Վերջին զարգացումները
Plaudite, amici, comedia …nita est. Ծափահարեցէ՛ք, ընկերներ, կատակերգութիւնը վերջացաւ։ Երգահան Լ. Վ. Պեթհովենի վերջին խօսքը յիշեցի, երբ վերջին օրերուն, խաղաղութեան եւ սահմանագծման վերջին բանակցութիւններու, ինչպէս նաեւ՝ երեւանեան վերջին ցոյցերու լուրերը կը հասնէին գաղութիս մամուլին… Ապա, տարեվերջի աւանդական «Վերջին Զանգ» հանդէսի պարի փորձի համար գացի մեր դպրոցի հանդիսասրահը եւ աշակերտներուն տուի վերջին քաջալերանքը։ Որոշեցի. պէտք է գրել «վերջ» բառի առաջին պատմութիւնը, անոր առաջին յաջողութիւնները եւ վերջապէս մէջբերել՝ «Վերջին Զանգ» երգի յուզիչ խօսքերը։
Ծաղիկի վերջին բոյրը
Վերջին անգամ, յարգելի ընթերցող, ե՞րբ կարդացիք Վահան Տէրեանը։ Մի գուցէ չէք յիշեր թէ երբ այդ գիրքի տողերը տխրութիւն տուին ձեզի եւ պատճառ եղան որ դուք վերջին սիրոյ ետեւէն արցունքոտուիք, բայց մի տրտմիք, վերջերս ե՛ս թերթեցի բանաստեղծի «Մթնշաղի անուրջներ» ժողոուածուն, եւ նկատեցի թէ տղան քսանմէկ անգամ գրեր է իր «վերջին» սէրը, ցաւը, աղօթքը, լոյսը։ Դժուար էր ընտրութիւն մը կատարել։ Նախ թիւը 15-ի նուազեցուցի։ Իսկ վերջնական ցանկի վրայ մնաց հետեւեալ եօթն։ Առաջին երեքի մէջ տղան կը փորձէր սիրոյ եւ կեանքին կառչիլ. «Վերջալոյսին մի օր, օ՜, մի օր… / Բացուէինք իրար խօսքերով չնչին», «Վերջին աղօթքիս խօսքը մի՚ մերժիր», «Խենթ հեկեկանքով դռներն եմ թակում, / Քո փակ դռները անվերջ ու անվեր Աւա՜ղ», Տէրեանը մնաց յուսալքուած եւ ուժասպառ. «Անվերջ մի ցաւ է իմ սիրտը ճնշում», «Իմ անվերջ ճամբի տանջանքից յոգնած՝ / Ես ննջել էի ոսկեղէն արտում»։ Լոյսի կարօտով ան մտածեց յաւերժ հեռանալ. «Ինձ թաղէք, երբ կարմիր վերջալոյսն է մարում»։ Ապա, Տէրեանը ըսաւ իր հրաժեշտի խօսքը. «Հիւանդ քնքշութեամբ երկինք է պարզում. / Մեռնող ծաղիկը իր բոյրը վերջին»։
Առաջին «վերջին»ը
Մեր առաջին «վերջին» բառը 5-րդ դարուն յայտնուեցաւ։ Հայերս երբ Գիրքը թարգմանեցինք, զարհուրանքով կարդացինք նախապէս չլսուած արտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Վերջին օր», «Վերջին աղէտ», «Վերջին ծով»… Ապա Յիսուսը, Նոր Կտակարանի վերջին գիրքի՝ Յովհաննու Յայտնութեան մէջ ըսաւ. «Ես եմ Ալփա եւ Ով, Սկիզբն եւ Կատարած, Առաջին եւ Վերջին», (22։13)։ Յովհաննէսը իր աւետարանի մէջ գրի առած էր նաեւ՝ «Ամէն ինչ կատարուած է», (19։30)։ Սա խաչի վրայ Փրկչի շրթունքէն հնչած վերջին արտայայտութիւնն էր։ Ապա հայը կարդաց Նարեկացիի Մատեանը. «Պաղատիմ վերջին հեծութեամբս», «Վերջինն համբուրեցի դառնութիւն»։ Բանաստեղծ վարդապետը նոյն գիրքի մէջ հայոց լեզուին պարգեւեց այլ «վերջին» այտայայտութիւններ, ինչպէս՝ «Վերջին հատուցում», «Վերջին պարտաւորութիւն», «Վերջին շունչ» եւ «Վերջին դատակնիք»։ Իսկ բազմաթիւ այլ վանական հայրեր իրենց գրի առած յիշատակարաններու վերջաւորութեան Աստուծոյ փառք կու տային, որ գործը իր աւարտին հասեր է։ Անոնցմէ մէկն էր