Խաւարի լուսաւոր պատմութիւնը
Շաբաթ մը առաջ էր. երկինքը մասամբ խաւարեցաւ, խաւարում մը ապրեցանք. երկնային հազուադէպ երեւոյթ էր ան։ Ու ես որոշեցի «խաւար» բառի պատմութիւնը գրի առնել։ Երկար էր տեւած հայոց գրական խաւարը, հետեւաբար, անոր մռայլ, թախծոտ եւ մեղաւոր կէսը պատմեր էի առաջին յօդուածիս մէջ։ Իսկ այսօր, ինչպէս խոստացայ, հայկական գրականութեան շքեղ ապարանքի խաւարած սրահներու մէջ, կանթեղ մը բռնած, քալենք ու տեսնենք, թէ դեռ ի՚նչ մռայլութիւններ մնացեր են անոր մութ խորշերու մէջ։ Ապա երթանք պատուհաններուն, բանանք թաւշեայ վարագոյրները, դէպի դուրս հրենք ծանրացած փեղկերը ու ներշնչենք թարմ սիւքը, որ պիտի գայ Պոնտոսէն եւ Մարմարայէն։
Աստուածամօր աչքը խաւարեցաւ
Շաբաթ մը առաջ Խաւարման գիշեր էր, պոլսահայ ընթերցողներու Լացի գիշերը։ Եկեղեցւոյ աղօթասրահի մէջ, կանթեղներու աղօտ լոյսի տակ, Տիրամօր պատկերին առջեւ մտածեցի, թէ Աստուածամօր կեանքը ինչպէ՚ս խաւարեցաւ, երբ իր միամօրիկը տեսաւ խաչի վրայ։ Ներսէս Շնորհալին այդ տեսարանը վերածեց սգաւոր տաղի. «Մերկ զքեզ տեսի, որդեա՛կ, / Պնդեալ ի փայտիդ, / Խաւար իմ աչացս այսօր»։ Իսկ խաչելութեան տաղի մէջ Շնորհալին նկարագրեց երկրի եւ երկնքի վիճակը այդ նոյն ժամուն երբ Քրիստոսը խաչուեցաւ. «Արեւն յերկինս խաւար դարձաւ մէջօրէին»։
Խաւարած ընտանիքը
«Խաւար» բառը պայծառ լուսաւորութիւն բերաւ հայկական գրատպութեան։ Խարխափումներուս իբրեւ արդիւնք յայտնաբերեցի, թէ իր անունի մէջ «խաւար» բառը պարունակող հայկական առաջին գիրքը արեւու խաւարման նուիրուած գիտական աշխատասիրութիւն մըն է. «Տետրակ որ կոչի Ծաղկակալ։ Համառօտ աշխարհագրութիւնք եւ պատմութիւնք երկնային լուսաւորաց… խաւարումն արեգական», Կալկաթա, 1813։ Նոյն նիւթի շուրջ հայ ժողովուրդը լուսաւորելու համար Կովկասի հայ գիտնական-հրատարակիչներն ալ ջանք մը թափեցին ու հրատարակեցին գիրք մը. «Արեգակի եւ լուսնի խաւարումը- Ժողովրդական ընթերցանութեան համար», Թիֆլիս, 1892։ Ապա լոյս տեսան գիրքեր, որոնց մէջ «խաւար» բառը ունէր հոգեբանական իմաստ. «Խաւարից դէպի լոյս», Թիֆլիս, 1877», «Խաւար աշխարհում. պատմուածքներ», Երեւան, 1909, «Խաւարած ընտանիքը. իրական վէպ հայ ընտանեկան կեանքէ», Կ. Պոլիս, 1931։
Տաճարս թող մնայ խաւար
Միջնադարուն քանի մը տաղասացի սիրտը խաւարեցաւ սիրոյ պատճառով։ Մարզուանցի տաղասաց մը շատ հառաչեց եւ լացաւ, որովհետեւ անոր սիրտը պատեց՝ «խաւար սիրու բաներ»։ Նոյն օրերուն սասունցին ապրեցաւ երկու խաւար, մէկը մութ, միւսը՝ լուսաւոր։ Այսօր յարգելի ընթերցող, կը փափաքիմ ձեզ Սասուն տանիլ, -կարկին խարսխելու արժանի մէկ այլ երկիր։ Նախ՝ «վառւում էր Մսրայ աստղը փառահեղ, / Սասնայ աստղիկը սուզուեց խաւարում», ապա «Մսրայ աստղ մութ, խաւար էր, / Սասնայ աստղ լո՚ւս, պայծա՚ռ էր»։ 1450 թուականներուն Նահապետ Քուչակը տեսաւ գեղեցկուհի մը եւ աշուղի աչքերը խաւարեցան. «Ես աչք ու դու լոյս, հոգի, / առանց լոյս՝ աչքն խաւարի»։ Օր մը, Քուչակի քիւղի մէջ սովորական գիշեր էր, լուսինն ու աստղերը յանկարծ խաւարեցան, որովհետեւ աշուղի եարը շապիկի կոճակները քիչ մը բաց ձգած քնացած էր. «Լուսին, կու տեսնես շատ կիւզէլ ի քուն, / Եւ զկոճկիկն ալ յարձակս արեր, / Լոյս դիպեր ի մէջ ծծերուն, / Շառաւիղ յերկինս տուեր, / Խաւարեր լոյսն աստղերուն»։ Ապա, տղան աղջկան լուռ մօտեցաւ եւ ըսաւ. «Քո ծոցդ է ճերմակ տաճար»։ Աղջիկը կիտեց իր յօնքերը եւ յանդիմանեց անոր համարձակ խօսքերուն. «Գնա, ծօ տղայ տխմար, / չի վայլես տաճարիս լուսարար. / Երթաս դուն խաղով լինաս, / ու թողուս տաճարս ի խաւար»։
