Բառեր կան որոնց իմաստը յարափոփոխ է ժամանակի եւ վայրի առումով։ Նախորդ շաբաթ օր, Փանկալթի «Նոսթալժի» սրճարանի մէջ հրաւիրուած էի ելոյթ ունենալու «Հանրապետութիւնը ինչո՞ւ ժողովրդավարութիւն չբերաւ» խորագրին շուրջ։ Ահաւասիկ օրինակ մը՝ ուր հանրապետութիւն եւ ժողովրդավարութիւն եզրերը պէտք է դիտենք տուեալ ժամանակներու տրամադրութեան սահմանումին մէջ։
Դիտելով Թուրքիոյ քաղաքական ներկայ իրավիճակը մեր դիմաց կը պարզուի շատ հետաքրքրական պատկեր մը։
Աւելի քան 150 տարուայ մարմաջ մըն է Թուրքիոյ մէջ պետական վարչակարգը մենատիրութենէ ազատելով օրինական հիմքի մը վրայ կառուցել։ Եթէ խօսինք օրինական հիմքի մասին, կը կարօտինք օրէնքներու կարգն ու կանոնը երաշխաւորող սահմանադրութեան մը ։ Թուրքիոյ մէջ այս առումով առաջին փորձն է «Հայ ազգի կանոնագրութիւնը»ի հրապարակումը 1863-ին։ Այդ կանոնագիրը սահմանուած էր կայսրութեան հպատակ հայ ազգով։ Զայն պատրաստող իրաւաբանները ուրիշներու ալ մասնակցութեամբ հազիւ 13 տարի վերջ, 1876-ին յաջողեցան երկրի համընդհանուր սահմանադրութիւնը յայտարարելու։
Սահմանադրութիւնը բնականաբար իր հետ պիտի բերէր օրինականութեան դաշտ մը եւ թագաւորը պիտի ստիպուէր իր որոշումները այդ կանոններուն պատշաճեցնելու։ Ուրեմն ձեւով մը վերջ տրուած կ՚ըլլայ աւանդական մենատիրութեան։ Անցնող շուրջ 150 տարիներէ ետք ներկայ իրավիճակը սահմանադրութեան անտեսումն է եւ մենատիրական վարչակարգի վերահաստատումը։
Այլեւս գաղտնիք չէ թէ Թուրքիոյ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը կը բաղկանայ հեղինակութենէ զուրկ պատգամաւորներէ, որոնք կը կազմեն իշխանութեան դաշինքը եւ իրենց կամքը ճշդողն ալ երկրի նախագահն է։ Այս ընդհանուր պատկերին մէջ, երբ օրակարգի կու գայ «հանրապետութիւնը ինչո՞ւ համար չարտադրեց ժողովրդավարութիւն» հարցումը կարծես ներկայի պատկերը ինքնին պատասխան մըն է նաեւ։
Թուրքիոյ մէջ նախ թագաւորութեան փոխարէն հանրապետութեան հիմնադրումը, ապա միակուսակցական շրջանէն դէպի բազմակուսակցութիւն անցնիլը եւ զուգահեռ բազմաթիւ բարեփոխումներ կայացան ոչ թէ ժողովուրդի կամքով, այլ իշխանաւորներու ժամանակի պահանջներու համաձայն հետեւած քաղաքական միջամտութիւններով։
Այդ պատճառաւ ալ բոլոր այն զարգացումները, որոնք կը պատշաճէին ժամանակի ընկալումներուն համապատասխան պաշտպանութիւնը չունեցան ժողովուրդի լայն խաւերու կողմէ։
Օրուայ տիրող ուժը ժողովուրդին մատուցեց հանրապետութիւն եւ անձայն հասարակութիւնը համակերպեցան այդ տնօրինութեան։ Ներկայ իշխող ուժը կը թելադրէ ընդ հակառակը, երբ անձայն հասարակութիւնը կը համակերպի այս տարբերակին։ Ուրեմն ակնկալութիւններ սնուցելու համար նախ հասարակութիւնն է, որ ձայն եւ հետզհետէ կամք պիտի դրսեւորէ, որպէսզի տէր կանգնի իրեն ի նպաստ ձեռքբերումներուն։