ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ասուլիս

Հայե­րէնի բառ ար­տադրե­լու ճկու­նութեան հրա­շալի նմոյշնե­րէն մէկն է ասու­լի­սը։ Բա­ռը կազ­մո­ւած է ասել ու լսել բա­յերու մէկ­տե­ղու­մով։ Ըստ երե­ւոյ­թի ներ­կայ ժա­մանակ­նե­րուն քա­ղաքիս հայ հա­մայնքի ամե­նաշատ կա­րիք զգա­ցած երե­ւոյթն է ասու­լի­սը։ Եթէ ասո­ղին դի­մաց լսող կը բա­ցակա­յի կամ հա­կառա­կը լսո­ղը չի տես­ներ ասո­ղին, գոր­ծերն ալ ինքնա­բերա­բար անե­լի կը մատ­նո­ւին։ Եթէ դի­տենք մեր շուրջ ծա­ւալող խնդիր­նե­րը, դիւ­րաւ կը նշմա­րենք ասու­լի­սի բա­ցակա­յու­թիւնը։

Գումգա­բուի Աթո­ռանիստ Մայր Եկե­ղեց­ւոյ թա­ղակա­նու­թիւնը ի՞նչ ըսաւ որ չի լսեց գոր­ծա­տէր Նո­րայր Իշ­լեր։ Կամ ընդ հա­կառա­կը վար­ձա­կալ Նո­րայր Իշ­լեր ի՞նչ ըսաւ որ չի լսեց տա­նու­տէր թա­ղակա­նու­թիւնը։

Վստա­հաբար եր­կու կող­մերն ալ ու­նին իրենց դիր­քը ար­դա­րաց­նող պատ­ճառներ։ Բա­ցակա­յողը ասու­լիսն է պար­զա­պէս։

Ասու­լի­սի բա­ցակա­յու­թեան պա­րագա­յին կող­մե­րը դի­մած են դա­տարան եւ դա­տական մար­մի­նը ան­տե­սելով մարդկա­յին, բա­րոյա­կան կամ հո­գեւոր բո­լոր նրբե­րանգնե­րը, խնդի­րը դի­տած է լոկ օրէնսգիր­քի հրա­մայա­կան­նե­րու չա­փանի­շով, որուն ար­դիւնքին գո­յացա­ծ է դժո­ւար յաղ­թա­հարե­լի փոր­ձանք մը։ Ահ­ռե­լի գու­մարներ կը պա­հան­ջո­ւի եկե­ղեց­ւոյ վար­չութե­նէն, որուն դէմ առար­կե­լը իսկ ծանր հա­տու­ցումով մը պի­տի սկսի։

Մինչդեռ եթէ կող­մե­րը բա­րեացա­կամու­թեամբ ըսէին իրենց խօս­քը եւ նոյնպէս բա­րեացա­կամու­թեամբ լսէին, մի­գու­ցէ ամէն ինչ կար­գին կը բե­րուէր առանց այս փո­թորի­կին առիթ տա­լու։

Շատ տար­բեր չէ Մխի­թարեան վար­ժա­րանէ ներս ծա­ւալող ան­հա­մաձայ­նութիւ­նը, որ հա­սած է դպրո­ցի հաշ­ւոյն ճգնա­ժամի մը մա­կար­դա­կին։ Խնա­մակալ­ներ իրենց որո­շու­մը ար­դա­րաց­նող բա­ցատ­րութիւննե­րը կը պար­զեն բո­լորին, բա­ցի խնդրին բուն են­թա­կանե­րէն, այ­սինքն տնօ­րէն­նե­րէն եւ ու­սուցիչ­նե­րէն։

Այս վեր­ջիններն ալ իր կար­գին կը դժուարա­նան իրենց խօ­սակից­նե­րուն հետ լե­զու գտնե­լու։

Ինչպէս վե­րեւ ալ նշե­ցինք ասու­լի­սը իմաստ կը ստա­նայ, երբ բա­րեացա­կամու­թիւն կը տի­րէ։ Այդ բա­րեացա­կամու­թեան չգո­յու­թեան դէպ­քին ան­գոյ կը դառ­նայ նաեւ թա­փան­ցի­կու­թիւնը։

Հա­կադ­րո­ւած կող­մե­րը ասե­լը կը վե­րածեն պար­տադրե­լու, իսկ դի­մացինն ալ լսե­լու փո­խարէն կը նա­խընտրեն մեր­ժումը։

Չա­րիք­նե­րը կը ծնին թա­փան­ցի­կու­թեան բա­ցակա­յու­մէն։

Աւե­լի յստա­կեց­նե­լու հա­մար խօ­սինք անուննե­րով։ Մխի­թարեան Վար­ժա­րանը ուսման վե­րել­քի շրջան մը կը բո­լորէ տնօ­րէն­նե­րու եւ ու­սուցիչ­նե­րու ջան­քե­րուն շնորհելով։ Սոյն յա­ջողու­թեան զու­գա­հեռ կան թե­րացու­մի պատ­կերներ ալ։ Օրի­նակի հա­մար հայ վար­ժա­րանին 12-րդ դա­սարա­նը աւար­տող աշա­կեր­տի մը հա­յերէ­նով եր­կու նա­խադա­սու­թիւն իսկ կազ­մե­լէ ան­կա­րող ըլ­լա­լը բա­ցատ­րութեան կա­րօտ թե­րացում մըն է։

Բայց եկէք խոս­տո­վանինք որ այս թե­րացու­մը կա­րելի չէ դպրո­ցի վար­չութեան ուղղեալ հա­լածան­քով վե­րաց­նել։

Միւս կող­մէ իբ­րեւ հա­մակար­գող տնօ­րէն ներ­կա­յացող Ար­մէն Սա­րու­հա­նեան հա­մայնքէ ներս շատ սի­րուած ու­սուցիչ մը ըլ­լա­լով ծա­նօթ է բո­լորին։

Յա­ջող տնօ­րէն­նե­րը եւ սի­րուած ու­սուցի­չը իրա­րու հա­կադ­րո­ղը անոնց հան­դի­պու­մը իրա­ւասու­թիւննե­րու ոտնձգու­թեան մատ­նող ան­ճա­րակու­թիւնն է։

Վստա­հաբար պի­տի յաղ­թա­հարենք այս դժո­ւարու­թիւնն ալ, բայց երա­նի այդ յաղ­թա­նակի պա­հուն վնաս չի պատ­ճա­ռենք մեր լաւ պատ­րաստո­ւած կրթա­կան մշակ­նե­րուն։ Այս ալ իր կար­գին վար­չա­յին յա­տուկ գի­տակ­ցութիւն կը պա­հան­ջէ։

Վեր­ջին տա­րինե­րը շատ լուրջ դա­սալ­քութեան պատ­ճառ դար­ձած են մեր ըն­կե­րային կեան­քէ ներս։ Ան­ցեալին սա­նուց միու­թիւնը իր դրա­կան մի­ջամ­տութիւ­նով ապա­հոված էր վար­ժա­րանի յա­րատե­ւու­թիւնը։

Իսկ ա՞յժմ։

Ասո­ղին լսող է պէտք, լսո­ղին ալ ասող։