ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Ծունկ

Ան­կա­նիմք առա­ջի քո

Ին­չո՞ւ ծունկի կու գայ հա­յը։ Որո՞ւն առ­ջեւ ծունկի կ’իջ­նէ այս բա­րեպաշտ ազ­գը։ Այս հար­ցումնե­րը ան­դա­դար կ՚ոլոր­տին մտքիս մէջ, երբ ամէն օր, մերթ զար­հուրե­լով մերթ հիացու­մով կը կար­դամ հա­յու եւ Հա­յաս­տա­նի վե­րաբե­րող լու­րեր։ Որ­պէսզի ե՚ս խա­ղաղիմ, որո­շեցի հա­յոց մայ­րե­նիի գրա­կան էջե­րուն առ­ջեւ ծունկի գալ եւ որո­նել ճշմար­տութիւ­նը, թէ առա­ջին եւ վեր­ջին ան­գամ հա­յը ե՚րբ ծունկի եկեր է, ո՚վ էր այդ սի­րելին որուն հետ ծունկ ծունկի զրու­ցեր ենք, ո՚ր օրիոր­դի­կը ծունկ ծունկի վրայ դրած՝ պա­տու­հա­նին առ­ջեւ ծա­մոց ծա­մելով եկող-գա­ցողը դի­տեր է, ո՚ր բա­նաս­տեղծի յոգ­նած ծունկե­րը թու­լա­ցեր են, կամ՝ ո՚ր ալե­ւոր հայ­րը ծնկա­չոք աղօ­թեր է իր ազ­գի հա­մար, աշ­խարհի հա­մար։ Այժմ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կ’առա­ջար­կեմ ականջ տալ, կամ՝ խո­նար­հիլ «ծունկ» բա­ռի յոգ­նա­ջան պատ­մութեան առ­ջեւ։

Գրի­գորը ծունկի եկաւ

Առա­ջին ան­գամ ո՞վ ծու­նկի եկաւ եւ հա­յուն օրի­նակ եղաւ որ ազգն ալ ծունկի գայ… Պա­տաս­խա­նը գտայ «Հա­յաս­տա­նի աշ­խա­տաւո­րու­հի» թեր­թի Մա­յիս 1992-ի թի­ւին մէջ։ Յօ­դուած մէն էր ան, խո­րագի­րը՝ «Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեցու պատ­մութիւ­նից», որ մե­զի բա­ցատ­րեց. «Ճա­նապար­հին նրան դէմ հան­դի­ման դուրս եկաւ Տրդա­տը մերկ ու խայ­տա­ռակ վի­ճակում, խո­զային բնու­թեամբ դի­ւոտած։ Եւ Գրի­գորը, կառ­քից իջ­նե­լով ծնկի եկաւ ու աղօ­թեց»։ Այ­նուհե­տեւ հա­յը, - ի նշան յար­գանքի, խո­նար­հութեան եւ եր­կիւղի, - սկսաւ ծնկնիլ։ Դար մը յե­տոյ թարգմա­նեցինք Գիր­քը եւ կար­դա­ցինք «ծունկ» բա­ռի հայ­կա­կան առա­ջին գրա­կան երեք ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «Ծունկք իմ տկա­րացան», «Ամե­նայն ծունր կրկնես­ցի» եւ «Խո­նար­հե­ցու­ցեալ զծունկս՝ եր­կիր պա­գին տեառն եւ ար­քա­յի»։

