Ինչպիսի՞ն է հեղինակազուրկը։ Ան մարդու տեսակ է, որ չէ կազմած իր անհատականութիւնը եւ կ՚ապաւինի ուժի մը շուքին։ Գիտէ թէ ուր պիտի լռէ եւ ուր պիտի խօսի։ Երբ խօսի, ձայնի ինչ ուժգնութեամբ կամ ինչ շեշտադրումով։ Այդ բոլորը ճշդողը ոչ թէ ինքն է, այլ տիրոջ նախասիրութիւնը։ Եթէ տէրը նիւթի մը շուրջ բարձրաձայն պիտի առարկէ, ինք այդ նոյն առարկութիւնը կը կրկնէ տիրոջ ձայնը գերազանցող բարձրութեամբ։
Այս կերպարները եթէ ոչ մարդկութեան, բայց իրենց տիրոջ համար միշտ պիտանի են։
Յիշենք Թուրքիոյ քաղաքականութեան մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունեցող քաղաքական գործիչները եւ անոնց հեղինակութենէ զուրկ փոխանորդները։ Այս պահուն կը մտաբերեմ Թուրկութ Էօզալը։ Ան վարչապետի եւ կուսակցապետի իր կոչումները թողելով կը պատրաստուէր նախագահական աթոռ բազմելու։ Այդ պահուն կարիքը զգաց զինք փոխարինող մէկու մը։ Գտան, եւ դիւրին գտան, քանի որ պահեստի մէջ միշտ կան նման կերպարներ։
Էօզալ անցաւ նախագահի աթոռին, իր տեղը թողելով այդ հեղինակութենէ զուրկ գործիչին։
Նոյն օրինակին հետեւեցաւ այժմու նախագահ Էրտողան։ Ան ալ իր կարգին, երբ վարչապետի աթոռէն պիտի անցնէր նախագահի կոչումին յայտարարեց որ կը որոնէ հեղինակութիւն չունեցող անուն մը։ Այդ օրերուն հեղինակութիւնը չունեցողը կը բնութագրէին «ցածր փրոֆիլ»։
Երբ այդ ալ գտան, երբեմնի հաղորդակցութեան նախարարը նշանակեցին վարչապետ։ Ինք վարչապետի կոչումով ոչ ընելիք ունէր, ոչ ալ ըսելիք։ Բայց մեծ ձեռնհասութեամբ կը կրկնէր նախագահի խօսքերը, նոյնիսկ անկէ աւելի բարձրաձայն ու վճռակամ։
Էրտողանի առաջին նախագահութեան շրջանին ալ նոյնը պատահած էր եւ այս անգամ ալ երբեմնի Արտաքին Գործոց Նախարարը փոխարինած էր իրեն։
Զարմանալին այն է, որ նման հեղինակազուրկներ բոլոր պայմաններու տակ կը շարունակեն իրենց սեփական նաւով նաւարկել եւ միշտ գտնել նորանոր տէրեր։ Այսպիսիներէն մէկը վերջերս Պաքու այցելելով այդտեղէն յայտարարեց թէ հայերը պէտք է զիջին Ատրպէյճանի պահանջներուն դիմաց եւ Արարատ Լերան կերպարը դուրս հանեն ազգային զինանշանէն։
Ահաւասիկ խօսք մը, որ կը գերազանցէ ըսողին ծանրութիւնը։ Պարտինք հարցնել, ո՞վ ես դուն, որ համարձակիս հայ ժողովուրդին ազդարարել Արարատի խորհուրդը իր զինանշանէն հեռացնելու համար։ Աւելին՝ դուն ի՞նչ կապ ունիս Արարատի եւ անոր խորհուրդի հետ։ Դոյզն իսկ գրաճանաչ ըլլայիր, կարդացած պիտի ըլլայիր Էճէ Թեմելքուրանի իմաստալից զրոյցը ամենայն հայոց բանաստեղծուհի Սիլվա կապուտիկեանի հետ։
Այդտեղ Կապուտիկեան դիմելով Թեմելքուրանին կ՚ըսէ հետեւեալը. «Արարատը ձեզի համար բարձրութիւն կը նշանակէ, իսկ մեր մօտ խորութիւնը»։
Այդ էր որ Էճէ Թեմելքուրան շարադրած գիրքն ալ անուանեց այդ հաստատումով՝ «Աղրըի խորութիւնը»։
Յայտնի է որ հեղինակութենէ զուրկ քաղաքական գործիչը իր գտնուած վայրին համապատասխան եւ հաճելի թուելու մարմաջով արտասանած է իր հասակէն վեր խօսքեր։Այդ պահուն ան գիտէ թէ նման ելոյթը արժանի պատասխանը պիտի չգտնէ հայկական կողմէն։
Մենք զգուշացնենք, որպէսզի բացթողում չըլլայ։
Դուն եւ ցանկացած նմաններդ պէտք է քանի մը անգամ ցօղուէք ձեր բերանները, նախքան Արարատի եւ հայոց սրբութիւններու մասին խօսիք։