ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յաւէրժի ճամբու խոչընդոտը

Եթէ ու­շիմ սեր­տենք հա­յոց պատ­մութիւ­նը, զար­մանքով կը նկա­տենք Հայ Առա­քելա­կան Եկե­ղեց­ւոյ մերթ դրա­կան եւ մերթ ալ բա­ցասա­կան դե­րակա­տարու­թիւնը դա­րերու ըն­թացքին։ Ու­նե­ցանք հո­գեւոր առաջ­նորդներ, որոնք փակ դռնե­րու ետին կա­տարած սա­կար­կութիւննե­րով Անի քա­ղաքի բա­նալի­ները յանձնե­ցին թշնա­միին, պատ­ճառ դառ­նա­լով բիւ­րա­ւոր հա­յոց տա­րագ­րութեան։

Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի հայ­կա­կան գա­ղութնե­րէ շա­տեր հիմ­նո­ւած են Անիի այդ կոր­ծանման հե­տեւան­քով։

Այդ պատ­մութեան մէջ կը տես­նենք նաեւ դրա­կան բա­զում երե­ւոյթներ։ Յստակ իրո­ղու­թիւն է, որ պե­տակա­նու­թեան բա­ցակա­յած բո­լոր ժա­մանակ­նե­րուն եկե­ղեցին հան­դի­սացաւ հայ ժո­ղովուրդը միատարր պա­հելու գլխա­ւոր գոր­ծօ­նը։

Հա­ւատ­քի դաշ­տը ու­նի իր յա­տուկ ար­տա­ցոլու­մը։ Նախ եւ առաջ ան ի հի­մանէ պահ­պա­նողա­կան է։ Ար­գելք է յա­ռաջ­դի­մու­թեան։ Իսկ ազատ միտ­քը ինքնա­բերա­բար յե­ղափո­խական է։ Ան կ՚ու­զէ ամէն կերպ յաղ­թա­հարել զար­գա­ցումնե­րու դի­մաց գո­յացող բո­լոր յատ­կա­նիշ­նե­րը։ Եթէ այս ընդհա­նուր ըն­կա­լու­մին մէջ փոր­ձենք տե­ղադ­րել հայ եկե­ղեցին իր առանձնա­յատ­կութիւննե­րով, այս պա­հուն ալ ու­նինք հրա­շալի օրի­նակ­ներ։

Վազ­գէն Ա. Ամե­նայն Հա­յոց Կա­թողի­կոսը առ­հա­սարակ կրօն­քի վե­րաբե­րեալ ամէն ին­չի ծանր հա­լածանքնե­րու են­թարկուած շրջա­նի մը ըն­թացքին յա­ջողե­ցաւ այդ փո­թորի­կէն զերծ պա­հել իր նա­խագա­հած աթո­ռը։

Վազ­գէն Կա­թողի­կոսի գաղտնի­քը շատ պարզ է։ Ան մեր­ժեց փար­թամ հիւ­րա­նոց­նե­րու սե­ղան­նե­րը, մեր­ժեց Պենթլիի մէջ ճամ­բորդե­լով պա­տուի ար­ժա­նանա­լու սնա­մէջ ցնո­րամ­տութիւ­նը եւ ապ­րե­ցաւ վա­նակա­նի հա­մես­տութեամբ։ Այդ հա­մես­տութիւ­նով փայ­լե­ցաւ իր վար­կը, երբ յա­ջորդնե­րը փար­թամ չտե­սու­թեան մէջ օրըս­տօ­րէ վար­կազրկո­ւեցան։

Եկե­ղեցիի բար­քը ցո­լաց­նո­ղը եկե­ղեցա­կանի վարքն է։

Այ­սօր երբ անըն­դունե­լի կը գտնենք Գա­րեգին Բ. Կա­թողի­կոսի Սար­տա­րապա­տի մի­ջոցա­ռումնե­րու մաս­նակցու­թեան ար­գելք ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թը, պար­տինք յի­շել այն պատ­կե­րը, երբ Մի­քայէլ Արք. Աջա­պահեան կո­պիտ կեր­պով եկե­ղեցիէն դուրս հա­նել կ՚ու­զէր երկրի օրի­նական վար­չա­պետը։

Այդ օր նման արար­քի դէմ ան­փոյթ գտնո­ւող­նե­րը այ­սօր ինչպէ՞ս կը յանդգնին կա­տարո­ւածին դէմ ձայն բարձրաց­նե­լու։

Երբ ազ­գա­յին գի­տակ­ցութիւ­նը կը բա­ցակա­յի հո­գեւոր վեր­նա­խաւէն, իւ­րա­քան­չիւրս պար­տա­ւոր ենք ալ աւե­լի զգօն ըլ­լա­լու հա­մայն հա­յու­թեան դէմ լա­րուած ծու­ղա­կի հան­դէպ։

Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան հետզհե­տէ բար­գա­ւաճ ու զար­գա­ցած երկրի մը վե­րածո­ւելու հա­ւանա­կանու­թիւնը միայն երկրէ ներս խռո­վու­թիւն տա­րածե­լով կա­րելի է չէզոքացնել։

Ինչպէս ըսինք գրու­թեան մուտքին հայ ժո­ղովուրդը առա­ջին ան­գամ չէ, որ կ՚են­թարկո­ւի նման դա­ւադ­րութիւննե­րու։ Կը յաղ­թա­հարենք այս մէկն ալ եւ պատ­մութեան հաս­տա­փոր գիր­քին կը թո­ղունք մե­րօրեայ դա­ւաճան­նե­րու ամօ­թալի անուննե­րը։

Պատ­մութիւն մը կայ մեր դի­մաց, որ­մէ կը քա­ղենք չար ու բա­րի օրի­նակ­ներ եւ կը շա­րու­նա­կենք մեր յա­ւէր­ժի ճամ­բորդու­թիւնը։