ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Ահաբեկչութիւն ընդդէմ ազատութեան

Նոր ժա­մանակ­նե­րու ու­շագրաւ երե­ւոյթնե­րէն մէկն ալ քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ խօս­քի կշի­ռի բա­ցակա­յու­թիւնն է։ Քա­ղաքա­կան գոր­ծիչներ ան­հա­ւատա­լի ան­փութու­թեամբ կ՚ար­տա­սանեն բա­ռեր, որոնց ծան­րութիւ­նը կը գե­րազան­ցէ ար­տա­սանո­ւած միտ­քը։ Այդպի­սի բա­ռերէն մէկն է ահա­բեկ­չութիւ­նը, որ յա­ճախ կ՚օգ­տա­գոր­ծո­ւի իր բուն նշա­նակու­թիւնը գե­րազան­ցող ան­պա­տաս­խա­նատ­ւութեամբ։

Այս հաս­տա­տումնե­րը շատ աւե­լի յստակ կը դառ­նայ Թուրքիոյ քա­ղաքա­կան դաշ­տի վրայ, ուր գլխա­ւորու­թեամբ երկրի նա­խագա­հին, իւ­րա­քան­չիւր քա­ղաքա­կան գոր­ծիչ այդ բա­ռով կը մե­ղադ­րէ իր հա­կառա­կոր­դը։

Եթէ հետզհե­տէ շու­կայնա­ցած գոր­ծա­ծու­թիւնը նկա­տի ու­նե­նանք, դիւ­րաւ կրնանք կար­ծել թէ երկրի բնակ­չութեան հա­մարեա կէ­սը կամ ահա­բեկիչ է, կամ ալ առ­նո­ւազն ահա­բեկ­չութեան ջա­տագով։

Զանց առ­նե­լով այս խե­ղաթիւ­րումը, բա­ռը իս­կա­պէս ալ ու­նի յա­տուկ նշա­նակու­թիւն։ Ահա­բեկ­չութիւ­նը այն արարքն է, որ կը մի­տի հա­սարա­կու­թեան մէջ սար­սա­փի տրա­մադ­րութիւն գո­յաց­նել։

Վեր­ջերս Ռու­սիոյ դաշ­նութեան մայ­րա­քաղա­քի մէջ քա­ղաքի մե­ծագոյն հա­մեր­գասրահ­նե­րէն մէ­կուն ուղղո­ւած զի­նեալ յար­ձա­կու­մը ահա­բեկ­չութեան վառ օրի­նակ մըն է։ Պաշ­տօ­նական տո­ւեալ­նե­րով 139 մա­հուան պատ­ճառ դար­ձած յար­ձա­կու­մի հե­ղինակ­նե­րը յայտնե­ցին թէ խոս­տա­ցուած գու­մա­րի հա­մար դի­մած են այս վայ­րա­գու­թեան։ Այդ պատ­ճա­ռաւ է, որ Փու­թին յայ­տա­րարեց թէ յար­ձակման հե­ղինակ­նե­րը յայտնա­բերո­ւած են եւ հի­մա պի­տի աշ­խա­տին պա­տուի­րատու­նե­րը յստա­կեց­նե­լու։

Դար­ձեալ նոր ժա­մանակ­նե­րու յա­տուկ երե­ւոյթ է պե­տու­թիւննե­րու իրենց ռազ­մա­վարու­թիւնը ահա­բեկիչ­նե­րու ձեռ­քով գոր­ծադրե­լու հաս­կա­ցողու­թիւնը։

Երե­ւոյթ մը, որ յա­ճախ կը յի­շեց­նէ ֆան­թաստիկ գրա­կանու­թեան կեր­պարնե­րէն Ֆրան­քենշթայ­նը։ Հոն ալ պա­տու­մի հե­րոսը բժիշկ Ֆրան­քենշթայն իր ձեռ­քով կը ստեղ­ծէ հրէշ մը, որ վեր­ջա­պէս իր գլխուն ալ փոր­ձանք պի­տի դառ­նար։

Այս օրի­նակի կրկնու­թիւնը տե­սանք Խոր­հուրդա­յին զօր­քե­րու Աֆ­ղա­նիս­տա­նը ար­շա­ւելու ըն­թացքին։ Այդ շրջա­նին ԱՄՆ դի­տումնա­ւոր կեր­պով ստեղ­ծեց իս­լա­մադա­ւան ահա­բեկիչ­նե­րու բա­նակ մը, որ աւե­լի ուշ իր­մէ ստա­ցած զէն­քով սպառ­նաց այդ բա­նակի հե­ղինա­կին։

Սու­րիոյ քա­ղաքա­կան պա­տերազ­մի օրե­րուն ալ Թուրքիա որ­դեգրեց նոյն ճամ­բան, երկրի օրի­նական նա­խագա­հը գա­հըն­կէց ընե­լու հա­մար ահա­բեկ­չա­կան բա­նակ­ներ կազ­մա­կեր­պե­լով։ Հոն եւս այդ ահա­բեկիչ­նե­րը վեր­ջին հա­շուով Թուրքիոյ դէմ ալ սպառ­նա­լիք մը դար­ձան։ Կա­րելի է օրի­նակ­նե­րը շա­րու­նա­կել տար­բեր պա­տերազմնե­րով եւ զա­նազան եր­կիրնե­րու ներ­թա­փան­ցումով։

Ի վեր­ջոյ կա­րելի է ըսել թէ ահա­բեկ­չութե­նէ օգ­տո­ւելու մար­մա­ջը կը սպառ­նայ հա­մաշ­խարհա­յին քա­ղաքակրթու­թեան։ Անվտան­գութեան կամ ապա­հովու­թեան մար­մա­ջով պե­տու­թիւններ կը սահ­մա­նափա­կեն քա­ղաքա­ցինե­րու ազա­տու­թիւննե­րը։ Պատ­րո­ւակը միշտ պատ­րաստ է՝ «Ձեր անվտան­գութեան հա­մար»։

Այս կա­խար­դա­կան պատ­րո­ւակով առանց խու­զարկո­ւելու ուր որ է տու­նէն դուրս ել­լե­լը ան­գամ ան­կա­րելի պի­տի դառ­նայ։ Ար­դէն ամէն կողմ լե­ցուն է տե­սախ­ցիկնե­րով եւ նոյ­նիսկ ներ­քա­ղաքա­յին փո­խադ­րութեան մի­ջոց­նե­րով ան­գամ կա­րելի է հե­տեւիլ ան­հա­տի բո­լոր քայ­լե­րուն։ Իբ­րեւ թէ անվտան­գութեան հա­մար ծրագ­րո­ւած այս կան­խա­միջոց­նե­րու շնոր­հիւ բո­լորս մատ­նո­ւած ենք խիստ հե­տապնդման։

Նոր ժա­մանակ­նե­րու մար­դը հետզհե­տէ պի­տի տա­րուի մտա­ծել թէ անվտան­գութեան կան­խա­միջոց­նե­րը սե­փական ազա­տու­թիւնը վե­րաց­նող գլխա­ւոր գոր­ծօ­նը դար­ձած են։