Ընդունուած իրողութիւն է նաեւ բարոյական սկզբունք, թերթի գրութիւններու մէջ տեղ չեն գտնէր նախատինքի բնոյթով ածականներ կամ նման արտայայտութիւններ։
Միւս կողմէ կան երեւոյթներ, ուր այս բոլորը անհրաժեշտութիւն կը դառնան եղելութիւնը յստակացնելու համար։ Ճիշդ ալ այս էր պատճառը, որ թրքերէնի մեծանուն բանաստեղծ Ճան Եիւճել յաճախ կը հարկադրուէր դատարանի ամպիոնէն ինքնապաշտպանութիւն ընելու։ «Ես անարգանքի միտումով չէ որ գործածած եմ այդ ածականները, այլ հնազանդած եմ լեզուի պահանջներուն եւ թելադրանքներուն։ Վերջապէս իմ գործածած այդ անպատշաճ բառն է, որ լաւագոյնս կը նկարագրէ ակնարկած նիւթը»։
Այս բոլորը կը մտաբերեմ, երբ դիմացս ունիմ Անգարայի նախկին քաղաքապետ Մելիհ Կէօքչեքի վերջին անհեթեթութիւնը, որ նոյնինքն իր կողմէ կը ներկայացուի իբրեւ կարեւոր յայտնաբերում։
Կէօքչեք չես գիտէր թէ ինչ միջոցաւ հանդիպեր է Օսմանեան Կայսրութեան շրջանին 1914-ին իրականացած մարդահամարի մը տուեալներուն։ Ան դիտել կու տայ երկրի բնակչութեան այդ տարիներու զանազանութիւնը եւ հետեւութիւններ կ՚ընէ թէ 1914-ի տուեալներով 3 միլիոն 353 հազար 820 յոյն, հայ եւ հրեաներու համեմատական աճը այսօր կը պարզէ աւելի քան 15 միլիոն շունչ։
Կէօքչեք դարձեալ հիմնուելով 1914-ի տուեալներուն, կը հետեւցնէ թէ այդ ժամանակ բնակչութեան 18,22 տոկոսը կազմողները, այսօր հասած են 15 միլիոն 554 հազար 847 շունչի։ Կէօքչեքի անհեթեթութիւնը կը յայտնուի, այն պահուն, երբ բացարձակապէս նկատի չունենար ցեղասպանութիւնները, բնակչութեան փոխանակման ծրագիրները՝ զանգուածային արտագաղթերը։
Ան նաեւ կը կարծէ թէ տարբեր մշակոյթներ ներկայացնող հաւաքականութիւններու ծնելիութեան համեմատութիւնն ալ նոյնն է։
Այս բոլորէն ետք Կէօքչեք մտահոգութեան մատնուած է նկատելով որ այդ 15 միլիոնը ծպտեալ կեանք մը կ՚ապրին եւ ինք չի կրնար զանազանել թէ ով ով է։
Թուրքիոյ մէջ շատերուն յուզող խնդիր մըն է այս, ոչ թէ ուրիշին, այլ ուղղակի սեփական եսին ինքնութիւնը պարզելու տանող։
Արդարեւ Թուրքիոյ մէջ բնաւ քիչ չեն այն անցերը, որոնք մշակութային յետամնացութեան մը հետեւանքով անտեղեակ են ընտանեկան տոհմածառի մը գաղափարէն։ Այդ բացթողումը կը փորձեն լրացնել ծինաբանական քննութիւններու դիմելով։
Մենք խորհուրդ պիտի տանք Մելիհ Կէօքչեքին որպէսզի նախ ստուգէ ինչ է իր ծագումը։ Գալով մնացեալներուն «Ազգային Պետութիւն» ձեւաչափով կազմակերպուած այս երկրին մէջ ազգակերտումը տակաւին շարունակուող գործընթաց մըն է, որուն հիմքերը դրուած են ժողովուրդներու այլասերման միտող պետական ռազմավարութեան մը վրայ։ Տակաւին անաւարտ գործընթացք մըն է այս եւ շատեր աւելի ապահւվ ու անվտանգ կեանքի մը տենչալով իրենց զիրենք թուրք ըլլալով կը ներկայացնեն։
Ահռելի խնդիր մըն է ինքնութեան յայտնաբերումը, որու դէմ անզօր պիտի մնան ոչ միայն Մելիհ Կէօքչեքը, այլ ազգայնականութիւն քարոզող բոլորը։ Ուրեմն թրքութիւնը քաղաքական նախասիրութիւն մըն է, որ կը շահագործուի երկրի բոլոր ժողովուրդներու կողմէ։ Այս պահուն մենք կը վայելենք, այն բարեբախտութիւնը, որ յատկապէս կրօնական գործօնի բերմամբ կը մերժուինք տիրող հասարակութենէ։
Ես սիրով կը տանիմ հայ ըլլալու պատճառած բոլոր դժուարութիւնները եւ ուրախ եմ որ ոչ մէկը զիս Մելիհ Կէօքչեքի եւ նմաններուն կարգին պիտի դասէ։
pakrates@yahoo.com