Յիշատակումներ՝ բազմաբնոյթ եւ բազմաբովանդակ

Կրկին թե­ւակո­խած ենք 24 Ապ­րի­լի շա­բաթը, որ իր կար­գին հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շատակ­ման օրն է։ Հա­մավա­րակի տա­րինե­րուն կամ­քին ան­կախ կեր­պով առ­ցանց դրու­թիւնով կա­յացող յի­շատակ­ման մի­ջոցա­ռումնե­րը յա­ջոր­դող տա­րինե­րուն ալ ար­ժա­նացան Իս­թանպու­լի կու­սա­կալու­թեան յա­րու­ցած ար­գելքնե­րուն։

Ինչպէս նա­խորդ տա­րիներ այս տա­րի ալ սոյն մի­ջոցա­ռումնե­րու գլխա­ւոր կազ­մա­կեր­պիչ «ՏուրՏէ» հար­թա­կը պատ­կան իշ­խա­նու­թիւննե­րուն դի­մում կա­տարած է 24 Ապ­րիլ Չո­րեք­շաբթի, երե­կոյեան 19.15-ին Քա­տըգիւղ Սիւ­րէյյա Օփե­րայի մուտքին մի­ջոցա­ռում կա­տարե­լու հա­մար։

Թերթս տպագ­րութեան յանձնո­ւած ժա­մերուն տա­կաւին չէր յստա­կացած ոս­տի­կանու­թեան եւ կու­սա­կալու­թեան պա­տաս­խաննե­րը։

Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը իր կար­գին «Յի­շատա­կում եւ այ­լընտրան­քա­յին ապա­գայի մը հա­մար 23,5 Յի­շողու­թեան Վայ­րի մէջ մէկ­տե­ղում» խո­րագ­րով նա­խագիծ մը մշա­կած է, որ պի­տի տե­ւէ ամ­բողջ շա­բաթ մը 20-27 Ապ­րիլ թո­ւական­նե­րու մի­ջեւ։

Այսպէս նա­խատե­սուած է Նես­լի­հան Քո­յունճու Պա­լի, Հե­րա Պիւ­յիւքթաշ­ճեան, Նե­սիմ Օվա­տիա Իզ­րա­յիլ եւ Այ­լին Վար­դա­նեանի ղե­կավա­րու­թեամբ զա­նազան աշ­խա­տանոց­ներ։

Առա­ջին մի­ջոցա­ռու­մը կը կրէ «Յի­շողու­թեան որ­մազդ» անու­նը, ուր առա­ջին հեր­թին 24 Ապ­րի­լի գի­շեր ձեր­բա­կալո­ւած հայ մտա­ւորա­կան­նե­րու անուննե­րը պի­տի տե­ղադ­րո­ւին որմնազ­դի մը վրայ։ Այ­ցե­լու­ներ որ­մազդի ազատ մա­սերուն վրայ պի­տի կրնան իրենց այս բո­վան­դա­կու­թեան յու­շե­րը կամ զգա­ցումնե­րը դրսե­ւորող փոք­րիկ գրու­թիւններ զե­տեղել։

Հիմ­նարկի կո­չին մէջ Կ՚ըսո­ւի թէ ցան­կա­ցող­ներ յի­շատա­կել ու­զածնե­րուն նկար­նե­րը եւս պի­տի կրնան կպցնել որ­մազդին։

Երկրորդ մի­ջոցա­ռու­մը ներշնչո­ւած է ժա­մանա­կակից արո­ւես­տա­գէտ Սար­գի­սի «Ռես­փի­րօ» անուն գոր­ծէն, որ տե­ղադ­րում մըն է ձօ­նուած յու­սա­լի ապա­գայի մը։ Այստեղ կ՚առա­ջար­կո­ւի ման­կա­մարդ մաս­նա­կից­նե­րու մատնա­հետքե­րը դրոշ­մել ծիածա­նի գոյ­նե­րուն վրայ։

