ԼՈՒՍԻ ԹԷՔԻսկ բարռեսիասթէսը, որ կը նշանակէ ճշմարտութիւնը պատմող, կը գործածուի այն անձին համար, որ սրտբացօրէն կը խօսի։ Թէեւ ասիկա երբեմն վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, բայց յստակօրէն քաջութիւն պահանջող քայլ մըն է։ Նշած վտանգս անպայման կեանք կորսնցնելու իմաստով չեմ ըսեր, երբեմն ճշմարտախօսութիւնը կրնայ դիմացինը վշտացնել եւ անձին համբաւը կրնայ կորսուիլ։
Բարռեսիա՝ մեր գոլէքթիվի անունը, հին յունարէն «բան»՝ ամբողջ, եւ «րհեսիս»՝ խօսք, խօսակցութիւն կամ արտայայտութիւն, բառերէն կը բաղկանայ։ Այլ խօսքով, ամէն բան ըսելու, սրտբացութեամբ եւ ազատօրէն խօսելու իմաստները կը ներկայացնէ։
Իսկ բարռեսիասթէսը, որ կը նշանակէ ճշմարտութիւնը պատմող, կը գործածուի այն անձին համար, որ սրտբացօրէն կը խօսի։ Թէեւ ասիկա երբեմն վտանգաւոր կրնայ ըլլալ, բայց յստակօրէն քաջութիւն պահանջող քայլ մըն է։ Նշած վտանգս անպայման կեանք կորսնցնելու իմաստով չեմ ըսեր, երբեմն ճշմարտախօսութիւնը կրնայ դիմացինը վշտացնել եւ անձին համբաւը կրնայ կորսուիլ։
Բարռեսիասթէսը, ըստ հին դարերու գործածութեամբ, բնականաբար այրն էր։ «Բնականաբար» կ՚ըսեմ, որովհետեւ հին Յունաստանի մէջ կիներ այրերու չափ տեղ չէին ունենար աշխատանքի եւ հասարակական կեանքի մէջ։ Երբ ազնուական ընտանիքի պատկանող զարգացած կին մը կը պսակուէր, ակնկալութիւնը այն կ՚ըլլար, որ ան պէտք էր իր տունը տնտեսէր, ամուսնոյն հոգար, զաւակներուն կրթութեան հետեւէր։ Բացի ասոնցմէ, ան իր օրերը կրնար անցընել տան մէջ՝ կանանց յատուկ բաժնին մէջ դերձան ու բուրդ մանելով եւ հագուստ հիւսելով։ Բացի յատուկ պարագաներէ, կնոջ արգիլուած էր տունէն դուրս ելլել առանց իր ստրուկներէն մէկուն ընկերակցութեան կամ ամուսնին հրամանին: Թէեւ ոչ-ազնուական կանայք այսքան ճնշուած չէին, սակայն անոնց ներկայութիւնը աշխատանքային կեանքին մէջ ողջունելի չէր։
Երբ ես ալ միացայ Բարռեսիա գոլէքթիվին, ինծի համար այս բառը ա՛լ աւելի յատուկ իմաստ մը ունեցաւ։ Բարռեսիա գոլէքթիվը կիներու այն համայնքն է, որոնք կը մտածեն, կը խօսին, կը կարդան եւ կը գրեն հայերէնով. այս մէկը բարռեսիա բառին նախնական իմաստէն տարբեր բան մըն էր։
Շատ արժէքաւոր է մեր բոլորին համար, որ խումբ մը հայ կանայք, գալով տարբեր մասնագիտութիւններէ, ինչպէս՝ պատմագիտութիւն, լեզուաբանութիւն, գրականութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճարտարապետութիւն, մինչեւ իսկ՝ համալսարանի ուսանողներ, միասնաբար կը մտածենք, զիրար կը հասկնանք եւ կ՛օգնենք։ Աւելին՝ մենք այս բոլորը կ՚ընենք մեր մայրենի լեզուով։
Մինչ երիտասարդներու մօտ արեւմտահայերէն լեզուի օգտագործումը հազուագիւտ սկսած է դառնալ եւ կամ սահմանափակուած է պարտադիր իրավիճակներու, լեզուի գիտութիւնը նուազած է, նկատեցի, որ շատ ալ լաւ գործ կարելի է տանիլ այս լեզուն հանգիստ գործածելով՝ մեր դպրոցներէն դուրս, Բարռեսիա գոլէքթիվին աշխատանքներուն ընդմէջէն։ Եւ ասիկա ինծի քաջալերեց հայերէն գրելու։