ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Կամ մարքսիզմ, կամ բարբարոսութիւն

Աշխարհ դար­ձեալ շեղած է իր տա­րինե­րու հո­լովոյ­թով ձե­ւաւո­րուած քա­ղաքակրթու­թեան ճա­նապար­հէն եւ մտած է բար­բա­րոսա­կան տա­նող մութ ու խորթ արա­հետ մը։

Այս հաս­տա­տու­մը եզ­րա­կաց­նե­լու հա­մար բա­ւական է հե­տեւիլ ազ­գա­յին եւ մի­ջազ­գա­յին հրա­խօսին։

Սկսինք մի­ջազ­գա­յինով։ Ձա­խողած մա­հափոր­ձէ ետք Թրամբ հետզհե­տէ աւե­լի ամուր քայ­լե­րով կը յա­ռաջա­նայ Նո­յեմ­բեր ամ­սու նա­խագա­հական ընտրու­թիւններ։ Յի­շելով իր վար­չա­կան շրջա­նը հա­մաշ­խարհա­յին մարդկու­թիւնը պար­տի սար­սա­փով հե­տեւիլ ԱՄՆ-ի նա­խագա­հի թեկ­նա­ծուին յա­ռաջի­կայ խոս­տումնե­րուն եւ հետզհե­տէ ծրա­գիր­նե­րուն։

Հա­կամարդկա­յին այդ ըն­թացքը կը դի­տենք նաեւ Իս­րա­յէլի օրի­նակով, ուր Պա­ղէս­տի­նի խա­ղաղ բնակ­չութիւ­նը կը հա­լածէ իր իսկ իբ­րեւ ապա­հով շրջան մատ­նա­ցոյց ըրած վայ­րե­րուն մէջ ռմբա­կոծե­լով։ Իւ­րա­քան­չիւր ռմբա­կոծում կը խլէ քա­նի մը տաս­նեակ կեան­քեր, որոնց առ­նո­ւազն կէ­սը կա­նայք են եւ ան­չա­փահաս­ներ։

Փու­թին մէկ կուղմէ կը շա­րու­նա­կէ Ուկրա­նիոյ դէմ յար­ձա­կումնե­րը, միւս կող­մէն կը շա­րու­նա­կէ սպառ­նալ մի­ջու­կա­յին զէնք գոր­ծա­ծելու նիւ­թով։

ՆԱ­ԹՕ կամ ՕԹԱՆ թափ կու տայ ծա­ւալ­ման ռազ­մա­վարու­թեան, ինքնին լուրջ սպառ­նա­լիք մը դառ­նա­լով հա­մաշ­խարհա­յին խա­ղաղու­թեան դի­մաց։

Սղա­ճը եւ հա­սարակ մարդկանց կեն­ցա­ղային պայ­մաննե­րու օրըս­տօ­րէ նո­ւազու­մը հա­մատա­րած երե­ւոյթ է բո­վան­դակ աշ­խարհի տա­րած­քին։ Այստեղ ալ զար­մա­նալի ոչինչ կայ, քա­նի որ վե­րեւ նշուած­նե­րու բո­լորն ալ հե­տեւանքն են նոր լի­բերա­լական հա­մակար­գին եւ անոր պար­տադրած իբ­րեւ թէ ազատ շու­կա­յի տնտե­սու­թեան։

Տա­կաւին քա­նի մը օր առաջ էր՝ երբ ամ­բողջ աշ­խարհ ցնցո­ւեցաւ «Մայքրո­սոֆթ» ըն­կե­րու­թեան պարզ սայ­թա­քու­մի մը հե­տեւան­քով։ Տա­կաւին հա­շուել կա­րելի չէ եղած, այդ միօրեայ սայ­թա­քու­մին պատ­ճա­ռած նիւ­թա­կան վնա­սը հա­շուել։

Յայտնի է, որ հա­մաշ­խարհայ­նա­ցում գու­նա­գեղ պի­տակով կեան­քի կո­չուած նոր դրոյ­թը մինչ օրս միայն չա­րիքը մե­ծացուց եւ ոչ աւե­լին։ Եթէ պահ մը փոր­ձենք դի­տել երկրի մէջ նա­խատե­սուած չա­րագոր­ծութեան նոր օրի­նակ­նե­րը, ան­մի­ջապէս պար­տինք յի­շել քա­նի մը վեր­նա­գիր։

Թուրքիոյ կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ հա­ւաքա­կան ող­ջա­կիզում գոր­ծադրել ըն­տա­նի, բայց ան­տէր անա­սուննե­րու վրայ։ Այս չա­րագոր­ծութեան իբ­րեւ պատ­ճա­ռաբա­նու­թիւն կը ներ­կա­յացո­ւի ան­տէր անա­սուննե­րու քա­ղաքի բնա­կիչ­նե­րու դէմ խոշ­տանգման դէպ­քեր։

Ան­շուշտ որ նման յար­ձա­կում մը կրնայ ու­նե­նալ աղէ­տալի հե­տեւանքներ, բայց որ­քա­նով ըն­դունե­լի է նման հա­ւանա­կանու­թիւն մը կան­խե­լու հա­մար բազ­մա­հազար կեան­քեր խլել։

Իրա­կանու­թեան մէջ նիւ­թը ոչ թէ ըն­կե­րաքա­ղաքա­կան բնոյթ ու­նի, այլ ընդհան­րա­պէս կրօ­նաբա­րոյա­կան։ Չես գի­տեր թէ ինչ պատ­ճառնե­րով կամ պատ­րո­ւակ­նե­րով իս­լամ կրօն­քը չէ հաշ­տո­ւած տան մէջ ըն­տա­նի անա­սուն պա­հելու գա­ղափա­րին։

Նոյ­նիսկ մահ­մե­տական քա­րոզիչ­ներ մեղք կը հա­մարեն ըն­տա­նի անա­սուն պա­հելու երե­ւոյ­թը։

Բնա­կանա­բար ող­ջա­կիզ­ման այս ծրա­գիրը ար­ժա­նացաւ անաս­նա­սէրե­րու բուռն հա­կազ­դե­ցու­թեան եւ այժմ կա­ռավա­րու­թիւնը կը փոր­ձէ մեղ­մա­ցու­ցիչ որոշ քայ­լեր առա­ջար­կել յա­նուն խնդրի լուծման։

Նոր խո­չըն­դոտ մը եւս ծա­գեցաւ, երբ ամուսնա­ցող կի­ներ մեր­ժե­ցին իրենց ամուսնոյն մա­կանու­նը պար­տա­դիր կեր­պով իւ­րացնե­լու։

Այս խնդրին ետին ալ կայ կրօ­նական գոր­ծօն, քա­նի որ ի սկզբա­նէ այ­րիշխան մեր­ձե­ցու­մով ձե­ւաւո­րուած կրօ­նական բա­րոյա­գիտու­թիւնը կը մեր­ժէ կի­նը տես­նել իբ­րեւ ան­հատ եւ ան կը վե­րածէ այ­րի մը սե­փակա­նու­թիւնը։

Այս բո­լորը դի­տելով կը յի­շենք Ռո­զա Լիւքսեմ­պուրկի պատ­գա­մը, որու հա­մաձայն մարդկու­թիւնը եր­կընտրան­քի մը առ­ջեւ, որու սլակներէն մէ­կը ցոյց կու տայ մարքսա­կան գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը, իսկ միւ­սը բար­բա­րոսու­թիւն։

pakrates@yahoo.com