ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

109-ամեակի առթիւ

Այս պահուն կը յի­շեմ «1,500.000+1» կար­­­գա­­­­­­­խօսը։

Իրաւ ալ Թուրքիոյ մէջ ար­­­դա­­­­­­­րու­­­թիւն պա­­­հան­­­ջող աղա­­­ղակը լսե­­­լի դար­­­ձաւ Հրանդ Տին­­­քի նա­­­հատա­­­կու­­­մով։ Ոճ­­­րա­­­­­­­գոր­­­ծը չէր կրնար գիտ­­­նալ թէ ատրճա­­­նակի բլթա­­­կին դպչող իր մա­­­տերը նոյն պա­­­հուն կը բա­­­նան նաեւ պատ­­­մութեան նոր էջ մը։ Իզուր է Իս­­­թանպու­­­լի կու­­­սա­­­­­­­կալին վեր­­­ջին տա­­­րինե­­­րուն յա­­­մառօ­­­րէն կրկնած յի­­­շատակ­­­ման ար­­­գելքնե­­­րը։ Ան­­­գամ մը բա­­­ցուած է Ալատ­­­տի­­­­­­­նի լամ­­­բա­­­­­­­րի կա­­­փարի­­­չը եւ կա­­­րելի չէ դուրս սպրդող ու­­­րո­­­­­­­ւակա­­­նը ետ բան­­­տարկել։

Ընդ հա­­­կառա­­­կը իւ­­­րա­­­­­­­քան­­­չիւր ար­­­գելք ել­­­քի նոր մի­­­ջոց­­­նե­­­­­­­րու դու­­­ռը կը բա­­­նայ։

Երբ կը շա­­­րաթ­­­րո­­­­­­­ւին այս տո­­­ղերը, խմբագ­­­րա­­­­­­­տան դրան առ­­­ջեւ խումբ մը մէկ­­­տե­­­­­­­ղուած է եւ կը պատ­­­րաստո­­­ւին ար­­­ժէ­­­­­­­քաւոր հե­­­տազօ­­­տող Նե­­­սիմ Օվա­­­տիա Իզ­­­րաէլի ու­­­ղեկցու­­­թեամբ 109 տա­­­րի առաջ այս գի­­­շեր ձեր­­­բա­­­­­­­կալո­­­ւած­­­նե­­­­­­­րէն մէկ մա­­­սին բնա­­­կարան­­­նե­­­­­­­րը տես­­­նե­­­­­­­լու։

Խօս­­­քը կը վե­­­րաբե­­­րի այժմ «Ակօս»ի խմբագ­­­րա­­­­­­­տան եւ Հրանդ Տինք Հիմ­­­նարկի գոր­­­ծած եւ ան­­­ցեալին ալ Անա­­­րատ Յղու­­­թիւն Վար­­­ժա­­­­­­­րան անու­­­նով հա­­­սարա­­­կու­­­թեան ծա­­­ռայած շէն­­­քի գտնո­­­ւած փո­­­ղոցին։

Այդ փո­­­ղոցը մօտ ան­­­ցեալին Շիշ­­­լիի Քա­­­ղաքա­­­պետա­­­րանի որո­­­շու­­­մով անուանա­­­փոխո­­­ւած է ի յի­­­շատակ եր­­­բեմնի Հռո­­­մի Պա­­­պին, որ եր­­­կար տա­­­րիներ ծա­­­ռայած էր այս փո­­­ղոցի վրայ գտնո­­­ւող Վե­­­նետի­­­կի Դես­­­պա­­­­­­­նատու­­­նը եւ ստա­­­ցած է հի­­­մա Փա­­­փա Ռոնքալ­­­լի անու­­­նը։ Նա­­­խապէս ան կը յի­­­շուէր իբ­­­րեւ Էօլ­­­չէք փո­­­ղոց եւ հե­­­տաքրքիր­­­նե­­­­­­­րու խումբը հիմ­­­նա­­­­­­­կան բա­­­ցատ­­­րութիւննե­­­րը ստա­­­նալէ ետք ար­­­դէն կը շար­­­ժին փո­­­ղոցի եր­­­կայնքով։

Նոյ­­­նիսկ մենք մա­­­մու­­­լի աշ­­­խա­­­­­­­տող­­­ներս կը դժո­­­ւարա­­­նանք 24 Ապ­­­րի­­­­­­­լի ձօ­­­նուած մի­­­ջոցա­­­ռումնե­­­րու ամ­­­բողջա­­­կան ցան­­­կագրում մը պատ­­­րաստե­­­լու։ Այդ ցան­­­կի տո­­­ղերէն մէկ մա­­­սին ար­­­դէն ծա­­­նօթ էինք օրեր առաջ, մէկ մա­­­սին պի­­­տի ծա­­­նօթա­­­նանք յա­­­ջոր­­­դող օրե­­­րուն, բայց շատ աւե­­­լի մեծ մա­­­սը դուրս պի­­­տի մնայ մեր պա­­­շարէն։

