Խաւարի լուսաւոր պատմութիւնը
Խաւարումը սկսաւ։ Լուսինը մասամբ ծածկեց արեւը։ Քանի մը դրացի փողոց ելաւ։ Այսօր, յարգելի ընթերցող, 8 Ապրիլ 2024 թուականին երբ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու բնակիչները ականատես կ’ըլլան արեգակի խաւարման՝ ես ալ որոշեցի «խաւար» բառի մասին գրել եւ հասկնալ, թէ հայոց մայրենին առաջին անգամ ե՚րբ խաւարեցաւ, արդեօ՞ք խաւարը երբեւիցէ պատեց հայոց երկիրը, խաւարում մը տեղի ունեցա՞ւ հայու հոգւոյն մէջ։ Այս հարցումները պատասխանելու նպատակով հայկական հնագոյն գրականութեան բաւականին ընթարձակ ապարանքի մութ սրահներու մէջ խարխափելով որոնեցի հայ բանաստեղծներու, տաղասացներու եւ վանականներու վկայութիւնները։ Ըսեմ նաեւ, թէ այդ շքեղ, բայց «խաւար»ապարանքի հիւսիսային պատուհանը կը նայէր Ղրիմին, հարաւայինը՝ Շոռոթին, արեւելեանը՝ Թիֆլիսին, իսկ արեւմտեանը՝ Պոլսոյ։ Այս յօդուածի աւարտին պիտի լուսաւորուին բոլոր ծալքերը (եթէ լուսինը արտօնէ) եւ դուք զարմանալով պիտի համոզուիք, թէ հայկական «խաւար»բառի պատմութիւնը ո՚չ թէ մթութեան կամ տրտմութեան պատմութիւնն է, այլ՝ լոյսի եւ սիրոյ։
Առաջին խաւարումները
Մեր գրաւոր լեզուի առաջին խաւարումը տեղի ունեցաւ 5-րդ դարուն, երբ Գիրքի մէջ մտան «խաւար» խօսքեր, ինչպէս՝ «Խաւարեցաւ արեգակն եւ օդք»։ Ապա եկան միջնադարեան այլ խօսքեր. «Կոչեաց Աստուած զլոյսն տիւ, եւ զխաւարն կոչեաց գիշեր», «Խաւար շօշափել», «Աստուած իմ լոյս արա ինձ ’ի խաւարի»։ Աստուածաշունչ մատեանի մէջ «խաւար»բառը կը նշանակէր նաեւ հոգեկան մոլութիւն. «Խաւարն կուրացոյց զաչս նորա»։ Գրաբարախօս մեր նախնիները, լուսամիտ գրիչներ, վանականներ, թարգմանիչներ, «խաւար» բառը գործածելով ստեղծեցին պատկերաւոր, նոյնիսկ բանաստեղծական արտայայտութիւններ. Ահա օրինակ մը. «Ընդ խաւար գնալ» կամ «Խաւար տգիտութեան», միտքի անգիտութիւնը։ Գեղեցիկ է տեսնել, թէ «խաւար»ը շարունակեր է հայկական ժամանակակից դարձուածքներու քանձարանը լուսաւորել։ Այսօր կ’ըսենք. սեւազգեստ եւ տրտմերես հայուհին «հագեր է խաւար», յետամիտ մարդը «խաւարի արբանեակ» է, յետադիմութեան գործակիցը «խաւարի ծնունդ» է։
Խաւարը տարածուեցաւ
