Բոլոր աշխատանքները չէ որ յատուկ նուիրումի կը կարօտին։ Անշուշտ որ արդար վաստակի տիրանալու համար անհատը ստիպուած է իր աշխատանքը բարեխղճօրէն կատարելու։ Եթէ պակսի աշխատանքի հանդէպ լուրջ մերձեցումը, հետեւանքները անկանխատեսելիօրէն սուղ կրնան արժել։
Այս ընդհանուր հաստատումէն վեր են կարգ մը ասպարէզներ, որոնց հետեւանքը շատ աւելի լուրջ պատասխանատուութիւն կը ներկայացնէ։
Այդպիսիներէն են բժշկագիտութիւնը, սկսելով բժիշկէն դէպի բուժքոյր եւ ասպարէզի բոլոր պաշտօնները, նուիրեալ աշխատանք կը պահանջեն։
Նոյնպէս նուիրում պահանջող աշխատանքներէն է մանկավարժութիւնը։ Ուսուցիչը նուիրումով կը կատարէ իրեն վստահուած պարտականութիւնը, որն է սերունդներ դաստիարակել։
Այս հաստատումները համատարած կերպով ընդունելութիւն կը գտնեն ընկերութեան մէջ։ Բոլորը համաձայն են ուսուցչի կամ բժիշկի, բուժքոյրի տարած աշխատանքի գնահատման մէջ։
Խնդիրը այն է թէ այդ գնահատականը սահմանուած է միայն բարոյական լոլոզումով։ Անդին կը մնայ կեանքի էական պարտադրանքը։ Ապրուստը սուղ է բոլորին համար։ Վերջապէս այդ նուիրեալները քար չեն ուտեր։ Անոնք ալ կը տառապին սղաճի պայմաններէն եւ իրենց աշխատավարձով է որ պիտի դիմագրաւեն բոլոր տեսակի դժուարութիւնները։
Անարդար է ապրուստի հոգով տառապող ուսուցիչէն յաւելեալ զոհողութիւն պահանջել։ Օրինակ բերենք մեր համայնքային վարժարանները, անոնց գործատէրի հանգամանք ստացած վարչայինները եւ աշխատողի դիրքին մէջ ալ ուսուցիչները։
Խնամակալը կամ թաղականը իր խնամած դպրոցի յարատեւութիւնը ապահովելու համար չի կրնար հրաժարիլ ելեկտրական հոսանքի փոխարժէքը հատուցելէ։ Նոյնպէս չի կրնար խուսափիլ կազի յաճախակի յաւելում տեսած սակերը վճարելէ։ Կառավարութեան պահանջած հարկերու հանդէպ նոյնպէս ճարահատ է ան։ Աւելին՝ եթէ ոչ ամէն տարի, գոնէ երկու տարին անգամ մը պարտաւոր կ՚ըլլայ դպրոցի շէնքը, բոլոր դասարանները վերամուտէն առաջ ներկելու եւ բարեզարդելու։ Նոյնպէս ուսման համակարգի պահանջած բարեկարգումներու համար ալ ստիպուած է որոշ գումար հայթայթելու։
Բայց երբ խօսքը կը վերաբերի ուսուցիչի ամսավճարին, իսկոյն կը մտաբերեն այդ նուիրեալ աշխատանքին համար զոհողութեան անհրաժեշտութիւնը։ Զոհողութիւնը կը պահանջեն նոյն ինքն զոհէն։
Այս հասկացողութեան հետեւանքով մեր դպրոցներէ ներս զգալիօրէն նուազ են ուսուցիչները, բաղդատմամբ ուսուցչուհիներու։ Դարձեալ տիրող ընդհանուր համոզումով կիներու վաստակը աւելի քիչ նշանակութիւն ունի այրերու փոխարէն։
Եթէ ակնկալութիւն ունինք դպրոցէն, պարտաւոր ենք բարձր գնահատելու ուսուցիչի վաստակը։
Զոհողութիւնը կամաւոր վարք մըն է։ Եթէ պարտադրուի կատարուածը ոչ թէ զոհողութիւն, այլ զոհաբերում կը դառնայ։ Իբրեւ հաւաքականութիւն խուսափինք մանկավարժը զոհաբերելէ։