Բազ­­­մաբնոյթ եւ բազ­­­մա­­­­­­­բովան­­­դակ են ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան ոգե­­­կոչ­­­ման հա­­­մար նա­­­խատե­­­սուած եւ գոր­­­ծադրո­­­ւած ծրա­­­գիր­­­նե­­­­­­­րը։ Անոնց մէջ կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել բա­­­նախօ­­­սու­­­թիւննե­­­րը, ասու­­­լիսնե­­­րը, մամ­­­լոյ յայ­­­տա­­­­­­­րարու­­­թիւննե­­­րը եւ նաեւ թե­­­մայի ուղղեալ նոր հրա­­­տարա­­­կու­­­թիւննե­­­րը։

Այս պա­­­հուն կ՚ար­­­ժէ յի­­­շել «Արաս» հրա­­­տարակ­­­չա­­­­­­­տան կող­­­մէ լոյս ըն­­­ծա­­­­­­­յուած նոր հա­­­տոր մը։

Օս­­­մա­­­­­­­ներէն ասոյ­­­թով «Ճիւրմիւ Ազամ» խո­­­րագի­­­րով լոյս տես­­­նող հա­­­տորը անո­­­ւանի պատ­­­մա­­­­­­­բան Արամ Ան­­­տո­­­­­­­նեանի «Մեծ Ոճի­­­րը» գիր­­­քի առա­­­ջին ան­­­գամ հա­­­յերէ­­­նէ դուրս լե­­­զուի մը թարգմա­­­նու­­­թիւնն է։ Իր բո­­­վան­­­դա­­­­­­­կու­­­թիւնով վա­­­ւերագ­­­րա­­­­­­­կան բնոյթ ու­­­նե­­­­­­­ցող այս աշ­­­խա­­­­­­­տասի­­­րու­­­թեան հրա­­­պարա­­­կու­­­մը իսկ ինքնին Թուրքիոյ մէջ նիւ­­­թի հան­­­դէպ ան­­­ցած ճա­­­նապար­­­հի ապա­­­ցոյցն է։ Բո­­­լորին ծա­­­նօթ է թէ եր­­­կու կամ երեք տաս­­­նեակ տա­­­րիներ առաջ նման թարգմա­­­նու­­­թեան երե­­­ւակա­­­յու­­­մը ան­­­գամ անհնար էր։

Նոյնպէս անհնար էր Թուրքիոյ Հա­­­յոց Պատ­­­րիար­­­քա­­­­­­­րանի 24 Ապ­­­րի­­­­­­­լի յի­­­շատակ­­­ման հա­­­մար հո­­­գեհանգստեան Պա­­­տարագ մա­­­տու­­­ցե­­­­­­­լու երե­­­ւոյ­­­թը։

Յա­­­ռաջըն­­­թա­­­­­­­ցը թէեւ շատ յստակ է, սա­­­կայն որոշ է որ տա­­­կաւին անցնե­­­լու եր­­­կար ճա­­­նապարհ մը կայ մեր դի­­­մաց։ Այդ ճա­­­նապար­­­հը բա­­­նիմաց անցնե­­­լու նա­­­խապայ­­­մանն է ձեր­­­բա­­­­­­­զատո­­­ւիլ վրի­­­ժառու­­­թեան կոր­­­ծա­­­­­­­նարար գա­­­ղափա­­­րէն եւ խնդի­­­րը դի­­­տել հա­­­մամարդկա­­­յին հար­­­թա­­­­­­­կի վրայ։ Այս ալ կը թե­­­լադ­­­րէ ընդհա­­­նուր գերզգայ­­­նութիւն ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան բնոյ­­­թով բո­­­լոր յան­­­ցա­­­­­­­գոր­­­ծութիւննե­­­րուն դի­­­մադ­­­րելու։

ՀՀ Ազ­­­գա­­­­­­­յին Ժո­­­ղովի 3 Օգոս­­­տոս թո­­­ւակա­­­նը Եզ­­­դի­­­­­­­ներու ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նու­­­թեան հա­­­մաշ­­­խարհա­­­յին յի­­­շատակ­­­ման օր հռչա­­­կելը այս մեր­­­ձեցման պայ­­­ծառ օրի­­­նակ­­­նե­­­­­­­րէն մէկն է։

Իբ­­­րեւ ցե­­­ղաս­­­պա­­­­­­­նուած ժո­­­ղովուրդի մը պե­­­տու­­­թիւնը մեր պար­­­տա­­­­­­­կանու­­­թիւնը աւե­­­լի ծանր է բաղ­­­դատմամբ այլոց։

pakrates@yahoo.com