Լուցկին երկիր պիտի փրկէ
Լուցկիներով գլուխկոտրուկը կը ստիպէ, որ քիչ մը մտածեմ այս գիշեր։ Հանելուկի մէջ լուցկիներով գրուած է 6 մը, առաւել 0 = 16։ Թերթի մէջ նշուած պայմանները պարզ են. պէտք է թուանշաններու վրայ աւելցնել լուցկիի երկու հատիկ այնպէս, որ հաւասարումը ճիշդ ըլլայ։ Յարգելի ընթերցող, մինչեւ որ այս գլուխկոտրուկը լուծեմ, որոշեցի վառել «լուցկի» բառին պատմութիւնը եւ հասկնալ, թէ գրական ի՚նչ կայծերու, կրակներու նոյնիսկ հրդեհներու պատճառ եղած է այս անմեղ երեւացող փայտիկը։ Երբ մութի մէջ կ’որոնէի անոր նշոյլները, յանկարծ հանդիպեցայ Հայր Ղեւոնդ Ալիշանին, որ «Արշալոյս քրիստոնէութեան Հայոց» յօդուածը բռնած, մռայլ, տրտում, լուցկի մը կը փնտռէր, բայց ոչ թէ հանելուկ լուծելու նպատակով, այլ՝ երկիր փրկելու. «… Մեր քաղաքական պատմութիւնն դարձեալ մթննայ այս միջոցիս [...] Ի՞նչ լուցկի է որ այն մոխրոյ տակ երկար եւ ցուրտ տարիներ ծածկուած կայծը կ՚արծարծէ եւ փայլեցնէ»։ Արդեօ՞ք՚ մտածեցի, վարդապետը մեր փոքրիկ հանրապետութեան մերօրեայ, ո՛չ շատ փայլուն քաղաքական վիճակը նկատի ունէր… Մենք, յարգելի ընթերցող, թերթի այս սիւնակի մէջ քաղաքական բոցերէ հեռու մնանք եւ հմայուն կարդանք «լուցկի» բառի լուսաւոր, բայց յաճախ վաղազրաւ պատմութիւնը։ Ուստի, այժմ լուցկի մը զարնենք եւ յամրօրէն քալենք «հայկական գրականութիւն» կոչուած շքեղ ապարանքի կիսամութ սրահներու մէջ։
Գեհենի լուցկին
«Լուցկի» բառը, ինչ անսպասելի երեւոյթ, միջնադարուն յայտնուեցաւ կրօնա-բարոյական գրականութեան մէջ։ Լուցկի բառով մեր վանականները փորձեցին խրատ եւ առաքինութեան պատգամներ տալ։ Ահա 5-13-րդ դարերու փայլատակումներէն քառեակ մը. «Լուցկիք է պոռնկութիւն անշէջ», «Յաւիտենական տանջանացն լուցկի», «Լուցկի բարկութեան իմոյ», «Դիզեցի զլուցկին արբեցութեան»։ Նոյն թուականներուն Մխիթար Այրիվանեցին ըսաւ. «Փուշս դիզեցի լուցկի լրման գեհենին»։ Յիսնամեակ մը յետոյ, Գրիգոր Տաթեւացին գրեց. «Մեղանչեմք առանց ապաշխարութեան, լուցկի առնէ հրոյն»։ Տաթեւացիին կը պարտինք նաեւ հետեւեալ արտայայտութիւնները. «Լուցկիք յաւիտենական հրոյն», «Լուցկի յաւիտենից գեհենին»։
Տասը կայծերը
Չենք գիտեր, թէ ո՛վ էր լուցկի վառած առաջին հայը, սակայն յստակ է բառին արմատը։ «Լուցանեմ» (լուցանել) բայէն կայծ առաւ ան, բուն արմատն է՝ «լոյց», որ, որպէս տասթեւեան աշտանակ, իր տասը բարդ բառերով լուսաւորեց մեր մայրենին։ Այդ լուսատու բառերն են ճրագալոյցը, հրալուցիկը, ջահալուցութիւնը, քանի մը այլ բառեր եւ անշուշտ մեր սիրելի լուցկի բառը։
Մարեցաւ Հայաստանի լուցկին
Լուցկին, լոյսի աղբիւրը եւ Երզնկայ քաղաքի հայոց եկամուտի յոյսը 1881 թուականին մարեցաւ։ Մէկ այլ հանելո՞ւկ է սա։ Չէ, այլ՝ պետական հրահանգ։ Այդ թուականին Երզնկա քաղաքի մէջ արգիլուեցաւ լուցկիի նոր բացուած հայկական գործարանի աշխատանքը՝ այն պատճառաբանութեամբ, որ լուցկիի տուփերը շրջանառութեան դրուած էին «Լուցկիք Հայաստանի» պիտակով։ (Վ. Փափազեան, «Երկեր», հատոր Ա.)
