Առաջին անգամ ե՞րբ հանդիպեցայ անոր։ Ո՞ւր տեղի ունեցաւ այդ հանդիպումը։ Նախակրդարանի դասագիրքի՞ մէջ, թէ Պոլսոյ Փանկալթի թաղամասի հոծ մէկ փողոցի վրայ։ Դժուար է յիշել։ Յարգելի ընթերցող, անձ մը չէ որ նկատի ունիմ, այլ՝ «հանդիպում» բառը։ Այսօր, երբ կը պատրաստուիմ նոր աշակերտներուս հետ առաջին հանդիպման, երբ կը մաղթեմ որ ձեր ու մեր բոլոր հանդիպումները ըլլան անմոռաց, հանդիպման վայրերը՝ յիշարժան, աւարտները քաղցր, եւ դեռ մաղթելով որ, դուք չունենաք ուշացած հանդիպումներ, որոշեցի կէս գիշերային այս խաղաղ ժամուն այցելել «հանդիպում» բառը, քանի մը ժամ զրուցել անոր հետ եւ հասկնալ, թէ պատմութեան մէջ հայը առաջին անգամ ե՞րբ հանդիպեր է անոր, ո՚ր աշուղները եւ բանաստեղծները մտերմացեր են անոր հետ եւ գրական ի՚նչ գործեր ստեղծեր են այդ բերկրալի ժամերու տպաւորութեամբ։
Առաջին հանդիպումը
Անակնկալ կամ զուգադիպութիւն չէր, որ «հանդիպում» բառը յայտնուեցաւ հայոց լեզուի մէջ։ «Համ» եւ «դէպ» արմատները ծնունդ տուին անոր։ Եւ, ահա 405 թուականին հայոց գրաբարը իր առաջին հանդիպումը ունեցաւ այդ բառի հետ։ Ժամադրավա՞յրն անոր. Սուրբ Գիրքն էր։ Աստտուածաշունչ Մատեանի մէջ «հանդիպում» բառը գործածուեցաւ 10 անգամ։ Այնուհետեւ մեր լեզուն յաճախ այցելեց անոր։ Ահա, խոհական, խրատական, քանի մը օրինակ. «Ոչ հանդիպմամբ, այլ խորհրդեամբ», «Կուսի ծնանել՝ ոչ հանդիպեցելոյ առն», «Զդատախազն դատաւորին հանդէպ կացուցի»։ Ապա բառս իր մնայուն տեղը գտաւ հայկական մատենագրութեան մէջ եւ մենք կարդացինք զմայլելի տողիկներ։
Միջնադարեան հանդիպումներ
Երբ հանդիպեցաւ հմուտ գրիչներու՝ բառս ճոխացաւ, ճիւղաւորուեցաւ եւ տեղ գտաւ ընտիր մատենագրութեան մէջ։ 6-րդ դարուն ունեցանք «հանդիպող» բառը. «Հանդիպող մտաց ոչ են անբաժ», 8-րդ դարուն՝ «հանդիպումն» բառը. «Զուարթ շրթանց ժպտումն առ բարի աշակերտացն հանդիպումն», «Հանդիպումն փեսային Քրիստոսի»։ Ապա ուեցանք այլ բառեր, ինչպէս՝ բարեհանդէպ, դիւրահանդիպելի, եղջիւրահանդիպեալ եւ քաջահանդէպ։ Մեր մատենագիր այրերը նոյնիսկ հնարեր են նաւու առջեւ յայտնուած վտանգները նկարագրող ածական՝ «նաւահանդէպ»։ 10-րդ դարուն Վանայ ծովու ափին մտամփոփ խորհող Գրիգոր Նարեկացին հանդիպման երեք ընտիր պատկերներ նկարագրեց մեզի։ Ան նախ փափաք յայտնեցաւ, որ հանդիպի Արարիչին հետ։ Բայց, վախ մը պատեց իր հոգիին։ Հապա՞ չիրականանար այդ ակնկալութիւնը. «Մի լիցի,… փափագիմ, եւ ոչ հանդիպիմ»։ Քննութեան օրն էր նաեւ Նարեկացիին սարսափեցնող։ Սուրբը խնդրեց իմաստութիւն. «Իմաստութի՚ւն յիս տնկեա ի հանդիպման քննութեանն»։ Իսկ մէկ այլ օր, երբ վայրագ կոհակները կը տանջէին ծովափը, Նարեկացին տեսաւ խեղճ նաւավար մը։ Մարդը հազիւ ականատես եղած էր իր առագաստանաւու բեկման եւ խորտակման։ Բանաստեղծը նկարագրեց նաւավարը. «Նաւուղիղն հանդէպ նաւին դեգերեալ ողբայ»։
Հանդիպեցայ երեք ճանճի
