ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Օրակարգի նիւթերը

Յաճախ ըն­թերցե­լով Նո­րայր Տա­տու­րեանի կամ Ար­մե­նակ Եղիայեանի յօ­դուած­նե­րը, մէկ մէկ իմ մօտ ալ կը յայտնուի բա­ռերու ստու­գա­բան­ման վե­րաբե­րող մտո­րումներ։

Այդպի­սինե­րէն եղաւ «օրա­կար­գ»ը։ Ամե­նապարզ բա­ցատ­րութեամբ խոր­հուրդի մը ժո­ղովի պա­հուն քննար­կո­ւելի նիւ­թե­րու ցանկն է այդ։ Կա­րելի է այդ բա­ցատ­րութիւ­նը ընդլայ­նել եւ բա­ռը օգ­տա­գոր­ծել օրի­նակի հա­մար ամ­բողջ շա­բաթո­ւայ մը ըն­թացքին ամե­նաշատ խօ­սուած նիւ­թե­րու ակ­նարկե­լով։

Եթէ այս յատ­կութիւ­նով դի­տենք, սոյն շա­բաթո­ւայ կա­րեւո­րագոյն օրա­կար­գի նիւ­թե­րէն մէկն ալ 21 Փետ­րո­ւար մայ­րե­նի լե­զուի հա­մաշ­խարհա­յին օրո­ւայ յի­շատա­կումն է։ ՈՒ­ՆԵՍՔՕ այդ օրը ճշդած էր եւ ամ­բողջ աշ­խարհի վրայ բնա­կանա­բար քննար­կումներ կը կա­տարո­ւին մայ­րենիի մա­սին։

Զա­նազան եր­կիրնե­րէ ներս այս նիւ­թը ու­նի տար­բեր բնոյ­թի դրսե­ւորումներ։ Օրի­նակի հա­մար եր­բեմնի Խորհրդա­յին Միութեան տա­րած­քին, պե­տական գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը երկրի մէջ գո­յու­թիւն ու­նեցող բո­լոր լե­զու­նե­րուն հան­դէպ կը ցու­ցա­բերէր գե­րազանց ու­շադրու­թիւն։ Նոյ­նիսկ փոք­րա­թիւ հա­մայնքնե­րու կող­մէ գոր­ծա­ծուող լե­զու­նե­րու պահ­պանման հա­մար պե­տական աջակ­ցութիւն կը տրա­մադ­րո­ւէր։ Կը խրա­խու­սո­ւէր այդ լե­զու­նե­րու գոր­ծա­ծու­թիւնը։

Թուրքիոյ օրի­նակը բո­լորո­վին հա­կառակ պատ­կեր կը պար­զէ։ Այստեղ պե­տական գա­ղափա­րախօ­սու­թիւնը հիմ­նո­ւած է երկրի բնակ­չութիւ­նը միատառ դարձնե­լու ռազ­մա­վարու­թեան վրայ։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ ինքնա­բերա­բար իշ­խա­նու­թիւննե­րը կը փոր­ձեն ար­գի­լել բո­լոր այլ լե­զու­նե­րը, ամ­բողջ բնակ­չութիւ­նը թրքա­խօս դարձնելու մար­մա­ջով։

Չես գի­տեր ինչպէս, բայց մայ­րե­նիի մա­սին մտո­րումնե­րը պատ­ճառ դար­ձան մի այլ բա­ռի՝ «սփիւռք»ի մա­սին մտա­ծելու։ Վասնզի մայ­րե­նիի գոր­ծա­ծու­թեան դադ­րի­լը եւ սփիւռքա­ցու­մը իրար պատ­րաստող գոր­ծօններ են։ Բա­ռը հա­մաշ­խարհա­յին գետ­նի վրայ կը ստա­նայ «Տիաս­փո­րա» ար­տա­յայ­տութիւ­նը։ Իսկ ար­դի թրքե­րէնի բա­ռարա­նը այս օտար կո­չու­մին հա­մար կ’առա­ջար­կէ «քո­փունթո­ւ» այ­սինքն պո­կուած ասոյ­թը, որ առօ­րեայ գոր­ծա­ծու­թեան չէ ար­ժա­նացած։ Իսկ ի՞նչ է «սփիւռք»ի ետին կանգնած միտ­քը։ Հա­ւանա­բար սփռո­ւելու, տա­րածո­ւելու խոր­հուրդով ծա­գեցաւ այս ասոյ­թը։

