ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

ԲԱՐՌԵՍԻԱԲԱՐ

Հայկական գորգեր, գաղթ եւ միասնութիւն

Համիտի ջարդերէն ետք, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 1915-էն ետք, որբանոցներու թիւին աճով, հայ կիներ եւ որբեր առաւելաբար զբաղած էին գորգագործութեամբ, միսիոնարներու կողմէ հիմնուած աշխատավայրերու մէջ։ Գորգագործութիւնը արհեստ մըն էր, որ կարգ մը որբ աղջիկներ սորված էին իրենց ընտանիքներէն։ Արհեստը իրենց ընծայած էր միասնութեան տարածք մը՝ բռնապետութեան հետեւանքով ամէն բան կորսնցնելէ ետք։ Փոխարէնը, ամերիկեան եւ եւրոպական միսիոնարութիւններու կողմէ անոնք շահագործուած էին որպէս աժան աշխատաձեռքեր։

Թամար Կիւրճեան

Վերջերս, Պերլինի մէջ կայացաւ «Հայկական գորգի օր» խորագիրով ձեռնարկ մը՝ կազմակերպուած նոր բացուած «Սըփոր» շէնքին մէջ գտնուող Գաֆէ Արագիլի (Café Arakil) կողմէ։ «Սըփոր»-ը կլիմայի արդարութեան եւ բնապահպանման վերականգման վրայ կեդրոնացող նախաձեռնութիւն մըն է, իսկ Գաֆէն կը վարեն խումբ մը երիտասարդ հայեր, որոնք զանազան ծրագիրներու ճամբով քով-քովի կը բերեն տարբեր համայնքներ։  

«Հայկական գորգի օր»-ը ընթացք առաւ Օսմանեան կայսրութեան ժամանակաշրջանին հայկական գորգարուեստի մասին ներկայացումով մը, որ լուսարձակի տակ առաւ հայկական գորգերուն յատկութիւններն ու գորգարտադրութեան քաղաքական երեսը։ Ներկայացումը կայացաւ Պերլինաբնակ հայերու կողմէ հոն բերուած գորգերուն վրայ։ Ապա, գորգերը լուալու աշխատանոց մը տեղի ունեցաւ՝ ընկերակցութեամբ նորաստեղծ «Բոպիկ անսամպլ»-ի կողմէ ներկայացուած երգ ու երաժշտութեան։ Վերջապէս, ցուցադրուեցաւ Փարաճանովի «Նռան գոյն»-ը, ուր արուեստագէտը յաճախակի կերպով օգտագործած է հայկական գորգերը. Այս ֆիլմին ցուցադրութիւնը մարմնաւորեց արուեստագէտին՝ իր ֆիլմի մասին նկարագրութիւնը. «գորգ մը պատին վրայ, վրան ոսկէ թելերով հիւսուած մեղեդի մը»։ 
նկարազարդ. Թամար Կիւրճեան
Փախցուցի առաջին ներկայացումը։ Այդ ընթացքին, պարտէզին մէջ կը դիտէի արուեստի տեղադրութեան արտադրութիւն մը «Գաղթի ալիք» (immigration-welle) անունով։ Նստանք ալիքին շուրջ մինչ անիկա կը գծագրուէր երկար կապոյտ կերպասի մը վրայ, տպագրութեան թեքնիքով։ Գորգեր եւ գաղթ։ Ես ալ ունէի մօրս՝ ինծի տուած գորգը, որ Պոլսոյ սենեակէս Պերլինի տանս գետինը հասած էր, իր հետ բերելով իր անցեալը։ Էտուարտ Հոլիս իր «Պալատէ յիշատակը. կորսուած ներքին կահաւորման գիրք մը» (The Memory Palace: A Book of Lost Interiors) գործին մէջ կը նկարագրէ իր մեծ մօր տունը՝ իբրեւ ներքին կահաւորման կորուստի թանգարան մը, եւ մեզի կը խօսի կորսուած պատմութիւններէն՝ պալատներու ընդմէջէն։ Ամէն անգամ, որ մէկ տեղէ միւսը փոխադրուինք, նորին մէջ մեր հետ կը բերենք նախորդ ներքին կահաւորումը։ Կը հաւատամ, որ գորգերը մեր միւս առարկաներէն տարբեր տեղ ունին մեր տուներուն մէջ։ Մինչ մէկ կողմէ գորգերը կրնան առանցքը ըլլալ գաղթի պատմութեան, միւս կողմէ կը պահպանեն այն վայրը, ուր բռուած էին եւ կը շարունակեն նոր պատմութիւններ հիւսել նոր վայրին մէջ՝ իրենց բերած տաքութեամբ։ 

