ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Գիրկ Բ.

Անկողոպտե­լի գիր­կը

Շա­բաթ մը առաջ, կը յի­շէ՞ք, գրկեր էինք «գիրկ» բա­ռը։ Ջերմ էր ան։ Ան­դորր։ Մայ­րա­կան։ Անոր սի­րագիրկ թե­ւերու մէջ մենք վա­յելեր էինք Նա­րեկա­ցիի եւ Շնոր­հա­լիի տա­ղերը, հա­ճըն­ցիի եւ վա­նեցիի բար­բա­ռը։ Ապա, Սա­հակա­դուխտ երաժշտու­հին էր, որ մե­զի բա­ցատ­րեց թէ Տի­րամօր գիրկն է ամե­նէն բախ­տա­ւորը, քան­զի ան մա­նուկ Յի­սու­սը գրկեց։ Բայց օրեր եղան, հե­ռու եւ մօտ, բառս դառ­նա­ցաւ, մեր հո­ղը սա­հեցաւ մեր ոտ­քին տա­կէն, եւ հա­յը վեր­ջին ան­գամ գրկեց իր տու­նը, իր հօր շիր­մա­քարը, զի­նուո­րը գրկեց իր մօ­րը։ Իսկ այ­սօր, երբ աւե­լի ամուր գրկել պէտք է այն ինչ որ մնա­ցեր է մեր ափե­րուն մէջ, կ’առա­ջար­կեմ կա­րօտով վե­րադառ­նալ մայ­րե­նիի գիր­կը, քան­զի ան է հա­յու ան­կո­ղոպ­տե­լի հարստու­թիւնը։ Հի­մա ժա­մանակն է, որ պա­րու­րո­ւինք Քու­չա­կի եւ քա­նի մը այլ սի­րակէզ բա­նաս­տեղծնե­րու գոր­ծե­րով։

Հայ­րե­նի գիր­կի մէջ

«Գրկել» բա­ռը շատ ան­գամ յար­մար եկաւ հայ­րե­նասի­րական խօս­քե­րու հա­մար։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, անոնցմէ մէ­կը գտայ 1931 թո­ւակա­նին Հա­լէպի մէջ հրա­տարա­կուած «Եփ­րատ» թեր­թի մէջ։ Առա­ջին էջի վրայ զոյգ կա­թողի­կոս­նե­րը հայ ժո­ղովուրդին ուղղած են կոն­դակ մը եւ գո­վաբա­նած՝ նո­ւիրեալ աշ­խա­տան­քը. «Սեր­մա­նողը երբ ճշդե­լով կամ համ­րանքով սեր­մա­նէ, ըստ այնմ կը հնձէ, լիաբուռն սեր­մա­նողք գրկա­լից կը հնձեն»։ Ապա, Ֆե­լիքս Բախ­չի­նեանը գո­վեց Կով­կա­սը. «Կով­կա­սը իւ­րա­քան­չիւր կով­կասցու հայ­րե­նիքից դուրս փռո­ւած հայ­րե­նիքն է, հայ­րե­նիք­ներ ըն­դե­լու­զող մի մեծ գիրկ»։ Իսկ մա­նուկ Մի­քայէլ Նալ­բանդեանը հա­րազատ հայ­րե­նիքի երա­զով, պար­զեց իր ան­զօր թե­ւերը ու գրկեց ազա­տու­թիւնը. «Ես ան­բարբառ մի մա­նուկ / Եր­կու ձեռքս պար­զե­ցի, / Եւ իմ ան­զօր թե­ւերով / Ազա­տու­թիւնն գրկե­ցի»։

