ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

8 Մարտի խորհուրդը

Երկար դի­մադ­րութե­նէ ետք նախ­կին Ներ­քին Գոր­ծոց Նա­խարար Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի պաշ­տօ­նան­կութե­նէն ետք կա­րելի եղած էր Շա­բաթ­նո­րեայ Մայ­րե­րու ամէն շա­բաթ օր Կա­լաթա­սարա­յի հրա­պարա­կին վրայ անցկա­ցուած բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու յա­րատե­ւու­մը։

Պոլ­սոյ այժմու Կու­սա­կալը ռազ­մա­վարու­թեան այս փո­փոխու­թիւնը բա­ցատ­րած էր նոր նա­խարա­րին աւե­լի մար­դա­սէր ըլ­լա­լու երե­ւոյ­թով։ Սիւ­լէյման Սոյ­լո­ւի ան­ցեալին դա­ժան ար­գելքնե­րէն բա­ժին ստա­ցող­նե­րէն մէկն ալ 8 Մարտ Կա­նանց Հա­մաշ­խարհա­յին Օրը ար­ժա­նի կեր­պով յի­շատա­կել ու­զող կի­ներն էին։ Հե­տաքրքրա­կան է յու­սալ թէ ար­դեօք 8 Մար­տի ցոյ­ցե­րու հան­դէպ ալ նո­րան­շա­նակ նա­խարա­րը պի­տի յա­ջողի՞ իր այդ մար­դա­սիրա­կան կե­ցուած­քը պա­հել, թէ ոչ այդ օրն ալ խիստ մտա­հոգիչ եւ ան­բաղձա­լի բո­ղոքի ցոյ­ցե­րու յար­մար գե­տին մը ըլ­լա­լով պի­տի դի­տուի կա­ռավա­րու­թեան կող­մէ։

Իս­կա­պէս ալ բա­նուոր դա­սակար­գի պա­հանջնե­րուն ամե­նասուր կեր­պով հնչած Մա­յիս 1-եան ցոյ­ցե­րու նման կի­ներու սպա­նու­թեան հետզհե­տէ սո­վորա­կան բնոյթ ստա­ցած ներ­կայ պայ­մաննե­րու մէջ 8 Մարտն ալ բո­ղոք ար­տա­յայ­տե­լու նե­րուժ ու­նե­ցող օրի մը վե­րածո­ւած է։ Կաս­կած չկայ որ օրը այս տա­րի շատ աւե­լի ծան­րա­բեռ­նո­ւած է, քա­նի որ երկրի իշ­խա­նու­թիւննե­րը սկսե­լով նա­խակրթա­րանի դա­սարան­նե­րէն կը փոր­ձեն տա­րածել կրօ­նական այնպի­սի հա­մոզումներ, որոնք կի­նը կը դի­տեն իբ­րեւ բո­լոր մեղ­քե­րու պատ­ճառ։ Այդ բո­լորին վրայ կու գայ աւել­նա­լու նաեւ 31 Մար­տի ընտրու­թիւննե­րը, որոնք ալ աւե­լի թէժ մի­ջավայր կը ստեղ­ծեն փո­ղոցի ցոյ­ցե­րու առու­մով։

8 Մար­տը այս բո­լոր հան­գա­մանքնե­րը նկա­տի ու­նե­նալով կա­տարեալ փոր­ձա­դաշտ մը պի­տի ըլ­լայ նոր Ներ­քին Գոր­ծոց նոր նա­խարա­րի հա­մար։ Ժո­ղովուրդը նախ­կին տա­րինե­րու փոր­ձա­ռու­թիւնով գի­տէ թէ եթէ յա­տուկ ար­գելքներ չպար­տադրո­ւին, այս տե­սակի հան­րա­հաւաք­նե­րը կ՚անցնին խա­ղաղ պայ­մաննե­րու տակ։ Իսկ հա­կառա­կը, այ­սինքն ոս­տի­կանա­կան բռնու­թիւնը իր հետ կը բե­րէ նաեւ դի­մադ­րութեան հզօր կամք մը, որ յաղ­թա­հարե­լը հետզհե­տէ կրնայ դժո­ւարա­նալ, թէ ոս­տի­կան­նե­րու եւ թէ առ­հա­սարակ իշ­խա­նու­թեան հա­մար։

Վեր­ջա­պէս 21 Ապ­րի­լը, Մար­տի 8 կամ Մա­յիս 1-ը, հա­մաշ­խարհա­յին նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող օրեր են եւ կը նշո­ւին հա­մընդհա­նուր տրա­մադ­րութիւ­նով։ Բայց չես գի­տեր ին­չու այդ օրե­րը չեն նշո­ւիր մեր հա­մայնքա­յին օրա­ցոյցնե­րու մէջ։ Նոյնպէս ցա­ւալի երե­ւոյթ է 21 Սեպ­տեմբե­րին, այ­սինքն Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան օրո­ւայ զան­ցա­ռու­մը։ Մենք այս շա­բաթ այդ բո­լորին մէջ յատ­կա­պէս ու­շադրու­թեան կի­զակէ­տին կը դնենք Մար­տի 8-ը։

Ան յատ­կա­պէս իր էու­թեան մէջ կը խորհրդան­շէ սե­ռային խտրա­կանու­թեան դէմ պայ­քա­րը։ Այդ պայ­քա­րը ար­ժէ­քաւոր է մա­նաւանդ մեր օրե­րուն, երբ կրօ­նական բազ­մաբնոյթ դրդումնե­րով կին արա­րածը կը վե­րածո­ւի քա­ւու­թեան նո­խազի։ Քա­նի մը օր առաջ էր, երբ լրա­տու գոր­ծա­կալու­թիւններ կը հա­ղոր­դէին միայն մէկ օրո­ւայ մէջ կի­ներու դէմ գոր­ծադրո­ւած մար­դասպա­նու­թիւննե­րը։

Գոր­ծող կա­ռավա­րու­թիւնը հան­դուրժո­ղու­թիւն չու­նի կին բա­ռը իսկ լսե­լու։ Անոր տեղ կը նա­խընտրէ «ըն­տա­նիք» եզ­րը։ Այդ հա­մոզու­մով կի­նը ինքնին ոչինչ է։ ան հա­զիւ ար­ժէք մը կրնայ ստա­նալ ըն­տա­նիք կազ­մե­լով եւ մայ­րա­նալով։ Հա­սարա­կու­թիւնը կա­ղապա­րի մը մէջ սահ­մա­նած է կնոջ դե­րակա­տարու­թիւնը։ Այդ դե­րակա­տարու­թեան մէջ ան­հա­տակա­նու­թեան բա­ժին չկայ։

Այս է 8 Մար­տի խոր­հուրդը՝ գի­տակ­ցին թէ ո՛չ, սրբա­զան է ամ­բողջ հա­սարա­կու­թեան հա­մար։