ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Գիրկ

Գրկենք բառ մը

Ստու­­գե­­­ցի, թէ վտան­­գի ժա­­մանակ ի՚նչ բառ պէտք է մար­­դուն, այն բա­­ռը, որ ապա­­հովու­­թիւն կրնայ տայ ման­­կան որ մայ­­րա­­­զուրկ է, պան­­դուխտին որ հայ­­րե­­­նազուրկ է, տե­­ղահա­­նուա­­ծին որ տնա­­զուրկ է։ (Ան­­շուշտ, պի­­տի յի­­շեմ նաեւ աշուղ մը, որ սի­­րազուրկ էր)։ Գիւտ մը չէր կա­­տարածս. պար­­զա­­­պէս գրկե­­ցի քա­­նի մը գիրք, մտամ­­փո­­­փուե­­ցայ գրա­­սեղա­­նիս վրայ ու լուռ վե­­րադար­­ձայ մեր գրա­­կանու­­թեան գիր­­կը։ Կար­­դա­­­ցի քա­­նի մը տաղ, քա­­նի մը երկ։ Ապա ըն­­թերցե­­ցի թեր­­թեր, որ­­պէսզի կաս­­կա­­­ծի նշոյլն իսկ չու­­նե­­­նամ։ Եւ, կրկին հա­­մոզո­­ւեցայ. «գիրկ» բառն է ան, երբ լսե­­ցի տե­­ղահա­­նուա­­ծի մը խօս­­քը. «Դուրս գա­­լուց առաջ գրկե­­ցի մեր տու­­նը։ Հօրս շիր­­մա­­­քարը գրկե­­ցի», ապա զի­­նուո­­րի մը խօսքն էր, մի քու­­ցէ վեր­­ջի­­­նը. «Մամ ջան չմտա­­ծես, ան­­պայման քեզ գրկե­­լու եմ»։ Ջերմ էր այդ բա­­ռը, մայ­­րա­­­կան։ Չու­­զե­­­ցի հե­­ռանալ ան­­կէ։ Ուստի, այ­­սօր, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը փա­­փաքիմ խօ­­սիլ «գիրկ» բա­­ռի մա­­սին, որ­­պէսզի բո­­լորս անոր թե­­ւերուն մէջ սէր եւ սփո­­փանք գտնենք։

