ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

Աղմուկ

Աղմո՜ւկ։ Ամէն տեղ։ Յատ­կա­պէս հայ­րե­նի մա­մու­լի մէջ ար­ձա­գանք գտած­նե­րը… Թեր­թե­ցի քա­նի մը էջ եւ լսե­ցի մեր ազ­գի, հան­րա­պետու­թեան եւ փո­ղոց­նե­րու աղ­մուկը։ «Ֆիր­դուսի շուրջ ստեղ­ծո­ւած աղ­մուկը չի դա­դարում», «Սահ­մա­նադ­րա­կան աղ­մուկ. բլեֆ, թէ անհրա­ժեշ­տութիւն», «Նա­խատե­սուում է կազ­մել Երե­ւան քա­ղաքի աղ­մուկի ամ­բողջա­կան քար­տէզ»։ Իսկ վեր­ջին օրե­րուն երբ լսե­ցի, թէ «Դա­սագրքե­րի ոլոր­տում աղ­մուկը շատ է», որո­շեցի ականջ տալ այս երկվանկ գո­յակա­նին ու ար­ձա­նագ­րել անոր գրա­կան հին ու նոր թրթռա­ցումնե­րը, որոնք եղեր են մերթ դառ­նա­ձայն, մերթ գար­նա­նային, եւ ըստ Վա­հան Տէ­րեանի՝ մերթ զո­ւարթ եւ մերթ դա­ժան, ու գրի առի ներ­կայ յօ­դուածս՝ առանց աղ­մուկ հա­նելու։

Առա­ջին աղ­մուկը

Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան առա­ջին աղ­մուկը մենք լսե­ցինք 405 թո­ւակա­նին, երբ քա­նի մը սուրբեր, լուռ, խո­նարհ, թարգմա­նեցին Աս­տո­ւածա­շունչ մա­տեանը եւ զայն պճնե­ցին երեք զար­մա­նաձայն ար­տա­յայ­տութեամբ. «Ամե­նակա­լին աղմկել զի­րաւունս», «Ամե­նայն ինչ խառն ՚ի խուռն. արիւն, եւ սպա­նու­թիւն… աղմկու­թիւն», «Աղ­մուկ մեծ յոյժ»։ Պէտք է յի­շել, թէ գրա­բար լե­զուի մէջ «աղ­մուկ»բա­ռը նշա­նակեր է «խառ­նա­կու­թիւն, իրա­րան­ցում, շփոթ վի­ճակ»։ Ուստի, բառս իր իմաս­տը զար­գա­ցու­ցեր է ալիք-ալիք. Աղմկել։ տակ­նուվրայ ընել, Աղմկա­րար։ կռո­ւազան, Աղմկու­թիւն։ տակ­նուվրա­յու­թիւն։ «Աղ­մուկ»բա­ռը իր հզօ­րու­թեամբ չե­ղաւ «աղա­ղակ»մը, ոչ ալ՝ «ձայն», որոնք ու­նին հա­րիւ­րա­ւոր բա­ղադ­րեալ բա­ռեր եւ ար­տա­յայ­տութիւններ։ «Աղ­մուկ»բա­ռը որո­շեց մնալ, ինչպէս ըսեմ՝ խուլ, ան­ձայն եւ գրա­կան գոր­ծե­րու մէջ լսո­ւիլ հա­զուա­դէպ, ըն­տիր պա­րագա­ներուն։

