ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Գումգա­բուի ձկնորսներն ու մե­րամեթ­ճի կի­ները

Արա Կիւ­­լե­­­րի Պո­­լիս առ­­նո­­­ւած լու­­սանկար­­նե­­­րուն ընդհա­­նուր թե­­ման ծովն ու ձկնորսներն են։ «Գումգա­­բուի ձկնորսնե­­րը» խո­­րագի­­րը այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին, որ Գումգա­­բուի ձկնորսնե­­րու թա­­ղամա­­սի լու­­սանկար­­նե­­­րու քա­­ղածոյ մըն է, 1952 թո­­ւակա­­նին «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թին մէջ լոյս տե­­սած երի­­տասարդ ֆօ­­թօլ­­րագրող Կիւ­­լե­­­րի «Քումքա­­փուի հայ ձկնորսնե­­րու հետ» յօ­­դուա­­ծաշար­­քի վեր­­նագրէն ներշնչո­­ւած էր։ Արա Կիւ­­լեր բազ­­մա­­­թիւ նկար­­ներ լու­­սանկա­­րած է այս թա­­ղամա­­սին առօ­­րեայ եւ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին կեան­­քէն, որուն յա­­ճախ կ՚այ­­ցե­­­լէր նախ­­քան ծո­­վեզե­­րեայ ճա­­նապար­­հա­­­շինու­­թեան հա­­մար քան­­դո­­­ւիլը։

Մերի Թեք Տեմիր

Արա Կիւ­­լե­­­րին հա­­մար, իր լու­­սանկար­­նե­­­րը պատ­­մութեան ար­­ձա­­­նագ­­րութիւններ էին։ Կիւ­­լե­­­րի ստեղ­­ծա­­­գոր­­ծած տե­­սողա­­կան պատ­­մութեան շար­­քին, ամէ­­նէն շատ իր հետ նոյ­­նա­­­ցող նկար­­նե­­­րը Պոլ­­սոյ սեւ-ճեր­­մակ տե­­սարան­­ներն էին։ Արա Կիւ­­լեր կ՚ըսէ, որ ինչ որ այ­­սօր կը տես­­նենք իբ­­րեւ «հին իս­­թանպուլ» խոր­­քին մէջ հին իս­­թանպու­­լը չէ, իսկ ինք կա­­րողա­­ցած է քա­­ղաքին հին վի­­ճակը լու­­սանկա­­րել անոր բո­­լոր ան­­կիւննե­­րէն։ Տա­­րինե­­րու ըն­­թացքին Կիւ­­լե­­­րի ոսպնեակով քա­­շուած Պոլ­­սոյ տե­­սարան­­նե­­­րը մե­­զի կ՚ար­­տօ­­­նեն յայտնա­­բերել մոռ­­ցո­­­ւած, նոյնպէս ալ՝ նոր պատ­­մութիւննե­­րը։ Ի վեր­­ջոյ, եթէ լու­­սանկար­­չութիւ­­նը տո­ւեալ պա­­հի մը ան­­մա­­­հացումն է, լու­­սանկար­­չին աչ­­քով ան­­մա­­­հացած պա­­հը նոր իմաստներ կը ստա­­նայ իւ­­րա­­­քան­­չիւր դի­­տողի տե­­սան­­կիւնէն։ Ձկնորսնե­­րու աշ­­խարհի հայ կի­­ները, որոնց հան­­դի­­­պեցայ 7 Մա­­յիս 2024-ին Արա Կիւ­­լեր Թան­­գա­­­րանի «Գումգա­­բուի ձկնորսնե­­րը» ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին ըն­­թացքին, վե­­րաիմաս­­տա­­­ւորել տո­­ւին ին­­ծի կա­­նանց աշ­­խա­­­տանքն ու գո­­յու­­թիւնը՝ Բար­­ռե­­­սիա Գո­­լէք­­թի­­­վի տե­­սան­­կիւնէն։

