոյն նա­խադա­սու­թեան մէջ են եւ միասին կ’ըն­թա­նան։ Իսկ եր­կո­րոդը ան­հանդարտ մար­դու ու­ղե­ղին մէջ ոլո­րուող ներ­քին կաս­կածն է. «միտս կաս­կա­ծող»։ Նոյն դա­րուն բառս զար­գա­ցաւ, ու­նե­ցաւ իր բա­յը եւ ածա­կանը. Ագա­թան­գե­ղոսը գրի առաւ՝ «կաս­կա­ծոտ» եւ «կաս­կա­ծանք» բա­ռերը, Փար­պե­ցին՝ «կաս­կա­ծել», իսկ Եզ­նիկ Կող­բա­ցին՝ «կաս­կա­ծոտ» եւ «ան­կասկած» բա­ռերը։ Այ­սօր մեր լե­զուն կը վա­յելէ «կաս­կած» բա­ռի բազ­մա­թիւ տե­սակ­նե­րը ինչպէս՝ կաս­կա­ծախառն, կաս­կա­ծամիտ եւ կաս­կա­ծամոլ… Չէ՞ք կար­ծեր, թէ մե՚նք ենք այս բա­ռերը, քան­զի յա­ճախ կը տա­ռապինք կաս­կա­ծով։ Ու­նինք նաեւ «չա­րակաս­կած» շատ ըն­տիր եւ հա­զուա­գիւտ բա­ռը։ Վար­դան Պատ­մի­չը գոր­ծա­ծեր է զայն, որ կը նկա­րագ­րէ գի­շերա­յին ժա­մերուն քա­ղաքի փո­ղոց­նե­րու մէջ սպրդող կաս­կա­ծը. «Շրջին սպրդեալք տա­նէ ի տուն, եւ զշշուկս չա­րակարծ»։ Իսկ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցիի հա­մար՝ բա­րեբա­նեալ, երկնա­ւոր, արա­րիչ, ամե­նակալ, բա­րերար, խնա­մակալ, մար­դա­սէր Աս­տո­ւածն էր՝ «Ապա­ւէն ան­կասկա­ծելի»։

Կաս­կա­ծը մա­զով կը կա­պուի

Միջ­նա­դարու հայ աշուղնե­րը մա­շեցան կաս­կա­ծով։ Ահ ու թող մը պա­տեց անոնց սիրտն ու հո­գին։ Պանդխտու­թեան մէջ տա­ռապող Մով­սէս Դպիր Կար­նե­ցին քա­ռեակով մը մե­զի բա­ցատ­րեց իր վիշ­տը. «Օտար աշ­խարհ թա­փառ չու­նիմ դա­դարում. / Տա­րաբե­րեալ ծփիմ նման ծո­վերուն, / Ահ եւ կաս­կած եւ վիշտք ան­թիւ ան­պա­տում՝ / Ձանձրա­նալով ի սպառ մնա­ցի կա­րօտով»։ Նա­հապետ Քու­չա­կը, որ կը սի­րէր կեան­քը վա­յելել, իր կեան­քի վեր­ջին օրե­րուն հո­գեպէս տկա­րացաւ եւ ըսաւ. «Կաս­կած կայ ի յիմ սրտիս, զար­հուրի՜մ ես ի մա­հուա­նէն»։ Իսկ անա­նուն տա­ղասաց մը գրեց խրա­տական քա­ռեակ եւ բա­ցատ­րեց, թէ երկչոտ եւ կաս­կա­ծոտ մար­դը կա­րելի է մա­զով կա­պել եւ ան չա­զատի, իսկ զօ­րեղ մար­դը շղթա­ներ կը փշրէ. «Ասեն, թէ հա­րիւր այսպէս մարդ մէկ մա­զով կա­պէս, կու կա­պուի։ / Պահ մի խիստ զօ­րեղ լի­նի, մարդկա­նէ կաս­կած նա չու­նի, / Եօթն տակ զնճիլ (շղթայ) կա­պէս, նա թափ տայ, զա­մէնն կտրի»։