Քնա­րաձայն աղ­մուկներ

19-րդ դա­րուն, գե­ղապաշտ հե­ղինակ­ներ քնա­րական, փա­փուկ հնչիւն մը տո­ւին «աղ­մուկ»բա­ռին։ Նախ Լե­ւոն Շանթն էր, որ զայն գրա­կան եր­կի մէջ լսե­լի դար­ձուց, հա­ճոյք տա­լով մեր արեւմտա­հայ ական­ջին։ Բնա­կան գե­ղեցիկ պատ­կեր մըն էր ան. «Ականջ կը դնէի գե­տի խե­լագար աղ­մուկին։ Կը ցան­կա­յի այդպէս մնամ ան­շարժ այդ աղ­մուկին մէջ ան­վերջ խո­հուն»։ Նոյն օրե­րուն, մեր միւս ական­ջը, Վա­հան Տէ­րեանի գրի­չէն լսեց հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ամե­նէն գե­ղեցիկ «աղ­մուկե­ները։ Առա­ջինը ան­ջատման երգ մըն էր. «Ես քեզ­նից հե­ռացայ ու լա­ցի… / Մե­նաւոր ու մո­լոր մի նա­ւակ, / Մատ­նե­ցի փո­թոր­կին աղմկոտ»։ Թա­փառա­կան տղան փնտռեց եր­ջանկու­թիւն. «Կը զգամ համ­բոյրը ու­րիշ օրե­րի», ։ Լսե­ցինք կով­կա­սեան երե­կոյի մը լռու­թիւնը. «Լայն ստուեր­նե­րը ըն­կան անաղ­մուկ, / Անոյշ նիր­հե­ցին ծով, ան­տառ ու լեռ»։ Տէ­րեանը մե­զի բա­ցատ­րեց, թէ սէր է աղ­մուկի բա­ցակա­յու­թիւնը. «Շու­տով կը լռէ աղ­մուկը դա­ժան, / Ու սիրտս կը զգայ քայ­լերդ փա­փուկ»։ Ըստ Տէ­րեանի, իր մա­հուան օրը աղ­մուկը կրնար զո­ւարթ ըլ­լալ. «Ինձ թա­ղէք, երբ տխուր մթնշաղն է իջ­նում, / Երբ լռում են օրո­ւայ աղ­մուկնե­րը զո­ւարթ»։ Վեր­ջա­պէս հասկցանք, թէ Տէ­րեանը աւե­լի եր­ջա­նիկ էր իր յի­շատակ­նե­րու մէջ. «Կեան­քը լռում է, աղ­մուկը մեռ­նում. / Մի ան­ծա­նօթ ձեռք նուրբ մթնշա­ղում / Ան­ցեալն ու ներ­կան իրար է խառ­նում, / Իմ սրտում ոս­կէ անձրեւ է մա­ղում»։

Խորհրդա­յին աղ­մուկներ

Խորհրդա­յին Հա­յաս­տա­նը մեծ աղ­մուկ էր հա­յոց պատ­մութեան մէջ, նոյնպէս՝ անոր գրա­կանու­թիւնը։ Ահե­ղաձայն գրիչ­ներ թոյ­լատրե­լի աղ­մուկի մէջ քիչ մը խա­ղաղու­թիւն եւ քիչ մըն ալ իմաս­տութիւն փնտռե­ցին։ Եղի­շէ Չա­րեն­ցը իր Անձնա­կան տա­ղի մէջ, հա­զիւ թո­ղած Կար­սը, հայ­րե­նի եր­կինքը, օտա­րու­թեան աղ­մուկը լսեց. «Շուրջս-մար­դիկ, շուրջս դէմ­քեր հա­զա՜ր-հա­զա՜ր. / Շուրջս աշ­խարհն է աղմկում»։ Իսկ Պա­րոյր Սե­ւակը ան­կեղծօ­րէն հա­մոզո­ւած էր, թէ ծի­ծաղե­լի էր այդ բո­լորը. «Ան­կեղծ ասած՝ զուր էր ամ­բողջ այս աղ­մուկը»։ Աղ­մուկի աւար­տը… Ապա, ի՞նչ… 1951 թո­ւակա­նին Արա­րատի շրջա­նի Նոր Կեանք գիւ­ղի մէջ ծնած բա­նաս­տեղծ, լրագ­րող Վար­դան Վար­դա­զարեանը մեղ­մա­ձայն պա­տաս­խա­նեց. «Կեան­քի աղ­մուկից յե­տոյ՝ / Շիր­մա­քար ու լռու­թիւն»։

