Յիշողութիւններու մէջ տակաւին որքան թարմ էր Ներքին Գործոց Նախարարութեան յայտարարած կանխատեսումը, ըստ որուն ճիհատիստ ահաբեկիչներ հաւանաբար յարձակուէին եկեղեցիի մը, կամ հրէից տաճարի մը։
Ահա այդ կանխատեսումը իրականացաւ 28 Յունուար կիրակի օր, Պիւյիւքտերէ թաղի Լատին Կաթողիկէ Սանթա Մարիա Եկեղեցւոյ դէմ յարձակումով։
Ժամը 11.00-ի սահմաններուն, երբ եկեղեցւոյ մէջ կը կայանար կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ երկու զինեալներ ներս խուժելով կրակեցին հաւատացեալներուն դէմ։ Այդ պահուն խուճապ տիրեց եւ յարձակողները օգտուելով նաեւ այդ խուճապէն յաջողեցան փախուստի դիմել, իրենց ետին թողելով զոհ մը։
Լուրը ռումբի մը նման պայթեցաւ քաղաքական օրակարգի վրայ եւ բոլոր հեռուստակայանները ընդհատելով իրենց սովորական հաղորդումը սկսան լուրեր փոխանցել դէպքի վայրէն։
Թուրքիոյ հասարակութեան համար միշտ ցնցիչ եղած են այս բնոյթով յարձակումները։ Սակայն պարտինք խոստովանիլ թէ ամէն ինչ նոր իմաստ ստացած է ներկայ պայմաններու մէջ։ Արդարեւ դէպքէն հազիւ երկու ժամ անց դարձեալ Վոսփորի ափին Արնաւութգիւղի մզկիթէն դուրս եկած ճիհատականներ իբրեւ թէ պաղեստինեան պատերազմին բողոքելու պատրուակով, բայց իրականութեան մէջ շերիաթական կոչերով երթ կազմակերպեցին։
Ուշագրաւ է որ մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու կամ դեմոկրատական ցանկացած խումբի պարզ մամլոյ յայտարարութիւնը անգամ շատ բիրտ կերպով ճնշող ոստիկանութիւնը բոլորովին ձեռնպահ էր այս կատարուածին դիմաց։
Յայտնի է որ Թուրքիոյ մէջ կարգն ու կանոնը կը գնահատուի ոչ թէ կատարուածին, այլ կատարողին համաձայն։ Քաղաքի ոստիկանութիւնը դէպքէն քանի մը ժամ անց հպարտութեամբ կը յայտարարէր թէ բերման ենթարկուած են յարձակման հեղինակները։
Ներքին գործոց նախարարը յայտարարեց թէ ոստիկանները յաջողած են յայտնաբերել երկու յանցագործներ, որոնցմէ մէկը Թաճիքստանի, իսկ միւսը Ռուսատանի քաղաքացիներ են։
Հետաքրքրական է որ այս յարձակումի իւրաքանչիւր փուլ իր հետ կը բերէ նորանոր հարցականներ։
Արդարեւ հարցաքննութեան կ՚ենթարկուին այն երկու ոստիկանները, որոնք պաշտօնակոչուած էին եկեղեցիի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու համար, բայց դէպքի պահուն կը բացակայէին իրենց պաշտօնավայրէն։
Նոյնպէս աւելի ուշ յայտարարուեցաւ թէ յարձակման պահուն եկեղեցւոյ մէջ կը գտնուէր Լեհաստանի աւագ հիւպատոսը։
Այստեղ եւս պահ մը կարելի է մտածել թէ հիւպատոսը ինչո՞ւ համար իր հետ չունէր թիկնապահներ, քանի որ սովորաբար անոնք իրենց պաշտօնավայրէն կամ բնակարանէն դուրս գալու պահուն ընդհանրապէս առանձին չեն ըլլար։
Ինչպէս որ նշեցինք դէպքի իւրաքանչիւր բուլ իր հետ կը բերէ նոր հարցումներ, որոնց մէկ մասը հաւանաբար անպատասխան պիտի մնան ընդմիշտ։ Այս ան կանխատեսումն է մեկնելով Թուրքիոյ մէջ սովորական դարձած նման բնոյթի բազմաթիւ յանցագործութիւններու հետեւանքէն։
Եթէ նոյնիսկ կարելի չըլլայ խնդիրը լուսաբանել ամենամեծ հաւանականութիւնն էր կատարուածը բեռցնել այնպիսի մէկու մը ուսերուն, որ ընդհանրապէս կամ խելակորոյսդ կ՚ըլլայ, կամ ալ ինքնակամ գործող մոլեռանդ մը։