Արա Կիւ­­լե­­­րի Պո­­լիս առ­­նո­­­ւած լու­­սանկար­­նե­­­րուն ընդհա­­նուր թե­­ման ծովն ու ձկնորսներն են։ «Գումգա­­բուի ձկնորսնե­­րը» խո­­րագի­­րը այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին, որ Գումգա­­բուի ձկնորսնե­­րու թա­­ղամա­­սի լու­­սանկար­­նե­­­րու քա­­ղածոյ մըն է, 1952 թո­­ւակա­­նին «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թին մէջ լոյս տե­­սած երի­­տասարդ ֆօ­­թօլ­­րագրող Կիւ­­լե­­­րի «Քումքա­­փուի հայ ձկնորսնե­­րու հետ» յօ­­դուա­­ծաշար­­քի վեր­­նագրէն ներշնչո­­ւած էր։ Արա Կիւ­­լեր բազ­­մա­­­թիւ նկար­­ներ լու­­սանկա­­րած է այս թա­­ղամա­­սին առօ­­րեայ եւ աշ­­խա­­­տան­­քա­­­յին կեան­­քէն, որուն յա­­ճախ կ՚այ­­ցե­­­լէր նախ­­քան ծո­­վեզե­­րեայ ճա­­նապար­­հա­­­շինու­­թեան հա­­մար քան­­դո­­­ւիլը։ Այս ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սին մէջ, ուր առիթ ու­­նինք տես­­նե­­­լու Կիւ­­լե­­­րի լու­­սանկար­­չա­­­կան նօ­­թերը եւ «Ժա­­մանակ» օրա­­թեր­­թի օրե­­րէն հա­­սած նոյ­­նանման ար­­ձա­­­նագ­­րութիւններ, կան նաեւ իր ստո­­րագ­­րութիւ­­նը հան­­դի­­­սացած հռչա­­կաւոր լու­­սանկար­­ներ, ինչպէս նաեւ՝ նո­­ւազ ծա­­նօթ եւ նոյ­­նիսկ բո­­լորո­­վին առա­­ջին ան­­գամ ըլ­­լա­­­լով հան­­րութեան ներ­­կա­­­յացո­­ւող նկար­­ներ։ Հոն կը տես­­նենք իր ստո­­րագ­­րութիւ­­նը դար­­ձած ձկնորսներն ու մե­­րամեթ­­ճի­­­ները (ուռկան հիւ­­սողնե­­րը)՝ խմբա­­յին կամ առան­­ձին. Կը տես­­նենք նաեւ կի­­ներ՝ որոնք շու­­տով մեր ու­­շադրու­­թիւնը կը գրա­­ւեն, առա­­ւելա­­բար՝ Մե­­րամեթ­­ճի Սա­­թեն Հա­­նըմը։

