Պատերազմը աւարտած է Արցախի կորուստով։ Բազմադարեան հայկական բնօրրանը հայաթափ եղած է։ Ինչպէս առաջին պատերազմէն ետք, այս պատերազմն ալ կիսաւարտ պէտք է համարել, քանի որ ցարդ չէ կնքուած հաշտութեան պայմանագիր մը։
Հայերս անցեալին սխալ գործեցինք պատերազմը յաղթանակով աւարտելէ ետք զիջումներ ընելէ խուսափելով։ Այսօր Ատրպէյճանի իշխանութիւն ն է, որ նոյն սխալը կը կրկնէ իր առաւելապաշտ ռազմավարութեամբ։
Հազիւ քանի մը օր առաջ էր, որ այդ երկրի նախագահը համարձակութիւն կը գտնէր «Հայաստանը ուրիշ ճար չունի բացի ընդունելէ մեր բոլոր պարտադրանքները» ըսելու։
Ժամանակները նոր պայմաններ կը պարտադրեն հայ ժողովուրդին։ Անցեալին հայերս շատ ուրախ եղած էինք Թուրքիոյ երբեմնի նախագահ Թուրկութ Էօզալի սպառնական ելոյթներուն իբր պատասխան, Ելտցինի որոշումով Հայաստանի սահմաններու պահպանումը Ռուսաց յանձնելէ։
Ինչպէս որ ըսինք ժամանակները փոխուած են եւ հիմա Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեան կը յայտարարէ թէ «Մենք մեր սահմանները կը պաշտպանենք։ Հետեւաբար ճիշդ պիտի ըլլայ Ռուս սահմանապահներուն Զուարթնոց Միջազգային օդակայանէն դուրս գալը»։ Այս օրերուս կը խօսուի Հայաստանի Հանրապետութեան ՀԱՊԿ-ի կազմէն դուրս գալու մասին։
Այս բոլորը բնական հակազդեցութիւններ են, որոնք կրնայ արտայայտել իւրաքանչիւր հայ։
Միւս կողմէ իշխանութիւնները ստիպուած են բոլոր վարկածներու հետեւանքները նկատի ունենալ եւ ըստ այնմ որոշում կայացնել։ Այդ պարագային չափանիշները պարտին պարզ ու յստակ ըլլալ։ Գիտակցիլ պետականութեան պահանջած կամքին եւ այդ կամքը գործադրելու համար ալ ապահովել բոլոր միջոցները։
Ստիպուած չենք ուրիշներու, մանաւանդ ալ հակառակորդներու պարտադրութիւններուն դիմաց ընդունակ մնալու։
Ռազմական պարտութիւնը առյաւէտ ընդունակութեան պատրուակը չի կրնար ըլլալ։ Ճիշդ է որ պարտուեցանք անարդար ու անհաւասարակշիռ պատերազմի մը արդիւնքով։ Պարտութիւնը ուժերու անհաւասար ըլլալէն աւելի, յոյսեր վերագրուածներուն պատճառած յուսախաբութիւնն է։
Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կամ ՀԱՊԿ չարդարացուցին Հայաստանի անվտանգութեան համար իրենց նօսրացած երաշխիքները։ Անդին կայ դէպի արեւելք ընդլայնելու մարմաջով տուայտող Եւրոպան եւ համընդհանուր արեւմուտք մը։ Սխալի վրայ բարդուած նոր սխալ մը պիտի ըլլայ երկրի անվտանգութիւնը այս կամ այն օտարականին վերագրել։
Եթէ համաշխարհային հանրութեան կը ներկայանանք իբրեւ անկախ պետութիւն, ստիպուած ենք այդ պետականութեան պահանջած բոլոր զոհողութիւնները դիմագրաւելու։ Առաջին 30 տարին անցաւ հայրենի երկրի բնակչութիւնը արիւնաքամ ընող օլիկարխիկ համակարգը գոհացնելով։ Յաջորդ 30 տարին ալ չենք կրնար զոհել ոչ ԱՄՆ-ի, ոչ ԵՄ-ի եւ ոչ ալ ՆԱԹՕ-ի շահերուն ծառայելով։
Ուրիշ ճար չկայ, մենք ենք մեր սարերը։