Թու­նա­ւոր կաս­կածներ

19-րդ դա­րուն հայ բա­նաս­տեղծը պայ­քա­րեցաւ կաս­կա­ծի դէմ, զայն նկա­տելով հի­ւան­դոտ վի­ճակ եւ տկա­րու­թիւն։ Մի­սաք Մե­ծարեն­ցը իր բո­լոր կաս­կածնե­րը փա­րատե­լու հա­մար լոյ­սի շող մը փնտրեց. «Ես կը փնտրեմ, … / լոյ­սի շող մը՝ զոր կը մա­րեն ան­դուլ վա­րանքն ու կաս­կած»։ Թու­մա­նեանը իր քով կան­չեց հայ մա­նուկնե­րը, զա­նոնք տես­նե­լով որ­պէս ազ­գի ապա­գայի յոյս. «Եկէ՛ք, սի­րուն իմ մա­նուկներ, / Վա­զէ՛ք, եկէք շուտ ինձ մօտ, / Վիշտ ու կաս­կած դուրս վա­նեցէք / Իմ ծեր լան­ջից հի­ւան­դոտ»։ Բա­նաս­տեղծը, կը յի­շէ՞ք, «Լու­սա­ւոր­չի Կան­թե­ղը» քեր­թուածի մէջ եր­կու խումբի բաժ­նեց մար­դի­կը. անոնք որոնք կան­թե­ղը կրնան տես­նել եւ անոնք որոնք՝ չեն կրնար։ Կան­թե­ղը, ըստ աւան­դութեան եւ Թու­մա­նեանի, չի՚ տես­նո­ւիր՝ «կաս­կա­ծոտ սրտե­րին»։ Վեր­ջա­պէս Տէ­րեանը խօ­սեցաւ։ Իրիկ­նա­մուտ էր ան­տա­րակոյս։ Ահա ան էր օրո­ւան ամե­նէն թու­նա­ւոր ժա­մը. «Երբ պայ­ծառ օրդ տխուր կը մթնի, / Եւ սիրտդ կ՚այ­րէ թու­նա­ւոր կաս­կած»։

Կոյր կաս­կա­ծը

Խորհրդա­յին տա­րինե­րուն Պա­րոյր Սե­ւակը «կաս­կած» բա­ռը գոր­ծա­ծեց իմաս­տա­սիրա­կան միտ­քեր ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար։ Իր բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու մէջ Սե­ւակը իր իւ­րա­յատուկ աշ­խարհա­հայեաց­քը ցոյց տո­ւաւ մե­զի։ Առա­ջինը ան­կեղծու­թեան մա­սին էր. «Լա­ւագոյն դի­մակն այն է, ան­կաս­կած, / Որ կոչ­ւում է դէմք»։ Ին­չո՞ւ այդպէս կը մտա­ծէր բա­նաս­տեղծը։ Չենք գի­տեր։ Ապա խօ­սեցաւ անձնա­կան սի­րոյ ապ­րումնե­րու մա­սին։ Վշտա­ցած էր։ Միեւ­նոյն ժա­մանակ ալ՝ ազա­տած. «Հի­մա ար­դէն բա­ժանո­ւած ենք։ Էլ ո՛չ մի հարց, / Էլ ո՛չ մի խաղ, ո՛չ մի կաս­կած մեզ չի տան­ջում… / Ո՚չ խար­դա­ւանք, ո՛չ խանդ եւ ո՛չ կաս­կած մի կոյր… / Ա՜խ, ես գի­տե՚մ, չէի՜ր սի­րում, / Հի­մա գի­տեմ ես ան­կասկած… / Աչ­քե­րիս խոր­քում կաս­կածներս են ճմռում»։ Ապա գրեց ճշմար­տութեան մա­սին. «Այն կաս­կա­ծը, որ ծնւում է հեգ­նող ցա­ւով, / Յե­տոյ դառ­նում մի ան­կասկած ճշմար­տութիւն»։

