Մաշտոցեան Մատենադարանի մէջ գիտաժողով

Հայագիտա­կան մի­ջազ­գա­յին քոնկրե­սին ըն­դա­ռաջ՝ 17 Յու­լիս 2024, ժա­մը 11.00-ին, Երե­ւանի Մես­րոպ Մաշ­տո­ցի անո­ւան Մա­տենա­դարա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հայ ձե­ռագ­րա­կան կեդ­րոննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու հան­դի­պում-քննար­կում ձե­ռագ­րե­րու վե­րականգնման, թո­ւայ­նացման, հա­մատեղ ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րու եւ հրա­տարա­կու­թիւննե­րու վե­րաբե­րեալ։

Սոյն ժո­ղովին կը մաս­նակցին աշ­խարհի զա­նազան կող­մե­րէ հա­յագի­տական կեդ­րոններ։ Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Աթո­ռոյս՝ Ն.Ա.Տ. Սա­հակ Բ. Պատ­րիարք Հօր օրհնու­թեամբ սոյն հա­մաժո­ղովին կը մաս­նակցի Պատ­րիար­քա­կան Փո­խանորդ եւ Օր­մա­նեան Մա­տենա­դարա­նի Տե­սուչ Արժ. Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մատեան։ Հան­դիպման իր բարձր ներ­կա­յու­թիւմը բե­րաւ ՀՀ Կրթու­թեան, Գի­տու­թեան, Մշա­կոյ­թի եւ Մարմնա­մար­զի նա­խարար Ժան­նա Անդրէասեանը, իր կող­քին ու­նե­նալով Մա­տենա­դարա­նի տնօ­րէն Արա Խզմա­լեանն ու Վա­հէ Թո­րոսեանը։ Յա­նուն Ամե­նայն Հա­յոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գա­րեգին Բ. Կա­թողի­կոսի՝ մաս­նակցե­ցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջ­միած­նի թան­գա­րան­նե­րու եւ ար­խի­ւի տնօ­րէն Հոգշ. Տ. Ասո­ղիկ Աբղ. Կա­րապե­տեան, յա­նուն Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Հա­յոց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կա­թողի­կոսի՝ Մե­ծի Տանն Կի­լիկիոյ Կա­թողի­կոսու­թեան Կի­լիկիա մա­տենա­դարա­նի մա­տենա­դարա­նապետ Գերշ. Տ. Շա­հան Ար­քեպս. Սար­գի­սեան, յա­նուն Ս. Երու­սա­ղէմի Ն.Ա.Տ. Նուրհան Պատ­րիարք Հօր՝ Երու­սա­ղէմի Պատ­րիար­քութեան Ս. Թէոդո­րոս ձե­ռագ­րա­տան եւ Հե­լեն եւ Էդո­ւարդ Մար­տի­կեան թան­գա­րանի տնօ­րէն Հոգշ. Տ. Ար­շակ Աբղ. Ղա­զարեան, Վե­նետի­կի Մխի­թարեան միաբա­նու­թե­նէն ձե­ռագիր­նե­րու պա­տաս­խա­նատու Հ. Վա­հան Ծ. Վրդ. Օհա­նեան, Վիեն­նա­յի Մխի­թարեան միաբա­նու­թե­նէն փոխ գրա­դարա­նապետ Հ. Վա­հան Վրդ. Յո­վակի­մեան, Զմմա­ռի Հայ Կա­թոլիկ Պատ­րիար­քա­կան Կղե­րի միաբա­նու­թե­նէն մա­տենա­դարա­նի պա­տաս­խա­նատու եւ Դպրե­վան­քի փոխ տե­սուչ Տ. Պետ­րոս Վրդ. Մա­րաշ­լեան եւ Մա­տենա­դարա­նի գի­տաշ­խա­տող­ներ։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