Բաց թե­­ւերդ

Հա­­յոց գրա­­ւոր լե­­զուի մէջ «գիրկ» բա­­ռը իր թե­­ւերը առա­­ջին ան­­գամ բա­­ցաւ 5-րդ դա­­րուն։ Թէեւ, գի­­տենք թէ նա­­խապէս Ար­­տա­­­շէս թա­­գաւո­­րը իր գիր­­կը բա­­ցեր էր Սա­­թենի­­կին եւ Աստղիկն ալ՝ Վա­­հագ­­նին, սա­­կայն իրենց տեն­­դոտ գիր­­կընդխառ­­նումի մէջ անոնք ժա­­մանակ չէին ու­­նե­­­ցած «գիրկ» բա­­ռը գոր­­ծա­­­ծելու, մինչդեռ 405-ին Աս­­տո­­­ւածա­­շունչի թարգմա­­նիչ­­նե­­­րը, համ­­բե­­­րու­­թեամբ, հան­­դարտու­­թեամբ, լիագիրկ տո­­ղեր գրի առին. «Փա­­րիր ի գիրկս», «Ու­­նի­­­ցիս ի գիրկս մա­­նուկ», «Գիրկս արկ եւ համ­­բուրեաց»։ Աւե­­լին, Ոս­­կե­­­դարու մա­­տենա­­գիրե­­րը չորս թե­­ւով փա­­րեցան անոր։ Ապա, «գիրկ» բա­­ռը պա­­րու­­րո­­­ւեցաւ գրա­­բարի հետ եւ այդ միավան­­կէն ծնունդ առին բազ­­մա­­­թիւ նոր բա­­ռեր, ինչպէս՝ գրկա­­պինդ, գրկա­­տարած, գրկա­­կից եւ գրկակ­­ցութիւն, 6րդ դա­­րուն՝ «գրկա­­պատ», 10-րդ դա­­րուն՝ «գրկանք» գո­­յակա­­նը եւ «լիագիրկ» ածա­­կանը, -այ­­սինքն գիր­­կը լեց­­նե­­­լու չափ շատ, լե­­ցուն գիր­­կով։ Գրկա­­չա՞փը… Ան բաց թե­­ւերու եր­­կայնու­­թիւնն է, մօ­­տաւո­­րապէս 162 սան­­թիմ։ Իսկ, ո՞վ պի­­տի կար­­ծէր, թէ օր մը «գիրկ» բա­­ռը ռազ­­մա­­­կան նշա­­նակու­­թիւն պի­­տի ու­­նե­­­նար։ Իրօք, դա­­սական շրջա­­նին ու­­նե­­­ցանք «գրկա­­լիր» կամ «լիագիրկ» բա­­ռերը, որոնք կը նշա­­նակեն՝ գիր­­կը լայն բա­­ցած՝ աղե­­ղէն նե­­տը ար­­ձա­­­կելու ժա­­մանա­­կը, ինչպէս գրեց Արիս­­տա­­­կէս Լաս­­տի­­­վեր­­ցին. «Լիագիրկք աղե­­ղամբք ձգէր նետս»։ Միջ­­նա­­­դարուն, - հայ­­կա­­­կան մա­­տենագ­­րութիւ­­նը կը յի­­շէ- , հայ աս­­պետնե­­րու խօսքն էր «Ընդ գիրկս մտա­­նել», այ­­սինքն՝ աղե­­ղը լա­­րել։ Իսկ հի­­մա աղե­­ղի լա­­րերէն ոստնենք սի­­րոյ լա­­րերուն։

Սի­­րոյ գիր­­կը

Դուք կ՚ու­­զէ՞ք լսել «գիրկ» բա­­ռով շի­­նուած բա­­ռերու ամե­­նէն սի­­րելին, ամե­­նէն հիւ­­րա­­­սէրը. «Սի­­րագիրկ» բառն է ան, ըն­­տիր ածա­­կան, զոր եր­­բեմն կը յի­­շեն հայ քնա­­րեր­­գակնե­­րը։ Այ­­սօր, շնոր­­հա­­­կալ ենք հայ­­րե­­­նի այն եր­­կու բա­­նաս­­տեղծնե­­րուն, որոնք այդ բա­­ռին առ­­ջեւ լայն բա­­ցին իրենց թե­­ւերը ու պա­­րու­­րե­­­ցին զայն իրենց քեր­­թո­­­ւած­­նե­­­րու մէջ։ Առա­­ջինը Լի­­լիա Մա­­նիշեանն է, որ գրեց «Վայ­­րի ծա­­ղիկ» բա­­նաս­­տեղծու­­թիւնը եւ ըսաւ. «Վար­­սերս մի կող­­մի հիւ­­սած / Մի տե­­սակ շո­­րով ու բո­­պիկ / Սի­­րագիրկ կու գա­­յի մօտդ / Իմ հե­­ռաւոր ու իմ մօ­­տիկ»։ Ապա, Մա­­րօ Երկնա­­փէշեանն էր, որ գրկեց այդ բա­­ռը եւ գրեց սի­­րերգ մը. «Տես, նո­­րից քե­­զանով եմ փթթած, / Մի չքնաղ առա­­ւօտ՝ սի­­րագիրկ»։