Լուսանկար՝ ԱՐԱ ԿԻՒԼԵՐ

Սա­­թեն Հա­­նըմ կար­­ծես շնոր­­հա­­­լի կին մը ըլ­­լար, որուն դի­­ման­­կա­­­րը դա­­րեր առաջ,— ոչ թէ 1950-ական­­նե­­­րուն, այլ դա­­րեր առաջ, գծած ըլ­­լար վար­­պետ գծագ­­րիչ մը։ Սա­­կայն ան նկա­­րուե­­լու հա­­մար չէ կանգնած։ Ան աշ­­խա­­­տող կին մըն էր, ինչպէս լու­­սանկա­­րին վեր­­նա­­­գիրը կը նշէ՝ ան մե­­րամեթ­­ճի է, այ­­սինքն ուռկան­­նե­­­րու նո­­րոգող։ Կի­­նը գողտրիկ ժպի­­տով մը հե­­ռուն կը նա­­յի, յոգ­­նած կ՚աշ­­խա­­­տի, իսկ դէմ­­քը կ՚ար­­տա­­­ցոլայ տա­­րինե­­րու կու­­տա­­­կուած իմաս­­տութեամբ մը։ Կարկտան ընելն ու ասեղ­­նա­­­գոր­­ծութիւ­­նը յա­­ճախ կնոջ տնա­­յին աշ­­խա­­­տանքնե­­րէն սե­­պուած են քան թէ՝ արո­­ւեստ։ Դա­­րեր շա­­րու­­նակ, տղա­­մար­­դոց տի­­րապե­­տու­­թեան գտնո­­ւող արո­­ւես­­տի պատ­­մութիւ­­նը նա­­խընտրած է կի­­նը տես­­նել որ­­պէս կրա­­ւորա­­կան կեր­­պար, որ կը գծո­­ւի, քան թէ տես­­նէ զայն որ­­պէս արո­­ւեստ ար­­տադրող գոր­­ծօն։ Թէեւ կի­­ներ կ՚ար­­տադրեն տե­­սողա­­կան արո­­ւես­­տի ոլոր­­տին մէջ, սա­­կայն անոնք սահ­­մա­­­նափակ եղած են քա­­նի մը ժան­­րե­­­րով, եւ այս խնդի­­րը աւե­­լի տե­­սանե­­լի դար­­ձաւ արո­­ւես­­տի պատ­­մութեան մեկ­­նա­­­բանու­­թիւնը ֆե­­մինիս­­տա­­­կան դի­­տան­­կիւնէն կա­­տարե­­լու շնոր­­հիւ։

Սա­­թեն Հա­­նըմի լու­­սանկա­­րին մէջ տես­­նո­­­ւող ձե­­ռագործնե­­րը ին­­ծի ձե­­ւով մը յի­­շեցու­­ցին աւան­­դա­­­պահօ­­րէն կնոջ վե­­րագ­­րո­­­ւած տան պար­­տա­­­կանու­­թիւննե­­րը՝ մտա­­ծել տա­­լով տե­­սողա­­կան արուես­­տին մէջ կնոջ ան­­տե­­­սուած ըլ­­լա­­­լու խնդի­­րը։ Զգա­­ցի, որ Սա­­թեն Հա­­նըմ ոչ միայն ձե­­ռագործ աշ­­խա­­­տան­­քի լծո­­ւած էր, այլ նաեւ՝ արո­­ւես­­տի։ Բայց ասոնցմէ ոչ մէ­­կը փո­­խեցին այն իրո­­ղու­­թիւնը, որ, հա­­կառակ տա­­րիքին, Սա­­թեն Հա­­նըմ ձկնորսնե­­րու թա­­ղամա­­սին մէջ աշ­­խա­­­տող կին մըն էր տղա­­մար­­դոց վե­­րագ­­րուած աս­­պա­­­րէզի մէջ։ Կ՚ըսո­­ւի, որ Արա Կիւ­­լեր յա­­ճախ ժա­­մեր, նոյ­­նիսկ օրեր, կը համ­­բե­­­րէր, որ­­պէսզի ճիշդ լու­­սա­­­ւորումն ու ճիշդ պա­­հը բռնէր։ Կ՚ու­­զէի իմա­­նալ, եթէ ան նոյնպէս սպա­­սեց, որ Սա­­թեն Հա­­նըմին ճիշդ շրջա­­նակին մէջ զե­­տեղէ եւ ին­­չը՞ զինք ներշնչեց այս նկա­­րը քա­­շելու։ Ար­­դեօք ա՞ն ալ ին­­ծի նման Տի­­կին Սա­­թենին ձե­­ռագոր­­ծը արուես­­տի գործ նկա­­տեց, ար­­դեօք տպա­­ւորո­­ւած էր անոր կե­­ցուած­­քով եւ տա­­րիքո՞վ, թէ՞ պար­­զա­­­պէս կ՚ու­­զէր անոր աս­­պա­­­րէզը ար­­ձա­­­նագ­­րել։ Սա­­թեն Հա­­նեմ, այս նկա­­րին մէջ երե­­ւացող իր ամ­­բողջ վա­­յել­­չութեամբ, նաեւ մաս­­նա­­­գիտու­­թեամբ մը կը զբա­­ղէր։ Ան իր գե­­ղեց­­կութեան հա­­մար չէր դի­­տուած, այլ՝ իր յոգ­­նած ու մա­­շած դէմ­­քին հա­­մար, ու իր գոր­­ծը արո­­ւես­­տա­­­գէտի շնորհքով կը կա­­տարէր։ Մե­­րամեթ­­ճի Հայ­­կա­­­նոյշ Մայ­­րի­­­կը, որ կը յայտնո­­ւի 1960-ական­­նե­­­րու սկիզ­­բը քա­­շուած նկա­­րի մը մէջ, Սա­­թեն Հա­­նըմին նման աշ­­խա­­­տող կին մըն է. նկա­­րին մէջ կ՚ար­­տա­­­ցոլայ նոյ­­նանման նրբա­­գեղու­­թիւն մը անոր կա­­տարած գոր­­ծին մէջ։ Այլ լու­­սանկա­­րի մը մէջ դար­­ձեալ մե­­րամեթ­­ճի կի­­ներ կը տես­­նենք, սա­­կայն անոնց անուննե­­րը ան­­յայտ են։

