Յուսալքուած բարեկամի մը հաստատումն էր. «Սխալութիւն է, որ կը շարունակենք մեր գոյութիւնը։ Մեզի համազօր պատմութիւն ունեցող ժողովուրդներէն քանի՞ն է, որ հասած են մեր օրերուն»։
Ծանր հարցական մըն էր, որ բարեկամս կը պարզէր իմ դիմաց։ Երբեք այսպէս չէինք մտածած։ Ընդ հակառակ դիմադրած էինք բոլոր դաժան արգելքներուն։ Մանաւանդ վերջին հարիւր տարիները կամ գոնէ այդ հարիւր տարիներու առաջին քանի մը տասնամեակները վառ պահած էինք դիմադրութեան կամքն ու կորովը
Այդ տասնամեակներուն քանի՜ քանի նոր եկեղեցիներ, եկեղեցիներու կողքին նոր կրթօճախներ կառուցեցինք։ Քանի՜ պարբերական, քանի՜ յուշամատեաններ լոյս տեսան։ Քանի՜ հայրենակցական միութիւններ։ Ամէն մէկը նոր եռանդով, նոր յոյսերով եւ նոր հաւատքով։ Քանի՜ սերունդներ կեանքի կոչեցինք։
Այս շաբաթ «Մարմարա»ի հետ «Ակօս» ալ սրտի կսկիծով արձագանգեց Լեւոն Շառոյեանի յուսալքութեան։ Այս բոլորին դէմ մեր մէջքը շատ աւելի պինդ պիտի ըլլար, եթէ Հայաստան չըլլար այն ինչ որ է այսօր։
Վերջապէս Մեծ եղեռնի զարհուրանքէն ետք ցիր ու ցան եղած մեր նախնիները երկար տարիներ վառ պահեցին իրենց պապենական երկիր վերադառնալու յոյսը։ Եթէ նոյնիսկ կարելի պիտի չըլլար Արեւմտեան Հայաստան երթալ, գոնէ ունէինք Խորհրդային Հայաստան մը, ուր ի դէմ պատերազմի, սովի բռնատիրութեան համազօր վարչակարգի, կը շարունակէր իր երթը յարատեւ նուաճումներով։
Այսպէս ձեւաւորուեցաւ ներգաղթը, որ իր կարգին նորանոր դժուարութիւններ գոյացուց մեծ յոյսերով հայրենիք եկած հայութեան։ Երրորդ Հանրապետութեան երեք տասնամեակէ աւելի տարիները եւս լոկ հիասթափութիւններու բեմը հանդիսացաւ։ Նախ խոր ընդվզումով ականատես եղանք հայրենի երկրի թալանումին։ Ազգապատկան ամէն ինչ ազատ շուկայի տնտեսութեան համապատասխան կերպով սեփականացուեցաւ եւ ապա կողոպտուեցաւ։
Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը յոյսի եւ դիմադրութեան նոր կամքի մը ձեւացման պատճառ եղաւ, բայց այսօր բաւականին հեռու ենք այդ յոյսի մթնոլորտէն։ Ուրեմն հիասթափութիւնը սահմանուած չէ սփիւռքով։ Պահի դրութեամբ միայն մէկ արժանիք կայ, որուն կրնանք ապաւինիլ, այն է հայոց պետականութիւնը։ Ընկալում մը՝ որուն սովոր չենք բազում դարերէ ի վեր։ Մենք հաւատարիմ եղանք հայրենի երկրին, առանց գիտակցելու հարազատ պետականութեան իմաստը։
Ուրեմն Հայաստան թէ սփիւռք բոլորիս համար նոր փորձառութիւն մըն է պետականութիւնը եւ մենք այդ մէկը ստիպուած ենք ամուր պահելու յանուն ազգի յարատեւութեան։ Բոլորիս վիզէն կախուած պարտականութիւն է օրինական երկրի կառուցումը, ժողովրդավարական հիմքերով։ Եթէ այդ խնդրին մէջ չենք յաջողած, ուրեմն կրնանք կիսել այն տեսութիւնը, ըստ որու մեր մինչեւ օրս գոյութիւնը իսկ պատմական սխալ մըն է եւ ոչ աւելին։
Ահաւասիկ նոր հեռանկար, նուաճելու նոր բարձունք եւ պայքարելու նոր թիրախ։