Հիւսիսի փայլը
Այժմ շրջապտոյտ մը կատարենք չորս կողմն աշխարհի ու քաղենք հայկական գրական խաւարի լուսաւոր կաթիլները։ Հայկական գրականութեան լուսատու պատուհաններէն մէկն էր Ղրիմը։ Այդ թերակղզիի Կաֆա կամ Ղաֆա հայաշատ քաղաքը հայկական գրչութեան տուաւ բազմաթիւ կենսասէր տաղասացներ։ Անոնցմէ մէկն էր Խեւ Կաֆացին։ Օր մը, անսպասելի բայց ցանկալի վիճակ՝ բանաստեղծի կեանքը խաւարեցաւ։ Բանաստեղծը ցնծութեամբ ընդունեցաւ այդ վիճակը.
Է՚, գեղեցիկ պատկեր մաքուր,
Ան օրն ինձի խաւար պատեց,
Որ քեզի դէմ հանդիպեցայ։
Հիւսիսի մէկ այլ բանաստեղծը, հայկական լուսաւորութեան հիմնադիրներէն Լազարեան ճեմարանի գրիչ Ստեփանոս Նազարեանցն էր։ Ան «խաւար» բառի մասին գրեց իմաստասիրական խօսք մը. «Խաւարապաշտ մարդիկ փախչում են ճշմարտութիւնից»։ Այժմ վայելենք արեւելքի շողերը։
Համբոյրը խաւարի մէջ
Իրաւունք ունիք։ Թիֆլիսը նկատուած է որպէս հայկական գրականութեան հիւսիսը։ Ճիշդ է, եթէ ձեր հայկական գրականութեան աշխարհը սահմանափակուած է Արաքս գետի արեւելեան ափերով։ Իսկ եթէ դուք գրական կարկինը դնէք Երզնկայի, Բաղէշի կամ Մշոյ վրայ՝ այն ժամանակ կ՚ուղղուի ձեր քարտէզը։ Վերադառնանք Թիֆլիս։ Կուր գետի վրայ 1908 թուականին լոյս տեսաւ համեստ արտաքինով, անզարդ, միջակ հաստութեամբ գիրք մը՝ «Մթնշաղի անուրջներ»։ Հեղինակը Վահան Տէրեանն էր։ Եւ այդ օր, հայ ընթերցողը ծանօթացաւ քնարական խաւարներու ընտիր գանձարանի մը։ Այդ գիրքի մէջ 16 անգամ գործածուած է «խաւար» բառը։ Ահա Մթնշաղի քանի մը փայլատակում. «Յիշի՚ր դու խաւարում տանջուողին», «Ինձ խաւարն է ճնշում», «Խաւարներում ինձ գթա՛», «Զարդարեցիր քո անոյշ սուտով / Իմ տխուր կեանքի մշուշը խաւար», «Քո գրկում կայ սիրուց անոյշ մի հիացում, / Քո խաւարում — մոռացութեան մի ակնթարթ», «Խաւարում / Յիշո՞ւմ ես ջերմ շուրթերի / Հանդիպումը հրահրուն»։
Հարաւի խաւարը
Մեր գրական շրջապտոյտի ծիրէն ներս անշուշտ, թէ պիտի երթայինք Նախիջեւան՝ գողթան երգիչներու ծննդավայրը։ Շոռոթ համբաւաւոր բնակավայրի տաղասաց, եպիսկոպոս, անուանի քարոզիչ, Հոռմի մէջ բանագնաց Առաքել Շոռոթեցին 1650 թուականներուն գրեց խրատական մը եւ ըսաւ. «Պահ մի նմանիմք քահանային / Եւ ուղղափառ վարդապետին, / Լուսաւորեմք խաւար հոգին»։ 1700 թուականին Շոռոթեցի մէկ այլ բանաստեղծ, աշուղ, նկարիչ, ծաղկող, Սայաթ-Նովայի նախորդը եւ աւագը, Յովնաթանեան տոհմի հիմնադիր Նաղաշ Յովնաթանն ալ արտասանեց իմաստուն խօսք մը. «Չկարդացող մարդը խաւար է ու կոյր, / Կարդացողի միտքն է պայծառ եւ սուր»։ Շոռոթէն քիչ մը եւս հարաւ ճամբորդենք Սալմաստ, ուր պիտի ծնէր Րաֆֆին։ Վիպագիրը, հայկական լուսաւորութեան մէկ այլ ռահվիրան, «խաւար» բառը պիտի օգտագործէր հայ ազգին յառաջդիմութիւն տալու համար։ Ահա երկու ընտիր միտք.