Սի­րելիի գիր­կը

Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան մէջ չկայ բա­նաս­տեղծ մը որ գե­ղեց­կուհիի մը գիր­կը պաշ­տած ըլ­լայ այնքան շատ որ­քան 1500-նե­րուն ապ­րած Նա­հապետ Քու­չա­կը։ Այժմ, մօ­տենանք աշու­ղին եւ անոր բեր­նէն լսենք իր երկրպա­գած գիր­կի բա­րեմաս­նութիւննե­րը։ Նախ եւ առաջ ըսեմ, որ, ըստ Քու­չա­կի, սպի­տակ ու պայ­ծառ գիրկ մը մե­ռելը կրնայ վե­րակեն­դա­նաց­նել. «Զմե­ռելն այլ ի գիրկն առ­նու, / ի ծո­ցուն հա­նէ կեն­դա­նի»։ Եղ­բայրներ, մե՞ղք է սի­րել, հար­ցուց Քու­չա­կը։ Ապա, որո­շեց իր եարը ցոյց տալ Աս­տուծոյ. «Զա­ղէկն այլ գիրկս առ­նեմ, / Եւ աս­տուծոյ եր­թամ, ցըց­նեմ, / - Զա­ղէկն դու ստեղ­ծե­ցիր, / ինձ յէ՞ր մեղք դնես, թէ սի­րեմ»։ Քու­չա­կը օր մը բազ­մա­մարդ քա­ղաքի նեղ փո­ղոցի մը մէջ, շատ ան­յարմար ժա­մուն, իր զար­դա­րուած եարը տե­սաւ։ Աղ­ջի­կը աչ­քով եւ յօն­քով խօ­սեցաւ. «Գնա ու գի­շերն արի, / որ ամէն դժարս դու­րա­նայ (դժո­ւարու­թիւնը դիւ­րա­նայ). / Քե­զի գիր­կուծոց անեմ. / պագ հա­զար, մինչ որ լու­սա­նայ»։ Քու­չա­կը եւ եարը նա­խանձ աչ­քե­րէ խու­սա­փելու հա­մար կը նա­խընտրէին գի­շերա­յին ժա­մերուն տե­սակ­ցութիւն ու­նե­նալ։ Անոնք կը վա­յելէին բա­րեացա­կամ լուսնի հո­վանա­ւորու­թիւնը։ Տղան հպարտ էր. եթէ լու­սի­նը ա՚ստղ ու­նի, ինքն ալ՝ լու­սա­ւոր եարը. «Լու­սինն ի սա­րէն փրթաւ, / ինքն ու իւր աստղն ի հիտ­րաց (մի­սաին). / Զա­ղուորն ի գիրկս առի, / պագ առի եր­կուքս ի հիտ­րաց»։ Քու­չա­կը, նա­խանձ տղայ, կը նա­խան­ձէր՝ եարի շա­պիկը. «Ես շար շա­պիկ լի­նէի, / Եւ ի ան­ձինդ վե­րայ կանգնէի. / Ոս­կով եւ ապրշում կոճ­կեկ, / որ շլնիդ ի գիրկ ածէի»։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, այս խա­ղաղ ժա­մերուն երբ դուք յօ­դուածս կ’ըն­թերցէք, առան­ձին ձգենք Քու­չա­կը եւ անոր անա­նուն եարը, գի­շերո­ւայ մէջ, լուսնի տակ, եւ եր­թանք Կով­կաս։ Հոն, 1908 թո­ւակա­նին, իրիկ­նա­մու­տին, գտնենք մէկ այլ տան­ջո­ւած բա­նաս­տեղծ, Տէ­րեանը։ Ան ալ քա­նի մը խօսք ու­նի գիր­կի եւ գրկե­լու մա­սին։