Մե­ղաւո­րի ծունկը

Միջ­նա­դարուն «ծունկ» բա­ռը գրե­թէ միշտ յի­շուե­ցաւ մեղ­քի, յան­ցանքի եւ ար­տա­սու­քի հետ։ Կ’երե­ւի այնքան մե­ղաւոր էր հա­յը, պէտք էր մշտնջե­նապէս մնար ծունկի վրայ ու պա­ղատէր։ Յա­ջորդ ան­գամ, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ ճամ­բորդէք Հա­յաս­տան, գա­ցէք Գե­ղարդ եւ հոն, բարձրա­դիր ժայ­ռե­րու քա­րայ­րի մէջ երա­ժիշտ րա­բու­նա­պետ Մխի­թար Այ­րի­վանե­ցիի ճգնա­րանը, ուր վա­նական հայ­րը մէ­կու­սա­ցուած՝ յօ­րիներ է «Սիրտ իմ սա­սանի» հո­գեւոր եր­գը եւ ծնկա­չոք ըսեր է. «Տէրն ամե­նի, նմա առա­ջի ի ծունկս ան­կա­նի»։ Հայ վա­նական գրա­կանու­թեան մէջ յա­ճախ կը հան­դի­պինք նման ար­տա­յայ­տութիւննե­րու։ Կը յի­շէ՞ք, 10-րդ դա­րուն Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին իր Մա­տեանի մէջ գրած էր ծունկ բա­ռի վե­րաբե­րեալ պատ­կե­րաւոր քա­նի մը խօսք «Ծունր գո­հու­թեան», «Ծունր երկրպա­գու­թեան», «Ծունր պա­ղատա­նաց», «Ծունր բա­րերա­րիդ քաղցրու­թեան»։ Մէկ այլ վա­նական իր գրած յի­շատա­կարա­նի մէջ լա­լով ըսաւ. «Լա­լագին դի­մօք ի ծունկս ան­կեալ»։ Կոնստան­դին Երզնկա­ցին, որ բո­լորիս յայտնի է իր սի­րային քաղցր տա­ղերով, ծե­րու­թեան օրե­րուն յոգ­նած, իր խօս­քով՝ «դառ­նա­ցած» տրտունջ յայտնեց. «Արդ ես տկար հի­ւանդ հո­գով դառ­նա­ցեալ մե­ղաց լե­ղով՝ ծունկս ան­կեալ ար­տա­սուե­լով»։ Մէկ վաս­տա­կաշատ վար­դա­պետ էր Խրի­մեան Հայ­րի­կը, որ «Հրա­ւիրակ երկրին աւե­տեաց» եր­կին մէջ նկա­րագ­րեց իր ծունկե­րը. «Ծունկս խո­նար­հեալ»։ Իսկ Հայր Օհա­նը, Աղաւ­նու վան­քի սուրբ, ար­դար, ալե­ւոր հայ­րը ի՞նչ ըրաւ, երբ Թի­մու­րի հա­լածանքնե­րու օրե­րուն՝ հա­զար-հա­զար հա­յեր իր աղօթ­քով աղաւ­նի դար­ձած դուրս ելան վան­քի բաց պա­տու­հաննե­րէն։ Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը նկա­րագ­րեց այդ յու­զիչ պա­հը. «Ու հի­մի վան­քում էլ չկայ ոչ ոք, / Ինքն է աղօ­թում մե­նակ, ծնկա­չոք»։

Ծա­ռայա­սէր ծունկի ծնունդը

«Ծունկ» բա­ռը, ինչպէս մեր մարմնի ծունկը, ծա­ռայա­սէր է եւ այդ պաշ­տօ­նը կը կա­տարէ լռե­լեայն։ Դա­րերու ըն­թացքին բառս հա­մես­տօ­րէն եղեր է պատ­կե­րաւոր ար­տա­յայ­տութիւննե­րու եւ դար­ձո­ւածքնե­րու ծնրա­դիր ծա­ռան։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ. հա­յը իր սի­րածի եւ սրտա­կիցի հետ կը նստի «ծունկ ծունկի», պար­տա­ճանաչ կ’ըլ­լայ «ծունկ խո­նար­հած», կը խնդրէ, կ’աղօ­թէ, կը զղջայ եւ կը խոս­տո­վանի «ծնրադ­րած», ու­ժասպառ կ’ըլ­լայ «ծունկե­րը թու­լա­ցած», կրտսե­րին կը նստեց­նէ իր «ծունկի մօտ», կը հե­ծեծէ եւ վիշ­տով կու լայ «ծունկե­րը ծա­լուած», յաղ­թա­նակի ժա­մանակ իր թշնա­միին «ծունկի կը բե­րէ», իսկ հա­յու­հին ծնունդ կու տայ եւ հաց կը թխէ «ծունկե­րը գե­տին զար­կած»։ Այս խօս­քե­րը, յար­գե­լի ըն­թերցող ձեզ կը վստա­հեց­նեմ, թէ իրենց ար­ժա­նի տե­ղերը գտած են հայ­կա­կան ըն­տիր գրա­կանու­թեան մէջ։ Այժմ նստինք մեր գրա­կանու­թեան ծունկի տակ եւ վա­յելենք անոր հէ­քիաթ­նե­րը։

