ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Վերջ տուէք ամօթալի լռութեան

Լրագ­րո­ղու­թեան ամե­նադ­ժո­ւար հան­գա­մանքնե­րէն մէ­կը բո­լորին գիտ­ցա­ծը լսել, տար­բեր աղ­բիւրնե­րէ հաս­տա­տել բայց այս բո­լորը խոս­տո­վանող մը չըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռաւ լուռ մնալն է։

Այդպի­սի երե­ւոյթ մը մի­ջոցէ մը ի վեր փակ դռնե­րու ետին բամ­բա­սանքնե­րու, ըսի ըսաւ­նե­րու սահ­մա­նու­մով կը շրջի բեռ­նէ բե­ռան։ Կը հնչեն լուրջ մե­ղադ­րանքներ, պատ­մողներ ման­րա­մաս­նութիւններ կը փո­խան­ցեն իրենց խօ­սակից­նե­րուն, բայց կա­րելի չըլ­լար ուղղա­կի ակա­նատե­սի վկա­յու­թիւնը հաս­տա­տել։

Ցա­ւալի է որ երկրին տի­րող մտա­հոգու­թիւննե­րը տա­րածո­ւած է նաեւ հայ հա­մայնքէ ներս եւ ոչ ոք կ՚ու­զէ հա­լածանքնե­րու թի­րախ դառ­նալ։

Հա­ւաս­տի կեր­պով կը պատ­մեն սրբա­վայ­րի մը սե­նեակ­նե­րէն մէ­կուն սի­րաբա­նող զոյ­գի մը մա­սին։ Իբ­րեւ թէ անձնա­կազ­մէն մէ­կը դէպ­քը տե­սած եւ փո­խան­ցած է իր գոր­ծընկեր­նե­րուն։ Այս պնդու­մին մէջ սի­րաբա­նող­նե­րը յայտնի են, բայց անոնք այդ արար­քին մէջ տես­նո­ղը ո՞վ է, տե­սածը որո՞ւ պատ­մած է, այդ սրբա­վայ­րի մին­չեւ ամե­նավե­րին մա­կար­դա­կին տե­ղեկա­ցուած այս լրա­տուու­թիւնը ի՞նչ հե­տեւանք ու­նե­ցած է։

Ահա­ւասիկ հիմ­նա­կան հար­ցումներ, որոնք կը դի­մաւո­րուին քար լռու­թեամբ։ Նոյն հան­գա­մանքնե­րով կը պար­զո­ւի թէ դէպ­քին ակա­նատես եղո­ղը հրա­ժարած է իր պաշ­տօ­նէն։

Որ­պէս լրագ­րող դէպ­քը հան­րութեան փո­խան­ցե­լու հա­մար մեր փոր­ձած բո­լոր պրպտումնե­րը ան­պա­տաս­խան կը մնան։ Կար­ծես ան­գոյ հա­մաձայ­նութիւն մը կնքուած ըլ­լար գաղտնի­քը քօ­ղար­կե­լու հա­մար։

Մա­մու­լը կամ մե­տիան լրա­տուա­միջոց­ներ են, բայց այդ մի­ջոց­ներն ալ կը սի­րեն լռու­թիւն պա­հել, քա­նի որ զուրկ են փաս­տա­ցի տո­ւեալ­նե­րէ։ Բայց հա­մացան­ցի էջե­րը նոյն մտա­տան­ջութիւ­նը չու­նին։ Այդ գետ­նի վրայ ցան­կա­ցողը կը խօ­սի իր լսա­ծին վրայ բա­ներ մըն ալ յա­ւելե­լով։

Ճիշդ հոս է որ կը բա­ցակա­յի քա­ղաքա­կիրթ ու հա­սուն գի­տակ­ցութիւ­նը։ Մար­դիկ կը խու­սա­փին իրենց հան­գիստը կամ ան­դորրը խան­գա­րելէ։ Նոյ­նիսկ պաշ­տօ­նազրկման վտան­գը կրկին ան­գամ ար­գելք կ՚ըլ­լայ իրո­ղու­թեան պար­զո­ւելուն։

Մինչ այս խօ­սեցանք ան­հա­տական ան­պարկեշ­տութեան մը մա­սին, որ միայն սրբա­վայ­րի մը մէջ կա­տարո­ւելուն պատ­ճա­ռաւ կը հե­տաքրքրէ մեզ։ Ան­կէ դուրս որե­ւէ մէ­կու ան­պա­տուա­բեր վար­քը մեր նիւ­թը չէր դառ­նար։

Սա­կայն կայ գայ­թակղու­թեան մի այլ պատ­կեր, որուն հա­մար պար­տինք ու­շա­դիր ըլ­լալ իւ­րա­քան­չիւրս։ Այս մէ­կը յու­ղարկա­ւորու­թիւննե­րու ըն­դա­ռաջ ազ­գա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու կա­տարո­ւած նո­ւիրա­տուու­թիւննե­րու տեղ հաս­նիլ կամ չհաս­նե­լու խնդիրն է։

Այդ գոր­ծը եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր յանձնո­ւած է «Իթի­մաթ պիւ­րօ» անուն յա­տուկ ու սե­փական գոր­ծա­կալու­թեան, որ յայտնի բա­ժին մը վար դնե­լով ստանձնած է կա­տարո­ւած նո­ւիրա­տուու­թիւնը հաս­ցէագ­րո­ւած հաս­տա­տու­թեան փո­խան­ցե­լու պար­տա­կանու­թիւնը։

Այս մա­սին ալ ըն­կե­րական շրջա­նակ­նե­րու մէջ կը խօ­սուի «Այդ պաշ­տօ­նը ով որ ստանձնեց որոշ ժա­մանա­կի մէջ հարստա­ցաւ»ի նման բամ­բա­սանքներ։ Դար­ձեալ հան­րութեան առ­ջեւ նոյն նա­խադա­սու­թիւնը կրկնե­լու քա­ջու­թիւնը առանց ու­նե­նալու։

Իթի­մաթ Պիւ­րո­յի խնդի­րը ար­դէն իսկ հրա­պարակ ելած է եւ հա­մայնքէ ներս կարգ մը մի­ջամ­տութիւննե­րով վերջ դրո­ւած այդ կազ­մա­կեր­պութեան գոր­ծունէու­թեան։ Բայց բամ­բա­սանքնե­րը կը շա­րու­նա­կուին եւ տա­կաւին պի­տի շա­րու­նա­կեն մին­չեւ որ իրա­ւասու անձնա­ւորու­թիւն մը ամե­նայն մեր­կութեամբ հրա­պարա­կէ կա­տարո­ւած­նե­րը, յանձն առ­նե­լով հա­մատա­րած ամօթի զգա­ցու­մը վե­րացնել։