«Լինում են յետադէմներ եւ յառաջադէմներ։ Խաւարամիտներ եւ ազատամիտներ, խաւարասէրն
ամէն տեղ լուսոյ դէմ պատերազմում է», «Մենք խաւարից ի լոյս ածեցինք մի ամբողջ պատմութիւն»։ Այժմ ուղղուինք մեր վերջին հանգրուանը՝ Պոլիս, ուր Մարմարա ծովու զեփիւրը պիտի փչէ։
Խաւարը Վոսփորի վրայ
Պետրոս Դուրեանը «Սեւ հողեր կամ յետին գիշեր Արարատեան» պատմական ողբերգութեան մէջ, քիչ չէ, 22 անգամ գործածեց «խաւար» բառը։ Կը հասկնա՞ք, տղան (17 տարեկան էր) որքա՚ն շատ փորձեր է պատմել Հայաստանի ցաւը եւ թշուառութիւնը։ Նպատա՞կն անոր… Ազգային եւ հոգեւոր լուսաւորութիւն։ Այժմ դուք կուզէ՞ք «Արարատեան գիշեր»ի խաւարները տեսնել՝ ութեակ մը քնարական. «Լո՜յս, լո՜յս խաւար աչքերուս», «Պայծառ օրերն ալ խաւարեցան», «Խաւարն ինձ գերեզման մը կը թուէր», «Թող գիշերն իր խաւար ծոցին մէջ ծածկէ մատնութիւնս», «Խաւարին մէջ թշնամի փնտռեցի», «Ահա կը խաւարի Հայաստանի պերճ բախտը», «Ո՜վ երկինք, դուք գոնէ գթութեան կաթիլ մը ցօղեցէք թշուառ ճակտիս վրայ, դուք գոնէ յուսոյ նշոյլ մը սփռեցէք խաւար հորիզոնիս վրայ», «Մահաբոյր խաւար պատեց», իսկ վերջինը՝ «Խաւար է Հայաստանի ճակատագիրը»։ Ինտրան, որ Պոլսոյ սեւ նոճիներու շուքին տակ կը խորհրդածէր՝ 1905 թուականի Յուլիս ամսոյն ջերմութիւնը անտեսելով՝ փափաքեցաւ մնալ սգաւոր. «Եթէ մահն անէացում է խաւար՝ / Թողէ՜ք զիս, նո՚ճք, որ տխրագին մեղանչեմ»։ Իսկ Դանիէլ Վարուժանը հայրենի մարագներու խաւարի մէջ գտաւ լոյսը. ոսկեգոյն ցորենն էր ան. «Ո՚վ մարագներ, մարագներ. / Ձեր պատերուն մէջ խաւար / Թող նոր արեւ նշողէ»։
Խաւար է սէր առանց քեզ
Յարգելի ընթերցող, շատ որոնեցի երգ մը որ սիրոյ ցաւէն քիչ մը խաւարած սիրտի երգն ըլլար։ Խիստ հազուագիւտ էին անոնք։ Բայց, վերջապէս գտայ հին մեղեդի մը, ուր գիշերը եւ ցերեկը, լոյսն ու խաւարը դարձան անտարբեր, երբ բացակայ էր սէրը։ Բարի վայելում մինչեւ հաջորդ հանդիպում.
Արշալոյսը արդէն բացուեց,
արեւն ժպտաց, հաւքը երգեց
Բայց իմ հոգին դեռ խաւար է,
Գիշեր, ցերեկ ո՞նց տարբերեմ,
իմ սէր առանց քեզ։
Անցի՛ր, այ գետակ, քո ճամբան ոլոր
Էլ ի՞նչ ես կանգնել, ինձ նման մոլոր։