Նախիջեւանի Կուքի վանքի Դանիէլ գրիչը, որ 1358ին գրեց. «Ետ (տուաւ) զօրութիւն՝ Դանիէլի հասանել ի վերջին գիծ տառիս», կամ՝ Տէրտէր Երեւանցին, որ 1336 թուականին Ղրիմի մէջ Վարդան Այգեկցիի առակները գրի առաւ. «Ետ կարողութիւն նուաստութեանս իմոյ հասանիլ ի վերջին գիծ երգոյս Վարդան վարդապետի»։ Միջնադարու ճգնաւորը, յիշէնք, թէ իրենք զիրենք կը դասէին մեղաւորներու առաջին, իսկ ծառայողներու վերջին կարգի մէջ. «Զվերջինս ի սպասաւորաց բանի, եւ զառաջինս ի մեղաւորացն կարգի», գրիչ Իսրայէլ, 1331, Թաւրիզ։
Վերջ տանք
«Վերջ»ով սկսող կամ վերջացող հայերէն բառերու ցանկը, ինչպէս կռահեցիք, անվերջ է։ Զմայլելի հարստութիւն… Ծովափին՝ վերջալոյս, համերգին՝ վերջանուագ, հրահանգներուն՝ վերջնաժամկէտ, մեղեդիներուն՝ վերջնահնչիւն, իսկ տարածքի մէջ՝ վերջնասահման։ Բառը ունի նաեւ փոխաբերական իմաստներ։ «Վերջ» բառը հետեւանք է, «Աղուէսի վերջը մուշտակի խանութն է», մահ է, «Վերջդ հասաւ», սպասման կարգի, շարքի վերջին մարդն է. «Վերջինը ո՞վ է»։ Կան նաեւ դարձուածքներ։ Հայը գործ մը ձեռնարկելու ժամանակ կ’ըսէ «վերջը բարի ըլլայ», խօսքէն խուսափելու համար կ’աճապարէ՝ «վերջը կ’ըսեմ», իսկ երբ զայրացաւ՝ կը դադրեցնէ, կը կործանէ ամէն բան՝ «վերջ կը դնէ» իր աշխատանքին։ Կը յիշէ՞ք, Յովհաննէս վանահայրը, Հին Աստուածներ թատերախաղի «մեծամիտ» ու «գոռոզ» մարդը, ի՞նչ պատասխան տուաւ Մարիամին, երբ իշխանուհին փորձեց զայն համոզել, թէ իրենց մէջ սիրոյ կապ մը կայ. «ԻՇԽԱՆՈՒՀԻՆ – Ոչ, կ՚ըսեմ քեզի, չմարեցան այդ կայծերը։ Աշխատեցար, որ մարես, աշխատեցար, որ խաբես քեզի, օրօր ըսիր հոգիիդ ու համոզեցիր քեզի, թէ մարեր ես, բայց չմարեցիր։ Չէիր կրնար։ ՎԱՆԱՀԱՅՐԸ – Վերջ տանք։ Ի՞նչ միտք ունի այդ հին ու մարած մոխիրը խառնելը»։ Մէկ այլ արտայայտութիւն՝ քաղաքիս մէջ ամէն տարի հոծ բազմութիւն մը կը քալէ գոչելով՝ «Պայքար, պայքար մինչեւ վերջ»։
Վերջին զոհը
Հայաստանի Ազգային գրադարանը, յարգելի ընթերցող, հրատարակած է հայկական բոլոր գիրքերու անուանացանկը։ Նկատեցի զարմանալի վիճակագրութիւն. Իր անունի մէջ «վերջ» բառը պարունակող հայկական գիրքերու 50 տոկոսը լոյս տեսած է Շուշի եւ Պաքու քաղաքներու մէջ- անշուշտ կային նաեւ Պոլիսը, Զմիւռնիան, Տրապիզոնը։ Որոշեցի օրուայ վերջին ժամուն չալարիլ եւ անոնց անունները այս վերջին տողերուս մէջ մէջբերել։ Սկսիմ Պաքու քաղաքով, 1890-1910 թուականներ. «Վերջին դաս», «Վերջին երգեր», «Լեհաստանի հայերի պատմութեան վերջին երեսը», «Վերջին օրերս Սախալինում», «Մարիանայ- Դրամա 3 գործողութեամբ եւ վերջաբանով»։ Շուշին՝ մէկ այլ պատմութիւն։ 1830-1915 թուականներ. «Ժամանակի վերջն», «Խենթը- Արկածներ վերջին ռուս-թուրքական պատերազմից», «Կեանքի դերասանի վերջին խոստովանքը», «Վերջին զոհը»։ Կարդալու եւ վերլուծելու արժանի գտայ նաեւ հետեւեալ գիրքերը. 1860-1913 թուականներ. «Հերոսը- Մի արկած Զէյթունի վերջին ապստամբութիւնից», Ռուսչուկ, «Պատմութիւն Զէյթունի եւ վերջի պատերազմին որ տեղի ունեցաւ 1895-ին», Կ. Պոլիս, «Քօղազերծում կամ Տրապիզոնի ազգ. վերջին անցուդարձերը», Տրապիզոն, «Վերջին վէրքեր Ղարաբաղի անցեալից, առաջին մաս», Թիֆլիս, «Երուսաղէմի վերջին դէպքերը- Վանքը, Միաբանութիւնը», առանց տպագրական տեղի, «Էլիզա կամ վերջին արեւելեան պատերազմի ժամանակ տեղի ունեցած իրական դէպ մը», Զմիւռնիա։
