ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Զգուշացէք՛ ֆաշիզմը դուռը կը թակէ

Կեանքի դժբախտ պահն է այն, երբ կը տես­նես թէ քու իսկ կան­խա­գու­շա­կած փոր­ձանքը կը պա­տահի։ Այսպէս կա­րելի է դի­տել վեր­ջին օրե­րուն Կե­սարիոյ, Այնթապ ու այլ թրքա­կան քա­ղաք­նե­րու կող­քին Սու­րիոյ հիւ­սի­սային հա­տուա­ծին մէջ թրքա­կան բա­նակի հսկո­ղու­թեան տակ գտնո­ւող վայ­րե­րէ ներս վեր­ջին պա­տահար­նե­րը։

Զար­մա­նալիօրէն աշ­խարհաց­րիւ աղէ­տի մը վե­րածո­ւած է այ­լա­տեացու­թիւնը։ Այ­լը, տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ տար­բեր կեր­պա­րանքնե­րով կը յայտնո­ւի։ Տա­կաւին յի­շատակ­նե­րու մէջ շատ թարմ է Եւ­րո­միու­թեան տա­րած­քին մէջ Եւ­րո­խորհրդա­րանի հա­մար կա­տարո­ւած ընտրու­թիւննե­րու սար­սա­փելի ար­դիւնքը։

Այն ընտրու­թիւննե­րէն յաղ­թա­նակով դուրս եկան աջա­կող­մեան կու­սակցու­թիւննե­րը, որոնք գլխա­ւոր կար­գա­խօսն էր օտար­նե­րու հան­դէպ թշնա­ման­քը։ Գաղ­թա­կան­նե­րու հոս­քը առիթ դար­ձած էր եւ­րո­պացի­ներուն իրենց բար­քե­րուն հան­դէս մտա­հոգո­ւելուն։ Այդ մտա­հոգու­թեան իբր հե­տեւան յե­տադի­մական տար­րե­րը յաղ­թա­նակով դուրս եկան ընտրու­թիւննե­րէն։

Երե­ւոյ­թը տար­բեր չէ Թուրքիոյ մէջ եւս։ Կը տի­րէ կրօ­նական խտրա­կանու­թիւն մը, որ տե­ղի կու տայ իր­մէ չհա­մարա­ծին հան­դէպ ան­հանդուրժո­ղակա­նու­թեան։ Եթէ Արեւ­մուտքի մէջ ան­հանդուրժո­ղու­թիւնը ուղղո­ւած է մահ­մե­տական­նե­րուն, Թուրքիոյ մէջ ալ բնա­կանա­բար ատե­լու­թիւնը կ՚աճի քրիս­տո­նեանե­րու կամ հրեանե­րու հան­դէպ։

Սա­կայն վեր­ջին զար­գա­ցումնե­րը ապա­ցու­ցե­ցին թէ նման թշնա­ման­քը սահ­մա­նուած չէ կրօ­նական տար­բե­րու­թիւնով եւ դիւ­րաւ ատե­լու­թիւնը կրնայ ուղղո­ւիլ մահ­մե­տական­նե­րուն ալ, եթէ անոնք ցե­ղական առու­մով թուրք չեն։

Իս­կա­պէս ահ­ռե­լի է Կե­սարիոյ մէջ պա­տահած­նե­րը, երբ խու­ժա­նը վայ­րա­գօրէն կը յար­ձա­կի մարդկանց վրայ՝ որոնք եկած են Սու­րիայէն։

Այս բո­լորը թե­րեւս ոմանց հա­մար զար­մա­նալի է, բայց ոչ մե­զի հա­մար, քա­նի որ գի­տէինք թէ ինչ հե­տեւանքներ պի­տի կրնայ ու­նե­նալ Սու­րիոյ ներ­քին քա­ղաքա­կանու­թեան այս աս­տի­ճանի մի­ջամուխ ըլ­լա­լու եւ ան­կէ շա­հեր ակնկա­լելու նող­կա­լի քա­ղաքա­կանու­թեան հե­տեւանքնե­րը։

Ճիշդ ալ պա­տահե­ցաւ այն ինչ որ կը կրա­հէինք եւ Սու­րիոյ մէջ փո­թոր­կող քա­ղաքա­կան ճգնա­ժամը հի­մա կը սպառ­նայ նաեւ Թուրքիոյ ան­դորրու­թեան։

Տա­րիներ առաջ երբ Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը մեծ ոգե­ւորու­թեամբ միացաւ այդ երկրի դէմ Արեւ­մուտքի չա­րագործ ռազ­մա­վարու­թեան ար­դէն իսկ յայտնի էր թէ վերջ ի վեր­ջոյ փոր­ձանքը պի­տի հաս­նի Թուրքիոյ, քա­նի որ ան սահ­մա­նակից եր­կիր է եւ ու­նի պատ­մութե­նէն փո­խան­ցո­ւած որոշ թշնա­մու­թիւն հա­րեւան երկրի հան­դէպ։

Պէտք չէ մոռ­նալ որ Ա. Աշ­խարհա­մար­տի տա­րինե­րուն Սու­րիան Օս­մա­նեան գա­ղու­թա­տիրու­թիւնը յաղ­թա­հարե­լով տի­րացած է իր պե­տակա­նու­թեան։ Պատ­մութեան այդ հա­տուա­ծը թէ թրքա­կան եւ թէ արա­բական յի­շողու­թեան մէջ ու­նե­ցած է խոր ար­մատներ, որոնք վեր­յի­շելու հա­մար կը սպա­սէին նման առիթ­նե­րու յայտնու­թեան։ Եւ ահա այդպէս ալ եղաւ, երբ վրայ հա­սաւ «Արա­բական Գա­րուն» կո­չուած դա­ւադ­րութիւ­նը, որ վեր­ջին հա­շուով ծա­ռայեց Իս­րա­յէլի եւ առ­հա­սարակ արեւմտեան կայ­սե­րապաշ­տութեան։

Գա­լով Թուրքիոյ այս մա­սին կու­տա­կած փոր­ձա­ռու­թեան, դէպ­քե­րը կը յի­շեց­նեն 1955 թո­ւակա­նի 6-7 Սեպ­տեմբե­րի տրա­մադ­րութիւ­նը։

Ար­դա­րեւ ոս­տի­կանու­թիւնը դէպ­քե­րէն ետք բեր­ման են­թարկո­ւած­նե­րու մա­սին կա­տարած հրա­պարա­կու­մով պար­զեց թէ այդ ոխե­րիմ արարքնե­րուն մաս­նակցող­նե­րէն շա­տեր ար­դէն նախ­կին յան­ցա­գործներ են, որոնք մե­ղադ­րո­ւած են աւա­զակու­թեամբ, սե­ռային բռնա­կալու­թեամբ եւ այլ ամօ­թալի յան­ցանքնե­րու բե­րու­մով։

Հի­մա բո­լորս պար­տա­ւոր ենք վե­րանա­յիլ տի­րող թու­նա­ւոր մթնո­լոր­տին եւ ըստ այնմ զգոյշ ըլ­լալ այ­լա­տեացու­թեան կոր­ծա­նարար հե­տեւանքնե­րուն հան­դէպ։

pakrates@yahoo.com