Գու­նա­ւոր աղ­մուկներ

Երբ յոգ­նած էք քա­ղաքի, աշ­խա­տան­քի, կեան­քի ժխո­րէն, փոր­ձե­ցէք աղ­մուկի ճեր­մակ կամ շա­գանա­կագոյն կո­չուած տե­սակը։ Թէեւ հա­յոց լե­զուի մէջ նոր լսուող ար­տա­յայ­տութիւն է ան, սա­կայն դուք յա­ճախ, ինչպէս այժմ, իրիկ­նա­ժամուն, ձեր առանձնա­սենեակի խա­ղաղու­թեան մէջ երբ այս յօ­դուա­ծը կը կար­դաք, հա­ւանա­բար կը վա­յելէք զայն առանց նոյ­նիկ զգա­լու անոր ներ­կա­յու­թիւնը։ Ճեր­մակ աղ­մուկը քնոտ հնչիւններ են, խորհրդա­ւոր երաժշտու­թիւն, ալիք­նե­րու, հո­վերու, անձրե­ւի ար­ձա­նագ­րո­ւած շշունջը… Հան­գիստ քնա­նալու, ըն­թերցա­նու­թեան կամ մտա­ւոր աշ­խա­տան­քը քա­ջալե­րելու հա­մար է ան, բնու­թեան, կամ լա­րային քա­նի մը նո­ւագա­րանի ձայ­նը՝ տու­նէն ներս։

Բարդ աղ­մուկներ

«Աղ­մուկ» բա­ռով շի­նուած բարդ բա­ռերու թի­ւը աղ­մուկ բարձրաց­նե­լու սահ­մա­նին դեռ չէ հա­սած։ Ան­շուշտ պի­տի չար­ժէ անոր հա­մար աղ­մուկ հա­նել ու լայն պար­բե­րու­թիւն մը նո­ւիրել անոր, սա­կայն անհրա­ժեշտ է գէթ մէկ եր­կու բառ լսել, քան­զի մեր առօ­րեայի, մաս­նա­ւորա­պէս իրիկ­նա­յին լու­րե­րու մէջ լսե­լի են անոնք։ Ահա քա­նի մը օրի­նակ. հա­յու ժո­ղով­նե­րը «աղմկա­յոյզ» են, փո­ղոց­նե­րը «աղմկա­լից», ամ­բոխնե­րը «աղմկա­րար», ըն­կե­րային զրոյցներն (ըստ օտար­նե­րու) «աղմկա­խառն», իսկ,- մա­մու­լը վկայ-, սպա­նու­թիւննե­րը, կրա­կոց­նե­րը եւ տե­սանիւ­թե­րը՝ «աղմկա­հարոյց»։ Բո­լորի մէջ լոկ «աղմկա­հար» բառն է, որ ու­նե­ցաւ չան­հանգստաց­նող տո­ղիկ մը, շնոր­հիւ Մի­սաք Մե­ծարեն­ցի նուրբ գրի­չին. «Աղմկա­հար սոյլն ու ար­շաւն հո­վերուն»։

Աղմկա­շատ հրա­տարա­կու­թիւններ

Հայ­կա­կան գրապ­տութիւ­նը անաղ­մուկ կո­չուե­լու չափ քիչ թի­ւով գիր­քեր ու­նե­ցեր է «աղ­մուկ»անու­նով։ Ինչ որ ու­նինք երեք-չորս հրա­տարա­կու­թիւն է, բո­լորն ալ ժա­մանա­կակից։ Կ՚առա­ջար­կեմ ականջ տալ այդ խո­րագիր­նե­րուն, քան­զի ու­շագրաւ գիւ­տեր են. «Ծաղ­կա­ձորի կա­նաչ աղ­մուկը», 1979, «Գար­նան աղ­մուկ», 1959, «Մեծ քա­ղաքի աղ­մուկը», 1962, բո­լորն ալ Խորհրդա­յին Երե­ւանի մէջ լոյս տե­սած։