Տի­­րամօր գիր­­կը

«Գիրկ» բառը յար­­մար եկաւ հայ­­կա­­­կան աղօթքնե­­րուն եւ հո­­գեւոր տա­­ղերուն, չէ՞ որ կը հա­­ւատանք, թէ ան­­դորրու­­թիւնը Աս­­տուծոյ գիր­­կին մէջ է, աւե­­լի փա­­փու­­կը եւ մայ­­րա­­­կանը՝ Տի­­րամօր թե­­ւերուն մէջ։ Յա­­րու­­թեան տա­­ղի մէջ Գրի­­գոր Նա­­րեկա­­ցին մե­­զի բա­­ցատ­­րեց, թէ Քրիս­­տո­­­սի սայ­­լի վրայ կա­­յին «ման­­կունք գե­­ղեցիկք», իսկ սաղ­­մո­­­սարան եւ քնար կար «ի գիրկս նո­­ցա»։ Ծննդեան տա­­ղի մէջ Ներ­­սէս Շնոր­­հա­­­լին կար­­ծես, թէ միտք կու տար Վարդգէս Սու­­րէ­­­նեան­­ցին, թէ ինչպէս պէտք է նկա­­րել Յի­­սուս մա­­նու­­կի եւ Տի­­րամօր նկա­­րը. «Ի գիրկս Կու­­սին տղա­­յապէս բառ­­նի մա­­նուկ»։ Այդ պատ­­կե­­­րացումն է, որ հա­­յոց եկե­­ղեցի­­ներու բազ­­մա­­­թիւ խո­­րան­­նե­­­րը կը զար­­դա­­­րէ այ­­սօր։ Իսկ 7-րդ դա­­րուն Գառ­­նիի ձո­­րի քա­­րայ­­րի մը մէջ ճգնած, իր աշա­­կերտնե­­րուն վա­­րագոյ­­րի մը ետե­­ւէն ու­­սուցա­­նած երաժշտու­­հի Սա­­հակա­­դուխտը Մա­­րիամ Աս­­տո­­­ւածած­­նին ձօ­­նած եր­­գի մէջ բա­­ցատ­­րեց, թէ օրհնեալ էր կոյ­­սը, քան­­զի ինքն է որ գիրկ եղաւ Տի­­րոջ. «Զտէրն / Ի գիրկս քո բար­­ձեալ կրե­­ցեր»։

Պար­­զէ գիրկդ

Զգա­­յուն եւ ար­­տա­­­յայ­­տիչ է «գիրկ» բա­­ռը։ Կա­­րօտա­­կէզ նշա­­նածը կամ մայ­­րը «գիր­­կը կը նե­­տուի» տուն վե­­րադար­­ձած զի­­նուո­­րին, մեծ հայ­­րը եւ մեծ մայ­­րը թոռ­­նիկ մը «գիր­­կը առ­­նե­­­լու» ակնկա­­լու­­թեամբ կ’ապ­­րին, հիւ­­րա­­­սէր ըն­­տա­­­նիքը «գիր­­կը կը բա­­նայ» կամ «գիր­­կը բաց կ’ըն­­դունի» օտա­­րը, թշո­­ւառը եւ ճամ­­բորդը, պան­­դուխտ հա­­յը կ’երա­­զէ օր մը հայ­­րե­­­նիքի «գիր­­կը վե­­րադառ­­նալ»։ Իսկ, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, եթէ մէ­­կը կը վա­­յելէ ձեր բա­­րիք­­նե­­­րը, բայց գաղտնօ­­րէն կը դա­­ւէ՝ գոր­­ծա­­­ծեցէք հե­­տեւեալ դար­­ձո­­­ւած­­քը. «Գիրկս նստեր է, մո­­րուքս կը փետ­­տէ»։ Ան­­շուշտ գրկե­­լը միայն թե­­ւերով չէ որ կ’ըլ­­լայ։ Մու­­րա­­­ցանը գի­­տէր անի­­կա. «Ման­­յա­­­կը… գրկում էր նրա պա­­րանո­­ցը»։ Մի­­րաքեանը բնա­­պատ­­կեր մը նո­­ւիրեց մե­­զի. «Ամ­­պի փե­­շերը փռո­­ւելով սա­­րից, ձո­­րերն են գրկում»։ Սիաման­­թօն անոր տո­­ւաւ կլա­­նելու իմաս­­տը. «Ծովն իր աւա­­րը գրկեց»։ Չա­­րեն­­ցի հա­­մար «տի­­րել, իշ­­խե­­­լէ էր ան. «Գրկեց ինձ թա­­խիծն հնա­­մեայ», իսկ Յով­­հաննէս Յով­­հաննի­­սեանի հա­­մար՝ «ճա­­շակել, անձնա­­տուր ըլ­­լալ». «Այ­­սօր թող խնդանք եւ վա­­յելք գրկենք»։

