ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ֆրիկէն մինչեւ Քենան Ըշըք եւ Կենճօ Էրքալ

Վերջին քանի մը ժամերուն լե­­­զուիս կառ­­­չած է հայ միջ­­­նա­­­­­­­դարեան բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թեան կա­­­րեւոր ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­ցիչնե­­­րէն Ֆրի­­­կի յա­­­ճախ օգ­­­տա­­­­­­­գոր­­­ծած «չարխ» բա­­­ռը։

Կեան­­­քի ան­­­սո­­­­­­­վոր վե­­­րիվայ­­­րումնե­­­րու ակ­­­նարկե­­­լու պա­­­հուն է, որ Ֆրիկ կը դի­­­մէր այս բա­­­ռին, որ լրա­­­ցու­­­ցիչն է մի այլ առեղ­­­ծո­­­­­­­ւածա­­­յին բառ «ֆա­­­լակ»ին։

Իրա­­­րայա­­­ջորդ վե­­­րահա­­­սու եղանք եր­­­կու ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր ան­­­ձե­­­­­­­րու մա­­­հուան։ Առա­­­ջինը հա­­­ղոր­­­դա­­­­­­­վար մըն էր։ Հե­­­ռուստաէկ­­­րա­­­­­­­նի վրայ կը ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նէր «Ո՞վ 500 մի­­­լիոն կ՚ու­­­զէ» հան­­­րա­­­­­­­ծանօթ մրցու­­­մը։

Շա­­­տերուն ծա­­­նօթ է թէ այս մրցա­­­շար­­­քը կը սփռո­­­ւի տար­­­բեր եր­­­կիրնե­­­րէ ներս, հա­­­ւատա­­­րիմ մնա­­­լով զայն հնա­­­րող­­­նե­­­­­­­րու ճշդած ձե­­­ւաչա­­­փին ու կա­­­նոն­­­նե­­­­­­­րուն։

Քե­­­նան Ըշըք յա­­­ջողած էր այդ սահ­­­մա­­­­­­­նումնե­­­րու մէջ իսկ հա­­­ղոր­­­դումը դարձնել հե­­­ղինա­­­կային, շնոր­­­հիւ իր դե­­­րասա­­­նական կա­­­րողու­­­թիւննե­­­րուն։ Ճիշդ է որ նա­­­խագի­­­ծը ինքնին ար­­­ժա­­­­­­­նացած էր որոշ ժո­­­ղովրդա­­­կանու­­­թեան, բայց Քե­­­նան Ըշըք իր դրոշ­­­մը թո­­­ղուց, որ մնաց ան­­­գե­­­­­­­րազան­­­ցե­­­­­­­լի։ Սա­­­կայն ֆա­­­լակի չար­­­խը ծանր հա­­­րուա­­­ծեց զինք եւ ան յան­­­կարծա­­­կիօրէն պար­­­տուեցաւ չար­­­խի դի­­­մաց։ Եր­­­կա­­­­­­­րատեւ եղաւ իր բու­­­սա­­­­­­­կան կեան­­­քը, որ աւար­­­տին հա­­­սաւ 30 Յու­­­լի­­­­­­­սին։

Յա­­­ջորդ առա­­­ւօտ այս ան­­­գամ լրա­­­տուա­­­միջոց­­­նե­­­­­­­րը կը հա­­­ղոր­­­դէին մի այլ հսկա­­­յի մա­­­հուան բօ­­­թը։

Այս ան­­­գամ Թուրքիոյ բե­­­մերն էին, որ կը փա­­­կուէին սեւ քօ­­­ղով, քա­­­նի որ կը սգա­­­յին անո­­­ւանի դե­­­րասան Կեն­­­ճօ Էր­­­քա­­­­­­­լի մա­­­հը։