Փա­ռան­ձե­մը ծունկե­րը ծե­ծեց

Ո՞վ կրնար մտա­ծել, թէ «ծունկ» բա­ռը օր մը պի­տի դառ­նար՝ քնա­րական, - չէ՞ որ ան յա­ճախ ցա­ւերու ալ աղ­բիւր է։ Սա­կայն, 19-րդ դա­րու մեր գրիչ­նե­րու երե­ւակա­յու­թեան շնոր­հիւ՝ բառս հայ­կա­կան ըն­տիր գրա­կանու­թեան ան­դամնե­րէն մէ­կը դար­ձաւ։ Առա­ջին շնոր­հը կա­տարեց Աւե­տիք Իսա­հակեանը։ Աբու Լա­լա Մա­հարի քեր­թո­ւածի մէջ ուղտե­րու քա­րաւանն էր ծունկի եկած. «Քա­րաւա­նը Աբու-Լա­լայի Արաբստա­նի մեծ անա­պատի դար­պասնե­րի մօտ ծունկ իջաւ յոգ­նած»։ Այդ օրե­րուն վի­պագիր Մու­րա­ցանը մե­զի նկա­րագ­րեց մօր առ­ջեւ ծունկի գա­լու յու­զիչ պատ­կեր մը. «Օ՜հ, մայր իմ , մայր իմ, նե­րիր ինձ, ես յան­ցա­ւոր եմ քո առաջ, -աղա­չաւոր ձայ­նով մօ­տեցաւ դէ­պի նրան Ամա­լիան եւ ծունկ չո­քեց մօր առաջ»։ Գա­րեգին Սրո­ւանձտեան­ցը նկա­րագ­րեց, թէ հայ ուխտա­ւորը ինչպէ՚ս թուխ մա­նուկ մը կ’այ­ցե­լէ. «Կ՚եր­թան բա­րեպաշտ կա­նայք եւ ցա­ւագար կամ ախ­տա­ւոր ան­ձինք՝ ձէթ եւ մոմ վա­ռելու խունկ ծխե­լու՝ ծունկ դնե­լով»։ Թուխ մա­նուկ սրբա­տեղիի մէջ ի՞նչ կ’ընեն ուխտա­ւոր­նե­րը։ Թու­մա­նեանը տե­սաւ եւ գրեց. «Ու ծունկ են չո­քում, օրհներգ են եր­գում»։ Բա­նաս­տեղծը նաեւ նկա­տեց, թէ գե­տերն ալ ծունկի ծալ­քեր ու­նին. «Հաստ փչա­կաւոր ու­ռե­նու մօտ՝ առուն ծունկ էր տա­լիս»։ Սա բա­նաս­տեղծ, ար­ձա­կագիր Խա­չիկ Հրա­չեանի խօսքն է։ Հա­յը ու­նի մէկ այլ սո­վորու­թիւն. «ծունկ ծե­ծել»։ Թէեւ շատ մայ­րեր այդ արա­րողու­թիւնը կա­տարած կ’ըլ­լան, յա­ճախ անհնա­զանդ զա­ւակի պատ­ճա­ռով, սա­կայն բո­լորը գրա­կան էջե­րու մէջ չեն յայտնո­ւիր, լոկ լսե­լի կ’ըլ­լան դրա­ցինե­րու կող­մէ։ Բայց Փա­րան­ձե­մի ծունկե­րը յա­ւերժ լսե­լի մնա­ցին այն օրը, երբ Դե­րենիկ Դե­միր­ճեանը գրեց՝ «Փա­ռան­ձե­մը ծնկնե­րը ծե­ծեց յու­սա­հատ»։ Վա­նի մէջ ծնած, տե­ղի ծխա­կան, Վա­րագայ ժա­ռան­գա­ւորաց եւ Հայ­կա­զեան կեդ­րո­նական վար­ժա­րան­նե­րու մէջ ու­սում առած Մկրտիչ Խե­րանեանն ալ պատ­մեց Ծո­վինա­րի պատ­մութիւ­նը. «Զար­կեց Ծո­վինարն իր ծունկը գե­տին ու ծնեց եր­կու տղայ ոս­կե­ծամ»։ Դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, Ազ­գա­յին Գրա­դարա­նի պա­հեստնե­րու մէջ «ծունկ» բա­ռով անո­ւանո­ւած գի՞րք կը փնտրէք։ Խնա­յեցէք ձեր ժա­մանա­կը, քան­զի հայ­կա­կան գրատ­պութեան պատ­մութեան մէջ միայն մէկ հա­տոր լոյս տե­սեր է, որուն խո­րագի­րի մէջ կայ «ծունկէ բա­ռը։ 2022 թո­ւակա­նին Հա­յաս­տա­նի Ֆրի­տեոֆ Նան­սեն հիմ­նարկի կող­մէ հրա­տարա­կուած «Ես նստել եմ Ստա­լինի ծնկնե­րին» վէպն է ան։

