Չարիք ծնող ատելութիւնը

«Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու վրայ յա­ճախ կը սի­րենք տեղ տալ Ռա­ֆայէլ Յո­վակի­մեանի յօ­դուած­նե­րուն, որոնք շատ ան­գամ կ՚անդրա­դառ­նան Հա­յաս­տա­նի տհաս ընդդի­մու­թեան ազ­գա­կոր­ծան արարքնե­րուն։

Այս ան­գամ ալ, երբ Յո­վակի­մեան կը վեր­լուծէր ատե­լու­թեան հո­գեբա­նու­թիւնը, ակա­մայ տա­րուե­ցանք մտա­ծելու այս փոր­ձանքա­բեր մո­լուցքի մա­սին։

Իրաւ ալ մեր ապ­րած եր­կի­րը բա­ւակա­նին հա­գեցած է ատե­լու­թեան դրսե­ւորումնե­րով, որոնք պատ­ճառ դար­ձած են երկրի բնակ­չութեան իրա­րու հա­կադ­րո­ւած բե­ւեռ­նե­րով ներ­կա­յանա­լուն։

Հե­տաքրքրա­կան է, որ ատե­լու­թեան պատ­գամնե­րը շատ ան­գամ նոյ­նա­ցած են եւ տար­բեր մշա­կոյթնե­րու մէջ կը հնչեն նոյն եղա­նակով։ Եթէ ատե­լու­թեան պատ­գա­մը Հա­յաս­տա­նի մէջ կը հնչէ հա­կառա­կոր­դը «թուրք» որա­կելով, նոյնն է, Թուրքիոյ մէջ ալ կը հնչէ «հայ» կո­չելով։

Միւս կող­մէ կայ նաեւ հա­սարա­կաց եզ­րեր, ինչպի­սիք են միասե­ռական­նե­րը, ան­հա­ւատ կամ թե­րահա­ւատ­նե­րը, գնչու­նե­րը եւ հրեանե­րը։

Հա­կասե­միտ նող­կանքը հա­մատա­րած է արե­ւել­քէն արեւ­մուտք եւ թէ քրիս­տոնեաներ, թէ մահ­մե­տական­ներ դոյզն իսկ հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նին հրէից հան­դէպ, պար­զա­պէս 2000-ամեայ կրօ­նական թշնա­մու­թիւնը մեր օրե­րուն հասցնե­լու մար­մա­ջով։

Հա­մատա­րած հա­լածան­քի են­թա­կայ ժո­ղովուրդ մըն է նաեւ գնչու­նե­րը, որոնք իրենց ցե­ղային առանձնա­յատ­կութիւննե­րով եւ ձիր­քե­րով կը զա­նազա­նուին բո­լոր հա­ւաքա­կանու­թիւննե­րու մէջ։ Պատ­մա­կանօ­րէն իրենց կը վե­րագ­րո­ւի զա­նազան յան­ցա­գոր­ծութիւններ, որոնց հե­տեւան­քով անոնք կ՚ար­տաքսո­ւին ըն­կե­րու­թե­նէ։

Նման են­թա­հողի վրայ շատ ալ դժուար չէ այս կամ այն ցե­ղային, ազ­գա­յին, կրօ­նային, դա­ւանան­քա­յին խմբակ­նե­րու դէմ անխնայ ատե­լու­թեան սեր­մա­նու­մը։

Այս թու­նա­ւոր մթնո­լոր­տը յաղ­թա­հարե­լու եւ չէ­զոքաց­նե­լու հա­մար կա­րիքը կը զգանք յա­տուկ դաս­տիարա­կու­թեան։

Հա­մաշ­խարհա­յին գրա­կանու­թիւնը նման դաս­տիարա­կու­թիւն եւ հետզհե­տէ գի­տակ­ցութիւն գո­յաց­նե­լու հա­մար լա­ւագոյն մի­ջոց­նե­րէն մէկն է։ Թէեւ յատ­կա­պէս շեշ­տը դրինք գրա­կանու­թեան վրայ, բայց նոյն ծի­րին մէջ կրնանք հա­մարել շար­ժանկա­րը եւ արո­ւես­տի զա­նազան մի­ջոց­նե­րը։

Ատե­լու­թիւնով սնած պա­ռակ­տումը ի վեր­ջոյ կը սպառ­նայ մարդկա­յին բո­լոր ար­ժա­նիք­նե­րու վե­րաց­ման։ Այս մա­սին օրի­նակ կա­րելի է հա­մարել նա­խորդ շա­բաթ Շրնա­քի մէջ պա­տահած դէպ­քը։

Քա­ղաքա­ցիական տա­րազ­նե­րով անվտան­գութեան ծա­ռայող մը փո­ղոցի վրայ ձեռ­քի շար­ժումով պղծել փոր­ձած էր ման­կա­մար­դուհի մը։ Այս վեր­ջի­նի ճի­չերը լսե­լով՝ մար­դիկ վրայ հա­սան եւ սկսան հա­րուա­ծել ամօ­թալի արար­քի հե­ղինա­կը։ Ոս­տի­կան­ներ վրայ հա­սան եւ ամ­բո­խի ձեռ­քէն ազա­տեցին իրենց պաշ­տօ­նակի­ցը։ Հա­ղոր­դուած լու­րե­րով վե­րահա­սու եղանք թէ հրա­մանա­տար­նե­րը յա­տուկ հար­ցաքննու­թեան դի­մած են պաշ­տօ­նեային դէմ։

Զար­մա­նալին կը սկսի այս հանգրուանէն ետք, երբ բա­նակա­յին­ներ սպառ­նա­կան բնոյ­թով ցոյց կը կա­տարեն քա­ղաքի փո­ղոց­նե­րուն վրայ, տե­ղացի ժո­ղովուրդին ապա­ցու­ցե­լու հա­մար թէ իրենք են երկրի տէրն ու տի­րակա­նը եւ չեն ար­տօ­նէր իրենց շար­քե­րէն մէ­կուն, նոյ­նիսկ յան­ցա­ւոր ըլ­լայ, պատ­ժո­ւելուն։

Երա­նի թէ այս մտա­հոգիչ պատ­կե­րը սահ­մա­նուած ըլ­լայ միայն Թուրքիայով։ Բայց գի­տենք, թէ այդպէս չէ եւ ատե­լու­թիւնը հետզհե­տէ կը ծա­ւալի ամ­բողջ երկրա­գունդի վրայ։




Yazar Hakkında

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