Երկու հայ ինչո՞ւ կը հանդիպի իրարու հետ։ 1456 թուականին՝ գիրք մը անհաւատի ձեռքէն փրկելու համար։ Նոր Ջուղա քաղաքի մէջ գրուած Աւետարանի յիշատակարանը կը պատմէ. «Սուրբ Աւետարանս գերի էր անկեալ ի ձեռն այլազգաց Թարվէզ, եւ ես՝ տէր Ղազարս, եւ եղբայրն իմ Բլէլն, եւ զհայրն մեզ Իսազն, եւ զմայր մեր Խամուշն հանդիպեցանք՝ գնեցինք յիշատակ մեր, եւ որդոցն մերոց»։ Հայերս, -մեր տաղասացները վկայ- , դեռ ի՞նչ բաներու չհանդիպեցանք. քամիներ, ասպատակողներ, ճանճեր… Վանեցի Սահակ տաղասացի նաւու առագաստները, ի՚նչ բարի հանդիպում, լեցուեցան հովով։ Տուն վերադառնալու յոյս մը ծագեցաւ անոր սրտին մէջ. «Սաստիկ հողմուն հանդիպեցայ, / Ծո՛վ, ծո՛վ, զալը՛մ ծով, / Զիս իմ երկիրն առաքեա՛, ծո՛վ»։ Պաղտասար Դպիրը դժբախտ էր. հանդիպեցաւ՝ կեղեքիչներու. «Ասպատակաց հանդիպեցայ, մեղկեցին գանձն իմ… / Ահա՚, վասն այն աղաղակեմ, հառաչեմ եւ լամ»։ Իսկ 16-րդ դարու տաղասաց Մինաս Թոխաթեցին, հայ գրականութեան մէջ երգիծական սեռին ռահվիրան, առաջինը որ յօրինեց երգիծական տաղեր, ամառ էր, ի՜նչ մեղք, հանդիպեցաւ իր ճաշի մէջ լողացող երեք ճանճի. «Յորժամ (երբ) մտանք Թամուզ (Յուլիս) ամիս, / Ճանճն շատցաւ ի գլխնիս. / Յորժամ ճաշու հացն կերայ/ Երեք ճանճի հանդիպեցայ»։ Իսկ Վրթանէս Սռնկեցին մեզի բացատրեց, թէ շուտով չխաբուինք սուտ կենցաղէ, չհետեւինք բանսարկուներուն եւ ջանանք սիրոյ հանդիպիլ. «Բայց զայս գիտացիք, եղբարք, / որ աշխարհս է փոփոխական, / Ջանամք յաշխարհիս վերայ / առաջի սիրուն հանդիպիլ»։
Հանդիպեցայ ես քո սիրուդ
Եւ, ահա եղան օրեր եւ հայը հանդիպեցաւ սիրոյ։ Այն ժամանակ Խեւ Կաֆացին բամպակի պէս վառեցաւ. «Քան զբամբակ ճերմակ քնքուշ, / Զիս ի քոյ սէրդ վառեցիր… / Ան օրն ինձի խաւար պատեց, / Որ քեզի դէմ հանդիպեցայ»։ Չմշկածագի Խարասար գիւղէն (այժմ՝ Քարասար) 1500-ականներու տաղերգու Մարտիրոս Խարասարցին, գարուն էր, հանդիպեցաւ լուսերես գեղեցկուհիի մը. «Հանդիպեցայ ես քո սիրուդ, իմ լոյս երես, / Որ զիս լուսով լուսաւորես»։ Իսկ 1400-ներուն Յովհաննէս Թլկուրանցին գրեց «Գարնան տաղ» մը եւ մեզի նուիրեց սիրահար զոյգի մը քնքոյշ եւ ջերմ պատկերը. «Զթեւն բերէր բոլոր վզին, / սիրով խմէր զանոյշ գինին։ / Այն վարդին գեմ չկայ գին, / որ այն խնդումն հանդիպին»։
Հանդիպիմ տպագրիչի հետ
Հայու գրաւոր հանդիպումները, մտածեցի, ո՞ւր կրնան մէկտեղուած ըլլալ։ Սկսայ թերթել հայ տպագիր գիրքի ամբողջական անուանացանկը։ Հետաքրքրական էր տեսնել, թէ հայու առաջին տպագիր հանդիպումը եղեր է ֆրանսերէն լեզուի հետ, 1890 թուականին Պոլսոյ մէջ, որպէս զրուցարան գիրք. «Արձագանգ Փարիզի։ Ժողովածոյ գաղիերէն խօսից, որ հանդիպին ի հասարակաց կեանս»։ Յաջորդ հանդիպումները, գրեթէ ամբողջութեամբ Խորհրդային տարիներուն, եղեր են ռուսաց մեծերու հետ. «Հանդիպումներ Իլյիչի հետ», 1924, «Հանդիպումներ ընկեր Ստալինի հետ», 1940 եւ 1942, «Իմ հանդիպումները ընկեր Լենինի հետ», 1957։ Նաեւ լոյս տեսեր են գիրքեր, ուր հայը հանդիպեր է իր տեսակի հետ. «Հանդիպումներ Աւետիք Իսահակեանի հետ», 1975, «Հանդիպումներ Ուիլեըմ Սարոյեանի հետ», 1978, «Հանդիպում զօրավար Անդրանիկի հետ։ Յուշագրութիւն», 1996, «Շիրազեան հանդիպումներ։ Գրական զրոյցներ», 1998։ Վերջապէս հայը, որ սուր երեւակայութեան համբաւ կը վայելէ, գրի առաւ երեք գիրք՝ երեւակայական երեք հանդիպումներու մասին. «Հանդիպումներ Մուսային հետ։ Երազ եւ իրականութիւն», Վենետիկ, 1949, «Հանդիպում Նեֆերտիտիի հետ», Երեւան, 1987, «Երգը որպէս հանդիպման վայր», Ստեփանակերտ, 2009։
