Չնչին շահի համար բնութիւնը անխնայ ու ագահօրէն կեղեքելու ռազմավարութիւնը իր հետեւանքը ունեցաւ ահռելի հողասահքի մը միջոցաւ։
Թուրքիոյ մէջ մօտ 50 տարուայ անցեալ մը ունի նոր ազատատենչ դրամապաշտութեան հիմնադրումը։
«Ազատ շուկայի տնտեսութիւն» կամ «համաշխարհայնացում» պիտակներով ներկայացուցած այս նոր համակարգը ոչ միայն մարդկային արժէքներու, այլ ամբողջ կենդանութեան եւ բուսականութեան սպառնացող վտանգի մը վերածուած է։ Ահա այդ վտանգի յայտնութիւններէն մէկն է, որ պատահեցաւ այս երեքշաբթի օր, ուր Երզնկայի Իլիչ գաւառի դաշտային հատուածի մէջ հողակոյտի ահռելի զանգուած մը բլուրն ի վար սահեցաւ իր առջեւ ունենալով ամէն ինչ։ Շուտով պարզուեցաւ թէ այդ բլուրը կազմող հողակոյտը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ ցիանիդով յագեցած եւ ոսկեհանութեան համար մշակուած հողի զանգուած մը։
Սա մարդկային ձեռքով ստեղծուած, այսինքն ամբողջովին արհեստական աղէտ մըն էր, որուն հեղինակները կ՚ուզէին պատահածը բնութեան վերագրել։
Ինչպէս ծանօթ է «Ակօս»ի ընթերցողներուն Երզնկայի Իլիչ գաւառը մեզ ծանօթ է իբրեւ Մնձուրի, լեռնաշար եւ խորհրդանշական կերպով կը կազմէ Արեւմտեան Հայաստանի ամենացայտուն վայրերէն մէկը։
Հեռուստաէկրանի վրայ խիստ տպաւորիչ էր սահքի նախորդող պահերը, որ նկարուած էին ապահովութեան տեսախցիկներու միջոցաւ։ Հողը անհաւատալիօրէն կ՚ուռչէր, կը փրքանար փխրուն խմորի մը նման եւ ապա կը սկսէր ահռելի հողասահքը։
Երկրագէտներ իսկոյն ահազանգ կը հնչեցնէին, այդ սահող զանգուածի Եփրատ գետին հասնելու վարկածին դէմ։ Անոնց պնդումով ցիանիդով յագեցած հողը կրնար թունաւորել Եփրաթի ջուրերը, որ իր կարգին կենսական նշանակութիւն ունի շատ ընդարձակ տարածքի մը բնակչութեան համար։
Պաշտօնական առաջին յայտարարութիւններով խօսուեցաւ կորուսեալ ինը անձերու մասին, որոնք աշխատանքի բերմամբ կը գտնուէին հողասահքի վայրին շատ մօտ տնակներու մէջ։
Իսկոյն մեկնարկեց փրկարար աշխատանք մը, որ առաջին պահէն սկսեալ յոյս չէր ներշնչէր այդ ինը անձերու համար։ Մասնագէտներ դիտել կու տային թէ այդքան ծանր հողահոսքի տակ պեղումներ ընելը ամիսներու կը կարօտի։
Միւս կողմէ սակայն յոյսեր յայտնուեցան թէ այդ տնակներէն մէկուն մէջ կայ անձնակազմի յատուկ պահեստանոց մը եւ եթէ աշխատողները յաջողած են հոն հասնիլ երկար ժամանակ կրնան դիմագրաւել ջուրի եւ սնունդի կարիքը։
Ամէն պարագայի դէպքը ինքնին դարձեալ քաղաքական բնոյթ ունի։
Բնապահպաններ նախապէս ահազանգ հնչեցուցած էին ցիանիդով ոսկեհանքի արտադրութեան անպատեհութիւններու մասին։ Անոնք նոյնիսկ դիմած էին դատարան, բայց հանքարդիւնաբերութեան ընկերութիւնը յաջողած էր ապահովել իշխանութիւններու նեցուկը եւ ամէն անգամուն կերպով մը չեղարկել իր դէմ ծառացող օրինական արգելքները։