Անցան դարեր եւ խաւարը սկսաւ բառ առ բառ ծածկել մեր մայրենին։ Այսօր «խաւար» արմատով շինուած 90-ի չափ բառ ունինք։ Բոլորը յիշելու եւ ձեզի տրտմութիւն պատճառելու նպատակ չունիմ։ Բայց կան ընտիր բառեր, որոնք մեր անտարբերութեան պատճառով, փոխանակ հայու շրթունքը զարդարելու, երկար ժամանակ մնացեր են գիրքերու, բառարաններու մութ խորշերու մէջ։ Այսօր ես կ’առաջարկեմ եօթնեակ մը յիշել եւ անոնց վրայ լոյս սփռել.- խաւարաբեր, խաւարաբնակ, խաւարադէմ, խաւարանիստ, խաւարաշրջիկ, խաւարաշունչ եւ խաւարակուլ։ Եղեր են ժամանակներ, երբ այս բառերը գործածելի էին անկասկած։ Հին հայկական մատենագրութիւնն է վկայ. «Այս է խաւարաբեր ժամանակն», 11-րդ դար, «Խաւարաբնակ եւ չարասէրն սատանայ», 15րդ դար։ Խաւարը փարատող «խաւարակուլ» բառը առաջին գործածողը եղաւ Ոսկեդարու հայ պատմիչ Ագաթանգեղոսը. Լոյսն համասփիւռ խաւարակուլ։ Լոյսն խաւարակուլ ստուերահալած»։
Խաւար պատեց հայոց աշխարհը
Անցան լուսաւոր օրերը։ Խաւար տեղաց հայոց աշխարհի վրայ։ Այն ժամանակ հայ վանականը իր խաւար խուցի մէջ, մոմի լոյսի տակ, իր աղօթքը կիսատ՝ գրեց եղեռական յիշատակարաններ եւ նկարագրեց խաւարած հայրենիքը։ Յիշենք եւ չմոռնանք 1387, 1388, 1395, 1401 եւ 1402 թուականները, երբ սուգի խաւար ձորի մը վերածուեցաւ Հայաստանը։ Այդ օրերու հուրին եւ սուրին ականատեսն էր Մատենադարանի թիւ 4216 ձեռագիր Աւետարանի գրիչը։ Ան ըսաւ, թէ նետաձիգ մարդիկ Կասպից Ծովու արեւելեան կողմէն կործանիչ ալիքներու պէս եկան, մրրիկի պէս էին, ունէին սուր… Երկիրը տատանելով կը ծփէր բռնութեան մէջ (Գրչութեան թուական՝ 1407)։ Ապա՞… Խաւարաշունչ լռութիւն։ Թող հեղինակը ի՚նքը խօսի. «Դառն եւ ի դժնա ժամանակի, յորում խաւար անլուս եւ մեք [մենք] անմխիթար»։ Յարգելի ընթերցող այդ պատմութեան քնարական տարբերակը եթէ կը փափաքիք կարդալ կ’առաջարեկմ որ դուք ընթերցէք Յովհաննէս Թումանեանի «Աղաւնու վանքը» աւանդազրոյցը։ Իսկ ես մէջբերեմ ամենայն հայոց բանաստեղծի, երգի վերածուած «Հայրենիքիս հետ» քերթուածը, որ կը նկարագրէ, թէ նոյն աշխարհագրութենէ եկած եւ Հայոց աշխարհը յօշոտելէ հաճոյք առած մարդիկը ի՚նչ վիճակի մէջ ձգեցին Հայաստանը. «Տխո՜ւր, դատարկ ու խաւար»։ Հեգնական է, թէ երբ հայոց խաւարը եկած է արեւելքէն,- հայոց եկեղեցիներու սուրբ խորաններու ուղղութենէն-, իրանական ծագում ունեցող «խաւար»բառը բուն կը նշանակէ «արեւմուտք»։
Մեղաւոր եմ. խաւարեցայ