Խորհրդաւոր հանդիպումներ
19-րդ դար էր։ Պոլիս եւ Կովկաս։ Մեր գեղապաշտները գրի առին սիրային հանդիպումերուն ամենէն քնարականները։ Վահան Տէրեանի համար այդ հանդիպումները աւելի՚ ցաւոտ եւ հեռաւոր էին, քան՝ քնքոյշ. «Ես չեմ յիշում՝ ե՞րբ եւ ո՞ւր / Հանդիպեցի քեզ, ու դու / Վրդովեցիր յամր ու լուռ… Արդեօք ո՞ւր ես, խորհրդաւոր արշալոյս, / Հանդիպումի երջանկութեան պայծառ օր… Եւ խաւարում, խաւարում / Յիշո՞ւմ ես ջերմ շուրթերի / Հանդիպումը հրահրուն»։ Պատճա՞ռը այդ տառապանքի։ Տէրեանը բացատրէ. «Այս պաղ աշխարհում ես տեսայ միայն տառապանքի լաց, / Եղբայրների տեղ ես հանդիպեցի չար ոսոխների»։ Նոյն օրերուն մէկ այլ տղայ սրտաբեկ, Մատթէոս Զարիֆեանը, 3 Նոյեմբեր 1918-ին, Պոլսոյ հանդիպակաց Փրոթի կղզիի մէջ, միայնակ, տրտում երազեց. «Անկարելի հանդիպումներ կ՚երազեմ… Փարում մը… Հոգիս հոգի մը կը փնտռէ»։ Բայց, բոլոր գրողներու մէջ Զապէլ Եսայեանն էր, որ մեզի պարգեւեց հայկական գրականութեան ամենէն զգայուն հանդիպումները. «Դարձայ քեզ ու մեր աչքերը հանդիպեցան իրարու… Բարեպատեհ հանդիպում մըն էր մեր հանդիպումը… Աչքերս կը հանդիպին քաղցր ու յուզուած դէմքիդ… Աչքերը չհանդիպեցան ինծի… Մեր աչքերը այլեւս պէտք չէր որ իրարու հանդիպէին… Երկու հոգիներ, երկու առանձին աշխարհներ՝ հանդիպման կէտ մը կը գտնեն եւ երկու լոյսի կաթիլներու նման իրար հետ կը նոյնանան»։
Հանդիպում Աստուծոյ հետ
Դուք, յարգելի ընթերցող, ապրա՞ծ էք անծանօթի հետ կրքոտ հանդիպում, պատահական, անսպասելի… Ապա, ոչինչ։ Այդ տարօրինակ վիճակը պատահեցաւ Պարոյր Սեւակին, հաճելի ցաւ մըն ալ պատճառելով երկուքին։ Այդ հանդիպման արդիւնքը քաղցրանոյշ քերթուած մըն էր. «Մեզ վիճակուեց եւ մենք հանդիպեցինք կեանքում…, / Եւ մենք՝ երկու ցաւի, երկու դաւի ճանկում՝ / Բռնկուեցինք մի նոր, չկրկնուող սիրով»։ Ապա, ոչինչ. «Հանդիպեցի առաջի՜ն անգամ, / Եւ մի-երկու բառ փոխանակեցինք՝ / Չծանօթացած», Մոսկուա, 1959։ Իսկ Յովհաննէս Շիրազը, գիշեր էր, փափաքեցաւ աշխարհի ցաւերը արտասուել։ Որպէս սրտակից եւ զրուցակից ան դարձաւ Աստուծոյ. «Ես մի գիշեր հանդիպեցի եւ խօսեցի Աստծոյ հետ, / Արտասուելով մարդու համար, ափսոսացի Աստծոյ հետ»։
Արդ, յարգելի ընթերցող, հասանք մեր հանդիպման աւարտին, առանց անլուծելի հանգոյցի հանդիպելու։ Մինչեւ մեր յաջորդ հանդիպմանը ձեզ առաձին կը ձգեմ երգահան, երաժիշտ Արմէն Մովսիսեանի «Հանդիպում» երգով, որ կարօտակէզ երկրորդ հանդիպումի մը պատմութիւնն է, պատահական, անսպասելի…
Քայլերս ինձ այդպէս տանեն
Ու հասցնեն քո տան շեմին,
Յապաղելով կամաց թակեմ,
Միտքս ձգուի իմ յուշերին…
Դուռը հանդարտ բացուի,
Ինչպէս անցած լաւ օրերին,
Թափառումից այնքան յոգնած
Ու մեղաւոր նայեմ դէմքիդ…