Ինչպէս բոլոր ազգեր, հայերս եւս ունինք ինքնահաւանութեան դրսեւորումներ։ Ո՞վ գիտէ թերեւս ալ մարդկային թերութիւն ըլլալով համարուելիք եւ որոշ չափով անտեսուելիք կարգ մը թերացումներ, երբ որ կը վերածուի ազգային յատկանիշի, աւելի անտանելի կրնան դառնալ։
Անցեալին հանդիպած եմ մարդկանց, որոնք անվարան կը հաւատային թէ Հայաստանի տնտեսութիւնը արդէն ինքնաբաւ է պայմանաւ որ ձերբազատուինք Սովետի լուծեն։ Բութամատը վզերնին տանելով կը պնդէին թէ միայն Ջերմուկի ջուրն անգամ բաւարար է երկիրը բարգաւաճ պահելու համար։ Խաբկանք մը, որ կը ծագէր աշխարհի իրողութեան մասին անտեղեակ ըլլալէ։
Այս ըսողները իրենք զիրենք կը ներկայացնէին իբրեւ ազգայիններ կամ ազգասէրներ։
Նախապէս ալ ըսած ենք, ազգը ամենաշատ կը տուժէ իրենք զիրենք ազգային համարողներու պատճառաւ։ Այս յստակ երեւոյթ է բոլոր ազգերու հաշւոյն։ Ազգայինը պոկուած ըլլալով համաշխարհային բոլոր արժանիքներէն, իր ազգին ալ օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառէ։ Ցաւալին այն է, որ վերջերս հայ եկեղեցին, որ ազգապահպանման մեծ աւանդի մը շառաւիղն է, այսօր մատնուած է ազգայիններու պատճառած ահռելի պառակտումի ճիրաններուն։
Այո, ազգապահպանման գործընթացի մէջ անուրանալի է եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը։ Բայց գալով մեր օրերուն, երբ երկար դարերու զրկանքէ ետք տիրացած ենք պետականութեան, այդ նոյն եկեղեցին այս անգամ կը ներկայանայ իր ազգակործան ռազմավարութիւնով։
Գիտեմ թէ ծանր են այս բառերը։ Ծանր եւ դժուարամարս։ Բայց ուրիշ կերպ դժուար է բացատրել եկեղեցւոյ բարձրաստիճան պաշտօնէութեան վարած քաղաքականութիւնը։
Պատերազմի պահուն դասալիք եղողները այսօր հրապարակ իջած են պատերազմելով Արցախին վերատիրանալու մոլուցքը քարոզելու համար։ Զարմանալի բան, ոչ ոք կը յանդգնի հարցնել թէ ճիշդ ալ պատերազմի թէժ օրերուն դուն ո՞ւր էիր եւ ինչո՞վ կը զբաղէիր։
Ստիպուած ենք այս հարցումը ուղղելու, բոլոր անոնց, որոնք իշխող կառավարութիւնը կը մեղադրեն երկիրը թուղթի վրայ ծախած ըլլալով։ Այս ըսելու պահուն չեն մտաբերեր թէ ի՞նչ պայմաններու տակ է, որ Նիկոլ Փաշինեան հարկադրուեցաւ եռակող պայմանագիրը կնքելու։ Ի՞նչ էր այդ պայմանագրին դիմադրելու փոխհատուցումը։ Տակաւին քանի՞ հայորդի պէտք էր զոհուեր այս ազգային կոչուած խմբակը գոհացնելու համար։
Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր առաջնահերթութիւնն է երկրի անսասանութիւնը։ Մեր առջեւ դրուած մեծագոյն հրամայականն է այդ։ Պիտի զարգացնենք սեփական երկիրը եւ պիտի չարտօնենք որ ոեւէ ուժ իր շահերէն մեկնելով հաշիւներ ունենայ մեր երկրին հանդէպ։ Իսկ ո՞րն է այս մէկը, երազանքէ դուրս իրողութիւն դարձնելու եղանակը։
Ազգայիններ արդէն ունին այս հարցումին պատասխանը իրենց գրպանին։ Անոնք պիտի ըսեն թէ զինուիլ, ալ աւելի զինուիլ, կազմել հզօր բանակ եւ վրիժառութեամբ ետ տիրանալ այն ամէն ինչին, որ անարդար կերպով գողացուած է մեզմէ։
Երանի թէ այս ըսողները պահ մը ականջ տան շուրջէն հնչող ձայներուն։ Պիտի տեսնեն թէ իրենց նմանները նոյն յանկերգը կը կրկնեն ամենուրէք։ Ուրեմն ո՞ւր հասնինք, կամ ինչո՞վ ճշդենք իրաւասութիւնը, երբ բոլորը միայն իր ձայնը լսելով, միայն իր սերմանած ոխով կը փորձէ արդարութեան տիրանալ։
Ժամանակի պարտադրածը տարբեր է, մեր ակնկալածէն։ Ուշքի գալ եւ ամուր պահել հայրենի երկիրը, որ ներկայ դրութեան մէջ շատ աւելի ամուր յենարան է, քան եկեղեցին։ Թող ամէն ոք գիտնայ իր չափն ու սահմանը եւ խօսի այդ սահմաններու թոյլատրած եղանակով։