Վարդապետի լուցկիները
Եթէ մանուկ մը լուցկիի հետ խաղայ՝ հրդեհ կ’ելլէ, իսկ եթէ բանասէր վարդապետ մը խաղայ՝ գրական պատկերներ կը ծնին։ Այդ վարդապետը Ղեւոնդ Ալիշանն էր։ Ան նախ բռնկեցաւ համամարդկային սիրով. «Ո՞ր սրտի գլխաւոր լուցկին չէ սէր»։ 1840 թուականին իր ուխտասէր եղբայրներուն ուղղուած քերթուածի մէջ ըսաւ. «Լուցկիս սրտից պարզ ու անպարտ»։ Ուխտակիցներու նուիրուած մէկ այլ քերթուածի մէջ Ալիշանը գրեց. «Իղձ՝ պատարագ, կամք՝ քահանայ, յոյս՝ լուցկի»։ Իսկ Սիսուան աշխատասիրութեան մէջ ան հաստատեց, թէ Phlomis armeniaca բոյսը այդպէս է կոչուած, որովհետեւ՝ «…այսպէս առեալ նախնեաց մերոց ’ի յունականէն, որ թարգմանի բոց, զի զաղուամազ նորին վարէին ՛ի լուցկի»։
Օժիտի լուցկին
«Լուցկի» բառը չեղաւ մշտավառ։ Ան հեղ մը կայծ առաւ, ապա նուաղեցաւ արագօրէն։ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու հայկական գրականութեան մէջ հազուագիւտ է անոր գործածութիւնը. հազիւ քանի մը ակնարկութիւն հոս ու հոն։ Լեւոն Բաշալեանը պատկեր մը կը յօրինէ անոր հետ. «Լուցկի մը կը վառեմ որ իր դէմքը կը լուսաւորէ», Ակնունին Չէչէնստանի Նովոչէրկասկի բանտը կը նկարագրէ «Ցերեկը նոյնիսկ այնքան մութ է, որ իրար ճանաչելու համար՝ բանտարկեալները ստիպուած են լուցկի վառել», իսկ Պոլսոյ մէջ ծնած, Թուրքիոյ առաջին կին լրագրող Էլպիս Կեսարացեանը «Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս» գիրքի մէջ լուցկիի օրինակով կը բացատրէ ընկերութեան կարեւորութիւնը. «Ընկերութիւնը յոյժ օգտակար է՝ իբրեւ լուցկի»։ Լուցկին կարեւոր էր նաեւ մշեցիի համար, քանզի ըստ ազգագրագէտ Երուանդ Լալայեանի Տարօն գաւառի մէջ սովորաբար օժիտի բաղադրիչներէն մէկը կ’ըլլար՝ լուցկին։
Ծերուկը լուցկի չունի
Լուցկի բառը փայլեցաւ նաեւ հայկական զաւեշտական գրականութեան մէջ, ծիծաղելի երեք պատկերներ բոցաւառեցան «լուցկի» բառով։ Մէկը Նշան Պէշիկթաշլեանի հեղինակածն է՝ «Անգլիացի գրող եւ հայ գրող» յօդուածը, ուր գրական ասպարէզ նոր մտած անգլիացին եւ վաստակաշատ Պէշիկթաշլեանը կը համեմատեն իրենց գրիչով ապահովուած եկամուտները։ Նախ անգլիացին կը խօսի. «—Երեք տարի առաջ Լոնտոնի փողոցներուն մէջ լուցկի կը ծախէի ես ու հիմա տարեկան 160,000 կը շահիմ։ Իսկ դո՞ւքե։ Պէշիկթաշլեանը, որ 5,000 չի շահիր, կը պատասխանէ. «—Ես ալ երեք տարի վերջը պիտի պարտաւորուիմ լուցկի ծախել»։ (Պոլսահայ արդի բանաստեղծ Զահրատն ալ որոշած էր նոյն գործով զբաղիլ, կը յիշէ՞ք։ Շրջուն վաճառորդը բանաստեղծութեան մէջ ան գրեց. «Այս եղանակին / երբ աչքը խուլ է պատրանքը պղտոր - / լուցկի կը ծախեմ») Բժիշկ Ռուբէն Սեւակը գաւառէն մեզի փոխադրեց ծիծաղաշարժ երկխօսութիւն մը.
–Թունաւորուե՞ր ես, աղջիկս։
–Այո՚, Տոքթէօր…։
–Ի՞նչ կերար, աղջիկս։
–Հարիւր լուցկի կերայ, Տոքթէօր…։
Մէկ այլ ժպտավառ լուցկի 1680 թուականին վառեց մատենագիր, տաղասաց, Պոլսոյ եւ Երուսաղեմի հայոց պատրիարք Մարտիրոս Ղրիմեցին (նաեւ՝ Կաֆացի)։ Ան մեզի բացատրեց, թէ դժուար է այրի ըլլալ եւ դեռ չմարած կիրքեր ունենալ սրտի մէջ. «Այրի էրէցն է խիստ տրտում, / Զօրն մժխուլ նստի ի տուն, / Այրի, այրի լուցկի չունի։ / Ինքն կէրւի իսկ չէրեւի»։
Եկաւ, վառեց, գնաց
Հայկական մամուլի մէջ «լուցկի» բառը կը բռնկի ու կը մարի։ Դժուար է զայն անմիջապէս ըմբռնել։ Բայց, յարգելի ընթերցող ես յաջողեցայ երեք լուրի խորագիր ապահովել յօդուածիս համար։ Առաջինը Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հրապարակած տեղեկութիւնն է. «Զինուորներն այլեւս ծխախոտ եւ լուցկի չեն ստանայ», իսկ յաջորդները ունին քաղաքական հոտ. «Դուք հանգած լուցկի էք», «Ծառ չկտրել լուցկի շինելու համար»։
Գլխարկով տիկնոջ ծխախոտը
Հանելո՞ւկը կը յիշեցնէք ինծի։ Կարծեմ լուծեցի։ Լուցկիի ցողիկ մը աւելցնել 6-ի աջ ծայրը, որ դառնայ 8, երկրորդ ցողիկը աւելցնել 0-ի փորիկին որ ան ալ դառնայ 8. 8+8=16։ Յարգելի ընթերցող, այս յօդուածն ալ այժմ կը հասնի իր աւարտին ու կը մարի։ Իսկ դուք, բացառապէս պարոնայք, մինչեւ յաջորդ գրութիւնս ձեր բաճկոնի մէջ միշտ պահեցէք տուփ մը լուցկի, նախընտրաբար «Լուցկիք Հայաստանի», որպէսզի փութաք ծունկ-ծունկի դրած գլխարկով տիկնոջ մը ծխախոտը վառելու,- ինչպէս հարկ է ամէն փափկանկատ պարոնի։