Օր մը, պէտք էր որ գրէի այդ երկուքի մասին։ Հայը եւ հեղեղը… Չ՞է, որ, յաճախ հայու արտասուքը եղաւ հեղեղ, մեր ազգը լողաց մեղքերու հեղեղի մէջ եւ դար մը առաջ հեղեղեցաւ անոր արիւնը։ Բայց եղան գարնան ջերմ օրեր - թէեւ սակաւաթիւ - շուշաններու, կակաչներու կարմիր հեղեղներ փրփրեցան հայրենի դաշտերու վրայ, եղան ուրախ օրեր՝ երգի եւ ծիծաղի հեղեղներ թափեցան հայու շրթունքէն։ Յարգելի ընթերցող, երբ «հեղեղ» բառի յորդառատ պատմութիւնը գրի առնել որոշեցի, մտքիս մէջ վարարեցաւ հարցումներու հեղեղ մը. այս բառը, մտածեցի, մեր լեզուի մէջ առաջին անգամ ե՞րբ սկսաւ հոսիլ, մեր գրականութեան բաւականին ընդարձակ դաշտի մէջ ան ինչպէ՞ս գտաւ իր հունը եւ վերջապէս, ո՞ր հեղինակները անոր արագընթացի մէջ նաւարկելու համարձակութիւնը ունեցան։ Այս հարցումներուն պատասխանները որոնելու համար նաւարկեցի «հեղեղ» բառի հակառակ ուղղութեամբ, հասայ անոր պատմական ակունքներուն եւ ձեզի համար, յարգելի ընթերցող, յայտնաբերեցի անոր գեղաձայն գլգլուքները եւ այդ բոլորը համադրեցի այս խաղաղ յօդուածի մէջ։
Կաթիլ առ կաթիլ
Ի սկզբանէ էր «հեղ» արմատը, հեղեղի առաջին կաթիլը։ Հեղ առ հեղ, բառը դարձաւ հեղեղ, ապա 5-րդ դարուն, Ագաթանգեղոսի շնորհիւ, ան եղաւ հեղեղամած եւ հեղեղասաստ, 6-րդ դարուն՝ հեղեղաբար, 8րդ դարուն՝ հեղեղագնաց եւ հեղեղական, 10-րդ դարուն՝ հեղեղատք եւ հեղեղատել, վերջապէս 11-րդ դարուն՝ հեղեղիլ։ Միջնադարուն այս բառերով ի՜նչ խօսքեր չշինեցինք. «Հեղեղասաստ ծովապատիժ», «Հեղեղագնաց կենցաղ», «Հեղեղատք արեան», «Արտօսր յորդառատս ՝ի վայր հեղեղատելով»… 11-րդ դարուն, Գրիգոր Նարեկացին լողաց մեղքերու ծովու մէջ եւ իր մատեանի մէջ ըսաւ. «Գետովք մեղանաց արեան հեղեղիմ»։ Ապա զղջաց եւ աչքերէն հոսեցան՝ «հեղեղք արտասուաց»։ Գրաբարախօս մեր նախահայրերը բառս գործածեցին մտաւոր այլ պատկերներ արտայայտելու համար, ինչպէս՝ «Հեղեղ հրոյ», «Հեղեղ մարդկան», եւ բոլորի մէջ ամենէն քնարականը եւ յուզիչը՝ «Հոսէին արտասուք իբրեւ զհեղեղ»։ Օր մը մէկ այլ հեղեղ, աւերիչ, եկաւ Հայաստան, 1285 թուականն էր, եւ յիշատակարան մը սարսափով նկարագրեց այդ հեղեղը. «Գերփիչ եւ աւերիչ հեղեղ զօրացն որ Մուղալ կոչի»։
Անոյշ հեղեղներ
«հեղեղ» բառը, հակառակ իր ահեղ տեսքին, հայ բանաստեղծին տուաւ մեղմ եւ քաղցր հոսանքի մը տպաւորութիւնը։ Փափկասիրտ այդ բանաստեղծներու առաջիններէն էր Ղունկիանոս Կարնեցին։ Աճէմ Յարութիւնի եւ Սրմա Խաթունի տան մէջ 1781 թուականին ծնած բանաստեղծը Կարինէն ճամբայ ելաւ եւ ո՞ւր չճամբորդեց. Թաւրիզ, Լիբանան, Եգիպտոս, Հալէպ, Ղրիմ, Հայաստանի Լոռու մարզը, մէկէ աւելի անգամներ Պոլիս, եւ վերջապէս Կովկաս՝ Ախալցխա, ուր մահացաւ։ Արեւմտահայերէն գրած աշուղը յայտնի է Մարիամ Աստուածածնին նուիրուած երգերով։ Կեանքի դառն բաժակը ցմրուր քամած Ղունկիանոսը - սրտակէզ մարդ - ծարաւ մնաց սիրոյ, ընտանիքին եւ հայրենիքին, այդ պատճառով ալ գրեց խնդրական երգ մը ուղղուած Աստուածամօր, ուր զովացուցիչ ջուրի հեղեղն իսկ անոյշ է. «Անոյշ հեղեղներէն, պաղ աղբիւրներէն, / Կենարար ձեռքովդ Մայր Սուրբ ջուր մը տուր»։
