Բարի եկար 4516
Շաբաթ մը առաջ, Կիրակի օր, հայերս նշեցինք Նաւասարդը, հին հայկական տոմարի Նոր Տարին։ Այդ առիթով Պոլսական ձայնասփիւռի մը կայանի հայկական մշակոյթին նուիրուած ժամուն այս հետաքրքական նիւթը ներկայացուցի տեղական հասարակութեան ապա շնորհաւորեցի ունկնդիրներու նոր տարին՝ 4516-ը։ Յարգելի ընթերցող, Նաւասարդը եւ Հայկական Հին Տոմարը թէեւ ծանօթ է ձեզի, սակայն յիշելով, թէ «կրկնութիւնը մայրն է բոլոր գիտութիւններու», այսօր որոշեցի գրի առնել մեր տոհմիկ օրացոյցի պատմութիւնը եւ անոր հետ յիշուած քանի մը առասպել։
13-րդ ամիսը
Յարգելի ընթերցող փորձեցէք 365-ը, տարուայ օրերու թիւը բաժնել 12-ի։ Անկարելի է, չէ՞։ Ասիկա է պատճառը, որ մերօրեայ օրացոյցի 12 ամիսները ունին օրերու անհաւասար թիւեր. 30, 31, 30, 31… Իսկ Փետրուարը, ամիսներու ամենէն դժբախտը, հռովմի կայսրերու որոշումով զրկուեցաւ նախ իր 30-րդ, ապա 29-րդ օրէն։ Աւելին, ո՞ր մէկս մեր ձեռքը սեղմելով չենք կազմած բռունձք մը եւ չենք համրած մատներու ցցուած ոսկորները եւ անոնց մէջ գոյացած «ձորերը», յիշելու համար, թէ ամիս մը 30՞ օր կը քաշէ, թէ 31 օր։ Մինչդեռ, յարգելի ընթերցող, հայկական օրացոյցի 12 ամիսները հաւասար են. բոլորն ալ ունին 30 օր 30x12=360։ Իսկ մնացած օրերու համար մեր նախնիները ստեղծեր են «Յաւելեաց» ամիս մը, որ ունէր 4 օր (նահանջ տարին 5 օր): Միւս ամիսներն էին Հոռի, Սահմի, Տրէ, Քաղոց, Արաց, Մեհեկի, Արեգի, Ահեկի, Մարերի, Մարգաց եւ Հրոտից։
Այսօր օրերէն Արուսեակ է
Հայկական տոմարի մէջ շաբթուան եօթը օրերը ունեցեր են իրենց յատուկ անունները Առաջին երկու հատը պարզ է. Արեգակի օր եւ Լուսնի օր։ Իսկ մնացած 5 հատը այն մոլորակներն էին, որոնք մարդու մերկ աչքին տեսանելի էին. Հրատ, Փայլածու, Լուսնթագ, Արուսեակ եւ Երեւակ։ Անոնք այլեւս շաբթուան օրեր չեն, սակայն Հրանտը, Լուսնթագը եւ Արուսեակը հայոց լեզուի մէջ կը շարունակեն պլպլալ որպէս ընտիր անձնանուններ։
Տղաս ծնաւ Վահագնի օրը
Ուշագրաւ է, որ հայկական տոմարի մէջ ամսուան 30 օրերը չեն թուարկուած, այլ անուանուած են։ Մեր նախնիները չէին ըսեր, թէ այսօր ամսոյն 15-ն է, այլ կ’ըսէին Արամազդի օրն է։ Պատճառը այն է, որ իւրաքանչիւր օր նուիրուած էր հայկական պանթէոնի աստուածներուն։ Հարկ է յիշել այն աստուածները, որոնք աւելի ծանօթ են մեզի եւ մենք մեծցած ենք անոնց առասպելներով. Սիրոյ եւ գեղեցկութեան դիցուհին Աստղիկը՝ ամսոյն 7-րդ օրը, կրակի աստուած Միհրը՝ 8-րդ օրը, գերագոյն աստուած, երկինքի եւ երկրի արարիչը, բոլոր այլ աստուածներու հայրը Արամազդը՝ 15-րդ օրը, ծննդաբերութեան, մայրութեան եւ պտղաբերութեան դիցուհին Անահիտը՝ 19-րդ օրը, հեթանոս հայոց սրբազնագոյն լեռը, Նպատը, որուն ստորոտին՝ Արածանի գետի ափին տեղի կ’ունենային Ամանորի տօնակատարութիւնները Նաւասարդի առաջին օրը՝ ամսոյն 26-րդ օրն էր, իսկ ռազմի, քաջութեան, յաղթանակի եւ ամպրոպի մեր աստուածը, Վահագնը կը գրաւէր օրացոյցի իւրաքանչիւր ամսուան 27-րդ օրը։
Բագաւանի քարերը ո՞ւր գացին
