Այս սիւնակին վրայ իւրաքանչիւր շաբաթ տողեր կը մրոտենք, թանաք կը սպառենք միտք մը, կարծիք մը, կամ խորհուրդ մը փոխանակելու համար։ Բայց յանկարծ կը նկատենք որ մեր սիրելի երգիծանկարիչ Օհան Շաշկալ գրիչի մը քանի մը հպումով պատմած է այն բոլորը, որոնք պատմելու համար մենք ահագին ժամանակ պիտի վատնէինք։
Հրաշք է երգիծանկարչութիւնը, երբ այդ գրիչը բռնող ձեռքը հրահանգներ կը ստանայ ստեղծարար, դատողութեան մեծ որակ ունեցող միտքէ մը։
Այդպիսին է Օհան Շաշկալի գծագրութիւնը։ Սովորական ծաղրանկարէ մը անդին, մեծ խորհուրդ կայ անոր գիծերուն մէջ։
Ան այս շաբաթ գծած է յոխորտացող կերպար մը, որուն վզին անցուցած են շուներու յատուկ խածնելու արգելք հանդիսացող կոնաձեւ սարք մը եւ շղթայով ալ զսպած։
Այս տեսնելով մտաբերեցի հեռուստացոյցէն սփռուած բանավէճերը, կամ նոյնիսկ երբեմն քաղաքական գործիչներու ելոյթները։ Անոնք լսելու պահուն մերթընդմերթ կը մտաբերեմ թէ իմ գիտցած լեզուներու բառամթերքը խիստ անբաւարար կը մնան այդ խօսքերուն հակազդելու համար։ Անդին կը մնայ մի այլ բառապաշար, որ թէեւ շրջանային է բոլոր լեզուներէ ներս, բայց շեշտադրման եղանակով հասկնալի բոլորին համար։
Իմ ապրած միջավայրի մէջ շունը վանելու համար «հոշտ» կը գոռանք։ Հայաստանի որոշ շրջաններու մէջ նոյն վանող հրահանգը կը վերածուի «խաշու»։ Կատուները վանելու համար ընդունած ենք «քիշթ» կամ «փիշթ» գոչումը։ Եւ այսպէս կան տակաւին «չիւշ»ը, «օհա»ն կամ «հոհա» եւ այլ տեսակի տարբերակներ։
Այո՛ երբ բառապաշարը սպառի…
Միտքը յստակեցնելու համար պարզեմ թէ այս խօսքերով չեմ ակնարկեր այդ կամ այն անձին։ Բայց խոստովանիմ որ եթէ հարց տրուի թէ ո՞վ արժանիէ վերոնշեալ բացագանչութիւններու, անվարան պիտի ըսեմ թէ մտքիս մէջ բաւական երկար ցանկ մըն է այդ, գերազանցելով քաղաքներու, երկիրներու, նոյնիսկ ցամաքամասերու սահմանները։
Նախապէս այս գոչումներուն կ՚արժանանային անուս, անտաշ, խոպան մարդիկ։ Ցաւալին այն է որ ներկայ պայմաններուն ուսանած, բայց անտաշ մնացածներ տիրացած են աթոռներու կամ ամպիոններու, իրենց անուններուն առջեւ կցուած է բազում տիտղոսներ, բայց նոյնն է, կ՚արդարացնեն այդ գոչումները։
Ափսոս ու աւաղ՜ մեր ժամանակներու իրողութեան։