Վերջին ուսուցիչը
20րդ դարու երկրորդ կէսին հայրենի գրականութեան մէջ լսեցինք Համօ Սահեանի ձայնն ու իմաստութիւնը. «Ամենավերջին վերջինն եմ եղել / Եւ սպասում եմ վերջնական վերջին»։ Խորհրդաւոր էին այս խօսքերը։ Բանաստեղծը շարունակեց. «Ամենավերջին ակնթարթը ես, / Ամենավերջին սահմանի վրայ»։ Իսկ օր մը Սահեանը համամարդկային անձնուիրութեամբ գրի առաւ «Կը գամ» բանաստեղծութիւնը. «Եթէ մինչեւ անգամ… / Վերջին յոյսդ քամին առած-տարած լինի, / Առանց լոյսի կը գամ»։ Այդ օրերուն մայրաքաղաքի մէջ լոյս տեսաւ գիրք մը, որ հինգ տասնամեակ վերջ շարժանկար պիտի դառնար. Վարդգէս Պետրոսեանի «Վերջին ուսուցիչը» վիպակն էր ան։ Կը յիշեմ, Լուսիկը, այդ հէքիաթի աշակերտ-կերպարներէն մէկը ուսուցիչ Մամեանին ըսաւ. «Դուք մեր վերջին ուսուցիչն էք»։ Մամեանը պատասխանեց. «Վերջին ուսուցիչ չի լինում»։
Վերջին մայրաքաղաքի երգը
Այս գիշեր ուզեցի հայկական երգերու «վերջին» հնչիւնը լսել։ Իմաստուն էին անոնք. «Շատ մի ատի, գիտե՞ս, վերջում սիրել կայ / Ասի՝ շատ մի՛ սիրի, վերջում ատել կայ», Գուսան Շահէն։ Յուսալի էին անոնք. «Ձախորդ օրերը ձմռան նման կու գան ու կ’երթան, / Վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կու գան ու կ’երթան», աշուղ Ճիւանի։ Խրատական էին անոնք. «Ինչ բան սկիզբ ունի՝ վերջ էլ կ’ունենայ, / Ոչ ոք մնալու չէ միշտ շքեղ, սոխակ», դարձեալ Աշուղ Ճիւանի։ Իսկ, երաժիշտ, երգիչ, բանաստեղծ, նկարիչ, «Առաքեալներ» ռոք խումբի հիմնադիր եւ երեք տարի Երեւան քաղաքի գլխաւոր ճարտարապետ Արթուր Մեսչեանը 2010 թուականին ահազանգող երգ մը հրապարակեց՝ «Ահա եւ վերջ»։ Անոր խօսքերը զգուշացնող էին եւ սթափեցուցիչ. «Վերջ յարաժամ եւ յարատեւ, / Իբրեւ վերջին փակուող մի էջ, / Եւ վերադարձ չկայ արդէն։ / Օ՜ հարազատ, խզուած ձայներ, / Դու իմ վերջին, վերջին աղօթք, / Բանտուած հոգու արուարձաններ, / Շղթայակիր ու մենաւոր։ / Ահա եւ վերջ… / Օ՜ անաւարտ, վերջին իմ երգ, / Դու իմ վերջին մայրաքաղաք»։
Հնչեց վերջին անգամ
Թամզարա պարի փորձը վերջացաւ։ Աշակերտները որոշեցին հանդիսասրահի պատի վրայ «Վերջին Զանգ» երգի բառերը եւ «Վերջին Ուսուցիչը» վիպակէն մէջբերումներ գրել։ Այժմ նաեւ իր վերջին տառին հասաւ յօդուածս։ Վերջակէտ մը չէ սա։ Շաբաթ մը վերջ կը ծրագրեմ նոր յօդուածով ձեզի ներկայանալ, մինչեւ այն ժամանակ վայելենք Թաթա Սիմոնեանի երգը.
Ու հնչեց զանգը հնչեց
Ու հնչեց վերջին անգամ
Վերջին ծաղիկներով
Մի քիչ թաց աչքերով
Կարօտելու եմ ես
Դպրոցն ու բոլորին
Բայց ինչ արած
Մնաք բարով…