ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Համայնքի մը նահանջի պատկերները

Պատրիար­քա­կան Աթո­ռի թա­փուր մնա­ցած տա­րինե­րուն յա­ճախ ահա­զանգ հնչե­ցու­ցած էինք հա­մայնքա­յին կեան­քէ ներս տի­րող նա­հան­ջի մա­սին։

Թէեւ Պոլ­սա­հայ հա­մայնքա­յին կեան­քէ ներս փտախ­տը ու­նի դա­րաւոր ան­ցեալ, բայց ար­ժէքնե­րու քայ­քա­յու­մը եր­բեք չէր հա­սած այն աս­տի­ճանին, որուն կը հան­դի­պինք այ­սօր։ Ճիշդ է որ մեր կրթա­կան հա­մակար­գը քայ­քա­յուե­ցաւ նոյն ինքն թա­ղական­նե­րու եւ ու­սուցչաց տգի­տու­թեան պատ­ճա­ռաւ։ Անոնք ամէն առ­թիւ զի­ջեցան քաղ­քե­նիացած ծնող­նե­րու տրա­մաբա­նու­թե­նէ հե­ռու պա­հանջնե­րուն դի­մաց։ Չի կրցան պա­հել հայ դպրո­ցի առա­քելու­թիւնը եւ դա­ւաճա­նեցին մայ­րե­նի լե­զուով կրթու­թեան։

Հո­գեւո­րական­նե­րը եւս ան­տե­սեցին իրենց վե­րագ­րո­ւած պար­տա­կանու­թիւնը, ի գին առօ­րեայ շա­հերու։ Մէկ կողմ դրին ժո­ղովուրդի հան­դէպ իրենց պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւնը եւ հա­րուստնե­րու փո­ղը հնչե­ցու­ցին փո­խան իրենց ճղճիմ ակնկա­լու­թիւննե­րուն։

Մա­մու­լը՝ որ պէտք էր նկա­տէր այս բո­լորը եւ իր քննա­դատու­թիւննե­րով իրա­զեկ դարձնէր հա­սարա­կու­թիւնը, ան ալ իր կար­գին հե­տեւե­ցաւ տի­րող հա­մակար­գի թե­լադ­րանքնե­րուն։ Այլ խօս­քով չու­զեց ան­բաղձա­լի կեր­պար մը դառ­նալ։

Այս բո­լորի հե­տեւան­քով հա­սած են ամօ­թալի հանգրո­ւանի մը։ Մեծ խոս­տումնե­րով մեկ­նարկած հսկայ շի­նու­թիւննե­րը չեն տո­ւած ակնկա­լուած ար­դիւնքը։ Այս մա­սին կա­րելի է օրի­նակ բե­րել Գա­րակէօզեան Խնա­մակա­լու­թեան պատ­կա­նող երկնա­քեր շէն­քը եւ Մխի­թարեան Միաբա­նու­թեան Վիեն­նա­կան ուխտին պատ­կա­նող առեւ­տուրի կեդ­րո­նը։ Այդ եր­կու շի­նու­թիւննե­րու աւար­տին շա­հաւոր դուրս եկո­ղը շի­նարար ըն­կե­րու­թիւնն էր, որ տի­րացաւ այդ կա­լուած­նե­րու մե­ծագոյն բաժ­նին։

Միւ կող­մէ Հայ Կա­թողի­կէ հա­մայնքին պատ­կա­նող մի այլ հսկայ շի­նու­թիւն, կը փտի ան­տէ­րու­թեան մէջ, կուլ տա­լով նաեւ եր­բեմնի Սուրբ Յա­կոբ Հի­ւան­դա­նոցը։ Մինչդեռ վե­րոյի­շեալ շի­նու­թիւննե­րու հիմ­նադրու­թեան պա­հուն խնա­մակալ­ներ կը խոս­տա­նային թէ աւար­տին լու­ծո­ւած պի­տի ըլ­լայ հա­մայնքա­յին կրթօ­ճախ­նե­րու բո­լոր հո­գերը։ Հա­սանք խոս­տա­ցուած աւար­տին, բայց հա­մայնքը տան­ջող նիւ­թա­կան խնդիր­նե­րը շա­րու­նա­կեցին ան­լուծե­լի մնալ։

Այս օրե­րուն կրկին կը տա­ռապինք լսե­լով թէ դա­տարա­նը սա­ռեցու­ցած է Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թեան դրա­մատ­նա­յին հա­շիւ­նե­րը։

Հա­զիւ քա­նի մը շա­բաթ առաջ էր, երբ Պիւ­յիւտե­րէի թա­ղակա­նու­թիւնը կը հրա­պարա­կէր Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան քննիչ­նե­րու տե­ղեկա­գիրը։

Այդ տե­ղեկագ­րի հա­մաձայն նա­խորդ թա­ղակա­նու­թիւնը բա­ւակա­նին ծանր վնաս­ներ պատ­ճա­ռած էր եկե­ղեց­ւոյ հիմ­նարկին, իր թե­րի որո­շումնե­րուն հե­տեւան­քով։

Հար­ցա­կանը այն է թէ այդ թե­րի որո­շումնե­րը ար­դեօք իս­կա­պէս թե­րացումներ ե՞ն, թէ ոչ զեղ­ծա­րարու­թիւններ։

Այս օրե­րուն կը խօ­սուի նման բնոյ­թով տե­ղեկագ­րի մը մա­սին եւս։ Օր­թա­գիւ­ղի Սուրբ Աս­տո­ւածա­ծին Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնն ալ նման բնոյ­թով հե­տաքննու­թիւն մը պա­տուի­րած էր, այս ան­գամ յա­տուկ ըն­կե­րու­թեան մը։ Այս հե­տաքննու­թեան ար­դիւնքն ալ եկաւ նման բնոյ­թով։ Հոս եւս կը խօ­սուէր սխալ որո­շումնե­րով եկե­ղեց­ւոյ սնտու­կը վնա­սելու մա­սին։ Առաջ բե­րուած օրի­նակ­նե­րը դար­ձեալ իրաւ ար­ժա­նիքէն շատ աւե­լի ցածր գի­ներով վար­ձա­կալու­թեան մա­սին էր։ Ներ­կայ թա­ղակա­նու­թիւնը այս տե­ղեկա­գիրը ու­ղարկեց Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան, որ­մէ ցարդ ար­ձա­գանգ մը չէ հա­սած։

Այս բո­լորը փտախ­տի մը ցո­լացումն են, բայց պար­տինք նշել թէ սոյն փտախ­տը շատ աւե­լի նո­ւազ վնաս է, քան հա­սարա­կու­թեան մատ­նո­ւած հիաս­թա­փու­թիւնը։

Հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու վար­չութիւննե­րը ճշդե­լու հա­մար կա­տարո­ւած քո­ւէար­կութեան հան­դէպ ժո­ղովուրդի հե­տաքրքրու­թեան բա­ցակա­յու­մը շատ աւե­լի լուրջ խնդիր մըն է։