Իմաստուն հեղեղը
20-րդ դարուն «հեղեղ» բառը դարձաւ իմաստուն։ Համօ Սահեանի համար կեանքը հեղեղ մըն էր. «Ի՞նչ է մնում ։ Մի յոգնած ալիք է մնում / Քո կանաչ-կարմիր հեղեղից… / Մի մամռած տարիք է մնում»։ Նոյն քերթողն էր որ Սիւնիքի դաշտերու մէջ, գարնան ջերմ օր մը, ականատես եղաւ գունագեղ եւ բուրումնալից հեղեղի մը եւ անմիջապէս գրեց. «Ծաղկունքի հեղեղ է փրփրում»։ «հեղեղ» բառով իմաստասիրած մէկ այլ բանաստեղծ էր Պարոյր Սեւակը։ Ըստ անոր, ստեղծագործ հայը ունէր ազգային իւրայատուկ նկարագիր. «Իմ հա՚յ ժողովուրդ, դու փոքր ես եղել, / Աղբի՜ւր ես եղել եւ ո՚չ թէ հեղեղ»։ Ապա, բանաստեղծը խօսեցաւ հայու ապագայի մասին. «Ինչպէս լեռներից յորդացող հեղեղ՝ / Այդ մենք ենք գալիս»։
Վարսերուդ հեղեղը
Օր մը, բանաստեղծը ի՚նքը դարձաւ հեղեղ՝ զգացումներու, ցաւերու, պոռթկումներու… Առաջինը Պետրոս Դուրեանն էր, որ նամակ մը գրեց ընկերոջ եւ ըսաւ. «Եղբայր իմ, Ձեր սիրալիր տողերուն փոխարէն աստղերու հեղեղ մը կու տամ սրտէս… Օրհնեա՜լ ըլլաք, որ կ՚ուզէք սրտէս դուրս հեղեղել թանձրամած սուգը»։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը ըսաւ, թէ Ղեւոնդ Ալիշանն էր հեղեղը. «Մերթ դու հեղեղ ուղխահոս»։ Իսկ Արշակ Չօպանեանը նամակ ստացաւ Կանտ քաղաքէն։ Համալսարանի ուսանող Դանիէլ Վարուժանն էր հեղինակը. «Սիրելի պ. Չօպանեան, Երբ ես այս նամակս կը գրեմ, հաւանական է որ Դուք Պոլիս էք, Վոսփորի ափին, «Չամլըճայի զեփիւռինէ յանձնած Ձեր մազերը եւ Ձեր երազները բոցաերիզ… Պիտ’ սկսիմ ասկէ վերջ լոկ կեանքէ գրել, ահագին հեղեղ մը կայ ներսս… Ցտեսութիւն, Սիրալիր ողջոյններով, Ձերդ Դ. Վարուժան, D. Tchiboukkear, rue Benard 31, Gand»։ Նոյն Չպուքքարեանն է, որ «Հարճը» քերթուածի մէջ բոցաշունչ տենչանքի քառասմբակ հեղեղներ պիտի արձակէր Շիրակի դաշտերու մէջ։ Ահա այդ ասպետական երկէ քանի մը պատկեր. «Հեղեղ մ՛յանկարծ վարդերու», «Հեղեղներով ճաճանչի», «Մանեակ մը լոյսերով հեղեղուկ», «Հեղեղին հետ վարսերուն», «Հեղեղին մէջ մազերուդ փակէ աչքերդ»։ Իսկ երբ ասպետական օրերու երազէն հայրենի դաշտեր վերադարձաւ բանաստեղծը, փափաքեցաւ մէկ այլ հեղեղ տեսնել՝ ցօրէնի, հացի, նշխարի հեղեղ. «Հունձք ։ Քա՜ղցր է լողալ յամառօրէն որաներուն մէջէն հեղեղ… Հովիտին մէջ հեղեղներ կան»։
Քնարական հեղեղ լոյսի