«Գիյգ» մը տուր ին­­ծի

Հայ­­րե­­­նի գիր­­կը ամէն գիւղ, ամէն ձոր պէս պէս բա­­ցուե­­ցաւ, մէ­­կը ամուր, մէ­­կը եր­­կար։ Հա­­ճընի մէջ հա­­յը ըսաւ «գիյգ», վա­­նեցին «կյիրկ», իսկ ար­­ցախցին «գիւրքյ»։ Ար­­ցա­­­խէն հա­­զիւ գրկա­­չափ մը հե­­ռու Գո­­րիսի մէջ 1930-նե­­րուն Ակ­­սել Բա­­կունցը գրեց «Միր­­հաւ» պատ­­մո­­­ւած­­քը եւ մենք տե­­սանք, որ Դի­­լանը եւ Սո­­նան, սի­­րահար զոյգ, միասին նստեր են ձի. «Առ­­ջե­­­ւը Սո­­նան էր նստել, հե­­տեւում՝ ին­­քը։ Մի ձե­­ռով սանձն էր պա­­հում, միւ­­սով գրկել էր նրա բա­­րակ մար­­մի­­­նը։ Աղջկայ ծա­­մերը քսւում էին նրա երե­­սին»։ Երբ Հա­­յաս­­տան ճամ­­բորդէք, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, կը յանձնա­­րարեմ ան­­պայման այ­­ցե­­­լել Գո­­րիս քա­­ղաքը եւ Ակ­­սել Բա­­կունցի տուն-թան­­գա­­­րանը, քան­­զի քա­­ղաքի պան­­դոկնե­­րէն մէ­­կը հիւ­­րեր գրա­­ւելու հա­­մար յայ­­տա­­­րարած է. «Աշ­­խարհի որ կէ­­տից էլ գաս, իմա­­ցի՚ր Գո­­րիսը քեզ գրկա­­բաց կ’ըն­­դունի»։

Քա­­նի որ գտանք սէ­­րը, Գո­­րիսի մէջ, կամ՝ այ­­լուր, սեղմ գրկենք զայն, քիչ մը աւե­­լի կրքոտ, աւե­­լի եր­­կար։ Յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, այս շա­­բաթ կ’առա­­ջար­­կեմ սի­­րալիր եր­­կու խօս­­քով հրա­­ժեշտ տալ «գիրկ» բա­­ռին, իսկ յա­­ջորդ յօ­­դուա­­ծի մէջ օրօ­­րուիլ Քու­­չա­­­կի, Կո­­միտա­­սի, Տէ­­րեանի եւ քա­­նի մը այլ բա­­նաս­­տեղծնե­­րու տո­­ղերու մէջ։

Գրկե­­ցի Երե­­ւանը

Նախ մէջ­­բե­­­րեմ գար­­նան առա­­ջին նշոյլնե­­րը աւե­­տող լուր մը, որ շա­­բաթ մը առաջ պայ­­ծա­­­ռացուց հայ­­րե­­­նի մա­­մու­­լը. «Յոր­­դա­­­ռատ անձրե­­ւից յե­­տոյ երկնքում յայտնո­­ւած գե­­ղեցիկ ծիածա­­նը գրկել էր Երե­­ւանի բարձրա­­հարկ շէն­­քե­­­րը»։ Իսկ որ­­պէս հրա­­ժեշ­­տի խօսք, ականջ տանք Մարկ Արե­­նին եւ հասկնանք թէ ի՚նչ է եր­­ջանկու­­թեան բա­­նաձե­­ւը. «Եր­­ջանկու­­թիւնն այն է, երբ ու­­նես մէ­­կին, ում կա­­րող ես գրկել»։ Մին­­չեւ յա­­ջորդ յօ­­դուածս մնա­­ցէք սի­­րագիրկ եւ գրկե­­ցէք ձեր բո­­լոր սի­­րելի­ները։