Այս ձեռնարկին ծանօթացայ ընկերուհիիս՝ Սիրարփիին, եւ իր մօր։ Մայրը պատմեց իրենց բերած գորգին պատմութիւնը։ Սիրարփիին մեծ մայրը Մոսկուայէն գնած էր այդ գորգը, որ 1950-ականներուն հիւսուած էր «Հայ գորգ» գործարանին մէջ, երբ ան յղի էր Սիրարփիին մօրմով։ 1998-ին, երբ Սիրարփին եւ իր մայրը Հայաստանէն Գերմանիա գաղթած են, բազմաթիւ դժուարութիւններ յաղթահարելով կարողացած են նաեւ գորգը բերել Պերլին։ Մայրը ականջիս կը փսփսայ՝ «Այս գորգը հիմա Սիրարփիին կը պատկանի եւ ապագային իր աղջիկներուն պիտի փոխանցուի։ Սիրարփիին համար այդ գորգը բաժին մըն է իր մեծ մօրմէն, որուն բնաւ չէ ծանօթացած։ Պատմութեան գլխաւոր կերպարները կիներն ու իրենց դստերքն են. անոնց պատմութիւնը կը շարունակուի աճիլ մինչ կը փոխանցուի ընտանիքին կիներուն՝ գորգերուն հետ միասին։

Հրաչ Կէօզիւպէուքեան, «Հայկական գորգի ընկերութեան» նախագահն ու գորգագէտ մը, ԵուԹիւպէն սփռուած իր հարցազրոյցներէն մէկուն մէջ կը նշէ, որ իւրաքանչիւր գորգ պատմութիւն մը կը պատմէ։ Մարզուած աչքը կրնայ հասկնալ գորգին Այնթէպի կամ Սվազի գործ ըլլալը՝ միայն գոյներուն, գիծերուն եւ հիւսքի թեքնիքին նայելով։ Իւրաքանչիւր գորգ իր շրջանի յատկութիւնները կը կրէ, ինչպէս հայերէնի կորսուած բարբառները։ Մետաքսի արտադրութեան կերպը եւ թելերուն ներկը նաեւ շրջանին գիտութիւնը կը բովանդակէ։ 

Հայկական առասպելի մը մէջ, Անահիտ անունով գեղեցիկ գիւղացի աղջիկ մը Թարթառ գետի ափին հոյակապ ապարանքի մը մէջ բնակող Աղուաններու Իշխան Վաչականին հետ պսակուելու համար նախապայման կը դնէ. նախապայմանը անոր՝ արհեստի մը հմուտ ըլլալն է։ Իշխանը գորգագործութիւն կը սորվի։ Տարիներ ետք, երբ Իշխանը կը ձերբակալուի, այդ արհեստը իր կեանքը կը փրկէ։ Իշխանը իր աշխատած գորգի հիւսքին մէջ կը ներառէ իր կալանաւորման վայրին տեղեկութիւնը՝ այնպէս մը, որ միայն իր կինը՝ Անահիտը, կրնայ ընկալել։ Ի դէպ, երբ Անահիտ կը տեսնէ գորգը, կ՚անդրադառնայ Վաչականին արհեստագիտութիւնը եւ կը հասկնայ պատգամը։ Իշխանը կ՚ազատի կալանքէն իր աշխատութիւնը ծախելով եւ վերջաւորութեան կը միանայ իր կնոջ։ 

Համիտի ջարդերէն ետք, 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 1915-էն ետք, որբանոցներու թիւին աճով, հայ կիներ եւ որբեր առաւելաբար զբաղած էին գորգագործութեամբ, միսիոնարներու կողմէ հիմնուած աշխատավայրերու մէջ։ Գորգագործութիւնը արհեստ մըն էր, որ կարգ մը որբ աղջիկներ սորված էին իրենց ընտանիքներէն։ Արհեստը իրենց ընծայած էր միասնութեան տարածք մը՝ բռնապետութեան հետեւանքով ամէն բան կորսնցնելէ ետք։ Փոխարէնը, ամերիկեան եւ եւրոպական միսիոնարութիւններու կողմէ անոնք շահագործուած էին որպէս աժան աշխատաձեռքեր։ Իրենց ինչքերու բռնագրաւումէն եւ ընտանիքներէ խլուելէն ետք, անոնց աշխատանքն ալ շահագործուած էր։ Անոնց աշխատուժը վերապրումի գործիք դարձած էր՝ Անահիտին պատմութեան պէս, բայց անոնցմէ շատ քիչեր միացած էին իրենց ընտանիքներուն՝ հակառակ Իշխանին պատմութեան։ 

Անցեալին, գորգագործութիւնն ու գորգ լուալը հաւաքական աշխատանքներ էին։ Վերոնշեալ ձեռնարկին, տարբեր երկիրներէ մեր հետ Պերլին բերած գորգերուն լուալը ազատեցին մեզի, թէկուզ վայրկեանի մը համար, մեզի փոխանցուած հոգեխոցերու եւ պատմութիւններու ծանրութենէն։ Լուալու գործողութիւնը պատմութիւնները ազատագրեց անցեալի բեռէն եւ ներկայի մէջ բերաւ. գորգ լուալը դարձաւ հաւաքական մաքրագործման ծիսակատարութիւն՝  երաժշտութեան եւ աւանդական պարի ընկերակցութեամբ։ Այս ձեռնարկը քով քովի բերաւ երիտասարդն ու ծերը, դառնալով համայնքաշինութեան աքթ մը, այս անգամ՝ ժպիտներով։   

(թարգմանութիւն՝ Արազ Գոճայեան)