Մեզի քով-քովի բերող հաւաքին հիմնական մեկնակէտը եւ հասարակ յայտարարը մեր բոլորին հայ կին ըլլալն էր։ Թէեւ իւրաքանչիւրս մտածած, արծարծած եւ նոյնիսկ առիթներ գտած ենք որպէս կին քայլեր առնելու ընկերութեան մէջ մեր դիմագրաւած հարցերուն նկատմամբ, հասկցանք, որ մենք՝ որպէս կիներ, խորապէս կը զգանք մեր խնդիրները սեղանի վրայ դնելու եւ լուծումներ գտնելու տարածքին բացակայութիւնը։
Տենչա Տէղիրմենճի
Անցեալ շաբաթ, Բարռեսիա Գոլէքթիվը «քով-քովի» խորագիրով առցանց հաւաք մը կազմակերպեց՝ նպատակ ունենալով հայ կիներու ծանօթանալ եւ միասնութիւն ստեղծելու կարելիութիւնները սերտել։ Այս հաւաքին զանազան երկիրներէ տարբեր մասնագիտութիւններով երիտասարդ հայ կանայք մասնակցեցան։ Հակառակ մեր տարբերութիւններուն, ակներեւ էր մեր փորձառութիւններուն եւ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն նմանութիւնները. Այս իմանալը խորապէս ազդեց վրաս եւ նոր հորիզոններ բացաւ մտքիս մէջ։
Մեզի քով-քովի բերող հաւաքին հիմնական մեկնակէտը եւ հասարակ յայտարարը մեր բոլորին հայ կին ըլլալն էր։ Թէեւ իւրաքանչիւրս մտածած, արծարծած եւ նոյնիսկ առիթներ գտած ենք որպէս կին քայլեր առնելու ընկերութեան մէջ մեր դիմագրաւած հարցերուն նկատմամբ, հասկցանք, որ մենք՝ որպէս կիներ, խորապէս կը զգանք մեր խնդիրները սեղանի վրայ դնելու եւ լուծումներ գտնելու տարածքին բացակայութիւնը։ Փոքր տարիքնէս կին ըլլալնուս համար լռեցուած ըլլալը, մեզի պարտադրուած սեռականութեան դերերը՝ նոյնիսկ նախքան լոյս աշխարհը մեր գալը, հիմնական մեր իրաւունքներուն տիրանալու համար պայքար տանելու պարտադրուած ըլլալը եւ խտրականութիւն ապրիլը պարզապէս մեր դիմագրաւած հարցերուն քանի մը օրինակներն են։ Աւելին, հայ համայնքին մաս կազմելը եւս շատ տեղեր մեզի կը սահմանափակէ՝ կրկին անգամ ճնշուածութեան մատնելով մեզի մեր էթնիք պատկանելիութեան եւ կին ըլլալուն համար։ Սա պահուս, կը հաւատամ, որ այս դժուարութիւնները յաղթահարելու ամէնէն լաւ կերպը քով-քովի գալ ու միասնութեան տարածք ստեղծելն է. «քով-քովի»-ն կարեւոր քայլ մը առած է այդ ուղղութեամբ։
Մեր խօսակցութիւններուն ընթացքին, անգամ մը եւս նկատեցի, որ մեր ընտանիքներու կանանց անցեալին ապրած վախերն ու վարանումները մեզի փոխանցուած են որպէս կտակ։ Այս հոգեխոցները կը շարունակեն մեզի ազդել մեր կեանքի բոլոր ոլորտներուն մէջ, շուքի պէս մեզի հալածելով մէկ սերունդէ միւսը։ Մենք տեսանք, թէ ինչպէս, որպէս կիներ, մեր ապրած դժուարութիւնները մեզի կը փոխանցուին մեր մանկութենէն՝ մեր տուներուն կամ ընկերութեան մէջ լսած պատմութիւններուն միջոցով։ Անցեալին, մեր ընտանիքները մեզի պարտադրած էին այն գաղափարը, թէ կիները պէտք է որոշ տարիքէ մը ետք պսակուին, որպէսզի «պաշտպանուին» եւ որոշ կենցաղակերպով ապրին՝ դարձեալ պաշտպանուած ըլլալու միտումով։ Թէեւ կը կարծենք, որ այսօր մենք ձերբազատուած ենք այս վախերէն ու ճնշումներէն, տակաւին կը շարունակուին երեւան գալ մեր ենթագիտակցութեան մէջէն եւ կը ճնշեն մեր վրայ։
Միւս կողմէ, դժբախտաբար դժուարացած է համախմբուիլ մարդոց հետ, որոնց հետ կարելի է քով-քովի կանգնիլ եւ արտայայտել մեր կարծիքը՝ առանց դատողութեան մատնուելու։ Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր ամէն մարդ աւելի շատ առանձին եւ մեկուսացած կ՚երեւի դուրսէն, մեր խնդիրներուն հաւաքական լուծում գտնելը այլեւս նոյնիսկ հնարաւորութիւն մը չէ։ Մինչ անհատապաշտութիւնն ու անձնական ձեռքբերումները առաջնահերթութիւն կը կազմեն, համայնք մը ըլլալու եւ միասին գործելու արժէքը կ՚անտեսուին։ Մեր հանդիպումին շնորհիւ նկատեցի, որ երբ նոյն խնդիրներէն տառապող անհատներ կը միանան եւ իրենց հարցերը կ՚արծարծեն, կարճ ժամանակի ընթացքին լուծումներու կրնան յանգիլ. Այս մեզի ուժ կու տայ եւ յոյս կը ներշնչէ։
Մինչ մենք՝ հայ կիներս, սերունդներ շարունակ կը պայքարինք այս բոլոր ճնշումներուն, վախերուն, արհամարհանքներուն, լռեցուած եւ կեանքի բոլոր բնագաւառներու մէջ մեր ուժականութեան անտեսուած ըլլալուն եւ բազմաթիւ այլ մարտահրաւէրներուն դէմ, մեր էթնիք ինքնութիւնը այս մարտահրաւէրները կրկին անգամ ծանր կը դարձնեն։ Գիտնալով, որ մենք մինակ չենք այս պայքարին մէջ, քով-քովի եւ միասնական կանգնիլը յոյսի եւ ուժի աղբիւր են։ «Քով-քովի»-ի շնորհիւ աշխարհի տարբեր անկիւններէ հայ կանանց ծանօթանալը անգամ մը եւս մեզի յիշեցուց, որ մենք բնաւ առանձին չենք եւ որքա՜ն ուժեղ կրնանք ըլլալ, երբ միասնական ենք։ Յոյսով եմ, որ նման հնարաւորութիւններ ա՛լ աւելի կը շատնան եւ կանանց իրաւունքներու եւ հաւասարութեան ուղղութեամբ մեր ջանքերը ներշնչում կը դառնան աւելի պայծառ ապագայի մը համար։
Թարգմանեց՝ Արազ Գոճայեան