Մենք վե­րադառ­նանք հա­յերէ­նի խնդրին, որուն արեւմտա­հայե­րէն տար­բե­րակը կո­րուստի վտան­գին են­թա­կայ լե­զու­նե­րու շար­քին կը դա­սուի նոյն ՈՒ­ՆԵՍՔՕ-յի ցու­ցա­կին մէջ։ Արեւմտա­հայե­րէնի ան­հե­տացու­մը եւ հայ ժո­ղովուրդի սփիւռքա­ցու­մը զու­գա­հեռ ըն­թացքներ են։ Այստեղ պար­տինք խոր­հիլ թէ հա­յոց սփիւռքա­ցու­մը բազ­մա­դարեան, նոյ­նիսկ հա­զարա­մեայ պատ­մութիւն է, իսկ մայ­րե­նիի ան­հե­տացու­մը հա­զիւ քա­նի մը տաս­նա­մեակ­նե­րու խնդիր։

Ու­րեմն կրնանք են­թադրել թէ ան­հե­տացու­մը յա­ջորդ տա­րինե­րուն ալ աւե­լի արագ թափ պի­տի ստա­նայ։

Կան բա­ներ, որոնք կը կա­յանան մեր կամ­քէ ան­կախ կեր­պով։ Մարդկա­յին կեն­ցա­ղը շատ լուրջ փո­փոխու­թիւններ ապ­րե­ցաւ անցնող հա­րիւր տա­րինե­րու ըն­թացքին։ Մեր պա­պերը մե­ծաւ մա­սամբ հո­ղագործ մշակ­ներ էին, որոնք կը բնա­կէին իրենց ծննդա­վայր գիւ­ղե­րը։ Ընդհան­րա­պէս անուս էին, չէին իմա­նար գիրն ու տա­ռը։ Իսկ մենք՝ թոռ­նե­րը իբ­րեւ այդ նախ­նի­ներու, կ’ապ­րինք բազ­մա­մարդ քա­ղաք­նե­րու մէջ, կ՛ու­սա­նինք եւ յա­ճախ կը ճամ­բորդենք ան­հա­ւատա­լի հե­ռաւո­րու­թիւննե­րով։ Պար­զա­պէս փո­խուող ժա­մանակ­նե­րու եւ պայ­մաննե­րու պար­տադրանքնե­րու դի­մաց ան­զօր կը մնայ մայ­րե­նիի յա­րատե­ւու­թեան ուղղուած մեր ջան­քե­րը։

Սա­կայն կայ նաեւ երե­ւոյթ մը, ուր այս ան­գամ կը խօ­սինք մայ­րե­նին կա­մաւոր ու դի­տումնա­ւոր կեր­պով մեր­ժե­լու մա­սին։ Դա­րու պա­հանջնե­րուն հա­մակեր­պե­լու հա­մար շա­տերս կ՛ան­տե­սենք մայ­րե­նին, զայն դնե­լով շա­հու­թա­բեր- ոչ շա­հու­թա­բերի կշիռ­քի նժար­նե­րուն։

Կարճ խօս­քով ես ու իմ սի­րելի պաշ­տօ­նակից Զա­քարիա Միլ­տա­նօղ­լու այս օրե­րուս զա­նազան հար­թակնե­րու վրայ պի­տի ար­ծարծենք մայ­րե­նիի նիւ­թը, հա­յերէ­նի տե­սան­կիւնէն։

Ու­րեմն բո­լորին շնոր­հա­ւոր՝ մօր կա­թի նման հա­լալ ու զու­լալ մայ­րե­նի լե­զուն։