Աղ­ջիկս, անանկ մի՚ նստիր

Հա­յոց լե­զուի ամե­նէն պատ­կե­րաւոր դար­ձուածքնե­րէն մէկն է՝ «ծունկ-ծունկի»։ Գի­տէք, երբ եր­կու սրտա­մօտիկ ըն­կե­րու­հի, տղայ-աղ­ջիկ, մայր ու դուստր, լռու­թեան մէջ, փսփսա­լով, մէ­կու­սա­ցած կը զրու­ցեն… Նշա­նաւոր դե­րասան, գրող եւ ար­ձա­կագիր Վահ­րամ Փա­փազեանը գի­տէր այդ կար­ճա­տեւ պա­հուն ար­ժէ­քը. «…Յան­կարծ ծունկ ծունկի նստել հան­դի­սատե­սի հետ ու մի րո­պէ զրոյց անել աշ­խարհի չար ու բա­րուց»։ Յա­կոբ Պա­րոնեանի հա­մար, ծունկ-ծունկի ըլ­լա­լը շատ ալ բա­րոյա­կան արարք մը չէր, յատ­կա­պէս երի­տասար­դուհիի մը հա­մար։ Սա­կայն Պա­րոնեանը բա­ցառեց Պոլ­սոյ Քում-Քա­բու թա­ղի աղ­ջիկնե­րը. «Ո՜րչափ երի­տասարդներ կան, որ ասանկ աղ­ջիկներ կը փնտռեն։ Աշ­խա­տասէր են. առա­ւօտէ մին­չեւ երե­կոյ կա՚մ կար կը կա­րեն, կամ լաթ կը լո­ւան եւ կամ տախ­տակ կը սրբեն. տե­սակ մը աղ­ջիկնե­րու կամ կի­ներու պէս ծունկ ծունկի վրայ դրած պա­տու­հա­նին առ­ջեւ չեն նստիր շա­բաթ­նե­րով»։

Երե­ւանի ծունկե­րը

Երբ օդա­նաւը վայ­րէջք կա­տարէ Հա­յաս­տան, այդպէս չէ՞, ձեր ծունկե­րը կը ծա­լուին։ Կա­րելի՞ է բա­ցատ­րել, թէ ին­չո՚ւ… Ոչ։ Ոչ ալ իմաս­տուն Հա­մօ Սա­հեանը կրցաւ մէկ­նա­բանել այդ վի­ճակը. «Հա­յաս­տան ասե­լիս ծնկներս ծալ­ւում են, / Չգի­տեմ ին­չու է այդպէս»։ Այս խօս­քը այնքան ժո­ղովրդա­կան է հայ­րե­նիքի մէջ, որ անոր տար­բե­րակ­նե­րը կը լսո­ւին Աբո­վեանէն վեր, Նալ­բանդեանէն վար. «iPhone ասե­լիս ծնկներս ծալ­ւում են», «Ման­դատ ասե­լիս ծնկներս ծալ­ւում են», «Տրանսպորտ ասե­լիս ծնկներս դո­ղում են»։ Իսկ եթէ դուք մայ­րա­քաղա­քի մէջ յան­կարծ ան­շարժ, ճո­ճուող մարդ տես­նէք, մի զար­հուրիք, Պա­րոյր Սե­ւակն է ան. «Հի­մա / Մին­չեւ ծունկս խրո­ւած ինքս իմ մէջ՝ / Ինչպէս ծա­ռը հո­ղում, / Ես ճոճ­ւում եմ տե­ղում»։ Իսկ երկրիս վար­չա­պետը վեր­ջերս հան­րա­պետու­թեան բո­լոր քա­ղաքա­ցինե­րուն խոս­տում մը տո­ւաւ. «Ինչքան էլ ծնկներս ծա­լուեն՝ ժո­ղովրդի՝ իմ ու­սե­րին դրած պա­տաս­խա­նատ­ւութիւ­նը չեմ թող­նի»։

Պա­րի հա­մար ծունկ զար­նենք

Յար­գե­լի ըն­թերցող, եկաւ «էդի­նը» (ատե­նը, ժա­մանա­կը), որ աւար­տենք «ծունկ» բա­ռի զրոյ­ցը։ Հար­սա­նեկան երգ-պա­րով մը կը փա­փաքիմ ձե­զի հրա­ժեշտ տալ. թամ­զա­րան է ան, զոր աշա­կերտներս այս օրե­րուն կը սոր­վին «Վեր­ջին Զանգ» հան­դէ­սի հա­մար։ Իսկ այդ սի­րուն, պար­զունակ պա­րի խօս­քե­րու մէջ, ուր ծունկե­րը հա­մաչափ կը շար­ժին, «ծունկ» բառն ալ կը յայտնո­ւի բո­լորիս ծա­նօթ դար­ձո­ւած­քով մը։ Բա­րի վա­յելում բո­լորիդ.

Այ էդի­նը, էդի­նը,

ծունկս զար­նեմ գե­դինը,

Քե­զի չառ­նող աղ­ջի­կը

սաղ-սաղ մտնի գե­դինը։

Թամ­զա­րա հայ թամ­զա­րա,

Հայ թամ­զա­րա, թամ­զարա։