Գի­շե՚ր, գրկէ զիս

1908 թո­ւակա­նին, 9 Յու­լիս, Չո­րեք­շաբթի օր, Թիֆ­լի­սի «Զան­գակ» օրա­թեր­թը ազ­դա­րարեց, թէ քա­ղաքի մէջ լոյս տե­սած է Վա­հան Տէ­րեանի «Մթնշա­ղի անուրջներ» բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րու ժո­ղոուա­ծուն եւ տե­ղեկա­ցուց, թէ 50 կո­պէկ ար­ժող հրա­տարա­կու­թիւնը «Գուտտեն­բերկ» գրա­խանու­թէն եւ «Փա­րոս» քիօս­քէն (կրպակ) կա­րելի է գնել։ Եւ ով որ գնեց այդ հա­մեստ գիր­քը եւ գի­շերա­յին ան­դորրու­թեան մէջ ըն­թերցեց՝ գիր­կընդխառ­նո­ւեցաւ հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ամե­նէն քաղցր, ամե­նէն քնքոյշ, նաեւ՝ ամե­նէն դառն տո­ղերու հետ։ Տէ­րեանի գիր­կը, ցա­ւալի ճշմար­տութիւն, ո՚չ թէ սի­րով էր լե­ցուած, այլ՝ թա­խիծով, քան­զի յա­ճախ դա­տարկ էր ան։ Ահա այդ գիր­քէն մէկ գիրկ լե­ցուն ըն­տիր խօսք, նախ անոնք, որոնք ուղղո­ւած են մութ ժա­մերուն. «Սեւ գի­շերն է գրկել ինձ…, Լոյ­սե­րը մե­ռան,— Մու­թը սառ­նա­թեւ գրկեց ամէն ինչ…, Իրիկ­նա­ժա՚մ, տխուր թե­ւերդ ան­ձայն կը փռես, կը գրկես հո­ղը կա­նացի նա­զով…, Երե­կո՚յ, աչ­քերդ փա­կիր, ինձ քնքոյշ գրկիր»։ Տղան, (Տէ­րեանը այն ժա­մանակ 23 տա­րեկան էր) «Թա­փառա­կան» քեր­թո­ւածի մէջ յի­շեց իր գաղ­թա­կան կեան­քը. «Հո­ղը կը գրկեմ, ջերմ կը հե­կեկամ», ապա «Դարձ» բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ պատ­կե­րացուց, թէ ի՚նչ պի­տի ընէր այն օրը, երբ վե­րադառ­նար հայ­րե­նիքի գիր­կը. «Քո սուրբ ծնկնե­րը կը գրկեմ յու­սով, / Եւ կը հե­կեկամ, եւ կը հե­կեկամ»։ Ի՞նչ է եր­ջանկու­թեան բա­նաձե­ւը, հար­ցուց Տէ­րեանը։ Գրկել մէ­կուն, եղաւ պա­տաս­խա­նը. «Քաղցր է մու­թը քո գրկում…, Քո գրկում կայ սի­րուց անոյշ մի հիացում»։

Վեր­ջին շունչը գիր­կիդ մէջ

Յար­գե­լի ըն­թերցող, գրե­լու ար­ժա­նի, պաշ­տե­լի տե­սարան է մա­հը սի­րելիի գիր­կի մէջ։ Գե­ղապաշտ հայ բա­նաս­տեղծնե­րը աս­պե­տական, քնա­րական ոճով նկա­րագ­րե­ցին այդ պատ­կե­րը։ Անոնցմէ մէ­կը Դա­նիէլ Վա­րու­ժանն էր։ «Հար­ճը» բա­նասեղ­ծութեան մէջ Սիւ­նեաց Նա­հապետ Բա­կու­րի նե­տով կը սպան­նո­ւի խար­տեաշ գե­ղեց­կուհի՝ նա­հապե­տի նա­ժիշտ Նա­զենի­կը, որ ո՚չ այդ բռնա­ւորի, այլ՝ գե­ղադէմ իշ­խան Տրդա­տի գիր­կի մէջ գտած էր եր­ջանկու­թիւնը։ Զոյ­գը կը փախ­չի Սպեր։ Ձիու վրայ Նա­զենի­կը ամուր գրկած է Տրդա­տին։ Աւա՜ղ, դեռ սահ­ման չհա­սած՝ «Կնոջ մար­մի­նը ան­շունչ գիր­կը կ՛իյ­նայ ցրտա­գին», իսկ Տրդա­տը՝ «Անոր դեռ թա՚րմ դիակն առած գրկին մէջ կու լար»։