Քնարերգակ գրիչներու համար «հեղեղ» բառը երբէք սպառնալիք մը չէր եղած։ Անոնք լաւատեսութեան հեղեղով մը գրի առին յուզումնալից տողեր։ «Ամիրային աղջիկը» վէպի մէջ Երուխանը նայեցաւ հեռաւոր ծառերուն եւ խաւարի մէջէն տեսաւ «լոյսի ակնախտիղ հեղեղ մը»։ Մահամերձ Մատթէոս Զարիֆեանը, Փրինքիփօ կղզիի նոճիներու շուքին տակ նստած՝ Պոլսոյ վրայ իջնող գիշերամուտը դիտեց. «Օ արցո՚ ւնք է , գիտեմ, հեղեղ մ՚արցունք է… Իրաւ, իրաւ, երա՜զ է…»։
Կարմիր հեղեղ
Բայց, փոխանակ ցօրէնի, երազներու, լոյսերու հեղեղի մէջ լողալու, կարմիր հեղեղ մը հոսեցաւ յանկարծ՝ երկիրը ամայացաւ։ Ռուբէն Սեւակի սիրտը վրէժի հեղեղող մը լեցուեցաւ ու այդ զգացումը կոչեց՝ «Վայրագ հեղեղ»։ Յակոբ Թէրզեանը օրօր մը գրեց, որպէսզի ամէն հայ մայր այդ տողերով դիեցնէ իր նորածինը. «Արի՜ւն- հեղեղ յորդեց այս սուրբ ձորերէ, / Բայց չի փախիս, փարէ՚ երկրիդ, զայն սիրէ… Օրօ՜ր ըսեմ քնանաս»։ Վարուժանը իր դաշտի վրայ, ակօսի մէջ, ամառ օր սպաննուած մշակը դիտեց եւ ըսաւ. «Կարմի՜ր հեղեղ, սրտի ձորէն վար իջած, / Տափանն ու թին ներկելով / Կ’երթայ գուղձերն ողողել»։
Սիրոյ հեղեղներ
Եթէ անցեալի կամ ներկայի յուսալքութիւնները հեղեղի պէս հոսին ձեր սրտին մէջ եւ ջրահեղձ ընեն ձեզ, ես, յարգելի ընթերցող, կ’առաջարկեմ մխիթարութիւնը գտնել բանաստեղծութեան ջերմութեան մէջ։ Օրինակ, կարդացէք Ռազմիկ Դաւոյեանը, որ պիտի առաջարկէ, որ դուք լսէք Պախ (կամ՝ Բախ), կամ մէկ այլ աստուածային շունչ, որ առագաստ դառնայ եւ ձեզ հեռացնէ վիշտ ու ցաւէն. «Դուրսը՝ թախծի հեղեղ, / ներսս՝ անհուն թախիծ.- / մէկը մի բան երգէր / աստուածային Բախից։ / Գոնէ մի բան լինէր, / լոյսի մի ճառագայթ, / որ այդ թախծի ծուում / դառնար ինձ առագաստ»։ Այսօր ալ ձեզի երգով մը հրաժեշտ տալու միտք ունիմ։ Կը յիշէ՞ք Կարնեցի Ղունկիանոսը (Անոր անունը ի՞նչ կը նշանակէ… Լատինական է։ Կը նշանակէ «լուսաւոր») Անոր «Մայր սուրբ ջուր մը տուր» յայտնի բանաստեղծութիւնը, զոր յօդուածիս մէջ մէջբերեցի, երեքդարեան երգ է սիրուած։ Այդ քաղցր երգի անդրանիկ քառեակը ամբողջութեամբ կը փափաքիմ արտատպել, որպէս սփոփիչ խօսքերու ազնիւ համադրութիւն։ Իսկ դուք եթէ կը ցանկաք զայն լսել, Սայաթ Նովա մշակութային միութիւնը (հայաստանեան միութիւն, չշփոթել Պոլսոյ նոյնանուն երգչախումբի հետ) վայելչօրէն կատարած եւ տեղադրած է համացանցի վրայ։ Մինչեւ յաջորդ յօդուածս, մնացէք խաղաղ՝ վայելեցէք լոյսի եւ սիրոյ հեղեղները.
Ի վերին երկրէն, բուրաստաններէն,
Ծաղկալի դաշտերէն, վազած գետերէն,
Անոյշ հեղեղներէն, պաղ աղբիւրներէն,
Կենարար ձեռքովդ
Մայր Սուրբ,
ջուր մը տուր։
Ղունկիանոսին խմցու, լաւ մը զովացու,
Դեղ թափ մատունքովդ
Մայր Սուրբ,
ջուր մը տուր։