Նոյն գրիչը մտածեց, թէ այդ արհաւիրքը պատահեցաւ, որովհետեւ մեղաւոր էինք։ Աստուածային պատիժ։ Այս բացատրութեան համաձայն էր Բաղէշ քաղաքի Գոմաց սուրբ Աստուածածնի եւ սուրբ Գէորգեայ զօրավարի վանքի մէջ 1426 գրուած վկայութիւնը, որ ըսաւ, վա՜յ, Տէրը մեզմէ չհեռացաւ, այլ մենք հեռացանք Տիրոջմէ, անոր քաղցր եւ վայելուչ տեսութենէն, մերժեցինք քրիստոնէական խոհարհութիւնը, ծարաւ մնացինք գեղեցիկ վարդապետութեան անուշահամ բաժակին, օտարացանք առաքինութեանց եւ «խաւար տարածեցաւ ի վերայ Հայաստանեաց»։ Յարգելի ընթերցող, մի զարմանաք ձեզի ըսեմ, թէ միջնադարուն յաճախ քով քովի յիշուեր են «խաւար»եւ «մեղք» բառերը։ Այդ աւանդութեան կառկարուն ներկայացուցիչը կարելի է նկատել Գրիգոր Նարեկացին։ Բանաստեղծ վանահայրը իր Մատեանի մէջ գրեց ընտիր արտայայտութիւններ. Խաւար՝ ամօթոյս, ստութեան, բարկութեան, տարակուսութեան, եւ՝ մեղաց։ Վարդապետը մեզի ըսաւ նաեւ, թէ ի՚նչ մեղք գործեց. «Շօշափեցի զխաւար եւ ոչ զլոյս»։ Ապա, սուրբը դարձաւ Աստուծոյ եւ ըսաւ. «Մի կուրացուցանէր զխաւարեալս / Լուսաւորեա՚ վերստին զխաւարեցեալ հոգւոյս աչս»։ Նարեկացիին յաջորդեցին ուրիշներ. «Իմ մեղքն ինձ խաւար էած, զիս պատեաց մութն ըստուերական», Ներսէս Շնորհալի, «Ի խաւար դժոխոց փրկեա զիս, Աստուած», Սուքիաս, «Ճանապարհ բարի Քրիստոս, ճանապարհս է մութն ու խաւար», Կարապետ Բաղիշեցի։ Տաղասաց Յովսէփը խաւարի մէջ էր որովհետեւ կ’այրէր իր սիրելիներու կարօտով. «Հուր եղեւ բովանդակ՝ մարմինս, կու վառի, / Միտք իմ խաւար , լեզուս այլ ոչ բարբառի, / Կարօտ եմ, կարօտ եմ, կարօտ սիրելեաց, / Կարօտ ազգականի եւ բարեկամաց»։ Իսկ մահտեսի Աւետիքը խոստովանեցաւ, թէ ինքը արժանի էր խաւարի. «Բանք պիտանի ոչ եմ կարող, / Գործովս արժանի եմ խաւարի»։
Խաւարի վերջին նշոյլները
Խաւար բառը, մի՚ տրտմիք միշտ չէ որ յիշուեցաւ «մեղք» բառի մէջ։ Առաջին պարբերութեան մէջ խոստացեր էի ձեզի, թէ յօդուածս պիտի ըլլայ սիրոյ պատմութիւն։ Ուստի, «խաւար»բառի պատմութեան մռայլ, թախծոտ եւ մեղաւոր կէսը այսօր աւարտենք, յաջորդ յօդուածի մէջ հիւսիս, արեւելք, հարաւ եւ արեւմուտք ճանապարհորդութիւն մը կատարենք, գտնենք քնարական պատառիկներ, ուր այս անգամ սէրը թող գայ եւ ծածկէ խաւարը։
Լուսաւոր աւարտ
Լուսնի քօղէն ազատեցաւ արեգակը։ Դրացիները իրենց տուները մտան։ Մէկը ըսաւ, թէ յաջորդ խաւարումը տեղի պիտի ունենայ 23 Օգոստոս 2044 թուականին։ Մինչեւ այդ թուականը մենք լոյսի համար աշխատինք եւ ինչո՞ւ չէ, ունկնդրենք քաղցրիկ երգ մը, ուր լուսինը փոխանակ լոյսը ծածկելու, կը հալածէ խաւարը։ Խօսք՝ Յակոբ Աղաբաբեան, ձայնագրութիւն՝ Կոմիտաս։
Լուսինն ելաւ են սարից,
Սարի բարձր կատարից,
Շէկլիկ-մէկլիկ երեսով՝
Փռեց գետնին լոյսի ծով.—
Խաւարն իսկոյն չքացաւ,
Ու էլ գետնին չկացաւ,
Լուսնի լոյսից հալածուած՝
Խոր ձորերի մէջ մնաց.