Ձկնորսնե­­րու աշ­­խարհին մէջ, ինչպէս կեան­­քի շատ մը այլ ոլորտնե­­րուն մէջ, ան­­տե­­­սանե­­լի դար­­ձած են կա­­նանց ինքնու­­թիւնն ու աշ­­խա­­­տան­­քը։ Նկա­­տի ու­­նե­­­նալով, որ ձկնոր­­սութիւ­­նը կը յա­­ռաջաց­­նէ տղա­­մար­­դու գե­­րիշ­­խող կարգ, շատ բնա­­կան կը թո­­ւի ըլ­­լալ «Գումգա­­բուի ձկնորսնե­­րը» ցու­­ցա­­­հան­­դէս այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն մտքե­­րուն մէջ այդ թա­­ղամա­­սի կա­­նանց հե­­տաքրքրու­­թեան եւ ժա­­մանա­­կին ու ջան­­քին առաջ­­նա­­­հեր­­թութիւն չտրո­­ւիլը։ Այ­­նո­­­ւամե­­նայ­­նիւ, վա­­ղուց ան­­հե­­­տացած թա­­ղամա­­սի բնա­­կիչ­­ներ՝ Սա­­թեն Հա­­նըմը եւ Հայ­­կա­­­նոյշ Մայ­­րի­­­կը այ­­ցե­­­լու­­նե­­­րուն մտա­­ծել կու տան այդ կի­­ներուն մա­­սին, իսկ հա­­կառակ տա­­րիքին անոնց կա­­տարած աշ­­խա­­­տան­­քը այ­­սօր նոր իմաստներ կը ստեղ­­ծէ: Ինչպէս սկիզ­­բը ըսի, լու­­սանկա­­րելու պահն ու այ­­լոց հետ հան­­դի­­­պու­­մը նոր իմաստներ եւ պատ­­մութիւններ կ՚աւելցնէ լու­­սանկա­­րին վրայ։ Թե­­րեւս այս կի­­ները պէտք էր աշ­­խա­­­տէին, եւ անոնց աշ­­խա­­­տան­­քը անե­­րեւոյթ ու ան­­ծա­­­նօթ էր այդ ժա­­մանակ։ Այ­­սօր, Արա Կիւ­­լե­­­րի ար­­ձա­­­նագ­­րած պատ­­մութեան մէջ, անոնք կը ներ­­կա­­­յանան այդ ժա­­մանա­­կաշրջա­­նին եւ աշ­­խարհին իբ­­րեւ աշ­­խա­­­տող կի­­ներու ներ­­կա­­­յացու­­ցիչներ։

Թարգմա­­նեց՝ Արազ Գո­ճայեան