ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Յակոբ Անասեան 120 տարեկան

Մօտ յի­սուն տա­րիներ առաջ, եօթա­նասու­նա­կան­նե­րու երկրորդ կէ­սին լսած էի մա­տենա­գէտ Փրոֆ. Յա­կոբ Անա­սեանի անու­նը։

Մե­զի հա­մար հո­գեհա­րազատ աւագ ըն­կերներ Ռո­պէր Հատ­տե­ճեան, Կա­րօ Ար­ման, Մար­տի­րոս Պա­լըք­ճըեան եւ Ար­տա­շէս Հիւ­սիւմեան եր­կիւղա­ծու­թեամբ կը խօ­սէին իր մա­սին։ Այդ եր­կիւղի մէջ կար նաեւ թա­խիծի բա­ժին մը։

Իրա­կանու­թեան մէջ Յա­կոբ Անա­սեան կը յի­շուէր իր որդւոյն, ծա­նօթ եր­գա­հան Հեն­րիկ Անա­սեանի մա­սին զրոյցնե­րու պա­հուն։ Այդ տա­րինե­րուն, ինչպէս պի­տի վկա­յեր հան­րա­ծանօթ սիւ­նա­կագիր Իլ­հան Սել­չուկ, սահ­մա­նակից Խորհրդա­յին Միու­թիւնը «հե­ռու հա­րեւա­ն» էր մեզ՝ թուրքիացի­ներուս հա­մար։ Մա­տով համ­րե­լու չափ քիչ էին այդ առեղ­ծո­ւածա­յին եր­կիր ոտք դնող­նե­րը։ Վե­րեւ նշած­ներս ահա այդ փա­ղան­գին կը պատ­կա­նէին եւ մենք մեծ հե­տաքրքրու­թեամբ իրնցմէ կը լսէինք Խորհրդա­յին աշ­խարհի, յատ­կա­պէս Հա­յաս­տա­նի տպա­ւորու­թիւննե­րը։

Անոնք Հեն­րի­կը կը նկա­րագ­րէին շէն­շող ու զո­ւարթ յատ­կա­նիշով, ըն­կե­րական ջեր­մե­ռան­դութեամբ։ Ապա կ՛ափ­սո­սային թէ ան ար­տա­գաղ­թած է Միացեալ Նա­հանգներ, Լոս Ան­ճե­լես։ Այդ ափ­սո­սան­քը կը հաս­ներ նաեւ Յա­կոբ Անա­սեանին, որ յա­ռաջա­ցած տա­րիքին ինք ալ ճա­րահատ կեր­պով հե­տեւած էր որդւոյն որո­շու­մին։

Այս բո­լորը վեր­յի­շեցի, քա­նի մը օրեր առաջ «Աս­պա­րէզ» թեր­թի էջե­րէն կար­դա­լով Հեն­րիկ Անա­սեանի յօ­դուա­ծը, որ ձօ­նուած էր մեծ մա­տենա­գիրի ծննդեան 120- ամեակին։

Որ­քան բախ­տա­ւոր ենք որ մեր կեան­քի ճա­նապար­հը խա­չաձե­ւուե­ցաւ Հեն­րիկ Անա­սեանի հետ, Սա­յաթ Նո­վա երգչա­խումբի շնոր­հիւ։ Մեր առա­ջին հան­դի­պու­մը կա­յացաւ սի­րելի Մար­տի­րոս եւ Տի­րու­հի Պա­լըք­ճեան­նե­րու տու­նը։ Հեն­րիկ Հա­յաս­տա­նէ վե­րադար­ձին այ­ցե­լած էր իրենց։

Յա­ջոր­դող ժա­մանա­կին ըն­կերնե­րու հետ խորհրդակ­ցե­լով որո­շեցինք զինք հրա­ւիրել Պո­լիս, հե­ղինա­կային հա­մեր­գի մը հա­մար։ Այդ հրա­ւէրը երա­նելի ապ­րումնե­րու առիթ դար­ձաւ։ Ամիս­ներ տե­ւող տքնա­ջան աշ­խա­տան­քէ ետք վեր­ջա­պէս պատ­րաստ էինք բեմ բարձրա­նալու։ Նա­խապէս ժո­ղովրդա­կան գոր­ծիքնե­րու նո­ւագակ­ցութեամբ եր­գած էինք, բայց այս ան­գամ նոր մար­տահրա­ւէր մըն էր շուրջ 40 ան­դամնե­րէ բաղ­կա­ցած սիմ­փո­նիք նո­ւագա­խումբի ըն­կե­րակ­ցութեամբ եր­գել։

Ինչպէս միշտ եղած է, մեր սի­րողա­կան խումբը ան­գամ մը եւս յաղ­թա­նակով դուրս եկաւ իր առաջ դրած դժո­ւարին գոր­ծէն։

Այդ ոգե­ւորու­թեամբ ձեռ­նարկե­ցինք երկրորդ ծրագ­րի մը իրա­կանաց­ման։ Այս ան­գամ պի­տի յի­շատա­կէինք մեծ եր­գա­հան, Խորհրդա­յին Միու­թեան բո­վան­դակ տա­րած­քին «եր­գի- պա­րի հա­մոյ­թ» ձե­ւաչա­փի հնա­րիչ Թա­թուլ Ալ­թունեանի ծննդեան դա­րադար­ձը։

Հեն­րիկ կրկին ան­գամ այ­ցե­լեց Պո­լիս։ Սա­յաթ Նո­վա Երգչա­խումբը կրկին ան­գամ ապ­րե­ցաւ մեծ ոգե­ւորու­թեամբ ըն­թա­ցող փոր­ձե­րու շրջա­նը։ Կրկին ան­գամ հան­դի­սատե­սին ներ­կա­յացանք ար­դար հպար­տութեամբ։

Երա­նու­թեամբ կը յի­շէնք ան­ցեալի այդ ապ­րումնե­րը, որոնք ներ­կայ դրու­թեամբ անե­րեւա­կայե­լի երա­զան­քի մը վե­րածուած են։

Իրաւ ալ ներ­կայ պայ­մաննե­րը որ­քան մեծ նա­հան­ջի մը պատ­ճառ դար­ձան պոլ­սա­հայ ըն­կե­րային կեան­քէ ներս։