ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Իշխանութեան ճարահատութիւնը

Իշխանու­թեան մը հա­մար ամե­նացա­ւալի, իսկ ժո­ղովուրդի հա­մար ամե­նամ­տա­հոգիչ երե­ւոյ­թը կը գո­յանայ ճա­րահա­տու­թեան յայտնու­թիւնով։ Ափ­սոս որ 31 Մար­տի ընտրու­թիւննե­րէն ետք ծանր պար­տութիւն կրած Էր­տո­ղանի իշ­խա­նու­թիւնը, իր մատ­նո­ւած ճա­րահա­տու­թեան մէջ ան­գամ մը եւս կը դի­մէ անօ­րինու­թեան, ապօ­րէն կեր­պով չե­ղար­կե­լով ընդդի­մադիր­նե­րու նո­ւաճումնե­րը։

Այս տե­սակի զար­գա­ցում մը կա­յացաւ Վա­նի քա­ղաքա­պետ Ապ­տուլլահ Զէյ­տա­նի դէմ։ Վեր­ջինս ընտրու­թեան աւար­տին ապա­հոված էր յստակ յաղ­թա­նակ մը, ձեռք բե­րելով ձայ­նե­րուն % 55,48-ը։

Նա­խորդ ընտրու­թիւննե­րու ժա­մանակ կա­ռավա­րու­թիւնը ըրած էր նոյ­նը եւ քրտա­մէտ կու­սակցու­թեան նո­ւաճած հա­մարեա բո­լոր քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րուն մի­ջամ­տած էր կեղծ մե­ղադ­րանքնե­րով եւ ընտրո­ւած­նե­րուն փո­խարէն նշա­նակած էր տե­ղապահ­ներ։

Այս ան­գամ ալ թեկ­նա­ծու­թեան հա­մար անհրա­ժեշտ բո­լոր պայ­մաննե­րը լրա­ցու­ցած թեկ­նա­ծուն, երբ ընտրո­ւեցաւ իս­կոյն ի գործ դրո­ւեցաւ ընտրու­թե­նէն եր­կու օր առաջ Ար­դա­րադա­տական նա­խարա­րու­թեան որո­շու­մը եւ վե­րացո­ւեցաւ Ապ­տուլլահ Զէյ­տա­նի օրի­նական իրա­ւաս­նութիւննե­րը։

Այս որո­շու­մէն ետք Վա­նի ընտրու­թեան խոր­հուրդի որո­շու­մով քա­ղաքա­պետի աթո­ռը յանձնո­ւած է ԱԶԿ-ի թեկ­նա­ծուին։

Խոր­հուրդի նա­խագահ Մու­րատ Ալ­թունտե­րէ առար­կած է այս կար­գադրու­թեան։ Ապ­տուլլահ Զէյ­տա­նի իրա­ւապաշտպա­նը Մահ­սունի Քահ­րա­ման կը յայտնէ թէ կա­տարո­ւածը ան­նա­խադէպ է եւ առա­ջին ան­գամ է, որ դա­տարա­նը նման որո­շում կը կա­յաց­նէ։

Այս որո­շու­մի հրա­պարա­կու­մէն ետք ընտրող­ներ բո­ղոքի ցոյց կազ­մա­կեր­պե­ցին Ժո­ղովրդա­վարու­թեան ու Հա­ւասա­րու­թեան Կու­սակցու­թեան կեդ­րո­նական շէն­քի առ­ջեւ։ Ոս­տի­կանու­թիւնը իս­կոյն մի­ջամ­տեց ար­ցունքա­բեր կա­զերով եւ ջրցան մե­քենա­ներով։ Ժո­ղովրդա­հան­րա­պետա­կան Կու­սակցու­թեան Նա­խագահ Էօզ­կիւր Էօզէր եւս բո­ղոքեց այս որո­շու­մը, յայտնե­լով թէ կա­տարո­ւածը վա­նեցի ընտրող­նե­րու կամ­քի ան­տե­սումն է։

ՏԵՄ կու­սակցու­թեան բան­բերը եւս դա­տապար­տեց կա­տարո­ւածը, յի­շեց­նե­լով որ Զէյ­տան իրա­ւական բո­լոր կար­գադրու­թիւննե­րը աւար­տած ըլ­լա­լով հան­դերձ Ար­դա­րադա­տական նա­խարա­րու­թեան ապօ­րէն որո­շու­մով կը զրկո­ւի ընտրո­ւելու իրա­ւունքէն։ «Քրտա­կան խնդրի լու­ծումը բռնու­թեան մի­ջոց­նե­րով որո­նելով սխալուե­ցաք եւ կը շա­րու­նա­կէք այդ սխա­լը կրկնե­լու» ըսաւ Այ­շէ­կիւլ Տո­ղան։

Նաեւ կը յի­շեցո­ւի թէ Ժո­ղովուրդնե­րու Հա­ւասա­րու­թեան Կու­սակցու­թիւնը Վա­նի եւ շրջա­կայ 14 գա­ւառ­նե­րու բո­լորն ալ նո­ւաճե­լով մեծ յաղ­թա­նակ մը տա­րած էր։ Ընտրեալ քա­ղաքա­պետի % 55,48 տո­կոսի փո­խարէն, իշ­խա­նու­թեան թեկ­նա­ծու Ապ­տուլա­հատ Ար­վաս հա­զիւ 27 տո­կոս ստա­նալով այժմ կը տի­րանայ քա­ղաքա­պետի աթո­ռին։

Իս­կա­պէս մտա­հոգիչ է պատ­կե­րը, քա­նի որ բա­ցառո­ւած չէ թէ ԱԶԿ նման կեղ­ծիքնե­րով եւ թա­կարդնե­րով սպառ­նայ քրտա­մէտ շար­ժումի նո­ւաճած այլ քա­ղաքա­պետա­րան­նե­րուն։

Բան մը՝ որ տե­ղի ու­նե­ցաւ նա­խորդ ընտրու­թիւննե­րուն եւս եւ կեղծ մե­ղադ­րանքնե­րով յափշտա­կուե­ցաւ Ժո­ղովուրդնե­րու Ժո­ղովրդա­վարու­թեան Կու­սակցութեան նո­ւաճումնե­րը։

Ցա­ւալի է, որ իշ­խա­նու­թիւնը իր մատ­նո­ւած անե­լէն դուրս գա­լու այլ եղա­նակ­ներ չի կրնար գտնել եւ կրկին ան­գամ կը դի­մէ իր պար­տութեան պատ­ճառ դար­ձած անօ­րինու­թիւննե­րուն։

Յայտնի է որ երկրէ ներս լիիրաւ ար­դա­րու­թիւն կեր­տե­լու հա­մար հար­թե­լու տա­կաւին եր­կար ճա­նապարհ ու­նինք։