Գ. մի­ջոցա­ռու­մը դար­ձեալ խօսք կ՚ուղղէ ան­չա­փահաս­նե­րուն եւ դար­ձեալ ներշնչո­ւած է Սար­գի­սի «Աղ եւ լոյս» անուն գոր­ծէն։ Այստեղ ալ Նես­լի­հան Քո­յունճու Պա­լիի ու­ղեկցու­թեամբ մաս­նա­կից­նե­րը իրենց մատ­նա­հետ­քե­րը պի­տի թո­ղուն պա­տին ագու­ցո­ւած հա­յելիի վրայ։

Չոր­րորդ մի­ջոցա­ռու­մը 21 Ապ­րիլ ժա­մը 15։00, 23 Ապ­րիլ ժա­մը 19։00, 25 Ապ­րիլ ժա­մը 11։00 (Անգլե­րէնով) եւ 26 Ապ­րիլ ժա­մը 15։00-ին ու­ղե­ցոյ­ցի մը ըն­կե­րակ­ցութեամբ 23,5 Հրանդ Տինք Յի­շողու­թեան Վայ­րի շրջա­գայու­թիւնն է։

Մի­ջոցառ­ման հին­գե­րորդ հանգրուանին Նա­յաթ Գա­րաքէօսէ կը ներ­կա­յաց­նէ աշ­խարհի վրայ ցե­ղաս­պա­նու­թիւննե­րու, ցե­ղային խտրա­կանու­թիւննե­րու, զի­նուո­րական իշ­խա­նափո­խու­թիւննե­րու եւ պա­տերազմնե­րու նման բռնու­թեան դէպ­քե­րու յի­շողու­թիւնը վառ պա­հող վայ­րե­րու, թան­գա­րան­նե­րու եւ յու­շարձան­նե­րու հա­մայ­նա­պատ­կե­րը։

Հե­րա Պիւ­յիւքթաշ­ճեան «Նա­խորդ օրուայ դի­ման­կա­րը» խո­րագի­րով աշ­խա­տանո­ցի մէջ իրե­րու խորհրդան­շումնե­րը յայտնա­բերող եւ ժա­մանա­կագ­րա­կան բնոյ­թով զրոյ­ցի մը ժո­ղովա­վարը պի­տի ըլ­լայ։

Նե­սիմ Օվա­տիա Իզ­րա­յիլ եւ Այ­լին Վար­դա­նեան «24 Ապ­րիլ 1915, Իս­թանպուլ, Չան­քը­րը, Այաշ, Ան­գա­րա» անուն գիր­քի բո­վան­դա­կու­թե­նէն ընտրո­ւած բա­նաւոր պատ­մութեան օրի­նակ­նե­րով հե­տեւող­նե­րուն պի­տի ներ­կա­յաց­նէ հայ մտա­ւորա­կան­ներ Խա­չիկ Իտա­րէճիեան, Սար­գիս Մի­նասեան, Արամ Ան­տո­նեան, Ռու­բէն Սե­ւակ, Դա­նիէլ Վա­րու­ժան, Տիգ­րան Սը­վաճեան եւ Կո­միտաս Վար­դա­պետի մա­սին վկա­յու­թիւններ։

Վեր­ջին մի­ջոցա­ռու­մը կը կրէ «Հայ մշա­կոյ­թի ու պատ­մութեան հա­յեացք մը Հրանդ Տին­քի աշ­խա­տասե­նեակէն» խո­րագի­րով։ Աշ­խա­տանո­ցը նա­խատե­սուած ձեռնարկնե­րու վեր­ջինն է։ Բո­լորին հա­մար աւե­լի ման­րա­մասն տե­ղեկու­թեան հա­մար կա­րելի է դի­մել Հրանդ Տինք Հիմ­նարկի պաշտօնական կայքէջին։

Kategoriler

ԱՌՕՐԵԱՅ