Կաս­կա­ծը օձ մըն է

«Կաս­կած» բա­ռը ար­տա­յայ­տիչ է։ Մեր որո­շումնե­րու եւ հա­մոզումնե­րու մէջ եր­բեմն «կաս­կա­ծի կու գանք», կար­ծիքնե­րը «կաս­կա­ծի տակ կ’առ­նենք» եւ «կաս­կա­ծի տակ կը դնենք», եր­բեմն կը թու­լա­նանք եւ «կաս­կա­ծի կ’իյ­նանք»։ Եր­կու իմաս­տուն հե­ղինակ­ներ ալ խոր մատ­ծեր են, թէ ի՚նչ է կաս­կա­ծը։ Լե­ւոն Շան­թը որո­շեր է. «Ինչպէս ջուրն է բղխում աղ­բիւրից, այնպէս էլ կաս­կա­ծը չար մար­դուց»։ Սա­րօ Խան­զա­դեանը մեզ զգու­շա­ցու­ցեր է. «Կաս­կա­ծը օձն է, մին­չեւ չկծի՝ չի հան­դարտի»։

Դուք կաս­կա­ծեալ էք

Հայ­կա­կան գրատ­պութեան մէջ, մտա­ծեցի, կայ ար­դեօ՞ք կաս­կա­ծի տեղ։ Մա­տենա­գիտա­կան ցան­կե­րուն նա­յեցայ։ Գտայ քա­նի մը կաս­կա­ծելի գիրք։ Շատ չէ։ Միայն չորս ժա­մանա­կակից հա­տոր։ Առա­ջինը Պէյ­րութի մէջ 1970 թո­ւակա­նին Վահ­րամ Փա­փազեան թա­տերա­խումբի կող­մէ բե­մադ­րո­ւած թա­տերա­խաղ մըն էր. «Կաս­կա­ծը կնոջ մտքին մէջ»։ Ապա, 90-ական­նե­րուն, լոյս տե­սեր են հե­տաքրքիր անուններ. «Կաս­կած եւ տա­րակոյս», «Կաս­կա­ծի ջրե­րի վրայ- Բա­նաս­տեղծու­թիւններ», «Կաս­կա­ծեալի եւ մե­ղադ­րեալի իրա­ւունքներ», «Հա­ւատալ, սի­րել թէ կաս­կա­ծիլ»։ Իսկ նո­րագոյ­նը 2005 թո­ւակա­նին լոյս տե­սեր է. «Ձեզ ձեր­բա­կալել են, դուք կաս­կա­ծեալ էք»։ Այդ գիրքն է որ տխրու­թիւն տո­ւաւ ին­ծի։ Ցա­ւեցայ «կաս­կա­ծանք» բա­ռի հա­մար։ Ան գրե­թէ միշտ բա­ցասա­կան անուննե­րու եւ յան­ցա­գոր­ծութիւննե­րու հետ էր որ կը յի­շուէր։ Ապա­ցոյ­ցը մամ­լոյ վեր­նա­գիր­ներն են…

Կաս­կա­ծելի կո­կոր­դի­լոսը

Մամ­լոյ էջե­րու մէջ, հե­ռատե­սիլի պաս­տա­ռի վրայ, յար­գե­լի ըն­թերցող, եթէ հան­դի­պիք «կաս­կա­ծանք» բա­ռին, տա­րակու­սանք մի՛ ու­նե­նաք։ Ան հա­ւանա­բար ցնցիչ լուր է՝ ո՛չ շատ դրա­կան։ Ահա երեք զար­հուրե­լի (մա­սամբ կտրա­տուած) օրի­նակ հայ­րե­նի մա­մու­լէն. Ամու­սի­նի մա­սին՝ «Կնոջ սպա­նու­թեան կաս­կա­ծան­քով…», կա­ռավա­րական պաշ­տօ­նեայի մա­սին՝ «Կա­շառք ստա­նալու կաս­կա­ծան­քով…», Սե­ւանայ լի­ճի բնա­կիչի մա­սին՝ «Որ­սա­գողու­թեան կաս­կա­ծան­քով…»։ Իսկ վեր­ջին յան­ցա­ւորը, ի՚նչ ծի­ծաղե­լի բան, մարդ իսկ չէր. «Մար­դասպա­նու­թեան կաս­կա­ծան­քով բռնել են 5 մեթ­րա­նոց կո­կոր­դի­լոսի»։

Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, հրա­ժեշտ կու տամ՝ ձեզ վստա­հեց­նե­լով, թէ հայ­կա­կան բա­ռերու նոր յօ­դուա­ծով մը կը ներ­կա­յանամ ձե­զի- ան­կասկած։