Եթէ քաղաքացիութեան առումով մասնիկը չըլլանք եւ դուրսէն դիտելու կարողութիւն ունենանք, իսկապէս ալ հաճելի է մեր երկիրը։ Ո՛չ միայն հաճելի, այլ զուարճալի, ուրախալի, համեղ, գեղատեսիլ…։
Նոյնիսկ իր կարգին բաւականին չ՚ըսելու համար ծիծաղելի, զուարճալի է երկրի քաղաքական անցուդարձերը եւս։
Եթէ մեր անմիջական եւ էական խնդիրները իրենցմէ կախեալ չըլլան, որքան հաճելի է մարդկանց մատնուած հակասութիւնները դիտել։
Մարդ արարածը չէ որ հում կաթ ծծած է, կրնայ դրժել իր խօսքն ու խոստումը, սպիտակ ըսել երեկ սեւ ըսածին։ Այս մէկը զարմանալի չէ քաղաքական գետնի վրայ։ Աշխարհի բոլոր քաղաքական գործիչները օժտուած են այդ յատկութիւնով։ Բայց վերջապէս այս տեսակի սուր անկիւնադարձերը անգամ որոշ ժամանակի կը կարօտին։ Իբրեւ պատրուակ կարելի է ըսել թէ այդ պահուն պայմանները այս կը թելադրէին, իսկ այժմ ներկայ պայմանները ուրիշ բան կը պահանջեն։
Հապա համարեա նոյն պահուն իրարու հակասող միտքերով նախադասութիւն կազմելը կ՚երեւի թէ մեր երկրի յատուկ բան է։
Օրինակի համար շատ հաճելի է Թուրքիոյ մէջ գնումներ ընել, զբօսնել, նոյնիսկ մսխումի համազօր շռայլութեան մէջ մնալ, պայմանաւ որ այդ ծախսած փողը ապահոված ըլլաս ցանկացած այլ երկրի մէջ։ Իզուր չէ որ մարդիկ զանգուածաբար կ՚այցելեն մեր երկիրը, կը դարմանուին, կազդուրուին, կը հանգստանան ու կը վերադառնան իրենց երկիրները։ Նոյնիսկ առցանց աշխատանքի ընձեռած դրութիւններով վերադառնալու ալ կարիք չ՚ունենան։
Միացեալ Թագաւորութեան ընկերային ցանցերը կը ողողուին երիտասարդ անգլիացիի մը կատարած համեմատութիւնով։ Ան նախ նկարահանած է իր բնակած մի սենեականի տունը, որուն համար կը վճարէ որոշ գումար մը։ Ապա կը ներկայացնէ Թուրքիոյ զբօսաշրջական վայրերէն հինգ աստղանի հիւրանոցի մը յարմարաւէտ սենեակը, որուն առջեւ անծայրածիր բացուած է Միջերկրական ծովու հրաշալի տեսարան մը։ Երիտասարդը բացատրութիւններ կու տայ այդտեղ իրեն մատուցուած ծառայութեան մասին։ Ամբողջ ամիս մը ապահովուած է օրական երեք ժում բաւական ճոխ ճաշատեսակով, որու կողքին անսահման տեղական խմիչքով։ Իր պատրաստած տեսանիւթի աւարտին հարց կու տայ, «Պատճառ կա՞յ Մենչըսթըր բնակելու համար աւելի սուղ վճարելու»։
Ի՞նչն էր կամ ո՞րն էր գործուած սխալը, որ մենք դրախտավայր երկիրը վերածեցինք անտանելի դժոխքի եւ կամաւոր կ՚այրինք այդ դժոխքին մէջ։
Լսել չեմ ուզեր հետզհետէ զզուանք պատճառող պատրուակները։ Ես ալ գիտեմ ըէ Միացեալ Թագաւորութիւնը գաղութատիրութեան համաշխարհային խորհրդանիշն է։ Գիտեմ նաեւ աշխարհի վրայ շահագործող եւ շահագործուող երկիրներու գոյութիւնը։ Բայց այս գիտցածներս ներկայ դժբախտութեան ոչ թէ պատճառներն են, այլ պատճառաբանութիւնները։
Եթէ մարդը օժտուած է բանականութեամբ, ո՞ր խելքին ծառայելով հնարեցինք արհեստական բանականութիւնը, որ դրամապաշտութեան ձեռին ի վերջոյ պիտի սպառնայ մեր կուլ տուած պատառ մը հացին իսկ։
Եկէք միասնաբար մտածենք։