Զուր տե­ղը մեծ աղ­մուկ

Հայ­կա­կան գե­ղեցիկ ար­տա­յայ­տութիւն է «Զուր տե­ղը մեծ աղ­մուկ»։ Մենք կրնա­յինք կար­ծել, թէ ժա­մանա­կակից կեան­քի յա­տուկ երե­ւոյթ է ան, եթէ չըլ­լար Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեանի հե­տեւեալ նկա­տողու­թիւնը՝ դար մը առաջ գրո­ւած։ Պոլ­սա­հայ ման­կա­վար­ժը կ՚ար­տա­յայ­տո­ւի Բե­րայի կամ Ղա­լաթիոյ փո­ղոց­նե­րուն հայ նոր գրող­նե­րու մա­սին, որոնք սկսեր են կար­ծել, թէ «իւ­րա­քան­չիւրը մէկ մէկ Ֆլօ­պէռ, Զօ­լա, Կի տը Մօ­բասան է»։ Պէր­պէ­րեանը կը քննա­դատէ. «Կար­ծես իրենց վար­պետնե­րուն տեղ դրած ու անոնց ար­տադրու­թեանց հե­ղինակ երա­զած են իրենք զի­րենք. ապա թէ ոչ վէ­պի մը, քա­նի մը վի­պակ­նե­րու, քա­նի մը պատ­կերնե­րու հա­մար նե­րելի՞ է այսքան աղ­մուկ»։ Աղ­մուկը սա­կայն գոր­ծա­ծելի է եւ անհրա­ժեղտ, ինչպէս ար­հեստա­կան, թե­թեւ հա­զը ան­տարբեր կամ բազ­մազբաղ պաշ­տօ­նեայի մը ու­շադրու­թիւնը գրա­ւելու հա­մար։ Իսկ դուք կ՚ու­զէք լսել «աղ­մուկ» բա­ռի հա­յոց ամե­նածա­նօթ ար­տա­յայ­տութիւ­նը. «Բա­զում աղ­մուկ վասն ոչին­չի»։

Քա­ղաքի աղ­մուկէն հե­ռու

Հա­յաս­տա­նի մէջ, աւե­լի ճիշ­դը, մայ­րա­քաղա­քի մէջ յայտնի է, որ աղ­մուկի տագ­նապ մը կայ, ինչպէս կը հաս­տա­տէ այն լու­րը, որ մէջ­բե­րած եմ. «Նա­խատե­սուում է կազ­մել Երե­ւան քա­ղաքի աղ­մուկի ամ­բողջա­կան քար­տէզ»։ Լու­ծո՞ւմ։ Լու­ծումը՝ գո­վազդնե­րու մէջ է։ Երբ Մաշ­տո­ցի, Չա­րեն­ցի, Աբո­վեանի, Կո­միտա­սի կամ մէկ այլ պո­ղոտա­յի եռու­զե­ռի մէջ էք յան­կարծ կը հան­դի­պիք այսպի­սի խոս­տումնա­լից գո­վազդնե­րու. «Քա­ղաքի մէջ, բայց քա­ղաքի աղ­մուկից հե­ռու. Օ2 Gardens», «Քա­ղաքի յոգ­նեցնող աղ­մուկից հե­ռու ձեր փոք­րիկ դրախ­տը. Karuyut փայ­տէ տնակ­ներ», «Քա­ղաքի աղմկից հե­ռու՝ քա­ղաքի լա­ւագոյն գա­րեջու­րը. Blonder Hall»։

Վեր­ջին աղ­մուկը

Յար­գեի ըն­թերցող այ­սօր հա­սանք մէկ այլ յօ­դոածի աւար­տին։ Յու­սամ վաս­տակս աղ­մուկ չէր վասն ոչին­չի։ Մին­չեւ մեր յա­ջորդ հան­դի­պու­մը ձե­զի կը մաղ­թեմ աղ­մուկէ եւ շփո­թէ հե­ռու եօթը օր։