Իմաս­տա­սէր գիր­կը

Գիր­կի մէջ պէտք չէ մտա­ծել. պէտք է միայն վա­յելել անոր ջեր­մութիւ­նը։ Բայց, օր մը Աւե­տիք Իսա­հակեանը գրեց «Աբու Լա­լա Մա­հարի» քեր­թո­ւածը եւ ցոյց տո­ւաւ, որ «գիրկ» բա­ռը իմաս­տա­սիրե­լու հա­մար է։ Այս բա­ռի հետ եւ այս բա­ռի շուրջ Վար­պե­տը ածեց բազ­մա­թիւ ըն­տիր գա­ղափար­ներ։ Այդ բա­նաս­տեղծու­թեան մէջ մենք տե­սանք արե­ւու գիր­կը, կնոջ գիր­կը եւ «նիր­հած գի­շերով, հնչուն զան­գե­րի անոյշ ղօ­ղան­ջով»՝ Պաղ­տա­տէն հե­ռացող քա­րաւա­նի գիր­կը։ Ահա աստղա­զարդ եր­կինքի տակ, նո­ճիածածկ Տիգ­րի­սի ափե­րու վրայ է քա­րաւա­նը։ Հե­տեւինք զայն։ Նախ լսենք Մա­հարիի բա­րեւը. «– Սա­լամ քեզ, արեւ…, դու, իմ ան­մահ մայր, մայ­րա­կան դու գիրկ…, Եր­ջանկաս­փիւռ քո լոյս – գիր­կը բաց, ես սի­րաբոր­բոք թռչում եմ դէպ քեզ»։ Մա­հարիի հա­մար կի­նը դառ­նութիւն էր, դառ­նութիւն եւ տա­ռապանք։ Եւ Մա­հարին դժգո­հեցաւ. «Եւ կինն ի՞նչ է որ… խո­րամանկ, խա­բող, առ­նա­խանձ մի սարդ…, համ­բոյրի մէջ սուտ եւ քո գրկի մէջ գրկում ու­րի­շին»։ Իսկ, անա­պա՞տը. ան­սահման ազա­տու­թիւն. «– Ոհ, ինչ ազատ եմ, ան­պարփակ ազատ. մի՞թէ կա­րող է այս մեծ Սա­հարան պա­րու­րել, գրկել իր ծի­րերի մէջ»։

Կա­խար­դա­կան գիր­կը

Աւե­տիք Իսա­հակեանը չէ եղած Մա­հարիի չափ սրտա­բեկ, որ հե­ռանայ քա­ղաքէն։ Ընդհա­կառա­կը ան սի­րած է սի­րել։ Ան թէեւ ու­նե­ցեր է հայ­րե­նիքի կա­րօտ, սա­կայն գտեր է զայն մեղ­մացնե­լու մի­ջոցը՝ «Գրկիր ինձ մեղ­միկ» փոք­րիկ քեր­թո­ւածի մէջ. «Գրկիր ինձ մեղ­միկ,— / Քո կա­խարդ գրկում / Ես զգում եմ ինձ / Իմ հայ­րե­նիքում»։

Սիւ­նի­քի գիր­կը

Յար­գե­լի ըն­թերցող, ահա այս յօ­դուա­ծը հա­սաւ իր աւար­տին։ Երախ­տա­պարտ ենք «գիրկ» բա­ռին, որ իր ջեր­մութեամբ մեզ պա­րու­րեց, որ­պէս հա­րազատ մայր եւ հա­ւատա­րիմ սի­րելի։ Այս բա­ռը նաեւ իր տա­ղերով եւ իր եր­գե­րով մեզ վե­րադար­ձուց հայ­րե­նիքի գիր­կը։ Ուստի, յար­մար կը տես­նեմ եր­գով մը ձե­զի հրա­ժեշտ տալ, ուր Գու­սան Աշո­տը կ’երա­զէ Սիւ­նեաց Սա­րերու գիր­կի մէջ ըլ­լալ։ Մին­չեւ յա­ջորդ յօ­դուածս գրկե­ցէք ձեր սի­րելի­ները սեղմ եւ եր­կար։

Հա­զար ու մի եր­գում գոուած սար եմ տե­սել,

Բայց միշտ ձեր կա­րօտը քա­շել, Սիւ­նեաց սա­րեր.

Ասես մեծ վար­պետ Նա­ղաշի ձեռքն է հա­սել,

Ծա­ղիկ­նե­րիդ գոյն-գոյն նախ­շել, Սիւ­նեաց սա­րեր,

Ինձ մօր սրտով

ձեր գիրկն առէք,

Սիւ­նեաց սա­րեր։