Յարգելի ընթերցող, երբ Արածանիի եւ Նպատ լերան մասին խօսինք, չենք կրնար չյիշել Բագաւանի տաճարը։ Նպատ լերան հիւսիսային ստորոտին, Արածանի սրբազան գետի ափին կը գտնուէր հեթանոս հայերու Բագաւան հոգեւոր կեդրոնը, պաշտամունքի վայրը իր տաճարով։ Քրիստոնէութեան որպէս պետական կրօնք հռչակումէն յետոյ կործանուեցաւ ան եւ տեղը 631-639 թուականներուն հիմնուեցաւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ եռախորան, գմբէթաւոր բազիլիք տիպի տաճարը։ Իր 2746 մ. չափերով, ան հայկական աշխարհի ամենախոշոր եկեղեցիներէն մէկն էր։ Տաճարը կանգուն մնացեր է մինչեր 1950-ական թուականներ։ Ապա կործանուած է եւ քարերուն մէկ մասը գործածուած է այժմ այդ հսկայ տաճարի տարածքի վրայ գտնուող Թաշթէքէր գիւղի տուներու շինութեան համար։ Միւս կէ՞սը… Աղրը քաղաքի մէջ 1952 թուականին կառուցուած «Մէրքէզ» մզկիթն էր ան: Այդ վերջինն ալ, Աղրըի քաղաքապետարանի որոշումով, - թէ դիմացկուն չէր երկրաշարժի դէմ - ,2021 թուականին քանդուեցաւ եւ տեղը շինուեցաւ նորը։
- Կը ներէք, ժամը քանի՞ է
- Բաւական է:
Յարգելի ընթերցող, եթէ ձեզի հարցնեմ, թէ ժամը քանի՞ է, ձեր պատասխանը պիտի ըլլայ թիւ մը՝ 1-էն մինչեւ 12։ Մերօրեայ աշխարհի մէջ օրուան ժամերը թուարկուած են։ Նոր աշխարհի մեծ քաղաքներու հրապարակներու վրայ 19-րդ դարուն յայտնուած քաղաքային ժամացոյցերու զանգերու թիւէն ալ կը հասկնանք, թէ ժամը քանի է։ Մինչդեռ հին Հայաստանի մէջ օրուան 24 ժաները անուանուած էին։ Անոնք յատուկ անուններ էին, որոնք ճշգրտօրէն ցոյց կու տային, թէ երկնակամարի վրայ ո՛ւր էր եւ որքան լոյս կը սփռէր լուսինը՝ գիշերային ժամերուն եւ արեգակը՝ ցերեկային ժամերուն։ Այդ անունները խիստ պատկերաւոր են։ Ահա քանի մը օրինակ։ Գիշերային ժամեր. Խաւարական, Աղջամուղջ, Բաւական, Լուսաճեմ, Լուսափայլ։ Ցերեկային ժամեր. Այգ, Ճառագայթեալ, Երկրատես, Հրակաթ, Հուրթափեալ… Նկատեցի՞ք, թէ այդ ժամերուն քանի մը հատը այսօր աշխարհաբարի մէջ կը գործածենք որպէս հասարակ անուն։
Հարաւային պատը
Եթէ դուք չունիք ժամացոյց (կամ բջիջային հեռաձայն), պարզապէս ձեր աչքերը յառեցէք հայկական եկեղեցւոյ մը հարաւային պատին։ Հոն պիտի տեսնէք որպէս պատի մաս, անոր մէջ աքուցուած կիսակլոր նրբաքանդակ քար մը։ Ան էր հին Հայաստանի ժամացոյցը։ Ան փիցցայի մը նման ունի 12 հաւասար շերտեր՝ Ա-էն մինչեւ ԺԲ, եւ գամ մը անոնց կեդրոնը։ Արեւածագին գամի շուքի կ’իյնայ Ա-ի վրայ։ Սա Այգ-ն է, օրուան առաջին ժամը։ Մայրամուտին շուքը ԺԲ-ի վրայ հրաժեշտ կու տայ մեզի։ Սա ցերեկային 12-րդ ժամն է՝ Արփողն։ Յարգելի ընթերցող, կ’արժէ նաեւ յիշել, թէ հին աշխարհի մէջ, մինչեւ 19-րդ դար, օրը կը դառնար ո՛չ թէ կէս գիշերին այլ մայրամուտին: Արփողի ժամուն, այսինքն ծիրանի լոյս մայրամուտին էր, որ Ուրբաթը կը դառնար Շաբաթ, եւ Շաբաթը՝ Կիրակի։
Ինչո՞ւ 4516
Ըստ Հ. Ալիշանի եւ այլ պատմաբաններու, Հայկ նահապետի եւ Բելի պատերազմը տեղի ունեցաւ Ք.Ա. 2492 թուականին, Օգոստոս 11-ին։ Այդ օրը ծնունդն է հայ ազգին եւ հայոց հին տոմարին։ Այսինքն Օգոստոս 11-ը Նաւասարդի առաջին օրն է։ Գեղեցիկ է տեսնել, թէ հայկական գեղարուեստական օրացոյցերու վրայ պահպանուած է 4516 (2492+2024) տարեթիւը։ Իսկ Նաւասարդեան խաղերը մինչեւ այսօր հայկական գաղութներու մէջ, մարզադաշտերու վրայ, կը համախմբէ հայ պատանիները, պահելով իր հնադարեան անունը։
Բոլորիդ շնորհաւոր Ամանոր։