Հասարակական ապրումներու մէջ զեղծարարութիւնը այն ախտն է, որ կը սկսի բուրգի գագաթէն ու հետզհետէ կը ծաւալի դէպի ներքեւ։ Այդ ծաւալումը սակայն երբեք չի հասնիր մինչեւ խարիսխ, քանի որ այդ ապականած գագաթը արդէն խարիսխի անկայունութեան հետեւանքն է։
Վերեւի այս երկու նախադասութիւնները համընդհանուր հաստատումներ կարելի է համարել։ Եկէք այդ համընդհանուրին վրայ յաւելենք հաստատում մը եւս, որն է զեղծարարութեան վարակիչ յատկութիւնը։
Ուրեմն նախ դիտենք գագաթի պատկերը։ Հոն բազմած պիտի տեսնենք հասարակութեան բնոյթին համապատասխան կերպով թագաւոր մը, զօրավար մը, նախագահ մը կամ կրօնապետ մը։
Որովհետեւ գագաթը շատ անգամ անհասանելի է եւ անտեսանելի թանձր մշուշի մը ետին, ընդհանրապէս զերծ կը մնայ ստորոտի տհաճ խօսակցութիւններէն, բամբասանքներէն կամ պնդումներէն։ Բայց երբ անգամ մը կծիկի ծայրը վճռակամօրէն անվարան կամքի տէր մէկու մը ձեռքը կ՚անցնի, կը տեսնենք որ ծալքերը մեզ կը տանին դէպի վերեւ եւ աւելի վերեւ, փոխանակ ստորոտ իջնելու։
Այս բոլորը կը մտաբերենք համայնքային կեանքի մէջ նոր զեղծարարութեան հոսանքի մը գետին հանդիսացող «Իթիմաթ Պիւրօ» անուն ընկերութեան շուրջ ծաւալող զրոյցները լսելով։
Մեզ՝ լրագրողներուս համար շատ դժուար դաշտ մըն է համայնքային կեանքի մէջ իրագործուած սխալներու մասին գրել։ Նախ եւ առաջ բամբասանքի սահմանումին մէջ ամենահամարձակ պնդումներ ներկայացնողները, անհաւատալի լռութեան կը մատնուին, երբ լրագրող մը իրենց կարծիքը հարցնէ։ Ինքնապաշտպանութեան երեւոյթ մըն է այս։ Ամէն տեսակ պնդումը ականատեսի հանգամանքով փոխանցողները, երբ խօսափողը իրենց երկարի, «Ինձմէ լսած մի ըլլար» ըսելով անպատասխան կը թողուն իրենց ուղղուած հարցումները։
Թրքերէն «Իթիմաթ» բառը կը նշանակէ վստահութիւն։ Ուրեմն այդ անունէն բնականաբար կ՚ակնկալուի որոշ վստահութիւն։ Բայց վստահութեան համար անհրաժեշտ է նաեւ թափանցիկութիւնը։ Մանաւանդ երբ ընկերութիւն մը հասարակութեան ծառայութիւն կը մատուցէ իր կողմէ գանձուած նուիրատւութիւնները բարենպատակ համայնքային հաստատութեան որոշուած գումար մը ի պահ դնելով փոխանցելու համար։ Նուիրատուն միայն թափանցիկութեան առկայ ըլլալու պարագային վստահ պիտի ըլլայ թէ իր նուէրը հասած է իր ճշդած հաստատութեան։
Երբ այս նիւթը առաջին անգամ օրակարգի եկաւ, «Իթիմաթ Պիւրօ»ի պատասխանատուն մամլոյ յայտարարութիւն մը ընելով ըսաւ թէ Պատրիարքական փոխանորդ Արամ Արք. Աթէշեանի յանձնարարութեամբ ստանձնած է այս ծառայութիւնը։ Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ շահոյթի հիման վրայ գոյացած ընկերութիւնը պատուէրով իրեն համար շահոյթի գետին կ՚ունենայ։ Տարօրինակ է բոլորին համար, բացի մեզ՝ Թուրքիոյ քաղաքացիներուս։ Մենք քաջ գիտենք թէ պետական ծառայութիւնները իշխանութիւններու կողմէ ինչպէ՞ս կը մատուցուին որոշ ընկերութիւններու կամ անհատներու։ Ուրեմն երկրի տիրող մթնոլորտի մէջ այս ալ բնական է։ Մեզ՝ խարիսխի մեծամասնութիւնը կազմողներուն ալ կը մնայ հարց տալ, ինչպէ՞ս, միթէ կրնա՞յ ըլլալ։