Էր­­­քալ իր մահ­­­կա­­­­­­­նացուն կնքեց 86 տա­­­րեկա­­­նին։ Կեան­­­քի 65 տա­­­րինե­­­րը ան­­­ցած էին բե­­­մի վրայ։ Ան զան­­­գո­­­­­­­ւած­­­նե­­­­­­­րու դի­­­մաց իր տա­­­ղան­­­դը փաս­­­տեց ներ­­­կա­­­­­­­յաց­­­նե­­­­­­­լով Կո­­­կոլի նշա­­­նաւոր «Խեն­­­դի մը յու­­­շա­­­­­­­տետ­­­րը» անուն մե­­­նախա­­­ղը։ Ապա ան չբա­­­ւարա­­­րուե­­­ցաւ դե­­­րասա­­­նի տա­­­րազով եւ հետզհե­­­տէ դար­­­ձաւ թա­­­տերա­­­կան գոր­­­ծիչ։ Հիմ­­­նա­­­­­­­դիրը եղաւ «Տոսթլար» թա­­­տերա­­­խումբին, որ շատ եր­­­կար տա­­­րիներ իր բե­­­մադ­­­րած ներ­­­կա­­­­­­­յացումնե­­­րով թա­­­տերա­­­կան դպրո­­­ցի մը հան­­­գա­­­­­­­մանք ու­­­նե­­­­­­­ցաւ թէ իր կազ­­­մի դե­­­րասան­­­նե­­­­­­­րու կամ բե­­­մադ­­­րիչնե­­­րուն, բե­­­մահար­­­թակնե­­­րուն եւ թէ հան­­­դի­­­­­­­սատե­­­սի ահ­­­ռե­­­­­­­լի զան­­­գո­­­­­­­ւածի մը հա­­­մար։

Կը յի­­­շեմ 1970-ական տա­­­րեթի­­­ւերը, երբ Սա­­­յաթ Նո­­­վա Երգչա­­­խումբի կազ­­­մին մէջ թա­­­տերա­­­կան յանձնա­­­խումբը բո­­­լորս ան­­­դա­­­­­­­մագ­­­րած էր «Տոսթլար» թա­­­տերա­­­խումբին, որ­­­պէսզի աւե­­­լի զեղ­­­ջեալ սա­­­կով հե­­­տեւինք անոնց բե­­­մադ­­­րութիւննե­­­րուն։

Կեն­­­ճօ Էր­­­քալ բե­­­մին վրայ մարմնա­­­ւորեց բա­­­զում կեր­­­պարներ։ Ի դէմ այդ բո­­­լորին ան հա­­­սարա­­­կու­­­թեան մէջ յատ­­­կա­­­­­­­պէս պի­­­տի յի­­­շուի Նա­­­զըմ Հիք­­­մե­­­­­­­թի բա­­­նաս­­­տեղծու­­­թիւննե­­­րու ար­­­տա­­­­­­­սանութեամբ։ Ի մաս­­­նա­­­­­­­ւորի «Քե­­­րեմ կի­­­պի» անուն ներ­­­կա­­­­­­­յացու­­­մը բարձրա­­­կէտ մըն է, որուն կրկին ան­­­գամ նո­­­ւաճու­­­մը, եթէ ոչ բո­­­լորո­­­վին ան­­­կա­­­­­­­րելի, բայց շատ լուրջ մար­­­տահրա­­­ւէր մը պի­­­տի մնայ բո­­­լոր փոր­­­ձողնե­­­րուն հա­­­մար։

Դար­­­ձեալ կը տա­­­րուիմ մտա­­­ծելու թէ քա­­­ղաքա­­­կան հա­­­կումնե­­­րը ի՞նչ նշա­­­նակու­­­թիւն կ՚ու­­­նե­­­­­­­նան նման հան­­­ճարնե­­­րու ար­­­դար վաս­­­տա­­­­­­­կին դի­­­մաց։ Էր­­­քալ իր վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն թե­­­րեւս ալ Նա­­­զըմ Հի­­­քեմ­­­թի գրա­­­կանու­­­թեան ազ­­­դե­­­­­­­ցու­­­թեան տակ ու­­­նե­­­­­­­ցաւ խո­­­տոր ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւններ։ Սա­­­կայն արո­­­ւես­­­տա­­­­­­­գէտը պատ­­­մութեան մէջ իր տե­­­ղը պի­­­տի գրա­­­ւէ, ոչ թէ այդ ար­­­տա­­­­­­­յայ­­­տութիւննե­­­րով, այլ բե­­­մի վրայ հսկա­­­յացած տա­­­ղան­­­դով։

Յի­­­շենք որ Բար­­­սէղ Կա­­­նան­­­չեան ալ Խորհրդա­­­յին տա­­­րինե­­­րուն ան­­­տե­­­­­­­սուած հսկայ մըն էր, քա­­­նի որ Խորհրդա­­­յին կար­­­գե­­­­­­­րը զինք կը դի­­­տէին իբ­­­րեւ դաշ­­­նակցա­­­կան։

pakrates@yahoo.com